No comments yet

Archbishop Mesrob Mutafyan (1956-2019) Requiem 1st Year Service

Archbishop Mesrob Mutafyan (1956-2019) 

Requiem 1st Year Service 
.. ..

..mutafyan_0.

Archbishop Mesrob Mutafyan (1956-2019)          Patriarch of  Istanbul

Requiem 1st Year Service will be held 

On Sunday March 8. 2020 at 10:30 AM
at St. Peter Armenian Apostolic Church

17231 Sherman Way, Van Nuys, CA 91406

………

ՀՈԳԵԼՈՅՍ Տ. ՄԵՍՐՈՊ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ 

Ա. ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ 

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը, իր դարաւոր պատմութեան ընթացքին ունեցաւ բազմաթիւ անձնուէր հայրապետներ եւ անձնուրաց հոգեւորականներ, որոնք թէ՛ եկեղեցական, թէ՛ մշակութային եւ թէ՛ ազգային գանձանակին մէջ ձգեցին իրենց լուման՝ ի խնդիր Հայ ժողովուրդի բարգաւաճման ու ծաղկման: 

Ինչպէս ծանօթ է, Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Բ. Արք. Մութաֆեան վախճանեցաւ 8 Մարտ 2019-ին։ 

Երջանկայիշատակ Պատրիարք Հօր տարած անսակարկ ծառայութեան առ յերախտագիտութիւն, Հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն՝ պիտի կատարուի այս Կիրակի, Մարտ  8 ին Վէն Նայսի Ս. Պետրոս Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցութեամբ Պոլսահայ Միութեան Հոգաբարձութեան, Գործադիր Յանձնախումբի եւ բոլոր յարակից յանձնախումբերուն, ինչպէս նաեւ, Խաչատուրեան եւ Կոմիտաս Երգչախումբերուն: 

Կոչ կ’ուղղենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ ներկայ ըլլայ Ս. Պատարագին եւ հոգեհանգստեան արարողութեան, ու աղօթք բարձրացնէ երջանկայիշատակ Պատրիարքին հոգւոյ խաղաղութեան համար։

 

 follow on Twitter | like on Facebook | forward to a friend

 

Post a comment