
..
.
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ, ՄՈՄԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄՈՂԲԱՑԵԱԼ ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆԳրի առաւ՝ Մարիէթ ՕհանէսԿիրակի, Յունուար 19, 2020-ին Մոնթեպելլոյի Յուշարձանին մօտ տեղի ունեցաւ Պոլսահայ Միութան կազմակերպած Հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ ի յիշատակ վաղամեռիկ Հրանդ Տինքի մահուան 13-րդ տարելիցին, նաեւ Սարգիս Հացպանեանի, Սեւակ Պալըքճըի եւ Փրօֆ. Վահագն Ն. Տատրեանի յիշատակներուն։Միութեան անունով ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ Մոնթեպելլոյի յուշարձանին՝ Հրանդ Տինքի յիշատակին համար։ ներկայ էին Տ․ Արշակ Խաչատուրեան եւ Տ․ Աշոտ Գամպուրեան քահանաները, ինչպէս նաեւ Միութեան անդամներ եւ բարեկամներ։ Հոգեհանգստեան արարողութեան աւարտին իր ցաւակցական խօսքը արտասանեց Միութեան Հոգաբարձու եւ Մշակութային Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեանը: Ան շեշտեց թէ Հրանդ Տինքի սպաննիչները տակաւին անպարտ են եւ եթէ դարեր ալ անցնին Հրանդ Տինքը երբեք պիտի չի մոռցուի: Խօսք առաւ նաեւ Պոլսէն ժամանած հիւր՝ «Ակօս« թերթի Հայերէն բաժնի գլխաւոր խմբագիր՝ Բագրատ Էսթուքեանը ան ըսաւ թէ «Հրանդ իր պայքարով, լայն զանգուածով երկրի մը մէջ հերոսի մը վերածուեցաւ: Ան ջահ մը վառեց եւ այդ ջահը մինչեւ այսօր կը լուսաւորէ. անոր համար ալ մենք պիտի շարունակենք իրեն երախտապարտ ըլլալ որովհետեւ անձնուիրութիւն, զոհողութիւն եւ նուիրում պահանջող մարտիկ մըն էր Հրանդ, այդպէ՛ս ալ մարտիրոսացաւ»:Խօսք առաւ նաեւ Հայրենիք Միութեան գործօն անդամուհի՝ Տկ. Շուշան Վարդանեան ըսելով «Այսօր տխուր օր մըն է մեզ համար որովհետեւ երկու թանկագին անձեր կորսնցնելու դժբախտութիւնը ունեցանք մին՝ Հրանդ Տինքը իսկ միւսը՝ Սարգիս Հացպանեանը եւ մեր սրտցաւ հոգիէն աղաղակներ կը լսուի այսօր, Հրանդ Տինքի մահը ցնցեց բոլորիս սակայն այդ մահով վերջ չի գտներ Հայուն տագնապը, Հայրենիք Միութիւնը միշտ պատրաստ եղած է օգնելու Պոլսահայ Միութեան եւ համայնքի բոլոր ձեռնարկներուն կատարման եւ այսօր ալ ուրախ ենք որ մաս կը կազմենք հոգեհանգստեան արարողութեան»:Խօսք առաւ նաեւ Արժ. Տ. Արշակ Քհնյ. Խաչատուրեանը որ շեշտեց թէ «Մենք չենք կրնար մոռնալ Հրանդ Տինքը եւ Հայ ժողովուրդը չի կրնար մոռնալ անոր նման Աստուածասէր, մարդասէր անձ մը որ կարողութիւնը ունեցաւ ազգերու ամբողջ ժողովուրդներուն առջեւ աղաղակել, ըլլայ հեռատեսիլի եւ հեռախօսի միջոցաւ: Ժողովուրդը մինչեւ այսօր կ՛աղաղակէ Հրանդի անունը, որ ինք մեռած չէ»:Խօսք առաւ Վերապատուելի Պերճ Ճամպազեանի ներկայացուցիչը որ իր սրտի խօսքին մէջ արտայայտուեցաւ. «Յիսուս Քրիստոսի խօսքով թէ դուք էք աշխարհի լոյսը, ձեր լոյսը այնպէս մը լուսաւորէ որ մինչ մարդիկ կը տեսնեն ձեր բարի գործերը, փառաւորեն Հայրը որ երկինքն է. Հրանդ Տինքի գործերը իրեն կը հետեւին անոր համար Աստուծոյ փառք տուաւ Հրանդ Տինքի կեանքին համար երանի տալով որ ան տեսնէր հայորդիներ որոնք անոր քայլերուն կը հետեւին ներկայացնելով իրենց ազգը որպէս տիպար անձնաւորութիւններ վասն Քրիստոսի եւ վասն հայրենեաց»:Նոյն օրը, Կիրակի, Յունուար 19, 2020ին, Պոլսահայ Միութեան «Գրիգոր եւ Աւետ Քիւրքչիւօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յուշ երեկոյ մը, հանգուցեալ Հրանդ Տինքի նահատակութեան 13րդ տարելիցին առթիւ:Բացման խօսքը կատարեց Պոլսահայ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբի ատենապետ եւ Հոգաբարձու՝ Տոքթ. Յովհաննէս Գ. Աւետիքեան, որ ներկաները մի մի առ մի ողջունելէ եւ աջակցողներուն շնորհակալութիւններ յայտնելէ ետք, հրաւիրեց բոլորը յոտնկայս վայրկեան մը յարգանքի տուրք մատուցանելու հանգուցեալ Հրանդ Տինքի, Սարգիս Գէորգի Հացպանեանի եւ Եղեռնի սրբացած մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն հոգւոյն, ապա հրաւիրեց Հոգեւորականաց դասը՝ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարելու: Կատարուեցաւ մոմավառութիւն եւ երգուեցաւ Տէրունական աղօթքը, որմէ ետք Տոքթ. Աւետիքեան շեշտեց թէ Հրանդ Տինքի նահատակութենէն 13 տարիներ անցած են եւ արդարութիւնը տակաւին կը սպասէ: Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց Միութեան բոլոր անդամներուն իրենց աջակցութեան համար եւ երեկոյին մասնակցող հիւրերուն:Առաջին հերթով խօսք առաւ Յովնան Սրբազան, շեշտելով Հրանդ Տինքի անձնաւորութիւնը իբրեւ քաջութեան մէկ խորհրդանիշը որ յանուն արդարութեան եւ պահանջատիրութեան, զոհաբերեց իր կեանքը, եւ յորդորեց չվախնալ մեր կեանքը զոհելէ, որովհետեւ նահատակութիւնը մարդկութեան կեանքին մէջ այն նուիրական պահն է եւ մեր կեանքը կ՛ապրինք մեր նահատակներուն արեան գնով որուն գիտակցութեամբ ապրեցաւ Հրանդ իր կեանքը:Տոքթ. Աւետիքեան նշեց թէ ձեռնարկին գլխաւոր հովանաւորն էր Ճորճ Իգնատիոս Հիմնարկը եւ հոգաբարձուներ՝ Իրաւաբան՝ Ուոլթըր Խարապեան, Իրաւաբան՝ Ճորճ Ր. Ֆիլիփս, եւ Պատուարժան Դատաւոր Մայքըլ Ր. Ամիրեանեւ մասնակից ըլլալով նաեւ Միութեան Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ իրաւաբան էտվին Մինասեանը:Ձեռնարկին հանդիսավարն էր Պոլսահայ Միութեան Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ իրաւաբան Էտվին Մինասեան, որ յայտարարեց թէ, 13 տարիներ անցած են եւ մենք այստեղ չենք մոռցած, եւ թոյլ չենք տար, որ որեւէ մէկը մոռնայ Հրանդ Տինքը: Ինչպէս Հրանդին սպանուելէն մի քանի շաբաթ անց, այնպէս ալ հաւաքուեցանք Կլենտէյլի Լսարանը: Դուք այստեղ դեռ արդարութիւն կը փնտռէք և քիչ մը աւելին կը լսէք այդ մասին, բայց նաև յոյս ունինք, որ անոր որոշ տեսլականներուն եւ որոշ երազներուն մէկ մասը կեանքի կոչուած են, և եթէ ոչ, ապա մենք նոյնիսկ աւելի նուիրուած ենք, որպէս մէկը, որու շատ կը յարգեմ «Ակօս» -ի մէջ: Յամառօրէն խաւարը պաշտպանելով, որ զինք հեռացուց մեզմէ, եւ որ այդ՝ շարունակուելու է: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Իգնատիոս» հիմնադրամի հոգաբարձուներուն Ուոլթըր Խարապեանին և Ճորճ Ֆիլիփսին և վաստակաւոր գերագոյն ատեանի դատաւոր՝ Մայքըլ Ամերեանին:Իրաւաբան Մինասեանը կարդաց Գալիֆորնիոյ Երեսփոխան Էտըմ Շիֆի նամակը: Ապա ընթերցեց նաև առաջին դասախօս՝ տիկին Թամար Նալճըն կենսագրութիւնը եւ ամպիոն հրաւիրեց զայն:Տկ. Նալճը խօսեցաւ Հրանդ Տինքի մահուան, դատավարութեան, սպանութեան վկաներուն և այն մարդկանց մասին, որոնք հրաման տուած են և որոնք դեռ չեն փոխազդած: Ան խօսեցաւ Սևակ Պալըքճըի մասին, որ սպաննուեցաւ 2011-ին պարտադիր զինուորական ծառայութեան ընթացքին և 17 տարուան ազատազրկման դատապարտուած իր մարդասպանի դատավճռին մասին:Տկ. Թամար խօսեցաւ արդարադատութիւն գտնելու մասին, որ շատ դժուար է այս օրերուն Թուրքիոյ մէջ: Ան խօսեցաւ իր վախի մասին, երբ առաջին անգամ հայերէն երգեց փողոցներուն մէջ, քանի որ կը վախնար իր սիրելիները կորսնցնելէ: Անոր նախնիները վերապրեցան Ցեղասպանութենէ, իր ծնողները տեսան շատ մութ օրեր, բայց չյանձնուեցան: Հրանդ Տինքի սպանութիւնը բեկումնային պահ էր իրենց կեանքին մէջ և, հաւանաբար, իրենց խիստ զգացմունքները զոր անոնք փորձարկեցին այնտեղ մինչև այդ օր: Մէկ բան մը, որ ան սորվեցաւ պայքարի օրերուն, այն էր, որ միշտ ալ լաւ է պայքարիլ ուս ուսի, և անոնք չեն լռած և միջոցներ կը ձեռնարկեն անարդարութեան դէմ, ինչ որ շատ դժուար է, բայց գիտնալով, որ ամէն տարի հաւաքուելով ոգեկոչելու համար Հրանդի ժառանգութիւնը կը նշանակէ որ երբէք չի պիտի մոռցուի և պիտի ճնշէ բոլոր սերունդնեուն վրայ:Խօսք առաւ Հայաստանի հիւպատոսարանի ներկայացուցիչ՝ Գանա Հովհաննիսեան որ շեշտեց թէ բառերն անբաւ են ցոյց տալու այդ ցաւը որ տասներեք տարի առաջ համակեց բոլորիս սրտերը: Ան դրուատեց հանգուցեալ Հրանդ Տինքը որպէս մեծ Հայ որ հաւատարիմ մնաց իր հայ ինքնութեանը ըլլալով արդարութեան եւ խաղաղութեան դրօշակակիրը միաժամանակ ըլլալով ատելութեան գաղափարի խիստ ընդդիմադիրը: Բոլորս ալ կը հաւատանք որ ան կ՛ապրի բոլորիս սրտերուն մէջ իր անվախ ու պարզ գաղափարներով:Հրաւիրուեցաւ Ֆրանսահայ Իրաւաբան Րոյ Առաքելեանը որ խօսեցաւ եւ սահիկներու ցուցադրութեամբ բացատրութիւններ տուաւ իր հեղինակած Ատրիանաբոլը գրքին մասին որ կը պատմէր Թուրքիոյ Եւրոպական հատուածին վրայ՝ Թրակիոյ տարածքին, Պուլկարիոյ եւ Յունաստանի սահմանակից Էտիրնէ (պատմ.՝ Ատրիանապոլիս) քաղաքին մասին։ Սահիկներու ցուցադրութեամբ ան ներկայացուց Էտիրնէի Հայկական Սուրբ Թորոս եկեղեցին որ 1905ին հրդեհէն այրած է ապա ցոյց տուաւ արդի շէնքը, երկրորդ եկեղեցին՝ Ս. Կարապետ եւ Գարատաղի եկեղեցին, Արշակունեան եւ Հռիփսիմեան երկու դպրոցները, գերեզմաննոցները, ալիւրի գործարանը, մզկիթները, կամուրջները եւ բաղնիքները (թիւով 50), Ալի Փաշա պազարը, հարուստ հայորդիներուն բնակարանները, «Ճանիկ» պանդոկը Պօմոնթի թաղին մէջ: Էտիրնէ ծնած երգիծաբան Յակոբ Պարոնեան եւ իր յաճախած Յունական դպրոցը Էտիրնէի մէջ:
|
![]() Pakrat EstukyanWe are very excited and proud to welcome Pakrat Estukyan as the Primary Keynote Speaker to Los Angeles and have the honor to present him with the 2020 Hrant Dink Medal . Don’t miss the 13th Commemoration of Hrant Dink at OIA on Sunday the 19th of January at 6pm . Pakrat Estukian was born in 1953 in the Rumelihisar district of Istanbul, from Armenian Genocide survivors’ parents, who found refuge in the historic Armenian districts of Constantinople, ![]() ![]() |
…
ROY ARAKELIAN, ESQ.,Our second Keynote Speaker at the Hrant Dink commemoration is a very prominent Bolsahye Attorney from Paris , France ; Roy Arakelian . Roy is a specialist in corporate mergers and acquisitions law and at the same time a passionate contributor to Armenian culture from numismatics , to ancient manuscripts to Venice and its Armenian roots . ( check out his App called Armenian Traveler Guide / ATG which can lead you to an Armenian tour of Venice and Ravenna ) Descending from a family who is originally from Edirne/ Adrianople he has thoroughly researched the Armenian presence and history in that ancient strategically positioned town and written a book about it . His lecture will cover the scope of that book . This less known part of our history should be of interest to most of us who are passionate of heritage , history and culture . Roy’s Biography : ROY ARAKELIAN, ESQ., ![]() |
.
TAMAR NALCIWe are also very pleased that we will be joined by Tamar Nalcı at the 13th Commemoration of Hrant Dink who will focus on the vigilant quest for justice since his murder . Tamar is a very knowledgeable activist and civil rights defender who has been part of the Friends of Hrant Dink organization and until recently the Chief of Staff for MP Garo Paylan. The critical state actors ( some ) in the conspiracy for Hrant Dink’s murder had not even been charged till four years ago and the legal proceedings are moving in a slow pace but still moving . ![]() |
![]()
GARO GHAZARIAN, ESQ.Finally , as in each and every year, The Commemoration will feature the unique Orator , The Closer Garo Ghazarian !!!! With roots in Kessab and a proud son of Bourj Hammoud , for a long time an Angelino , he is also an honorary Bolsahye / OIA Member , a dedicated patriot whose allegiance & loyalty ( other than his family and friends of course ) Always Rising Fiercely with his unstoppable 100+ MPH fastball , he also has a few curveballs and sliders in his arsenal to baffle opposing batters . Garo Ghazarian is a leader , an activist and a great criminal defense attorney , all at the same time . He will address the current state of the Nation , the two Republics and how that is intertwined with the dreams and vision of Hrant Dink . Garo’s Bio : GARO GHAZARIAN, ESQ. ![]() ![]()
|
.P R E S S
Պատմական. Պոլիսը քանի մը դար իրաւամբ նկատուած է արեւմտահայութեան իւրայատուկ մայրաքաղաքը: Արդարեւ, բուն Հայաստանի մէջ տիրող քաղաքական եւ ռազմական անբարենպաստ պայմաններու բերումով, Բիւզանդական Կայսրութեան մայրաքաղաքը՝ Կոստանդնուպոլիսը (Պոլիս, այժմ՝ աղաւաղուած՝ Իսթամպուլ) 5-րդ դարէն սկսած էր դառնալ խոշորագոյն կեդրոն մը նաեւ Հայաստանի համար: Հայ հոգեւորականներ, քաղաքական գործիչներ, ռազմական դէմքեր, մինչեւ իսկ հայ նախարարական ընտանիքներ սկսեր էին փայլիլ տիեզերական այս երկրորդ ոստանին մէջ: 1453-էն ետք, երբ Պոլիսը անցաւ օսմանցի թուրքերու տիրապետութեան տակ, հայեր շարունակեցին հոն ապրիլ ու գոյատեւել: 1461 թուականին ստեղծուեցաւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքութիւնը, իսկ 18-19-րդ դարերուն Պոլիսը դարձաւ արեւմտահայութեան ազգային, կրօնական, մշակութային, կրթական եւ, անշուշտ, տնտեսական կեդրոնը: Ցեղասպանութիւնը թէեւ ուժեղ հարուած հասցուց հայ ժողովուրդին, բայց հայութիւնը չվերացաւ Պոլսոյ երկնակամարէն եւ յամառօրէն շարունակեց հին աւանդութիւնները, հակառակ Թուրքիոյ Հանրապետութեան զանազան ճնշումներուն եւ հալածանքներուն: Վերջին տասնամեակներուն պոլսահայ բազում մտաւորականներ գործունէութիւն ծաւալեցին: Այդ շարքին ամէնէն աչքառու մտաւորականներէն են Հրանդ Տինքն ու անոր զինակիցը՝ Բագրատ Էսթուքեանը: Բագրատ Էսթուքեան. Բագրատ Էսթուքեան Լոս Անճելըս հրաւիրուած էր տեղւոյն Պոլսահայ Միութեան մշակութային յանձնախումբին կողմէ՝ ստանալու համար 2020 տարուան «Հրանդ Տինքի անուան Արդարութեան եւ Ազատութեան տարեկան շքանշանը»: Հանդիսութենէն առաջ տեղի ունեցաւ ուշագրաւ հարցազրոյց մը մեծարեալին հետ: Բագրատ Էսթուքեան հեղինակ է բազմաթիւ պատմուածքներու, որոնք լոյս տեսած են ոչ միայն հայկական, այլեւ յունական ու թրքական թերթերու մէջ՝ աչքի զարնող հետաքրքրութիւն ստեղծելով անոր շուրջ: Պատմուածքներէն ընտրանի մը հրատարակուած է թրքերէնով՝ «Հիքայելեր», ապա հայերէնով՝ «Պանդուխտ երգեր» վերնագիրներով: Հրանդ Տինքի հրաւէրով՝ մաս կազմած է «Ակօս»ի հայկական բաժնի խմբագրական կազմին, ապա դարձած է անոր խմբագիրը: 2017-էն սկսեալ «Արդ» հեռուստակայանին համար «Ափոեւմաթինի» յունարէն թերթի խմբագիր Միխայիլ Վասիլիատեսի ընկերակցութեամբ շաբաթական հերթականութեամբ կը պատրաստէ հեղինակային հաղորդում մը՝ նիւթ ունենալով շաբթուան ընկերա-քաղաքական անցուդարձերը: Կ’աշխատակցի Փարիզի «Այբ» ռատիօկայանին, Պոլսոյ «Ռատիօ Ակօս»ին, նաեւ թրքերէն «Էօզկիւրլիւքճիւ Տեմոքրասի» օրաթերթին: Հարցազրոյց. Բագրատ Էսթուքեանին տրուեցան պոլսահայութեան, Պոլսոյ պատրիարքական ընտրութեան, նախագահ Էրտողանի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, Ռուսաստանի Դաշնութիւն-Թուրքիա յարաբերութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ առնչուող խնդիրներուն վերաբերող հարցումներ: Խօսքի ազատութիւնը Թուրքիոյ մէջ. «Խօսքի ազատութիւնը խնդիր մըն է, բայց անյաղթահարելի ալ չէ: Այսօր հարիւրաւոր թուրք լրագրողներ բանտերն են»,– ըսաւ Բագրատ Էսթուքեան: Պատրիարքական ընտրութիւնը. Ըստ Բագրատ Էսթուքեանի, պատրիարքական վերջին ընտրութիւնը պատմութեան մէջ իր նմանը չունեցող երեւոյթ մըն էր: «Երբեք չէր եղած ընտրութիւն մը, ուր թեկնածուներն ու ընտրողները ենթարկուէին այս անգամուան սահմանափակումներուն: Իբրեւ բողոքի արտայայտութիւն, շատեր որոշեցին ձայն չտալ, ինչպէս ես, ինչպէս Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Կարօ Փայլանը, բայց ընտրողներուն 70%-ը մասնակցեցաւ ընտրութեան: Մենք ստիպուած էինք ընտրել «չարեաց փոքրագոյնը»: Ի հարկէ, այս ամբողջ արարողութիւնը ընթացաւ հակատեմոքրատական կերպով, ամէն վայրկեան զգալի էր Իսթամպուլի քաղաքապետութեան ներկայութիւնը: Բայց ես, որպէս «Ակօս»ի խմբագիր, ստիպուած եմ մէկդի դնել անձնական համոզումներս եւ յարգել ժողովուրդիս մեծամասնութեան որոշումը, այսինքն՝ չանտեսել 9,000 կողմ քուէարկած հայրենակիցներուս ձայնը»: «Գաղտնի» կամ «թաքնուած» հայեր. Թուրքիոյ ներքին գաւառներուն (բուն Պատմական Հայաստանի) մէջ ապրող «գաղտնի» կամ «թաքնուած» հայոց խնդրին վերաբերող հարցումին պատասխանելով, Բագրատ Էսթուքեան ըսաւ, թէ այս հայոց պարագան պոլսահայութեան կարեւոր մարտահրաւէրներէն է: «Կը նմանի Աւետարանի կորսուած որդիին պատմութեան: Ինչպէս որ հայրը ընդունեց իր կորսուած որդին՝ ըսելով թէ «մեռած էր՝ ողջնցաւ, կորսուած էր՝ գտնուեցաւ», այդպէս է մեր այս հայրենակիցներուն պարագան: Մեր մէջ կան ազգային պաշտօններու վրայ գտնուող անձեր, որոնք կասկածանքով կը մօտենան «նորեկ»ներուն, կա՛մ քրիստոնեայ ըլլալը առաջնային կը նկատեն, կա՛մ կը կարծեն, թէ անոնք խաբեբայ են: Ո՛չ. մենք պէտք է շատ ճկուն ըլլանք, համբերող ու հասկացողութիւն ցոյց տանք: Աւելին. զանոնք մեր մէջ պէտք է ընդունինք հարազատի պէս»: Հայ դպրոցը. «Մեր ազգային վարժարանները լուրջ աւանդութիւն ունին Պոլսոյ մէջ, ունինք 150 տարուայ եւ աւելի հին դպրոցներ: Պէտք է ընդունիմ, որ մեր քով, ինչպէս եւ այլուր, զգալի նահանջ մը կայ, որուն գլխաւոր պատճառը գիտակցութեան պակասն է: Ծնողներ կ’ուզեն իրենց զաւակները հայկական դպրոց ղրկել, բայց զանոնք չծանրաբեռնել, «թեթեւ» անցնիլ կամ հայերէնին տեղ անգլերէն սորվեցնել: Պոլսոյ մէջ ունինք 16 վարժարան, որոնք հայագիտական առարկաներ կը դասաւանդեն, բայց կ’ենթարկուին պետութեան կրթական ծրագրին: Ունինք նաեւ Հրանդ Տինքի անունով եւ 150 աշակերտներով «ոչ-պաշտօնական» վարժարան մը, որուն դասերը կը կատարուին արեւելահայերէնով, իսկ դպրոցին տէրն ու տիրականը տնօրէնութիւնն ու հոգաբարձութիւնն են: Նախարարութիւնը այս դպրոցի ուսումնական ծրագիրին չի խառնուիր, դասագիրքերը Հայաստանէն են, ծախսերը ծնողները կը հոգան, իսկ նիւթական բացերը նորվեկիացի բարերար զոյգ մը կը փակէ»: Հայաստանի Հանրապետութիւն – Թուրքիոյ Հանրապետութիւն առնչութիւններ. Վերջին տարիներուն գրեթէ ոչ մէկ յարաբերութիւն կայ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ պետութիւններուն միջեւ: Հարցումին, թէ ի՞նչ է այժմ կացութիւնը՝ հաշուի առած ատրպէյճական զօրաւոր գործօնը, Բագրատ Էստուքեան ըսաւ. «Իրականութեան մէջ, քաղաքական գետին մէջ ներքին հոսանքը շատ աւելի զօրաւոր է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մտաւորականութեան ու ակադեմական մակարդակներու առումով: Վերջին շրջանին եթէ պետական մակարդակի վրայ գետի մակերեսին վրայ հոսանքը շատ դանդաղ կը շարժի, նոյնը չենք կրնար ըսել ներքին հոսանքին մասին: «Հրանդ Տինք» կազմակերպութեան ջանքերով եւ շնորհիւ անոր ստանձնած նիւթական աջակցութեան, երկու կողմերու ակադեմականներ փոխադարձ այցելութիւններ կու տան եւ փորձի փոխանակումներ կը կատարեն: Փոխհասկացողութեան եւ համատեղ գործունէութեան փայլուն առիթներ ստեղծուեցան՝ հակառակ Ատրպէյճանի զգալի ներկայութեան»: |
WESTERN DIOCESE
OIA COMMEMORATES AND HONORS THE UNDYING LEGACY OF HRANT DINK
Published – 24 January 2020
![]() This year marked the 13th anniversary of the assassination of Hrant Dink, Turkish-Armenian intellectual, editor-in-chief of Agos, journalist and columnist. On January 19, 2020, in the afternoon, a wreath-laying ceremony took place at the Armenian Martyrs’ Monument in Montebello, which was followed by requiem prayers for Hrant Dink as well as Sarkis Hatspanian, Sevak Balikci, and Prof. Vahakn Dadrian. The Rev. Fr. Arshag Khatchadourian represented the Diocesan Primate at the ceremony and requiem service. In the evening, the Organization of Istanbul Armenians held a commemorative program in honor of Dink’s legacy. Held at the Krikor and Aved Kurkcoglu Hall, the Diocesan Primate attended the event. The program began with the invocation and requiem prayer recited by clergy members. The event featured keynote speakers Pakrat Estukyan, Editor in Chief of the Armenian section of Agos, Roy Arakelian, prominent French-Armenian attorney, and Tamar Nalci, member of the “Friends of Hrant” organization. The event concluded with reflections and closing remarks themed “Two Armenian Republics. One Nation and Hrant Dink’s Prophesy 13 Years Later” by attorney Garo Ghazarian Mr. Estukyan was honored with the 2020 OIA Hrant Dink Medal for his life time of work and contributions. |
MASSIS POST Պոլսահայ Միութիւնը Նշեց Հրանդ Տինքի Նահատակութեան 13-րդ ՏարելիցըԱրդարութեան եւ ազատութեան մեծ ռահվիրայ, Պոլսոյ «Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանդ Տինքի նահատակութեան 13-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի բազմաթիւ հանդիսութիւններ եւ միջոցառումներ տեղի ունեցան թէ Պոլսոյ եւ թէ այլ քաղաքներու մէջ: Կազմակերպութեամբ Լոս Անճելոսի Պոլսահայ Միութեան, Հրանդ Տինքի նահատակութեան 13-րդ տարելիցին առթիւ Կիրակի, Յունուար 19-ին տեղի ունեցաւ միջոցառում, որուն որպէս գլխաւոր բանախօս ներկայ եղաւ Պոլսոյ «Ակօս» թերթի հայկական բաժնի գլխաւոր խմբագիր Բագրատ Էսթուքեան: Արդարեւ Պոլսահայ Միութեան «Հրանդ Տինք» հանդիսասրահ եկած բազմահարիւր ներկաներուն մէջ կը նշմարուէին գաղութիս հայկական բոլոր յարանուանութեանց առաջնորդներն ու քաղաքական, մշակութային եւ հայրենակցական միութիւններու ղեկավարներն ու ներկայացուցիչները: Հայութեան եւ արդարութեան քաջամարտիկ Հրանդ Տինքի տեսլականին մասին պերճախօս ելոյթով հանդէս եկաւ Արեւմտեան Թեմի Հայց. Եկեղեցւոյ առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան: Սրտի խօսքերով արտայայտուեցան նաեւ Տօքթ. Յովհաննէս Աւետիքեան, իրաւաբաններ Էտվին Մինասեան, Ռոյ Առաքելեան եւ Կարօ Ղազարեան, ինչպէս նաեւ Ռոզլին Մատոյեան, Գանա Յովհաննիսեան ¤Հայաստանի աւագ հիւպատոսութեան անունով) եւ գոնկրեսական Պրատ Շէրման: Օրուան գխաւոր բանախօսն էր Կարօ Փայլանի անձնակազմի նախկին ղեակավարուհի Թամար Նալճը: Ան Հրանդ Տինքի հարցով դատավարութեան գործընթացի մասին խօսելէ ետք եզրակացուց «… կ՛ուզէնք հաւատալ որ պայքարը պիտի շարունակուի բոլոր անարդարութիւններու դէմ»: Սրտաբաց զրոյցով հանդէս եկաւ «Ակօս» թերթի հայերէն բաժնի գլխաւոր խմբագիր, վիպասան եւ հեղինակ Բագրատ Էսթուքեան: Խօսելով Հրանդ Տինքի մասին, ան ի մէջ այլոց ըսաւ. «…Հրանդ Տինքի խաղաղասէր, ամէն գնով կ՛ուզէր որ երկխօսութիւնով իրար հասկնալ, լսել, տեսնել, սրտի ձայնն իմանալ: Ան երբեք թրքատեաց չեղաւ: Հրանդ՝ իր տարածած գաղափարներով, կասկածներու դուռ բացաւ եւ այդ սուղ արժեց իրեն ու թուրք ազգայնական անձի մը զոհը դարձաւ…: Հրանդ ժողովուրդներու բարեկամութեան ջահակիր էր եւ մեծ հաւատացող մը:» Այս առթիւ՝ Բագրատ Էսթուքեան քանի մը գնահատագիրներու արժանացաւ, որոնցմէ կարեւորագոյնն էր «Հրանդ Տինքի Հոգիի Ազատութեան եւ Արդարութեան» տարեկան շքանշանը: Երեկոյթի վերջին մասին տեղի ունեցաւ հարցազորյց-քննարկում օրուան յայտագրի գլխաւոր խօսողներուն հետ: |
………………… |
…. |
………………… |
…. |
. 13-ամեակի միջոցառումները15.01.2020«Ակօս» թերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի մահուան 13-րդ տարելիցի առթիւ զանազան միջոցառումներ կը կազմակերպուին, թէ երկրի մէջ եւ թէ արտասահմանի բազմաթիւ կեդրոններու վրայ։ Սովորաբար Տինքի ընտանիքը շիրիմին վրայ տեղի ունեցող կրօնական արարողութիւնով կը յիշատակէ Հրանդը։ Իսկ հասարակական կազմակերպութիւններ կը ձեռնարկեն զանազան ասուլիսներ։ Այս տարի ալ գլխաւոր յիշատակման կարգադրութիւնը պիտի ըլլայ «Ակօս»ի նախկին խմբագրատան առջեւ 19 Յունուար 2020 թուականին ժամը ճիշդ 15.00-ին։ Բացի այդ 16 Յունուար հինգշաբթի, «ՏուրՏէ» հարթակը համագործակցելով հակակապիտալիստական մուսլումաններու, ասուլիս մը կը կազմակերպէ Ճէզայիր շէնքի մէջ։ Յաջորդ օր 17 Յունուարին «Արաս» հրատարակչատան «Եսայեան» սրահին մէջ պիտի բանախօսէ Ումութ Թիւմայ Ասլան։ 19 Յունուարին Պէյօղլու «Հանճը» անուն վայրի մէջ Հրանդի յիշատակին ձօնուած համերգով մը բեմ պիտի ելլէ «Ոմանք» երաժշտական խումբը։ Նոյն օր Պոտրումի մէջ ալ Հերոտոթի անունը կրող մշակոյթի կեդրոնին մէջ իրաւաբան Էնկին Ճինմէնի կողմէ պիտի ներկայացուի միջոցառում մը, որուն մասնակցութիւն պիտի բերեն Սիլվա Էօզյէրլի եւ Թայֆուն Աթայ։ Պոլսահայ Միութիւնը աւանդութիւն դարձուցած է ամէն տարի դարձեալ ասուլիսով մը յիշատակել Հրանդ Տինքը։ Լոս Անճէլըսի մէջ Կարօ Ղազարեան, Թամար Նալճը, Ռոյ Առաքելեան եւ Բագրատ Էսդուգեան ելոյթ պիտի ունենան Հրանդ Տինքի որդեգրած առաքելութեան մասին։ Նոյն օր Հարուարտի մէջ ալ պիտի կայանայ միջոցառում մը, ուր այս անգամ ելոյթ պիտի ունենայ ընկերաբան Յովհաննէս Քըլըչտաղ։ Գերմանիոյ մէջ նախորդ տարիներուն միջոցառումներուն ալ վայրն էր Մաքսիմ Կորքի թատրոնը ու այս տարի ալ Թուրքիայէն, Վրաստանէ եւ Հայաստանէ եկած արուեստագէտներ բեմ պիտի բարձրանան։ Բացի այդ պիտի արտայայտուին նաեւ Հրանդ Տինք հիմնադրամի անձնակազմէն Զէյնեփ Թաշքըն եւ «Յուշամատեան»էն ալ Վահէ Թաշճեան։ Գանատայի միջոցառումը տեղի կ՚ունենայ Օտտաւայի մէջ, ուր Սեն Լաուրս Համալսարանի դասախօս Հովրդ Էյզընսթատ պիտի բանախօսէ «Օսմանեան կայսրութեան մէջ ազգայնականութիւնը եւ արդի Թուրքիան» նիւթով։ Նոյն օր պիտի կայանայ պարի բեմադրութիւն մը, Կիւլսիւն Օտապաշի կարճամեթրաժ մէկ ֆիլմը եւ Կարօ Ալթընայի երաժշտական ունկնդրութիւնը։ |
………………… |
…. |
……..