No comments yet

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԹՈՒՔԵԱՆ ԵՒ ՊԵՐՃ ԱՐԱՊԵԱՆ՝ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԱԾ

.
//
…..

 437140671_343432605383493_7713684117869258586_n

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԹՈՒՔԵԱՆ ԵՒ ՊԵՐՃ ԱՐԱՊԵԱՆ՝ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԱԾ

Մեր պաշտօնակից «Ակօս» շաբաթաթերթի հայկական բաժնի խմբագիր, հրապարակագիր Բագրատ Էսթուքեան եւ շաբաթաթերթի աշխատակիցներէն՝ Պերճ Արապեան մրցանակակիր դարձած են։ Անոնք պարգեւատրութեան արժանի նկատուեցան «Մեթին Կէօքթէփէ» լրագրութեան մրցանակաբաշխութեան ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ 15 Ապրիլին։ Էսթուքեան ու Արապեան «Գրաւոր լուրեր» անուանակարգի մէջ դատակազմի յատուկ մրցանակը ստացան անցեալ տարի «Ակօս»ի մէջ տպագրուած հարցազրոյցներու շարքին համար։ Հարցազրոյցները նուիրուած էին ղարապաղցի հայերուն։

Մրցանակը իրենց յանձնուեցաւ «Էվրէնսէլ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Հաքքը Էօզտալի ձեռամբ։

Կը շնորհաւորենք մեր պաշտօնակիցները։

Լուսանկար՝ Իշխան Էրտինչ։

Post a comment