No comments yet

Movie Night (MM) – July 28, 2017

Movie Night (MM) – July 28, 2017 Photo Album (click)

____________________________

ՈՒՐԲԱԹ ԳԻՇԵՐՈՒԱՆ ՏԵՍԱԺԱՊԱՒԷՆԻ ԳԻՇԵՐԸ ՄԵԾ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ ԷՐ:

Մարիէթ Օհանէս

Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց որոնք ներկայ գտնուեցան Պոլսահայ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբի կազմակերպած «ԱՇՈՒՆ» տեսաժապաւէնին ցուցադրութեան: Մօտ   65 անձեր վայելեցին սոյն տեսաժապաւէնը:

Ձեռնարկը սկսաւ Մշակութային Յանձնախումբի անդամուհի՝ Օրդ. Ժանին Սապունճուի բարի գալուստի խօսքերով, որմէ ետք ան բացատրութիւն տուաւ տեսաժապաւէնին մասին:

Համշէնահայ Էօզճան Ալփերը, «Ոսկեայ ծիրան» ֆիլմի փառատօնին ներկայացած է «Աշուն» ֆիլմով: Տեսաժապաւէնը կը պատմէ երիտասարդի մը մասին, որ իր ուսանողական տարիներէն սկսած է պայքարիլ սոսիալիզմի եւ ընկերվարութեան գաղափարախօսութեան համար:  Գլխաւոր հերոսին` Եուսուֆին ձերբակալած են իր քաղաքական գործունէութեան համար: 10 տարի վերջ, դուրս գալով բանտէն, Եուսուֆը կը վերադառնայ իր հարազատ գիւղը` Համշէնը: Այստեղ անոր կը սպասէ իր միայնակ մայրը: Ֆիլմի գեղեցիկ բնապատկերները կը հակադրուին հերոսի ներքին հոգեկան վիճակին:  10 տարի բանտին մէջ անցուցած Եուսուֆը բազում հացադուլերու արդիւնքով ախտահարած է թոքերը: Բժիշկը կ՛ըսէ. «Թոքերուդ խերն անիծած ես: Ես քեզ դեռ հացադուլիդ ժամանակ կը զգուշացնէի»: Եուսուֆն իր հիւանդութեան մասին կը լռէ: Հոփայի ափին ան կը գտնէ իր հոգեվիճակին մէջ գտնուող այլ էակ մը`վրացուհի մարմնավաճառ Էկային: Այս կործանուող հոգիները կարծես իրար կը ձգեն: Փողոցներուն մէջ պատահականօրէն անոնք անընդհատ կը հանդիպին: Սակայն նոյնիսկ այս սէրը կամ ձգողականութիւնը միմեանց նկատմամբ ոչ մէկուն մօտ երջանկութեան զգացում չի յառաջացնէր: Ամբողջ տեսաժապաւէնի ընթացքին անոնցմէ ոչ մէկը չի ժպտիր: Կարծես անոնք չափէն աւելի բեկանուած են կեանքի մէջ, եւ այլեւս ոչինչ անոնց չի կրնար երջանկացնել: Էկան 4-ամեայ աղջիկ ունի, որուն Վրաստան ձգած է, իսկ ինքը, գալով Թուրքիա, ուզած է աշխատիլ: Տեսաժապաւէնին մէջ երկխօսութիւնները շատ քիչ են: Եուսուֆն անընդհատ կը լռէ, չի պատասխանէր ո’չ Էկայի, ո’չ ալ մօր հարցերուն: Ինչպէս Էկան կը նկատէ. «Դուն կարծես ներկայ չես, կարծես անցեալէն եկած ես ու այստեղ չես ապրիր»: Կախարդիչ Արտուինի անտառածածկ լեռները, լեռներուն վրայ ծուարած ամպերը եւ Հայկական լեռնաշխարհին բնորոշ փոքրիկ կարկաչուն գետակը հիանալի գեղագիտական պատկերներ կը ստեղծէ, եւ տեսաժապաւէնին մէջ կարծես կը ստեղծուի հակադրութիւն` կատարեալ բնութեան եւ մարդկային անկատար կեանքի` տառապանքի ու դժբախտութեան միջեւ: Ի վերջոյ, բեմադրիչը կը փրկէ հերոսներէն մէկը: Էկան կը ձգէ մարմնավաճառի կեանքը եւ կը վերադառնայ Վրաստան: Անոր համար մահուան չափ դժուար էր բաժնուիլ Եուսուֆէն, բայց ան կը բաժնուի անխօս, առանց կանացի զգացում ցոյց տալու: Ամբողջ տեսաժապաւէնի ընթացքին Էկայի եւ Եուսուֆի միջեւ սիրային խօսակցութիւն չի կայանար, անոնց սէրը անոնց բախտին պէս լուռ է: Եուսուֆը կը շտապէ անձագիր հանել եւ մեկնիլ Վրաստան` միանալու Էկային: Սակայն հիւանդութեան պատճառով վրայ հասած մահն աւելի շուտ զայն կը տանի դէպի հողը: Տեսաժապաւէնը կ՛աւարտի գեղեցիկ եւ ողբերգական երգով մը եւ Եուսուֆի թաղման տեսարանով: Տեսաժապաւէնի վերջին տեսարանին ուղեկցող երգը Համշէնի մէջ երգուող ողբերգ մըն է, սակայն Էօզճանի խօսքերով` տեսաժապաւէնի մէջ բառերը փոխուած են եւ յարմարեցուած ֆիլմի տեսարանին: Իրականութեան մէջ Եուսուֆի կերպարը փոքր-ինչ նման է ֆիլմի բեմադրիչ՝ Էօզճան Ալփերին: 2001 թուականին Էօզճանին Թուրքիոյ մէջ դատապարտեցին մէկ տարուան ազատազրկման Քրէական օրէնսգրքի 8-րդ յօդուածով, որ ներկայիս 301 յօդուածն է: Սակայն, ան բանտը չի մնաց, ազատ արձակուեցաւ այն պայմանով, որ այլեւս չկրկնէ նման արարքներ:

Հանդիսատեսները վայելեցին նաեւ երշիկի խորովածի սէնտուիչներն ու «Popcorn»ը, «Pretzel»ն ու  «Chips»ը սոտայով ու թանով:

Ձեռնարկի Աւարտին Մշակութային յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկին օգնող անդամ եւ համակիրներուն, Տեարք՝ Պերճ Կայտային, Եղիա Քէօսէին, Պետրոս Օհաննէսին, Ժանին Սապունճուին եւ Մարիէթ Օհաննէսին:

 

Լիայոյս ենք տեսնել ձեզ մեր յաջորդ ֆիլմի ձեռնարկին: Իսկապէս որ յաջող գիշեր մըն էր զոր առանց Միութեան անդամներուն եւ համակիրներուն պիտի չկարենայինք յաջողութեամբ պսակել:

ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ԷՕԶՃԱՆ ԱԼՓԵՐի

Էօզճան Ալփեր ծնած է 1975ին Արտուին (Համշէն, Թուրքիա): Պոլսոյ համալսարանին մէջ հետեւած է գիտութեան եւ պատմութեան դասընթացքի:   1997էն տարբեր տեսաժապաւէններուն մէջ աշխատած է որպէս բեմադրիչի օգնական եւ արտադրութեան տնօրէն: Նկարահանած է «Մոմի» կարճ խաղարկային եւ երկու վաւերագրական տեսաժապաւէնները: «Աշունը» (2008թ). Ալփերի առաջին երկար աշխատանքն է: Ան ընդամէնը չորս ամսուան ընթացքին զգալի յաջողութիւններ արձանագրած է ցուցադրուելով Թուրքիոյ բազմաթիւ քաղաքներուն մէջ, Եւրոպայի մէջ, Նիու Եորքի մէջ մասնակցելով շարք մը  ֆիլմի փառատօններու:
«Աշունը» Թուրքիոյ մէջ անարդար բանտարկութիւններու, մարդկային հոգւոյ տառապանքի, մենութեան եւ սիրոյ մասին է: «Մոմի» տեսաժապաւէնի բեմադրիչն այս անգամ Համշէնի տեսարաններէն տեղափոխուած է Հոփայի ծովափ` մինչեւ Արտուինի անտառածածկ ու կախարդիչ լեռներու հայաբնակ լանջերը: Կախարդիչ բնութեան աշնանային պատկերին, սակայն, Ալփերը կը հակադրէ կեանքը` մատնանշելով «միւս աշունը», որ առկայ է մարդկանց սրտերուն մէջ:

——————————-

Friday’s Movie Night a great success!

Mariette Okhanes

 

Thank you to all those who came out to Organization of Istanbul Armenians Cultural Committee’s outdoor movie night “AUTUMN!” at “Kurian Terrace”, last Friday night! About 65 people enjoyed the movie.

The event started with the opening remarks of OIA Cultural Committee member Miss Jeanine Sabuncu who welcomed the attendees and explained about the film subject.

A man struggles to come to terms with a misspent past and an uncertain future in this drama. Yusuf (Onur Saylak) is a Turkish political activist whose work with a group of revolutionaries earned him a long stay in prison. Yusuf is released after ten years when he’s diagnosed with a severe respiratory illness, and returns home to the small town near the Black Sea where his mother lives. Yusuf’s homecoming gets off to a rocky start when his dog doesn’t recognize him, and while his mother is happy he’s back, she can’t offer him the emotional and spiritual comfort he needs after a decade in jail. Mikail (Serkan Keskin), a close friend of Yusuf from their school days, decides his old pal needs a vacation, and they head to Rize, a resort town by the sea shore. Mikail rents a couple of rooms at a cheap motel and rounds up a pair of hookers to entertain them, Eka (Megi Kobaladze) and Maria (Nino Lejava). Yusuf isn’t in the mood for cheap sex and refuses to spend the night with Eka, but as they get to know one another, the two begin to bond and Yusuf finds a kindred spirit in a woman whose life has taken her places she never wanted to go. Sonbahar (aka Autumn) was the first feature film from writer and director Ozcan Alper. Mark Deming, Rovi.

Everyone seemed to really enjoy the delicious bbqued “Sucuk” sandwiches as well as the movie. Popcorn, pretzels and chips were served along with the sodas and wine.

At the end of the event, OIA Cultural Committee Chairman Dr. Ohannes Kulak Avedikyan thanked  the following members and friends who supported and helped to succeed the event, Messrs. Berc Gayda, Yeghia Kose, Bedros Okhanes and Jeannine Sabuncu and Mariette Okhanes.

We hope to see you all next time! It was a great success and we couldn’t have done it without the volunteers of OIA members and friends.

Post a comment