No comments yet

Հրանդ Տինքի Ոգեկոչման Ձեռնարկ 13– Commemorative Event for Hrant Dink 13

..

CCF_000021 Event Program (click)

—————————————————————————————-

DSC_0627

Հրանդ Տինքի Ոգեկոչման Ձեռնարկ – Commemorative Event for Hrant Dink (Video Album)

 Հրանդ Տինքի Ոգեկոչման Ձեռնարկ – Commemorative Event for Hrant Dink 13 (Herman Akbiyik)DSC_0823

.

 Հոգեհանգստեան պաշտօն – Requiem Service Montebello (HDink 13) (Suzan Ohanian)

IMG-20200122-WA0032

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ, ՄՈՄԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄՈՂԲԱՑԵԱԼ ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Գրի առաւ՝ Մարիէթ Օհանէս

Կիրակի, Յունուար 19, 2020-ին Մոնթեպելլոյի Յուշարձանին մօտ տեղի ունեցաւ Պոլսահայ Միութան կազմակերպած Հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ ի յիշատակ վաղամեռիկ Հրանդ Տինքի մահուան 13-րդ տարելիցին, նաեւ Սարգիս Հացպանեանի, Սեւակ Պալըքճըի եւ Փրօֆ. Վահագն Ն. Տատրեանի յիշատակներուն։

Միութեան անունով ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ Մոնթեպելլոյի յուշարձանին՝ Հրանդ Տինքի յիշատակին համար։ ներկայ էին Տ․ Արշակ Խաչատուրեան եւ Տ․ Աշոտ Գամպուրեան քահանաները, ինչպէս նաեւ Միութեան անդամներ եւ բարեկամներ։ Հոգեհանգստեան արարողութեան աւարտին իր ցաւակցական խօսքը արտասանեց Միութեան Հոգաբարձու եւ Մշակութային Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեանը: Ան շեշտեց թէ Հրանդ Տինքի սպաննիչները տակաւին անպարտ են եւ եթէ դարեր ալ անցնին Հրանդ Տինքը երբեք պիտի չի մոռցուի: Խօսք առաւ նաեւ Պոլսէն ժամանած հիւր՝ «Ակօս« թերթի Հայերէն բաժնի գլխաւոր խմբագիր՝ Բագրատ Էսթուքեանը ան ըսաւ թէ «Հրանդ իր պայքարով, լայն զանգուածով երկրի մը մէջ հերոսի մը վերածուեցաւ: Ան ջահ մը վառեց եւ այդ ջահը մինչեւ այսօր կը լուսաւորէ. անոր համար ալ մենք պիտի շարունակենք իրեն երախտապարտ ըլլալ որովհետեւ անձնուիրութիւն, զոհողութիւն եւ նուիրում պահանջող մարտիկ մըն էր Հրանդ, այդպէ՛ս ալ մարտիրոսացաւ»:

Խօսք առաւ նաեւ Հայրենիք Միութեան գործօն անդամուհի՝ Տկ. Շուշան Վարդանեան ըսելով «Այսօր տխուր օր մըն է մեզ համար որովհետեւ երկու թանկագին անձեր կորսնցնելու դժբախտութիւնը ունեցանք մին՝ Հրանդ Տինքը իսկ միւսը՝  Սարգիս Հացպանեանը եւ մեր սրտցաւ հոգիէն աղաղակներ կը լսուի այսօր, Հրանդ  Տինքի մահը  ցնցեց բոլորիս սակայն այդ մահով վերջ չի գտներ Հայուն տագնապը, Հայրենիք Միութիւնը միշտ պատրաստ եղած է օգնելու Պոլսահայ Միութեան եւ համայնքի բոլոր ձեռնարկներուն կատարման եւ այսօր ալ ուրախ ենք որ մաս կը կազմենք հոգեհանգստեան արարողութեան»:

Խօսք առաւ նաեւ Արժ. Տ. Արշակ Քհնյ. Խաչատուրեանը որ շեշտեց թէ «Մենք չենք կրնար մոռնալ Հրանդ Տինքը եւ Հայ ժողովուրդը չի կրնար մոռնալ անոր նման Աստուածասէր, մարդասէր անձ մը որ կարողութիւնը ունեցաւ ազգերու ամբողջ ժողովուրդներուն առջեւ աղաղակել, ըլլայ հեռատեսիլի եւ հեռախօսի միջոցաւ: Ժողովուրդը մինչեւ այսօր կ՛աղաղակէ Հրանդի անունը, որ ինք մեռած չէ»:

Խօսք առաւ Վերապատուելի Պերճ Ճամպազեանի ներկայացուցիչը որ իր սրտի խօսքին մէջ արտայայտուեցաւ. «Յիսուս Քրիստոսի խօսքով թէ դուք էք աշխարհի լոյսը, ձեր լոյսը այնպէս մը լուսաւորէ որ մինչ մարդիկ կը տեսնեն ձեր բարի գործերը, փառաւորեն Հայրը որ երկինքն է. Հրանդ Տինքի գործերը իրեն կը հետեւին անոր համար Աստուծոյ փառք տուաւ Հրանդ Տինքի կեանքին համար երանի տալով որ ան տեսնէր հայորդիներ որոնք անոր քայլերուն կը հետեւին ներկայացնելով իրենց ազգը որպէս տիպար անձնաւորութիւններ վասն Քրիստոսի եւ վասն հայրենեաց»:

Նոյն օրը, Կիրակի, Յունուար 19, 2020ին, Պոլսահայ Միութեան «Գրիգոր եւ Աւետ Քիւրքչիւօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յուշ երեկոյ մը, հանգուցեալ Հրանդ Տինքի նահատակութեան 13րդ տարելիցին առթիւ:

Բացման խօսքը կատարեց Պոլսահայ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբի ատենապետ եւ Հոգաբարձու՝ Տոքթ. Յովհաննէս Գ. Աւետիքեան, որ ներկաները մի մի առ մի ողջունելէ եւ աջակցողներուն շնորհակալութիւններ յայտնելէ ետք, հրաւիրեց բոլորը յոտնկայս վայրկեան մը յարգանքի տուրք մատուցանելու հանգուցեալ Հրանդ Տինքի, Սարգիս Գէորգի Հացպանեանի եւ Եղեռնի սրբացած մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն հոգւոյն, ապա հրաւիրեց Հոգեւորականաց դասը՝ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարելու: Կատարուեցաւ մոմավառութիւն եւ երգուեցաւ Տէրունական աղօթքը, որմէ ետք Տոքթ. Աւետիքեան շեշտեց թէ Հրանդ Տինքի նահատակութենէն 13 տարիներ անցած են եւ արդարութիւնը տակաւին կը սպասէ: Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց Միութեան բոլոր անդամներուն իրենց աջակցութեան համար եւ երեկոյին մասնակցող հիւրերուն:

Առաջին հերթով խօսք առաւ Յովնան Սրբազան, շեշտելով Հրանդ Տինքի անձնաւորութիւնը իբրեւ քաջութեան մէկ խորհրդանիշը որ յանուն արդարութեան եւ պահանջատիրութեան, զոհաբերեց իր կեանքը, եւ յորդորեց չվախնալ մեր կեանքը զոհելէ, որովհետեւ նահատակութիւնը մարդկութեան կեանքին մէջ այն նուիրական պահն է եւ մեր կեանքը կ՛ապրինք մեր նահատակներուն արեան գնով որուն գիտակցութեամբ ապրեցաւ Հրանդ իր կեանքը:

Տոքթ. Աւետիքեան նշեց թէ ձեռնարկին գլխաւոր հովանաւորն էր Ճորճ Իգնատիոս Հիմնարկը եւ հոգաբարձուներ՝ Իրաւաբան՝ Ուոլթըր Խարապեան, Իրաւաբան՝ Ճորճ Ր. Ֆիլիփս, եւ  Պատուարժան Դատաւոր Մայքըլ Ր. Ամիրեանեւ մասնակից ըլլալով նաեւ Միութեան Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ իրաւաբան էտվին Մինասեանը:

Ձեռնարկին հանդիսավարն էր Պոլսահայ Միութեան Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ իրաւաբան Էտվին Մինասեան, որ յայտարարեց թէ, 13 տարիներ անցած են եւ մենք այստեղ չենք մոռցած, եւ թոյլ չենք տար, որ որեւէ մէկը մոռնայ Հրանդ Տինքը: Ինչպէս Հրանդին սպանուելէն մի քանի շաբաթ անց, այնպէս ալ հաւաքուեցանք Կլենտէյլի Լսարանը: Դուք այստեղ դեռ արդարութիւն կը փնտռէք և քիչ մը աւելին կը լսէք այդ մասին, բայց նաև յոյս ունինք, որ անոր որոշ տեսլականներուն եւ որոշ երազներուն մէկ մասը կեանքի կոչուած են, և եթէ ոչ, ապա  մենք նոյնիսկ աւելի նուիրուած ենք, որպէս մէկը, որու շատ կը յարգեմ «Ակօս» -ի մէջ: Յամառօրէն խաւարը պաշտպանելով, որ զինք հեռացուց մեզմէ, եւ որ այդ՝ շարունակուելու է: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Իգնատիոս» հիմնադրամի հոգաբարձուներուն Ուոլթըր Խարապեանին և Ճորճ Ֆիլիփսին և վաստակաւոր գերագոյն ատեանի դատաւոր՝ Մայքըլ Ամերեանին:

Իրաւաբան Մինասեանը կարդաց Գալիֆորնիոյ Երեսփոխան Էտըմ Շիֆի նամակը: Ապա ընթերցեց նաև առաջին դասախօս՝ տիկին Թամար Նալճըն կենսագրութիւնը եւ ամպիոն հրաւիրեց զայն:

Տկ. Նալճը խօսեցաւ Հրանդ Տինքի մահուան, դատավարութեան, սպանութեան վկաներուն և այն մարդկանց մասին, որոնք հրաման տուած են և որոնք դեռ չեն փոխազդած: Ան խօսեցաւ Սևակ Պալըքճըի մասին, որ սպաննուեցաւ 2011-ին պարտադիր զինուորական ծառայութեան ընթացքին և 17 տարուան ազատազրկման դատապարտուած իր մարդասպանի դատավճռին մասին:

Տկ. Թամար խօսեցաւ արդարադատութիւն գտնելու մասին, որ շատ դժուար է այս օրերուն Թուրքիոյ մէջ: Ան խօսեցաւ իր վախի մասին, երբ առաջին անգամ հայերէն երգեց փողոցներուն մէջ, քանի որ կը վախնար իր սիրելիները կորսնցնելէ: Անոր նախնիները վերապրեցան Ցեղասպանութենէ, իր ծնողները տեսան շատ մութ օրեր, բայց չյանձնուեցան: Հրանդ Տինքի սպանութիւնը բեկումնային պահ էր իրենց կեանքին մէջ և, հաւանաբար, իրենց խիստ զգացմունքները զոր անոնք փորձարկեցին այնտեղ մինչև այդ օր: Մէկ բան մը, որ ան սորվեցաւ պայքարի օրերուն, այն էր, որ միշտ ալ լաւ է պայքարիլ ուս ուսի, և անոնք չեն լռած և միջոցներ կը ձեռնարկեն անարդարութեան դէմ, ինչ որ շատ դժուար է, բայց գիտնալով, որ ամէն տարի հաւաքուելով ոգեկոչելու համար Հրանդի ժառանգութիւնը կը նշանակէ որ երբէք չի պիտի մոռցուի և պիտի ճնշէ բոլոր սերունդնեուն վրայ:

Խօսք առաւ Հայաստանի հիւպատոսարանի ներկայացուցիչ՝ Գանա Հովհաննիսեան որ շեշտեց թէ բառերն անբաւ են ցոյց տալու այդ ցաւը որ տասներեք տարի առաջ համակեց բոլորիս սրտերը: Ան դրուատեց հանգուցեալ Հրանդ Տինքը որպէս մեծ Հայ որ հաւատարիմ մնաց իր հայ ինքնութեանը ըլլալով արդարութեան եւ խաղաղութեան դրօշակակիրը միաժամանակ ըլլալով ատելութեան գաղափարի խիստ ընդդիմադիրը: Բոլորս ալ կը հաւատանք որ ան կ՛ապրի բոլորիս սրտերուն մէջ իր անվախ ու պարզ գաղափարներով:

Հրաւիրուեցաւ Ֆրանսահայ Իրաւաբան Րոյ Առաքելեանը որ խօսեցաւ եւ սահիկներու ցուցադրութեամբ բացատրութիւններ տուաւ իր հեղինակած Ատրիանաբոլը գրքին մասին որ կը պատմէր Թուրքիոյ Եւրոպական հատուածին վրայ՝ Թրակիոյ տարածքին, Պուլկարիոյ եւ Յունաստանի սահմանակից Էտիրնէ (պատմ.՝ Ատրիանապոլիս) քաղաքին մասին։ Սահիկներու ցուցադրութեամբ ան ներկայացուց Էտիրնէի Հայկական Սուրբ Թորոս եկեղեցին որ 1905ին հրդեհէն այրած է ապա ցոյց տուաւ արդի շէնքը, երկրորդ եկեղեցին՝ Ս. Կարապետ  եւ Գարատաղի եկեղեցին, Արշակունեան եւ Հռիփսիմեան երկու դպրոցները, գերեզմաննոցները, ալիւրի գործարանը, մզկիթները, կամուրջները եւ բաղնիքները (թիւով 50), Ալի Փաշա պազարը, հարուստ հայորդիներուն բնակարանները, «Ճանիկ» պանդոկը Պօմոնթի թաղին մէջ: Էտիրնէ ծնած երգիծաբան Յակոբ Պարոնեան եւ իր յաճախած Յունական դպրոցը Էտիրնէի մէջ:
Ձեռնարկին ներկայ էր Ամերիկայի  Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիոյ  Երեսփոխան՝ Brad Sherman, որ յայտարարեց, թէ 23-ամեայ քրտնաջան աշխատանքէ յետոյ Գալիֆորնիոյ  Երեսփոխանններու Խորհուրդը վերջնական որոշումով ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Հայ համայնքը ափէ մինչև ափ կ՛աշխատի այնքան, որ Ամերիկան կարող է առաջնորդուիլ և կանգնիլ ճշմարտութեան և արդարութեան համար: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց իր գործընկերներէն շատերուն, որոնք այդքան շատ աշխատեցան: Պրն. Շըրմընը պարգևատրեց Բագրատ Էսթուքեանին յանձնելով յատուկ մրցանակ (Ուաշինկթըն մայրաքաղաքի Դրօշ) և գնահատական վկայագիր:

Դահլիճ հրաւիրուած էր Գալիֆորնիոյ Assembly անդամ՝ Ատրին Նազարեանը, որ յայտարարեց, թէ Հրանդի մահը ոչ միայն հայկական խնդիր է, այլ նաև ինչպէս կոնկրեսականը  ըսաւ, հարց մը, որ կ՛օգնէ յարգանքի տուրք մատուցել: Ան թուեց մի քանի հիանալի անհատներ, որոնք կը շարունակեն Հրանդ Տինքի կեանքը և կ՛աշխատին իրենց ներդրումներով այդ լրացուցիչ աղիւսը պատի մէջ կատարել փոփոխութիւն բերելու համար, ուստի ան առիթը օգտագործեց Գալիֆորնիայի նահանգային ժողովէն ճանաչման վկայագիր ներկայացնելու պարոն Բագրատ Էսթուքեանին:

Բեմ բարձրացաւ յայտնի տոտուկահար Ալպէրթ Վարդանեանը եւ նուագեց «Ատանայի Ողբը» եւ «Սարի աղջիկ»ը:

Ժամն էր շքանշանի տուչութեան, Միութեան Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Իրաւաբան Էտվին Մինասեան հրաւիրեց Միութեանս նախկին ատենապետներ՝ Սիմոն Աճըլիաչը եւ Աւետիս Թէքօլեանը, ներկայ Գործադիր Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Մուրատ Քէօշքէրն ու Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեանը եւ իր ձեռամբ մեծարեալը ստացաւ Հրանդ Տինքի Արդարութեան եւ Ազատութեան տարեկան Շքանշանը:

Մեծարեալը ներկայացուց Տկ.Ռոզալին Մատոյեանը ընթերցելով անոր հակիրճ կենսագրականը:

Բագրատ Էսթուքեան իր ուրախութիւնը յայտնեց սոյն շէնքը տեսնելով եւ ըսելով թէ. «Շատ կարիքն ունինք այս տեսակի հարստութեան որ իր շքեղութեամբ պարծանք կը պատճառէ բոլորին»: Ան յայտնեց թէ հարազատներու հետ հանդիպիլը շատ հաճելի է եւ թէ բոլորս մէկ արմատի ճիւղերն ենք բայց ամէնքս մէկ տեղ հասակ առած: Իրեն համար դժուար զինուորութիւն մըն է Հրանդ Տինքը յիշատակելու այս դժուարին պարտականութիւնը կատարել ամէն տեղ հրաւիրուած ըլլալով երթալ առանց նախընտրութիւն բերելու: Միակ նախընտրութիւնը ամենէն առաջ պայմանաւորուած ըլլալն է: Մենք երկար ժամանակ Հրանդը պիտի յիշատակենք որովհետեւ այն այնպիսի տպաւորութիւն մը, այնպիսի հեղինակութիւն մը պարզած եղաւ որ ամէն մէկս զինք յիշատակելով մէկէ աւելի բազում խորհուրդներու արտայայտութեան առիթը տուած կ՛ըլլանք: Հրանդը որակեց որպէս խաղաղասէր անձ եւ կռիւէ չփախչող բայց ոչ կռիւ ստեղծող: Ամէն գնով հաշտութեան եղանակ գտնել ուզող եւ այդ՝ երկխօսութիւնով որ իրար լսել եւ հասկնալ է: Ան յայտնեց թէ իր մահէն ետք կազմուած սրահին անունն ալ «Ասուլիս» կոչուած է:

Պր. Էսթուքեան շեշտեց թէ տակաւին կենսունակութիւն եւ յոյս կայ Պոլսոյ մէջ, դեռ Պոլիսը կրցած է Կարօ Փայլանի նման քաղաքականութեան գործիչ աստղ մը ծնիլ որ ինքնին դարձեալ յոյս կը ներշնչէ հակառակ բոլոր մտահոգութիւններուն: Ան խոնարհաբար շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած պատուին, ներկաներուն ուշադրութեան, այսօրուան հաւաքոյթին, կազմակերպիչներուն եւ դահլիճի բոլոր ժողովուրդին:

Հրաւիրուեցաւ իրաւաբան Կարօ Ղազարեան որ իր հաւատքը յայտնեց ըսելով թէ այն անձը որ միայն ապահով քայլերով կ՛առաջնորդուի ուշ կամ կանուխ այդ անձը տեղի կու տայ վախկոտութեան: Իսկ խելամիտ անձը երբ խելամտութենէն անդին կ՛առաջնորդուի ճշմարտութեամբ, այն մարդը որ կը լսէ իր խղճի ձայնը, ան է որ կը դառնայ առաքեալը արդարութեան: Ան նշեց երեք գլխաւոր պատճառները Հրանդ Տինքի հալածման եւ ահաբեկման: Առաջին՝ ոչ ես թուրք չեմ թուրքիացի եմ սակայն Հայ եմ: Հրանդ այս նախադասութեան համար դատուեցաւ: Երկրորդ՝ հայու ներկայ ինքնութեան մէջ թուրքը ին՞չ դեր ունի, սոյն հարցումը հակաթրքական արտայայտութիւն  համարուելով դատարան յանձնուեցաւ Հրանդ: Երրորդը՝ բացի Ցեղասպանութենէն, ուրիշ ոչինչ չի կրնար ըլլալ եւ չորս հազար տարի այս հողին վրայ ապրող ժողովուրդ մը որ այսօր չկայ եւ ոչ ալ իր մշակոյթը 301 յօդուածի խախտում համարուելով Հրանդին առաջնորդեց դատարան: Սակայն Հրանդ ըսաւ այստեղ ապրած են իմ նախնիքները, իմ արմատները այստեղ իրաւունք ունին մեռնիլ ուր ես ծնած եմ: Կը հասկնամ իմ ժողովուրդի ապրած ցաւը եւ կը կրեմ այդ մէկը: Հրանդ գիտէր որ տեղի ունեցած էր Ցեղասպանութիւն եւ եթէ միայն մէկը որ պէտք է ճանչնայ 1915ը այդ մէկը՝ Թուրքիան է: Իրաւաբան Ղազարեան յորդորեց ըլլալ աջակից Հայաստանի նաեւ ըլլալ ամրապնդող: Ան՝ Արցախի ամրապնդման եւ յանուն Հրանդ Տինքի յիշատակին եւ Սուրբ օրինակին ընթերցեց «Ելէք» Հայեր» երգին պատգամը:

Կայացաւ հարց պատասխանի պահ՝ բոլոր դասախօսներուն հետ, ապա խմբային լուսանկարչական պահ, որուն յաջորդեց պատշաճ հիւրասիրութիւն Միութեան «Հրանդ Տինք» սրահին մէջ ուր ներկաները իրար հետ ունեցան մտերմիկ զրոյցի պահեր:

Միջոցառումը աւարտեցաւ, եւ բոլորին հոգիներուն մէջ Հրանդ Տինք այն հերոսն էր եղած որ Հայոց աշխարհին մէջ մեծ լոյս վառած է, եւ կեանքի մութ փողոցներուն մէջ վառող ջահեր դրած է, որպէսզի իրմէ վերջ եկողները մութ ուղիներուն մէջ արդարութեան լոյսը տեսնեն:

Նշենք թէ նոյն օրը, Յունուար 19, երեկոյեան ժամը 4:00ին Միութեան «Հրանդ Տինք Դասխօսական» սրահին մէջ տեղի ունեցած էր Մամլոյ Ասուլիս մը Պր. Բագրատ Էսթուքեանի հետ մասնակցութեամբ Մասիս  Շաբաթաթերթէն խմբագիր՝ Պր. Գրիգոր Խոտանեան, Նոր Օր Շաբաթաթերթէն՝ Տոքթ. Մինաս Գոճայեան եւ Ասպարէզ Օրաթերթէն եւ Հորիզոն հեռատեսիլէն՝ Օր. Նանէ Աւագեան: Պր. Բագրատ Էսթուքեան անոնց բոլոր հարցումներուն պատշաճ պատասխաններ տուաւ  գոհունակութեամբ եւ շնորհակալութեամբ վերջացուց Պոլսոյ կեանքի եւ Պատրիարքական ընտրութեանց մասին լրացուցիչ տեղեկութիւններ տալով:

 

 

 

“Event Sponsored By The George Ignatius Foundation “

 

 

Image may contain: 1 person, hat and closeup

 Pakrat Estukyan

We are very excited and proud to welcome Pakrat Estukyan as the Primary Keynote Speaker to Los Angeles and have the honor to present him with the 2020 Hrant Dink Medal .

Don’t miss the 13th Commemoration of Hrant Dink at OIA on Sunday the 19th of January at 6pm .

Pakrat Estukian was born in 1953 in the Rumelihisar district of Istanbul, from Armenian Genocide survivors’ parents, who found refuge in the historic Armenian districts of Constantinople,
Rumelihisar and Samatia.
Estukian’s childhood passed on Feridiyye
Street in Taksim District. He attended first the nearby Esayan and Sakizaghachi Mkhitarian, then the Getronagan Colleges. For many years he was involved in biological astronomy, always keeping the connection with literature alive. His stories, all of which were woven from pan-Armenian materials, were published in the city’s periodicals. A selection of these stories was first translated into Turkish and then translated into Armenian under the names “Armenian Hikayeler” and “Bandukht Song”. He is part of the editorial staff of the Agos newspaper, working as editor-in-chief and columnist for the Armenian pages of the newspaper.
For the Art TV channel, in partnership with the editor of the Greek newspaper “Aboevmatin”, Mikhail Vassiliatis, since November 2017, he has been preparing a weekly newsletter with content on weekly city and town events. He performs weekly for the “Ayp FM” radio station in Paris and Radio Agos with “Aghik Radio” station in Istanbul. He also works as a columnist for the daily “Özgürlükçü Demokrasi”.

Image may contain: 1 person
Image may contain: text

Image may contain: 1 person, smiling, indoor

ROY ARAKELIAN, ESQ.,

Our second Keynote Speaker at the Hrant Dink commemoration is a very prominent Bolsahye Attorney from Paris , France ; Roy Arakelian . Roy is a specialist in corporate mergers and acquisitions law and at the same time a passionate contributor to Armenian culture from numismatics , to ancient manuscripts to Venice and its Armenian roots . ( check out his App called Armenian Traveler Guide / ATG which can lead you to an Armenian tour of Venice and Ravenna ) Descending from a family who is originally from Edirne/ Adrianople he has thoroughly researched the Armenian presence and history in that ancient strategically positioned town and written a book about it . His lecture will cover the scope of that book . This less known part of our history should be of interest to most of us who are passionate of heritage , history and culture .

Roy’s Biography :

ROY ARAKELIAN, ESQ.,
Roy was born in Istanbul in 1968.
Graduated from the Paris Bar School in 1996 Roy is specialized in Mergers & Acquisitions and private-equity transactions (LBO, venture capital, development capital, constitution of funds etc.). He is highly experienced in handling primary and secondary transactions in
investment funds for institutional investors and funds of funds.
Roy also focuses his practice on domestic and cross- border mergers and acquisitions of companies acting in various sectors (industry, tourism, pharmaceutical business, distribution, manufacturing, etc).
He holds a Master in Business Law from the University Paris V René Descartes. He is also a Doctor in Law and as such the author of a PhD thesis on “The Concept of Control”.
He regularly publishes articles concerning corporate law and is the author of the main chapter on “Preferred shares” published by the Dalloz Corporate / M&A Encyclopedia.
Passionate about Armenian culture he regularly
publishes works on various topics such as the Armenian presence in Venice or the Armenian coinage. He is the author of “Andrinople (Edirne) et sa communaute Armenienne / Edirne (Adrianupolis) ve Ermeni toplumu”, published by Paros, Istanbul (2016).

Image may contain: 1 person, smiling, outdoor

Image may contain: 1 person, smiling

.

Image may contain: 1 person, smiling, closeup

TAMAR NALCI

We are also very pleased that we will be joined by Tamar Nalcı at the 13th Commemoration of Hrant Dink who will focus on the vigilant quest for justice since his murder . Tamar is a very knowledgeable activist and civil rights defender who has been part of the Friends of Hrant Dink organization and until recently the Chief of Staff for MP Garo Paylan. The critical state actors ( some ) in the conspiracy for Hrant Dink’s murder had not even been charged till four years ago and the legal proceedings are moving in a slow pace but still moving .
She joins us from Stanford in Palo Alto , California and we look forward to her insights and informative presentation .
Tamar’s Bio : TAMAR NALCI
Tamar Nalci received her bachelor’s degree in Western Languages and Literature at Yildiz Technical University and continued masters’ program in Cultural Studies at Istanbul Bilgi University. At the same time, she had worked as an assistant in Aras Publishing and as a volunteer reporter in Agos Weekly.
After her graduation, she had for years worked in Anadolu Kultur as a coordinator of projects on arts and cultural dialogue with Armenia and on cultural diversity in Turkey. In 2015, she became the advisor to Garo Paylan, HDP deputy in the Turkish Assembly.
Moving to Stanford in 2018, she continues working on civil society projects and human rights’ defense in Turkey.

Image may contain: 3 people, people smiling

 

 

Image may contain: 1 person, standing

 

GARO GHAZARIAN, ESQ.

Finally , as in each and every year, The Commemoration will feature the unique Orator , The Closer Garo Ghazarian !!!!

With roots in Kessab and a proud son of Bourj Hammoud , for a long time an Angelino , he is also an honorary Bolsahye / OIA Member , a dedicated patriot whose allegiance & loyalty ( other than his family and friends of course )
is strictly to Truth , to Justice and to the Nation !!

Always Rising Fiercely with his unstoppable 100+ MPH fastball , he also has a few curveballs and sliders in his arsenal to baffle opposing batters . Garo Ghazarian is a leader , an activist and a great criminal defense attorney , all at the same time . He will address the current state of the Nation , the two Republics and how that is intertwined with the dreams and vision of Hrant Dink .
He will be the stimulating and energizing Closing Speaker of the 13th Commemoration of Hrant Dink . Fasten your seatbelts !!

Garo’s Bio :

GARO GHAZARIAN, ESQ.
Activist and past Two Term Chairman of the Armenian Bar Association), Garo Ghazarian, Esq.
is a Criminal Defense Attorney, in Los Angeles.
He is a Board Member of the Armenian Center for National and International Studies (ACNIS) a Think Tank based in Yerevan-Armenia, and serves on boards of several non-profit organizations. He is a Board member of the Armenian Bar Association and the Co-Chair of its Armenian Rights Watch Committee. Also, he is an Honorary Member of OIA.

Image may contain: 1 person, closeup
Image may contain: 2 people, people smiling, people standing and suit

 

 

.P R E S S

  Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 29 Յունուար 2020

Պատմական.

Պոլիսը քանի մը դար իրաւամբ նկատուած է արեւմտահայութեան իւրայատուկ մայրաքաղաքը: Արդարեւ, բուն Հայաստանի մէջ տիրող քաղաքական եւ ռազմական անբարենպաստ պայմաններու բերումով, Բիւզանդական Կայսրութեան մայրաքաղաքը՝ Կոստանդնուպոլիսը (Պոլիս, այժմ՝ աղաւաղուած՝ Իսթամպուլ) 5-րդ դարէն սկսած էր դառնալ խոշորագոյն կեդրոն մը նաեւ Հայաստանի համար: Հայ հոգեւորականներ, քաղաքական գործիչներ, ռազմական դէմքեր, մինչեւ իսկ հայ նախարարական ընտանիքներ սկսեր էին փայլիլ տիեզերական այս երկրորդ ոստանին մէջ:

1453-էն ետք, երբ Պոլիսը անցաւ օսմանցի թուրքերու տիրապետութեան տակ, հայեր շարունակեցին հոն ապրիլ ու գոյատեւել: 1461 թուականին ստեղծուեցաւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքութիւնը, իսկ 18-19-րդ դարերուն Պոլիսը դարձաւ արեւմտահայութեան ազգային, կրօնական, մշակութային, կրթական եւ, անշուշտ, տնտեսական կեդրոնը: Ցեղասպանութիւնը թէեւ ուժեղ հարուած հասցուց հայ ժողովուրդին, բայց հայութիւնը չվերացաւ Պոլսոյ երկնակամարէն եւ յամառօրէն շարունակեց հին աւանդութիւնները, հակառակ Թուրքիոյ Հանրապետութեան զանազան ճնշումներուն եւ հալածանքներուն: Վերջին տասնամեակներուն պոլսահայ բազում մտաւորականներ գործունէութիւն ծաւալեցին: Այդ շարքին ամէնէն աչքառու մտաւորականներէն են Հրանդ Տինքն ու անոր զինակիցը՝ Բագրատ Էսթուքեանը:

Բագրատ Էսթուքեան.

Բագրատ Էսթուքեան Լոս Անճելըս հրաւիրուած էր տեղւոյն Պոլսահայ Միութեան մշակութային յանձնախումբին կողմէ՝ ստանալու համար 2020 տարուան «Հրանդ Տինքի անուան Արդարութեան եւ Ազատութեան տարեկան շքանշանը»: Հանդիսութենէն առաջ տեղի ունեցաւ ուշագրաւ հարցազրոյց մը մեծարեալին հետ:

Բագրատ Էսթուքեան հեղինակ է բազմաթիւ պատմուածքներու, որոնք լոյս տեսած են ոչ միայն հայկական, այլեւ յունական ու թրքական թերթերու մէջ՝ աչքի զարնող հետաքրքրութիւն ստեղծելով անոր շուրջ: Պատմուածքներէն ընտրանի մը հրատարակուած է թրքերէնով՝ «Հիքայելեր», ապա հայերէնով՝ «Պանդուխտ երգեր» վերնագիրներով: Հրանդ Տինքի հրաւէրով՝ մաս կազմած է «Ակօս»ի հայկական բաժնի խմբագրական կազմին, ապա դարձած է անոր խմբագիրը: 2017-էն սկսեալ «Արդ» հեռուստակայանին համար «Ափոեւմաթինի» յունարէն թերթի խմբագիր Միխայիլ Վասիլիատեսի ընկերակցութեամբ շաբաթական հերթականութեամբ կը պատրաստէ հեղինակային հաղորդում մը՝ նիւթ ունենալով շաբթուան ընկերա-քաղաքական անցուդարձերը: Կ’աշխատակցի Փարիզի «Այբ» ռատիօկայանին, Պոլսոյ «Ռատիօ Ակօս»ին, նաեւ թրքերէն «Էօզկիւրլիւքճիւ Տեմոքրասի» օրաթերթին:

Հարցազրոյց.

Բագրատ Էսթուքեանին տրուեցան պոլսահայութեան, Պոլսոյ պատրիարքական ընտրութեան, նախագահ Էրտողանի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, Ռուսաստանի Դաշնութիւն-Թուրքիա յարաբերութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ առնչուող խնդիրներուն վերաբերող հարցումներ:

Խօսքի ազատութիւնը Թուրքիոյ մէջ.

«Խօսքի ազատութիւնը խնդիր մըն է, բայց անյաղթահարելի ալ չէ: Այսօր հարիւրաւոր թուրք լրագրողներ բանտերն են»,– ըսաւ Բագրատ Էսթուքեան:

Պատրիարքական ընտրութիւնը.

Ըստ Բագրատ Էսթուքեանի, պատրիարքական վերջին ընտրութիւնը պատմութեան մէջ իր նմանը չունեցող երեւոյթ մըն էր: «Երբեք չէր եղած ընտրութիւն մը, ուր թեկնածուներն ու ընտրողները ենթարկուէին այս անգամուան սահմանափակումներուն: Իբրեւ բողոքի արտայայտութիւն, շատեր որոշեցին ձայն չտալ, ինչպէս ես, ինչպէս Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Կարօ Փայլանը, բայց ընտրողներուն 70%-ը մասնակցեցաւ ընտրութեան: Մենք ստիպուած էինք ընտրել «չարեաց փոքրագոյնը»: Ի հարկէ, այս ամբողջ արարողութիւնը ընթացաւ հակատեմոքրատական կերպով, ամէն վայրկեան զգալի էր Իսթամպուլի քաղաքապետութեան ներկայութիւնը: Բայց ես, որպէս «Ակօս»ի խմբագիր, ստիպուած եմ մէկդի դնել անձնական համոզումներս եւ յարգել ժողովուրդիս մեծամասնութեան որոշումը, այսինքն՝ չանտեսել 9,000 կողմ քուէարկած հայրենակիցներուս ձայնը»:

«Գաղտնի» կամ «թաքնուած» հայեր.

Թուրքիոյ ներքին գաւառներուն (բուն Պատմական Հայաստանի) մէջ ապրող «գաղտնի» կամ «թաքնուած» հայոց խնդրին վերաբերող հարցումին պատասխանելով, Բագրատ Էսթուքեան ըսաւ, թէ այս հայոց պարագան պոլսահայութեան կարեւոր մարտահրաւէրներէն է: «Կը նմանի Աւետարանի կորսուած որդիին պատմութեան: Ինչպէս որ հայրը ընդունեց իր կորսուած որդին՝ ըսելով թէ «մեռած էր՝ ողջնցաւ, կորսուած էր՝ գտնուեցաւ», այդպէս է մեր այս հայրենակիցներուն պարագան: Մեր մէջ կան ազգային պաշտօններու վրայ գտնուող անձեր, որոնք կասկածանքով կը մօտենան «նորեկ»ներուն, կա՛մ քրիստոնեայ ըլլալը առաջնային կը նկատեն, կա՛մ կը կարծեն, թէ անոնք խաբեբայ են: Ո՛չ. մենք պէտք է շատ ճկուն ըլլանք, համբերող ու հասկացողութիւն ցոյց տանք: Աւելին. զանոնք մեր մէջ պէտք է ընդունինք հարազատի պէս»:

Հայ դպրոցը.

«Մեր ազգային վարժարանները լուրջ աւանդութիւն ունին Պոլսոյ մէջ, ունինք 150 տարուայ եւ աւելի հին դպրոցներ: Պէտք է ընդունիմ, որ մեր քով, ինչպէս եւ այլուր, զգալի նահանջ մը կայ, որուն գլխաւոր պատճառը գիտակցութեան պակասն է: Ծնողներ կ’ուզեն իրենց զաւակները հայկական դպրոց ղրկել, բայց զանոնք չծանրաբեռնել, «թեթեւ» անցնիլ կամ հայերէնին տեղ անգլերէն սորվեցնել:

Պոլսոյ մէջ ունինք 16 վարժարան, որոնք հայագիտական առարկաներ կը դասաւանդեն, բայց կ’ենթարկուին պետութեան կրթական ծրագրին: Ունինք նաեւ Հրանդ Տինքի անունով եւ 150 աշակերտներով «ոչ-պաշտօնական» վարժարան մը, որուն դասերը կը կատարուին արեւելահայերէնով, իսկ դպրոցին տէրն ու տիրականը տնօրէնութիւնն ու հոգաբարձութիւնն են: Նախարարութիւնը այս դպրոցի ուսումնական ծրագիրին չի խառնուիր, դասագիրքերը Հայաստանէն են, ծախսերը ծնողները կը հոգան, իսկ նիւթական բացերը նորվեկիացի բարերար զոյգ մը կը փակէ»:

Հայաստանի Հանրապետութիւն – Թուրքիոյ Հանրապետութիւն առնչութիւններ.

Վերջին տարիներուն գրեթէ ոչ մէկ յարաբերութիւն կայ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ պետութիւններուն միջեւ: Հարցումին, թէ ի՞նչ է այժմ կացութիւնը՝ հաշուի առած ատրպէյճական զօրաւոր գործօնը, Բագրատ Էստուքեան ըսաւ. «Իրականութեան մէջ, քաղաքական գետին մէջ ներքին հոսանքը շատ աւելի զօրաւոր է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մտաւորականութեան ու ակադեմական մակարդակներու առումով: Վերջին շրջանին եթէ պետական մակարդակի վրայ գետի մակերեսին վրայ հոսանքը շատ դանդաղ կը շարժի, նոյնը չենք կրնար ըսել ներքին հոսանքին մասին: «Հրանդ Տինք» կազմակերպութեան ջանքերով եւ շնորհիւ անոր ստանձնած նիւթական աջակցութեան, երկու կողմերու ակադեմականներ փոխադարձ այցելութիւններ կու տան եւ փորձի փոխանակումներ կը կատարեն: Փոխհասկացողութեան եւ համատեղ գործունէութեան փայլուն առիթներ ստեղծուեցան՝ հակառակ Ատրպէյճանի զգալի ներկայութեան»:

 

 ASBAREZ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ «ԱԿՕՍ»Ի ՀԱՅԵՐԷՆ ԲԱԺԻՆԻ ԽՄԲԱԳԻՐ ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆԻ ՀԵՏ

 

Պոլսահայ Միութիւնը Նշեց Հրանդ Դինքի Տարելիցը

 

ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ

 

Հրանդ Տինքի նահատակութեան 13րդ տարելիցի առթիւ, Պոլսահայ միութիւնը, Յունուարի 19ի առաւօտեան կազմակերպել էր հոգեհանգստի արարողութիւն Մոնթեբելլոյի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանի մօտ, իսկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ յուշ-երեկոյ: Պոլսահայ միութեան սրահում, Տինքի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկին, գլխաւոր բանախօսները խօսեցին Հրանդ Տինքի գործունէութեան, նրա գաղափարների արդիականութեան ու արդարութեան համար սկսած պայքարի շարունակման անհրաժեշտութեան մասին, տեղեկութիւններ ներկայացուեցին «Ակօս» թերթի ներկայի, պոլսահայ համայնքի մասին: Միջոցառման բացումը կատարեցին հայկական եկեղեցիների հոգեւոր հայրերը՝ հոգեհանգստեան աղօթքով, ինչին հետեւեց ԱՄՆ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի խօսքը. «Հրանդ Տինքը Պոլսոյ մէջ, ամենադժնդակ պայմաններում, քաջութեան բարձրագոյն դրսեւորումը ցուցադրեց, իր կեանքը տալով այն քաջ համոզումով, որ իրենից յետոյ եկողները ոչ միայն իր յիշատակը կը պահեն, այլեւ կը շարունակեն որպէս Տինք՝ կեանքն ապրելով արդարութեանը հետամուտ, պահանջատիրութեան ոգով, ինչը կը նշանակի ապահովել մեր ազգի վաղուայ օրը»:

Պոլսահայ միութեան հոգաբարձութեան ատենապետ, իրաւաբան Էտուին Մինասեանը, ողջունեց հիւրերին՝ հոգեւոր, հասարակական-քաղաքական գործիչներին, կազմակերպութիւնների ու միութիւնների ներկայացուցիչներին: Մինասեանն, այնուհետեւ ընթերցեց Ադամ Շիֆի՝ Հրանդ Տինքի յիշատակին նուիրուած ուղերձը: Նա այնուհետեւ բեմ հրաւիրեց ձեռնարկի գլխաւոր բանախօսներից Թամար Նալճին՝ Կարօ Փայլանի անձնակազմի նախկին ղեկավարին, ով հանդէս եկաւ «13 տարի զգօնութիւն արդարութեան համար» խորագրով զեկոյցով: Յաջորդ զեկուցողը, ֆրանսաբնակ իրաւաբան Ռոյ Առաքելեանն էր, որ ներկայացրեց Ադրիանապոլսի եւ տեղի հայկական համայնքի մասին բացառիկ տեղեկութիւններ: Իրաւաբան Կարօ Ղազարեանն էլ հանդէս եկաւ՝ «Մեր երկու Հայկական Հանրապետութիւնները, Մեր ազգը եւ Հրանդ Տինքի մարգարէութիւնը 13 տարի անց» զեկոյցով:

Պոլսահայ միութեան՝ Տինքի տարելիցի կապակցութեամբ կազմակերպուող ամէնամեայ ձեռնարկի հիւրն այս տարի «Ակօս» օրաթերթի հայերէն բաժնի գլխաւոր խմբագիր Բագրատ Էսդուգեանն էր, ում յանձնուեց «Հրանդ Տինքի հոգու ազատութեան եւ արդարութեան» մեդալը: Նրան գնահատանքի վկայագրեր յանձնեցին նաեւ Կալիֆորնիայի խորհրդարանի Ներկայացուցիչների տան անդամ Ադրին Նազարեանն ու ԱՄՆ կոնգրեսական Բրեդ Շերմանը:

Էսդուգեանը, որ օրուայ գլխաւոր բանախօսներից էր, խօսեց Տինքի գաղափարախօսութեան, տեսլականի մասին, որոշ տեղեկութիւններ ներկայացրեց պոլսահայ համայնքի ներկայի մասին: Նա, այլ թեմաների անդրադարձաւ՝ ձեռնարկի ներկաների հարցերին պատասխանելով: Կազմակերպիչներն առիթ էին ստեղծել նաեւ հիւրերի համար՝ «Ակօս»ի գլխաւոր խմբագրի հետ անմիջական քննարկման, որ վարում էր Էդուին Մինասեանը:

Միջոցառումն անցաւ ջերմ միջավայրում՝ դուդուկահար Ալբերտ Վարդանեանի դուդուկի ելեւէջների եւ էկրանին պատկերուած լուսանկարից՝ Հրանդ Տինքի հայեացքի ներքոյ:

Պոլսահայ միութեան հոգաբարձուները յատուկ առիթ էին ստեղծել լրագրողների համար հանդիպելու «Ակօս» օրաթերթի հայերէն բաժնի գլխաւոր խմբագիր Բագրատ Էսդուգեանին: Ստորեւ, ամփոփիչ ներկայացնում ենք Էսդուգեանի՝ մամուլի ասուլիսի, հանրային հաւաքի եւ «Ասպարէզ»ի կողմից տրուած հարցերի պատասխանները:

«Հրանդ Տինքը խաղաղասէր էր, երբեք կռիւ չէր ստեղծում, այլ փորձում էր հաշտութիւն գտնել, երկխօսութիւն ստեղծել: Նա պայքարեց Հայ Դատի, Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման համար, բայց երբեւէ չարտօնեց, որ այդ գործընթացում այլ ազգի արժանապատուութիւնը վիրաւորուի: Նա երբեք թրքատեաց չեղաւ: Տինքը հաւատում էր ազգերի բարեկամութեանը: Թուրքական իշխանութիւնների աչքին նրան վտանգաւոր դարձնողը Հրանդի իրաւացիութիւնն էր», Հրանդ Տինքի գաղափարախօսութեանն անդրադարձաւ Էսդուգեանը:

————————————————–

 

IMG-6627Պոլսահայ միութեան՝ Տինքի տարելիցի կապակցութեամբ կազմակերպուող ամէնամեայ ձեռնարկի հիւրն այս տարի «Ակօս» օրաթերթի հայերէն բաժնի գլխաւոր խմբագիր Բագրատ Էսդուգեանն էր, ում յանձնուեց «Հրանդ Տինքի հոգու ազատութեան եւ արդարութեան» մեդալը:

Ստորեւ՝ «Ասպարէզ»ի Հարցզրոյցը  Բագրատ Էսդուգեանի հետ.

ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ.- Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութիւններն առիթ դարձան համայնքում բողոքների մեծ ալիքի, ընդհուպ մինչեւ պառակտումների, քանի որ Թուրքիայի կառավարութեան պարտադրած նոր կանոնադրութեամբ փոխուեց ընտրական գործընթացը, եւ արդիւնքում յաղթեց իշխանութեան համար առաւել ընդունելի թեկնածուն: Ինչպէ՞ս ընդունեց համայնքը նոր իրականութիւնը եւ ի՞նչ մարտահրաւէրների առաջ կանգնեց:

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ.- Պոլսահայութեան կարեւորագոյն մարտահրաւէրն է, որ  ընտրութեանը նախորդող շրջանի պառակտումները յաղթահարուեն, ժողովրդի ցանկութիւնը դա է, որովհետեւ ընտրութիւններն իսկապէս առիթ դարձան համայնքի բեւեռացման: Համաձայն եմ Կարօ Փայլանի հետ, որ այս ընտրութիւններում կառավարութիւնը մեզ պարտադրեց իր կամքը, եւ արդար ազգի կամքով արուած ընտրութիւն չէր: Մեր աւանդոյթի եւ երկրի նախկինում սահմանուած օրէնքով, մենք առնուազն տասներկու թեկնածու էինք ունենում, եւ նրանցից առաջադրուողների միջեւ պէտք է ընտրութիւնը կազմակերպուէր: Ըստ նոր պահանջի, սահմանափակուեց երկրից դուրս ծառայող եպիսկոպոսների առաջադրուելու հնարաւորութիւնը, եւ միայն երեք թեկնածու առաջադրուեց, որոնցից Գարեգին արք. Պեզճեանը ազնիւ գտնուեց եւ մատնանշելով իր հոգեւոր եղբայրների ոտնահարուած իրաւունքները՝ հրաժարուեց մասնակցելու յետագայ պայքարին: Նա միւս թեկնածուներին էլ յորդորեց նոյն կերպ վարուել, որպէսզի կառավարութեան խաղը խափանուի, բայց նրանք մերժեցին: Ես ինքս էլ դէմ էի ընտրութիւններին եւ ժողովրդին յորդորում էի բոյկոտել դրանք: Բայց այժմ ինձ դժուար պէտք է լինի ասել, որ ընտրուածն իմ պատրիարքը չէ, որովհետեւ տասներեք հազար մարդ մասնակցեց ընտրութիւններին, եւ դա ընդունելի թիւ է, որոնցից ինը հազար ձայնը տրուեց  Սահակ Բ. եպիսկոպոս Մաշալեանին:

 

ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ.- Նորընտիր պատրիարքն ընտրուելուց յետոյ էլ շարունակեց «գործարք»ի տրամաբանութիւնից բխող իր քաղաքականութիւնը եւ թուրքական թերթին տուած հարցազրոյցում քննադատեց ԱՄՆ Սենատի կողմից Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունումը:

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ.- Մեր հոգեւորականներն ինչ-որ չափով ազգային գիտակցութիւնից զուրկ մնացին վերջերս: Թուրքիայի իշխանութիւնների հետ լաւ յարաբերութիւններ հաստատելու յոյսով՝ չխուսափեցին ոտնահարել ազգային սրբութիւնները, ինչն անընդունելի երեւոյթ է: Անշուշտ, որեւէ կրօնական առաջնորդ պիտի ցանկանայ իշխանութիւնների հետ լաւ յարաբերութիւններ ունենալ, բայց դա չի նշանակում յանուն դրա՝ ազգիդ անարգել: Պատրիարքի վերջին յայտարարութիւնները այդ ծիրեն ներս էին, մանաւանդ՝ «մենք Սփիւռքի հետ կապ չունենք» նրա խօսքերը: Դա անընդունելի էր, որովհետեւ հայ ժողովուրդը մէկ ժողովուրդ է, եւ Հայաստանի բոլոր նախագահներն էլ միշտ ընդգծել են, որ իրենք համայն հայութեան նախագահն են, ուրեմն ինչպէ՞ս կարելի է նման խօսքեր ասել: Պատրիարքի կողմից հնչեցուածը սխալ էր եւ համայնքի մեծամասնութեան համար անընդունելի, թէեւ կային մարդիկ, ովքեր արդարացրին նրա դիրքորոշումը: Կարծում եմ, պէտք է մի քիչ համբերել, որ պատրիարքը գտնի ինքն իրեն:

 

ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ.- Ամբողջ աշխարհում տպագիր մամուլը մեծ դժուարութիւնների առաջ է կանգնած: Ինչպէ՞ս է գործում «Ակօս» շաբաթաթերթն այսօր, ի՞նչ խնդիրներ ունի, ի՞նչ ռազմավարութեամբ է առաջնորդւում:

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ.- «Ակօս»ը ներկայում լոյս է տեսնում հինգ հազար տպաքանակով: Թերթն աւելի դժուար ընթեռնելի է դարձել, որովհետեւ շատ բովանդակալից է, լի վերլուծական նիւթերով, այսինք՝ պարզ ժամանցի համար չէ, եւ չի առաջարկում միայն վերնագրեր ու լուսանկարներ, ինչպէս մարդիկ են վերջերս նախընտրում: Դա մի կողմից որակի չափանիշ է, միւս կողմից դժուարացնում է մեր գործունէութիւնը: Մեր երկրում եւս տպագիր մամուլը լուրջ նահանջ է ապրում, թերթերի տպաքանակը նուազել է, եւ շարունակում են գոյատեւել այն թերթերը, որոնք ունեն իշխանական աջակցութիւն: Մենք այդ հնարաւորութիւնը չունենք, եւ միայն որոշ ծանուցումներ ստանալով ենք շարունակւում, թէեւ աշխատակազմի քանակը նուազել է, եւ տասը մարդ է աշխատում:

Ուրախ եմ, որ «Ակօս»ը նաեւ վստահելի աղբիւր է, որովհետեւ մենք յաճախ ենք անդրադառնում, որ Թուրքիայում եթէ տերեւ շարժուի, անմիջապէս, յատկապէս Հայաստանի լրատուամիջոցները դիմում են մեզ, անձամբ հարցնում են ինձ, թէ ի՛նչ է կատարւում: Ամենադժուար հարցումն այն է, թէ պոլսահայ համայնքն ի՛նչ է կարծում որեւէ հարցի շուրջ: Պատասխանս յաճախ այն է, որ համայնքի ամբողջական մէկ կարծիք, որպէս այդպիսին, չկայ: Անշուշտ, մենք ժողովրդի հետ շփուելով, կարող ենք ենթադրաբար որոշ հակումներ նկատել, բայց երբեք չենք կարող համարձակուել օգտագործելու այդ նախադասութիւնը, որ պոլսահայութիւնը որեւէ հարցի մասին միանշանակ կարծիք ունի:

«Ակօս»ի դէպքում, ընդդիմադիր ջիղն է նկատելի: Ես ընդդիմադիր, այլախոհ գաղափարներով մարդ եմ, եւ իմ զգացումները աւելի համարձակ եմ փոխանցում: Այնինչ, այդ համարձակութիւնը Թուրքիայի ներկայ պայմաններում կարող է հետեւանքներ ունենալ: Կինս միշտ մտավախութիւններ ունի եւ զգուշացնում է, որ զգոյշ արտայայտուեմ, քանի որ երբեք չես կարող կռահել, թէ ում  կարող է դառնացնել քո խօսքը: Մեր քաղաքում բանտարկուած լրագրողների թիւը շուրջ 170 է, որոնցից 120ն արդէն պատիժներ են ստացել, եւ 50ի դատավարութիւնն էլ շարունակւում է: Այդ պատիժները հիմնականում սահմանւում են կա՛մ ահաբեկչութիւնը գովաբանելու, քարոզելու, կա՛մ՝ երկրի նախագահին անարգելու համար: Սակայն, գիտակից մարդիկ շատ լաւ հասկանում են, որ ո՛չ ահաբեկչութեան քարոզչութիւն է եղել նրանց գրութիւններում, ո՛չ էլ որեւէ իշխանութիւնների նկատմամբ որեւէ նախատինք: Գերզգայուն ժամանակներ են, եւ յուսանք, դրանք էլ կ՛անցնեն, որովհետեւ մեր երկիրը խաղաղ երբեք չի եղել, եւ միշտ էլ տասնամեակներով ալեկոծումներ են եղել:

Կ՛ուզէի նշել, որ երբեմն ապերախտ աշխատանք է թւում հայերէնով լրագրող լինելը, որովհետեւ արձագանգները կա՛մ ուշ են ստացւում, կա՛մ էլ՝ երբեք: Բայց  յուսահատութեան պահերին այնպիսի անսպասելի արձագանգ ենք ստանում, որ ոգեւորութեամբ շարունակում ենք աշխատել: Ուրախ եմ նաեւ, որ «Ասպարէզ» թերթն էլ տպագրում է մեր յօդուածներից:

 

ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ.- Ի՞նչ վիճակ է հայոց լեզուի հարցում: Քանի հայկական վարժարան կայ, եւ ինչպիսի՞ն է լեզուի կրթութեան որակը:

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ.- Պոլսոյ մէջ հայ դպրոցը լուրջ աւանդոյթ ունի՝ ի տարբերութիւն մեր այլ գաղթօջախների, որտեղ դպրոցաշինութիւնը սկսուել է 1920ական թուականներից, այսինքն՝ 1915 թուականից ցիրուցան եղած ժողովուրդը համախմբուելով սկսել է կառուցել նախ եկեղեցի, ապա՝ դպրոց: Պոլսոյ մէջ  այդ գործընթացը սկսուել է 150 տարի առաջ: Այսօր ունենք 16 վարժարան, որոնցից 15ը պաշտօնական, մէկը՝ ոչ պաշտօնական, այսինքն՝ դասաւանդւում է Հայաստանի կրթութեան նախարարութեան ծրագրով: Միւս 15 վարժարաններն առաջնորդւում են երկրի միակ ուսումնական ծրագրով, որը միտուած է թուրք ազգ կերտելուն, եւ միաժամանակ՝ ուսուցանւում է հայոց լեզու եւ գրականութիւն, կրօն: Թէեւ, երկրում պաշտօնական փոքրամասնութիւն համարուող հայերին հնարաւորութիւն է տրւում նաեւ այլ առարկաներ հայոց լեզուով դասաւանդելու, սակայն ծնողները համաձայն չեն, քանի որ չեն համարում, որ հայերէնը անհրաժեշտ լեզու է իրենց զաւակների համար: Նրանք, հիմնականում նախընտրում են հայկական վարժարանները միայն նրա համար, որ երեխաները հայերի շրջապատում լինեն, եւ բնաւ չեն կարեւորում մայրենին: Դա ազգային գիտակցութեան նահանջ է իմ կարծիքով, որ ծագել է հասարակութեան այլասերումից, անգիտութիւնից: Այսօր, ընդամէնը երեք հազար աշակերտ է սովորում նշուած բոլոր վարժարաններում միասին, այնինչ, աշխոյժ հայ համայնքի ընդհանուր թիւը վաթսուն հազարից աւելի է:

 

ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ.- Համայնքի հետ կապուած ի՞նչ այլ թեմաներ են ձեզ համար այսօր առաջնային թւում:

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ.- Իսլամացած հայերի հարցը գլխաւոր կարող է համարուել: Այս երեւոյթը բաւական հակասական արձագանգներ ունի համայնքում: Կան մարդիկ, յատկապէս համայնքային հաստատութիւնների ղեկավարներ, բարերարներ, հոգաբարձուներ, որ իսլամացած հայերի՝ ինքնութեանը վերադառնալու ցանկութիւնը համարում են կեղծ՝ մեկնաբանելով, որ նրանք ուղղակի ցանկանում են օգտուել, համայնքի մաս կազմել, որպէսզի հնարաւորութիւն ունենան մասնակցելու  բազմաթիւ պաշտօնների համար ընտրութիւնների, եւ յաղթանակի հաւանականութիւնը մեծ է: Չեմ բացառում, որ հնարաւոր է հազարաւոր մարդկանց մէջ լինեն եւ այդպիսիններ, բայց դա չի կարող առիթ դառնալ, որ ես շատերի նկատմամբ բարեացակամ չլինեմ: Անհատապէս, կնոջս հետ միասին մենք տասը իսլամացած հայերի մկրտութեան կնքահայր ենք եղել, եւ աւանդոյթ ենք ձեւաւորել միասին Ս. Ծնունդը նշելու:

Դժբախտաբար մեր պատրիարքարանը նոյնպէս բաւական մերժողական դիրքորոշում ունի. իրենք աշխարհին նայում են քրիստոնեայի աչքով, մենք՝ հայի: Եկեղեցին նրանց ասում է, որ եթէ ցանկանում են ինքնութեանը վերադառնալ, պէտք է յաճախեն վեց ամսեայ քրիստոնէութեան դասընթացների: Որոշակի տրամաբանութիւն կայ, բայց իրականութեանը հակասող երեւոյթ է: Այդ մարդկանց մեծամասնութիւնը երբեւէ նուիրեալ հաւատացեալ, մուսուլման չի եղել, չի այցելել մզկիթ, չի աղօթել, եւ այժմ նրանք ցանկանում են ուղղակի վերագտնել ինքնութիւնն առանց կրօնական խիստ կանոնների:

 

ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ.- Ի՞նչ զարգացումներ են սպասւում Թուրքիայում նախագահ Էրդողանի ղեկավարութեամբ:

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ.- Էրդողանի վիճակը բաւական դժուարացել է, եւ նա աւելի շատ բռնութեամբ իրավիճակը վերահսկելու ծուղակում է, որ ի վնաս է լինելու: Երկրի ներսում նա կորցնում է հասարակութեան վստահութիւնը՝ հիմնականում տնտեսական վիճակով, գործազրկութեամբ պայմանաւորուած: Միաժամանակ, Թուրքիայի նախագահը խնդիրներ ունի աշխարհի հետ՝ ԱՄՆի, Եւրամիութեան, Արաբական աշխարհի, տարածաշրջանի երկրների, եւ միակ փրկութիւնը թւում է Ռուսաստանը, բայց Պուտինը վստահելի գործընկեր չի կարող համարուել: Էրդողանի բարձրանալու շրջանն աւարտուել է, եւ այժմ սկսուել է անկումը, թէեւ նա հանդուրժող չէ եւ հեշտօրէն չի նահանջի:

 

ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ.- Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւննե՞րը:

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ.- Մենք միշտ ջատագով ենք Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնների բարելաւմանը եւ հաւատացած ենք, որ դա կը ծառայի ի նպաստ երկու ժողովուրդների: Սակայն Թուրքիայի կառավարութեան այսօրուայ մերժողական քաղաքականութեան պայմաններում, մենք երբեք խնդրողի դիրքում չպէտք է յայտնուենք, հակառակը՝ մեր ազգի արժանապատուութիւնը պէտք է բարձր պահենք:

 

 WESTERN PRELACY

ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ 13-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

Նախաձեռնութեամբ Պոլսահայ Միութեան Հոգաբարձութեան եւ Գործադիր յանձնախումբին, Կիրակի, 19 Յունուար 2020-ին, նշուեցաւ Հրանդ Տինքի նահատակութեան 13րդ տարելիցը։

Կէսօրէ ետք, Մոնթեպելլոյի նահատակաց յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում, ապա հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ի յիշատակ Հրանդ Տինքի, Սարգիս Հացպանեանի, Սեւակ Պալըքճըի եւ Փրոֆ. Վահագն Տատրեանի։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան մասնակցեցաւ արարողութեան։

Երեկոյեան, միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ տարեկան յուշ երեկոն։ Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ներկայ եղաւ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան։

Յայտագիրին սկիզբը, ներկայ հոգեւոր հայրերը կատարեցին բացման աղօթքը եւ հոգեհանգիստ՝ Հրանդ Տինքի հոգւոյն համար։ Գլխաւոր բանախօսներն էին «Ակօս» օրաթերթի հայերէն բաժինի խմբագիր՝ Տիար Բագրատ Էսթուքեան, Ֆրանսահայ յայտնի իրաւաբան՝ Տիար Րոյ Առաքելեան եւ «Հրանդի Ընկերներ» կազմակերպութեան անդամ Տիկ. Թամար Նալճը։

Միութիւնը այս տարի Հրանդ Տինքի անուան «Հոգիի ազատութեան եւ արդարութեան» շքանշանը շնորհեց Տիար Բագրատ Էսթուքեանին։

 

 

 WESTERN DIOCESE

 

OIA COMMEMORATES AND HONORS THE UNDYING LEGACY OF HRANT DINK
Published – 24 January 2020

This year marked the 13th anniversary of the assassination of Hrant Dink, Turkish-Armenian intellectual, editor-in-chief of Agos, journalist and columnist.

On January 19, 2020, in the afternoon, a wreath-laying ceremony took place at the Armenian Martyrs’ Monument in Montebello, which was followed by requiem prayers for Hrant Dink as well as Sarkis Hatspanian, Sevak Balikci, and Prof. Vahakn Dadrian. The Rev. Fr. Arshag Khatchadourian represented the Diocesan Primate at the ceremony and requiem service.

In the evening, the Organization of Istanbul Armenians held a commemorative program in honor of Dink’s legacy. Held at the Krikor and Aved Kurkcoglu Hall, the Diocesan Primate attended the event. The program began with the invocation and requiem prayer recited by clergy members.

The event featured keynote speakers Pakrat Estukyan, Editor in Chief of the Armenian section of Agos, Roy Arakelian, prominent French-Armenian attorney, and Tamar Nalci, member of the “Friends of  Hrant” organization.

The event concluded with reflections and closing remarks themed “Two Armenian Republics. One Nation and Hrant Dink’s Prophesy 13 Years Later” by attorney Garo Ghazarian

Mr. Estukyan was honored with the 2020 OIA Hrant Dink Medal for his life time of work and contributions.

 

MASSIS POST

DSC_0931

Պոլսահայ Միութիւնը Նշեց Հրանդ Տինքի Նահատակութեան 13-րդ Տարելիցը

01/22/2020

Արդարութեան եւ ազատութեան մեծ ռահվիրայ, Պոլսոյ «Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանդ Տինքի նահատակութեան 13-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի բազմաթիւ հանդիսութիւններ եւ միջոցառումներ տեղի ունեցան թէ Պոլսոյ եւ թէ այլ քաղաքներու մէջ:

Կազմակերպութեամբ Լոս Անճելոսի Պոլսահայ Միութեան, Հրանդ Տինքի նահատակութեան 13-րդ տարելիցին առթիւ Կիրակի, Յունուար 19-ին տեղի ունեցաւ միջոցառում, որուն որպէս գլխաւոր բանախօս ներկայ եղաւ Պոլսոյ «Ակօս» թերթի հայկական բաժնի գլխաւոր խմբագիր Բագրատ Էսթուքեան:

Արդարեւ Պոլսահայ Միութեան «Հրանդ Տինք» հանդիսասրահ եկած բազմահարիւր ներկաներուն մէջ կը նշմարուէին գաղութիս հայկական բոլոր յարանուանութեանց առաջնորդներն ու քաղաքական, մշակութային եւ հայրենակցական միութիւններու ղեկավարներն ու ներկայացուցիչները:

Հայութեան եւ արդարութեան քաջամարտիկ Հրանդ Տինքի տեսլականին մասին պերճախօս ելոյթով հանդէս եկաւ Արեւմտեան Թեմի Հայց. Եկեղեցւոյ առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան: Սրտի խօսքերով արտայայտուեցան նաեւ Տօքթ. Յովհաննէս Աւետիքեան, իրաւաբաններ Էտվին Մինասեան, Ռոյ Առաքելեան եւ Կարօ Ղազարեան, ինչպէս նաեւ Ռոզլին Մատոյեան, Գանա Յովհաննիսեան ¤Հայաստանի աւագ հիւպատոսութեան անունով) եւ գոնկրեսական Պրատ Շէրման:

Օրուան գխաւոր բանախօսն էր Կարօ Փայլանի անձնակազմի նախկին ղեակավարուհի Թամար Նալճը: Ան Հրանդ Տինքի հարցով դատավարութեան գործընթացի մասին խօսելէ ետք եզրակացուց «… կ՛ուզէնք հաւատալ որ պայքարը պիտի շարունակուի բոլոր անարդարութիւններու դէմ»:

Սրտաբաց զրոյցով հանդէս եկաւ «Ակօս» թերթի հայերէն բաժնի գլխաւոր խմբագիր, վիպասան եւ հեղինակ Բագրատ Էսթուքեան: Խօսելով Հրանդ Տինքի մասին, ան ի մէջ այլոց ըսաւ. «…Հրանդ Տինքի խաղաղասէր, ամէն գնով կ՛ուզէր որ երկխօսութիւնով իրար հասկնալ, լսել, տեսնել, սրտի ձայնն իմանալ: Ան երբեք թրքատեաց չեղաւ: Հրանդ՝ իր տարածած գաղափարներով, կասկածներու դուռ բացաւ եւ այդ սուղ արժեց իրեն ու թուրք ազգայնական անձի մը զոհը դարձաւ…: Հրանդ ժողովուրդներու բարեկամութեան ջահակիր էր եւ մեծ հաւատացող մը:»

Այս առթիւ՝ Բագրատ Էսթուքեան քանի մը գնահատագիրներու արժանացաւ, որոնցմէ կարեւորագոյնն էր «Հրանդ Տինքի Հոգիի Ազատութեան եւ Արդարութեան» տարեկան շքանշանը:

Երեկոյթի վերջին մասին տեղի ունեցաւ հարցազորյց-քննարկում օրուան յայտագրի գլխաւոր խօսողներուն հետ:

DSC_0677

DSC_0700

DSC_0730

DSC_0826

DSC_0781

DSC_0824

 

.Estukyan-press

«Ակօս» Թերթի Խմբագիր Բագրատ Էսթուքեանի Մամլոյ Ասուլիսը Լոս Անճելոսի Մէջ

01/22/2020

Կիրակի, Յունուար 19-ին, Պոլսահայ Միութեան կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ Պոլսոյ «Ակօս» թերթի հայկական բաժնի խմբագիր Բագրատ Էսթուքեանի մամլոյ ասուլիսը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ու Էսթուքեանի կենսագրական գիծերը ներկայացուց Պոլսահայ Միութեան ղեկավարներէն Տոքթ. Յովհաննէս Քուլակ:

Պր. Էսթուքեան իր ներածական խօսքին մէջ անդրադառնալով «Ակօս»-ի աշխատանքներուն, յայտնեց որ թերթը իւրայատուկ երեւոյթ մը եղաւ Հայ լրագրութեան մէջ, նկատի ունենալով, որ անոր պաշտօնական լեզուն թրքերէն է եւ միայն չորս էջեր լոյս կը տեսնեն հայերէնով: Ըստ խմբագրի, թրքերէն լեզուով հայկական թերթ հրատարակելը դարձած էր անհրաժեշտութիւն, նկատի ունենալով որ Թուրքիոյ հայութեան կարեւոր մէկ մասը դադրած է հայախօսութենէ եւ զուրկ է հայերէն ընթերցելու կարողութենէն: Այս իրողութենէն մեկնելով, Հրանդ Տինք 1996 թուականին որոշեց հրատարակել «Ակօս»-ը, բաւարարելու համար հայութեամբ հետաքրքրուողներու պահանջը:

Պատասխանելով լրագրողներու հարցերուն, «Ակօս»-ի խմբագիրը յայտնեց թէ, իրենք եւս համաձայն էին թրքական խորհրդարանի անդամ Կարօ Փայլանի տեսակէտին հետ, որ Պոլսոյ պատրիարքի ընտրութիւնը պէտք չէր կայանար թրքական կառավարութեան պարտադրած պայմաններով, որու հետեւանքով շարք մը արժանաւոր եկեղեցականներ զրկուեցան ընտրութիւններուն մասնակցելու իրաւունքէն: Սակայն, այն համաձայն չգտնուեցաւ այն տեսակէտին հետ որ, պէտք չէ ընդունիլ նորընտիր պատրիարքը: «Ինչ որ ալ ըլլան պայմանները, մենք չենք կրնար անտեսել 13 հազար ժողովուրդի տեսակէտը, որոնք եկած էին մասնակցելու ընտրութիւններու», ըսաւ Էսթուքեան:

Գաւառներու մէջ ապրող իսլամացած հայերու իրենց արմատներուն վերադառնալու մասին խօսելով Էսթուքեան յայտնեց, որ կողմնակից է, որպէսզի ցանկութիւն ունեցողներու խնդրանքը բաւարարուի եւ ինք անձնապէս կնքահայր եղած է մօտ 15 հոգիներու, որոնք մկրտուած են որպէս հայ: Ան սակայն ըսաւ, որ կան կարգ մը եկեղեցական եւ աշխարհական շրջանակներ, իւրաքանչիւրը տարբեր պատճառաբանութեամբ, որոնք կ՛ընդդիմանան ընդունիլ իրենց ինքնութեան վերադառնալու ցանկութիւն յայտնողներու դիմումներուն ընդառաջել եւ կամ անոնց կը պարտադրեն կրօնական երկարատեւ դասընթացքներ: «Մեզի համար այս պարագան ազգային հարց է, իսկ եկեղեցին անոր կը մօտենայ կրօնական տեսանկիւնէ», ըսաւ «Ակօսի» խմբագիրը:

Բագրատ Էսթուքեան նաեւ տեղեկացուց, որ ներկայիս Պոլսոյ մէջ կը գործեն հայկական 15 դպրոցներ, որոնք կը հետեւին թրքական կրթական ծրագիրներուն: Ասոնց կողքին կայ նաեւ մէկ հայկական դպրոց, ուր կը յաճախեն ընդհանրապէս Հայաստանէն հոն հաստատուած ընտանիքներու զաւակներ, թիւով շուրջ 150 ուսանող: Այս դպրոցէն ներս կը դասաւանդուի Հայաստանի կրթական նախարարութեան ուսումնական ծրագիրը եւ աշակերտները աւարտելէ ետք, կը մեկնին Հայրենիք եւ հոն կը յանձնեն իրենց աւարտական քննութիւնները:

 

…………………

 

 ….

…………………

 

 

 

 ….

 

13-ամեակի միջոցառումները

 15.01.2020

«Ակօս» թերթի հիմ­նա­դիր Հրանդ Տին­քի մա­հուան 13-րդ տա­րելի­ցի առ­թիւ զա­նազան մի­ջոցա­ռումներ կը կազ­մա­կեր­պո­ւին, թէ երկրի մէջ եւ թէ ար­տա­սահ­մա­նի բազ­մա­թիւ կեդ­րոննե­րու վրայ։ Սո­վորա­բար Տին­քի ըն­տա­նիքը շի­րիմին վրայ տե­ղի ու­նե­ցող կրօ­նական արա­րողու­թիւնով կը յի­շատա­կէ Հրան­դը։ Իսկ հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւններ կը ձեռ­նարկեն զա­նազան ասու­լիսներ։

Այս տա­րի ալ գլխա­ւոր յի­շատակ­ման կար­գադրու­թիւնը պի­տի ըլ­լայ «Ակօս»ի նախ­կին խմբագ­րա­տան առ­ջեւ 19 Յու­նո­ւար 2020 թո­ւակա­նին ժա­մը ճիշդ 15.00-ին։

Բա­ցի այդ 16 Յու­նո­ւար հինգշաբ­թի, «ՏուրՏէ» հար­թա­կը հա­մագոր­ծակցե­լով հա­կակա­պիտա­լիս­տա­կան մուսլու­մաննե­րու, ասու­լիս մը կը կազ­մա­կեր­պէ Ճէ­զայիր շէն­քի մէջ։

Յա­ջորդ օր 17 Յու­նո­ւարին «Արաս» հրա­տարակ­չա­տան «Եսա­յեան» սրա­հին մէջ պի­տի բա­նախօ­սէ Ու­մութ Թիւ­մայ Աս­լան։

19 Յու­նո­ւարին Պէ­յօղ­լու «Հան­ճը» անուն վայ­րի մէջ Հրան­դի յի­շատա­կին ձօ­նուած հա­մեր­գով մը բեմ պի­տի ել­լէ «Ոմանք» երաժշտա­կան խումբը։

Նոյն օր Պոտ­րումի մէջ ալ Հե­րոտո­թի անու­նը կրող մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ իրա­ւաբան Էն­կին Ճին­մէ­նի կող­մէ պի­տի ներ­կա­յացո­ւի մի­ջոցա­ռում մը, որուն մաս­նակցու­թիւն պի­տի բե­րեն Սիլ­վա Էօզ­յէրլի եւ Թայ­ֆուն Աթայ։

Պոլ­սա­հայ Միու­թիւնը աւան­դութիւն դար­ձուցած է ամէն տա­րի դար­ձեալ ասու­լի­սով մը յի­շատա­կել Հրանդ Տին­քը։ Լոս Ան­ճէ­լըսի մէջ Կա­րօ Ղա­զարեան, Թա­մար Նալ­ճը, Ռոյ Առա­քելեան եւ Բագ­րատ Էս­դուգեան ելոյթ պի­տի ու­նե­նան Հրանդ Տին­քի որ­դեգրած առա­քելու­թեան մա­սին։

Նոյն օր Հա­րուար­տի մէջ ալ պի­տի կա­յանայ մի­ջոցա­ռում մը, ուր այս ան­գամ ելոյթ պի­տի ու­նե­նայ ըն­կե­րաբան Յով­հաննէս Քը­լըչ­տաղ։

Գեր­մա­նիոյ մէջ նա­խորդ տա­րինե­րուն մի­ջոցա­ռումնե­րուն ալ վայրն էր Մաք­սիմ Կոր­քի թատ­րո­նը ու այս տա­րի ալ Թուրքիայէն, Վրաս­տա­նէ եւ Հա­յաս­տա­նէ եկած արո­ւես­տա­գէտ­ներ բեմ պի­տի բարձրա­նան։ Բա­ցի այդ պի­տի ար­տա­յայ­տո­ւին նաեւ Հրանդ Տինք հիմ­նադրա­մի անձնա­կազ­մէն Զէյ­նեփ Թաշ­քըն եւ «Յու­շա­մատեան»էն ալ Վա­հէ Թաշ­ճեան։

Գա­նատա­յի մի­ջոցա­ռու­մը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Օտտա­ւայի մէջ, ուր Սեն Լաուրս Հա­մալ­սա­րանի դա­սախօս Հովրդ Էյ­զընսթատ պի­տի բա­նախօ­սէ «Օս­մա­նեան կայսրու­թեան մէջ ազ­գայնա­կանու­թիւնը եւ ար­դի Թուրքիան» նիւ­թով։

Նոյն օր պի­տի կա­յանայ պա­րի բե­մադ­րութիւն մը, Կիւլսիւն Օտա­պաշի կար­ճա­մեթ­րաժ մէկ ֆիլ­մը եւ Կա­րօ Ալ­թը­նայի երաժշտա­կան ունկնդրու­թիւնը։

 

…………………

 

 ….

 

 

……..

Post a comment