No comments yet

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 109ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

……

Event Video

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 109ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑ

ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Մարիէթ Մ. Օհանէս
Կիրակի, Ապրիլ 28, 2024, առաւօտեան ժամը 11:00ին, Պոլսահայ Միութեան
Մշակութային Յանձնախումբը կազմակերպած էր (Զում) հանդիպում մը
Պատմաբան, Հետազօտող եւ Հեղինակ Յովսէփ Հայրենիի հետ Պելճիքայէն,
ինչպէս նաեւ Մայր Հայրենիքէն, Փրօֆ. Հրանոյշ Խառատյանի հետ:
Հանդիպումը հանդիսավարեց Միութեան քարտուղարուհի՝ Տկ. Մարիէթ
Օհանէս որ կարճ նախաբանով մը խօսեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին եւ
շեշտեց հայ ժողովուրդի վերապրումի եւ Մայր Հայրենիքը վերակերտելու մեր
աննկուն կամքը:
Ապա ընթերցեց Յովսէփ Հայրենիի հակիրճ կենսագրականը եւ հրաւիրեց
զայն միանալ Զումի վրայ: Պատմաբան Յովսէփ հայրենի կեդրոնացաւ երեք
հիմնական թեմաներու վրայ: Անոնցմէ առաջինին մասին ան անդրադարձաւ 20-
րդ դարու սկիզբը Տերսիմի վիլայէթի սահմաններու հետ համընկնող՝ Վերին
Եփրատի աւազանի տարածքին վրայ բնակող մեծաթիւ հայութեան դէմ Ապտուլ
Համիտի իրականացուցած կոտորածներուն, ինչպէս նաեւ 1915-ին երիտթուրքերու
իրագործած Հայոց Ցեղասպանութեան թեմաներուն, շեշտելով որ հայ
քաղաքական կուսակցութիւնները չէին կանխատեսած Ցեղասպանութիւնը,
քննուելով անոր հետեւանքով որեւէ կազմակերպուած ինքնապաշտպանութիւն
չցուցաբերելու հանգամանքները:
Երրորդ թեմայով ան անդրադարձաւ Տերսիմի աշխարհագրութեան եւ
Ցեղասպանութենէն ետք հոն մնացած փոքրաթիւ հայերու փրկուելու հարցով՝
Տերսիմի բնակչութեան ունեցած դերին մասին:
Իր հեղինակած գիրքին մէջ օգտագործուած աղբիւրներուն մեծ մասը կը կազմեն
անձամբ հեղինակին կողմէ հաւաքուած` ականատեսներու հայերէն յուշերը,
որոնց մեծ մասը առաջին անգամ ըլլալով կը հրատարակուի թրքերէն լեզուով:
Հանդիպման երկրորդ բանախօսն էր Մայր Հայրենիքէն՝ Փրօֆ. Հրանոյշ
Խառատյան, որուն հակիրճ կենսագրականը հանդիսավարուհին ընթերցելէ ետք
ան խօսք առաւ ըսելով՝ Ալեւիները, որոնց Օսմանեան կայսրութան մէջ
կ՛անուանէին գըզըլպաշներ, մինչեւ իսկ վիրաւորական բառերով՝ մոմ վառողներ
(թերահ սոնդերան), ուրացողներ կամ անհաւատներ (զինդիկ, ռաֆիզի),
ստորակարգուած էին քրիստոնեաներուն, քանի որ միլլեթի կարգավիճակով չէին
«պաշտպանուած» եւ չէին վայելէր դհիմմի (ոչ մուսուլման) կարգավիճակը: Միայն
19-րդ դարու վերջերուն է, որ օսմանեան իշխանութիւնները սկսած էին
ալեւիներուն հաշուի առնել որպէս «մուսուլմաններ», դուրս ելլելով քարոզչական
նպատակներէն արագացնելով կայսրութեան քրիստոնեայ հպատակներու կշիռը եւ
գաղափարապէս ներքաշելով անոնց զօրավիգ կանգնելու «պայքարը ընդդէմ
քրիստոնեաներու» դատին: Մարքուս Տրեսլերի հոյակապ ուսումնասիրութիւնը՝

«Writing Religion, the making of Turkish Alevi Islam», լաւագոյն հետազօտութիւնն է
այս երեւոյթը աւելի լաւ ընկալելու համար:
Խառատյանի կարծիքով, մինչեւ 19-րդ դարու վերջերը Տերսիմի ալեւիներու
մօտ հաւաքական ինքնութիւն գոյութիւն ունեցած է՝ Գըզզըլպաշական
ինքնութեան տեսքով, որ սերտօրէն կապուած է իրանական մշակութային,
կրօնական եւ պատմական տարածքի հետ:
Այլ ճանապարհ ընտրեց Տերսիմցի հայերու միութիւնը՝ խրախուսելով
կրօնափոխութիւնը դէպի հայ առաքելական քրիստոնէութիւն եւ յորդորելով
մկրտութիւնը, որ իր մէջ ներառէ անուանափոխութիւնը (հայկական նոր անուան
ձեռք բերումը): Այդ ընտրութիւն մըն էր, որու իրաւունքն ունէր իւրաքանչիւր ոք,
սակայն ի վերջոյ ան կը զրկէր տերսիմցի ալեւիներուն իրենց բաղադրիչներու մէկ
մասէն:
Ապա խօսք առաւ Պոլսահայ Միութեան Գործադիր Յանձնախումբի
նախագահ՝ Տոքթ. Մուրատ Քէօշքէր որ շնորհակալութիւն յայտնեց երկու
բանախօսներուն իրենց տպաւորիչ լուսաբանութիւններուն համար, շեշտելով թէ
իրենց փոխանցած տեղեկութիւնները մեզի մօտէն ծանօթացուցին մեր հողերուն,
մեր մշակոյթին եւ մեր ժողովուրդին զոր մենք պիտի չկարենայինք այլ ձեւով
ունենալ զանոնք:

photo 2
Փրօֆ. ՀՐԱՆՈՅՇ ԽԱՌԱՏՅԱՆ
Ծնած է 1952 թուականի փետրուար 18-ին Շամխորի շրջանի Ջագիր գիւղը։
Մանկութիւնը անցուցած է հայրենի գիւղը, ապա Շամխորի մէջ։ 1966 թուականին
ընտանիքին հետ միասին տեղափոխուած եւ բնակութիւն հաստատած է Նոր
Հաճըն աւանը։ Մէկ տարի յաճախած է Նոր Հաճնի դպրոցը, իսկ 1967 թուականին՝
ընդունուած է Երեւանի պետական համալսարանին առընթեր Արտաշէս
Շահինեանի անուան դպրոցը։ 1970 թուականին ընդունուած է եւ 1975
թուականին աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանը՝ պատմութեան եւ
հասարակագիտութեան ուսուցչի որակաւորմամբ։ Իր ամուսնոյն՝ Զաւէն
Խառատյանի հետ միասին որպէս մասնագիտութիւն ընտրած է ազգագրութիւնը։
Հեղինակ է շարք մը գիտական, վերլուծական, գիտա-հրապարակախօսական եւ
հրապարակախօսական գիրքերու եւ յօդուածներու։

1982 թուին, Լենինկրատի մէջ պաշտպանած է “Չէրքէզահայեր. պատմա-
ազգագրական ուսումնասիրութիւն” թեմայով թէզը եւ ստացած է պատմական

գիտութիւններու թեկնածուի գիտական աստիճան։
ՅՈՎՍԷՓ ՀԱՅՐԵՆԻ
ՅովսԷփ Հայրենի հեղինակ է, գրած է աշխատութիւններ «Հետազօտութիւն –
վերլուծութիւն», «Փոքրամասնութիւններ եւ էթնիք խումբեր»,
«Քաղաքականութիւն – դասերուն մէջ: Հիմնական գիրքերը այբբենական կարգով;
Քրտահայոց պատմական հաշուառումը եւ ընթացիկ քննարկումները 1915-ի
համաթեքսթին մէջ, Վերին Եփրատի հայերը 1915 եւ Տէրսիմ.
Ան գրքասէրներու հետ հանդիպած է «Պէլկէ» հրատարակչատան միջոցով:
Յովսէփ Հայրենիի հեղինակած «Վերին Եփրատի հայերը 1915-ը եւ Տերսիմը»
վերջին գիրքը, ընթերցողներուն ներկայացուցած է «Պէլկէ»

——————————————————————————————

Meeting 
on Sunday, April 28,2024
Los Angeles 11:00AM  – New York 2:00 PM
Europe 20.00 – Istanbul 21.00 – Yerevan 22.00Flyer for April 28th

Join Zoom Meeting (click)

Meeting ID: 834 8666 1509

Passcode: 648582

…..

…..

Post a comment