ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՄԻՋԻՆՔԻ ՃԱՇ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ
Posted on April 19, 2025
Posted By: oiaCategories: All News
ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՄԻՋԻՆՔԻ ՃԱՇ
ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ
Գրի առաւ՝ Մարիէթ Օհանէս
Շաբաթ, Ապրիլ 5, 2025ին, կազմակերպութեամբ Պոլսահայ Միութեան
Մշակութային Յանձնախումբին, Գործադիր եւ Տիկնանց Յանձնախումբերուն,
տեղի ունեցաւ ընտանեկան գիշեր մը Միջինքի տօնակատարութիւնով:
Երեկոն սկսաւ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբի ատենապետ՝
Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեանի բարի գալուստի խօսքով, ան
շնորհակալութիւն յայտնեց Տիար Սիմոն Աճըիլաչին տարած աշխատանքին
համար Միութեան Յանձնախումբերու վերակազմաւորման ուղղութեամբ, նաեւ
շնորհաւորեց նորընտիր վարչական կազմերը: Ապա տեղեկութիւն տուաւ
յառաջիկայի ձեռնարկներուն մասին, հետեւեալ կարգով. Կիրակի Ապրիլ 27, Հայոց
Ցեղասպանութեան 110 րդ տարելիցի ոգեկոչում Դոկտ. Աննա Ալեքսանեանի հետ,
Կիրակի Յունիս 8, տեսաժապաւէնի ցուցադրութիւն՝ Փրօֆ. Թանէր Աքչամի հետ,
նաեւ երկու գինեձօններու ձեռնարկներու մասին, նախկին պոլսահայ լրագրող՝
Գէորգ ՊիւյիւքՅակոբեանի երկու հատորներուն եւ պոլսահայ նշանաւոր գրող,
հրապարակախօս, հասարակական-քաղաքական գործիչ՝ Գէորգ Եազըճեանի,
Սիրան Սեզայի (Սիրան Զարիֆեան-Քիւփէլեան) մեծարժէք արխիւի մասին:
Ապա հրաւիրեց Միութեան Հոգաբարձութեան նորընտիր ատենապետ՝
Բարունակ Չէլիքեանը որ շնորհակալութիւն յայտնեց նախ Միութեան Ընդհանուր
Ժողովի Ատենապետ՝ Սիմոն Աճըիլաչին որուն ջանքերով վերակազմուեցան սոյն
յանձնախումբերը, նաեւ իր խօսքով ան շեշտեց թէ այսպիսի վերանորոգ
միութեան զօրաշարժով մը դիւրին է ճանչնալ թէ միութեան վերականգնումին
համար ինչ զօրութիւն կը ներկայացնեն մեր երիտասարդները եւ մենք իբրեւ
միութեան նախկին անդամներ նաեւ հիմնադիր անդամներ (որոնց անունները
թուեց մի առ մի) եւ երիտասարդութիւն, ինչ փոխադարձ պարտաւորութիւններ
հարկ է զգանք թէ՛ իրար հանդէպ եւ թէ՛ մեր սիրելի Միութեան հանդէպ:
Հրաւիրուեցաւ նաեւ Գործադիր Յանձնախումբի նորընտիր նախագահ՝
Հերման Չէլիք որ հաստատեց Հոգաբարձութեան ատենապետին խօսքերը
աւելցնելով թէ երիտասարդութիւնը Միութեան ապագան չէ պարզապէս այլ՝
միութեան ներկան իսկ է: Ուրեմն հարկ է որ մենք ոչ միայն առաջնորդենք
երիտասարդները՝ այլեւ մանաւանդ վստահինք անոնց:
Ներկաները ճաշակեցին Միջինքի համեղ ճաշերը միաժամանակ զրուցելով
իրար հետ:
Շուրջ 60 հոգիներու ներկայութեամբ մտերմիկ գիշերը ճոխացաւ, զուարճալի
պատմութիւններով եւ զանազան խաղերով:
Տեղի ունեցաւ նաեւ հարց պատասխանի խաղեր եւ բախտաւորներ ստացան
նուէրներ:
Իսկապէ՛ս որ յաջող գիշեր մըն էր, որ պիտի չկայանար առանց Միութեան
անդամներուն եւ համակիրներուն թափած ջանքերուն: Լիայոյս ենք, որ ձեզ կը
հանդիպինք մեր յաջորդ ընտանեկան ձեռնարկներուն: Շնորհակալութիւն բոլոր
ներկաներուն: