No comments yet

Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ պոլսահայ բանասէր Սեւան Տէիրմենճեանի «Կապոյտ երազ» գիրքին շնորհանդէսը

….

 

May be an image of boat and text 

 

Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ պոլսահայ բանասէր Սեւան Տէիրմենճեանի «Կապոյտ երազ» գիրքին շնորհանդէսը

Հինգշաբթի, 11 Ապրիլ 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Պոլսահայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ պոլսահայ բանասէր, ուսուցիչ, խմբագիր, թարգմանիչ, քաղաքական ու հասարակական գործիչ Սեւան Տէիրմենճեանի հրատարակած «Կապոյտ երազ – ծովաբոյր ընտրանի ստանպուլահայ պատմուածքի» հատորին շնորհանդէսը, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի Գրական եւ Պոլսահայ Միութեան ՄԷԿ Մշակութային յանձնախումբերուն եւ ներկայութեամբ մշակութային միութիւններու տեղական եւ շրջանային վարչութեանց ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ հայկական մամուլի խմբագիրներու, ներկայացուցիչներու, աշխատակիցներու, հեղինակներու, արուեստագէտներու, ընթերցասէրներու եւ գրասէրներու:

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկան Պոլսահայ Միութեան ՄԷԿ Մշակութային յանձնախումբի ատենապետ Թալին Գալուսեան եւ Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբի ատենապետ Նանոր Սնապեան, որմէ ետք Համազգայինի Գանատայի Շրջանի «Լեւոն Շանթ» հայերէնագիտական դասընթացքի ղեկավար (որուն հրաւէրով Տէիրմենճեան ժամանած է Մոնթրէալ) դոկտ. Վիգէն Թիւֆէնքճեան ներկայացուց պոլսահայ մտաւորական Սեւան Տէիրմենճեանի հակիրճ կենսագրականը:

ՄԷԿ Մշակութային յանձնախումբի անդամ Շանթալ Մանուկեան զրոյցի հրաւիրեց գիրքին խմբագիրը, եւ մտերմիկ երկխօսութեամբ մը, սահիկներու ցուցադրութեամբ, ներկայացուեցաւ գիրքը, որուն ընթացքին Շանթալին կողմէ ուղղուած հարցումներուն պատասխանելով անդրադարձ կատարուեցաւ եւ լուսաբանութիւն տրուեցաւ գիրքին հրապարակման եւ երկրորդ տպագրութեան արժանանալուն առիթին, ծովու թեմայի ընտրութեան շարժառիթին, գիրքին «Կապոյտ երազ» վերնագրումին, չորս բաժիններուն (Ծովը, Նաւամատոյց, Նաւ եւ Կղզին), որոնց մասին բանասէրը յայտնեց, թէ Պոլսոյ առօրեային անբաժան մէկ մասնիկն է ծովը, նաեւ կղզիները, որոնք օսմանեան շրջանի մեր գրագէտներուն եւ նոյնիսկ արդի գրողներուն համար առատ ատաղձ դարձած են, եւ որոնք շատ յաճախ առկայ են անոնց գրութիւններուն մէջ: Իսկ յիշելով Գնալը կղզիին հայաբոյր միջավայրը, ան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Պոլիսէն Գնալը երթուդարձի ճանապարհին, նաւամատոյցներուն մէջ կամ անոր մօտ, կամուրջին վրայ, ուղեւորներուն սպասման վայրերուն մէջ ընթացող կենցաղին, մթնոլորտին, զրոյցներուն, պատահարներուն եւ հոն ծաղկող պոլսահայ գրականութեան:

Մանուկեանի ուղղած հարցումներէն մին կը վերաբերէր ծովու թեմայով պատմուածքներու եւ գրողներու պրպտումին, որուն մասին խմբագիրը յայտնեց, թէ պոլսահայ մամուլէն եւ հրատարակուած գիրքերէ քաղուած, ինչպէս նաեւ այլ պրպտումներու արդիւնքը եղած էր այս ծաղկաքաղը, որոնց մէջ եղած են նաեւ արեւելահայերէնով գրողներ, կին գրողներ եւ նոյնիսկ այնպիսի գրողներ, որոնց մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն կրցած էր ձեռք բերել ան, բացի անոնց հրատարակած գիրքերէն:

Նշենք, որ միջոցին հերթաբար տեղի ունեցան ընթերցումներ՝ Լարա Քօլլօքեանի կողմէ Ատրինէ Տատրեանի «Նամակը պատռեց» պատմուածքէն հատուածի մը, Թամար Փանոսեանի կողմէ Յակոբ Մնձուրիի «Գնալը» պատմուածքէն հատուածի մը եւ Սեւակ Աֆարեանի կողմէ Անթան Էօզէրի «Անամօթ մարդը» պատմուածքէն հատուածի մը, որոնցմէ ետք խմբագիրը հակիրճ կերպով անդրադարձաւ այդ գրութիւններուն եւ հեղինակներուն, յատկապէս Գնալը եւ Մեծ Կղզիին մասին նկարներով ու քարտէզով տուաւ հետաքրքրական տեղեկութիւններ:

Մանուկեան բանասէրը աւելի մօտէն ծանօթացնելու նպատակաւ, զրոյցին վերջին բաժինը յատկացուցած էր անոր գործունէութեան եւ փորձառութեանց, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ մամուլի մէջ իր ունեցած ներդրումին, ուսուցչական ասպարէզէն ներս պոլսահայ վարժարաններու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ ներկայ իրավիճակին, Պոլիս, Երուսաղէմ, Հայաստան եւ սփիւռքի տարբեր գաղութներու մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն եւ տպաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ ծրագիրներուն:

Աւարտին ներկաներուն առիթ տրուեցաւ հարց-պատասխանի, որմէ ետք ՄԷԿ Մշակութային յանձնախումբի ատենապետ Թալին Գալուսեան շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ, ապա տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն եւ գիրքի մակագրում խմբագիրին կողմէ:

Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան

«Հորիզոն»

Post a comment