No comments yet

ԵՍԱՅԵԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ԻՐ ԴՌՆԵՐԸ ԿԸ ԲԱՆԱՅ ԳՐԱՍԷՐՆԵՐՈՒՆ ԱՌՋԵՒ

…..

 

ԵՍԱՅԵԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ԻՐ ԴՌՆԵՐԸ ԿԸ ԲԱՆԱՅ ԳՐԱՍԷՐՆԵՐՈՒՆ ԱՌՋԵՒ

Պատասխանատուներ երէկ ասուլիսով մը բացատրութիւններ տուին իրենց ծրագիրներուն մասին
….
Դժուար է յստակ տարեթիւով մը նշել թէ ե՞րբ սկսաւ հայ լեզուի նահանջը, ե՞րբ հայ լեզուն հեռացաւ շատերու կեանքէն ու մայրենի լեզուի, հայկականութեան, հայ մշակոյթի նկատմամբ նախանձախնդրութիւնը փոխեց իր հունը, ապականեալ առուներ սկսան հոսիլ կենսական արժէքներու յորդահոս այն աղբիւրին մէջ, որով «կը կառուցուի» հայ մարդու կերպարը։
Հիմա ազգովին ահազանգ կը հնչեցնենք, մեր գեղեցիկ ու հարուստ լեզուի, դարաւոր մշակոյթի փառաբանութեամբ կը փորձենք սիրաշահիլ ու գրաւել նորահաս սերունդը, այն մարդիկը, որոնք կամայ-ակամայ հեռացած են մայր ակէն։
Հայաստանի, արեւմտահայութեան օրրան՝ Իսթանպուլի ու Սփիւռքի գաղութներուն մէջ ունինք անվհատ նուիրեալներ, որոնք կը հաւատան որ լեզուն եւ գրականութիւնը ամուր խարիսխներ են օտար ովկիաններու մէջ, այդ նպատակին համար կ’աշխատին եւ հայ գիրքով, հայ գրականութեամբ, հայ գիրք կարդալով կը բացուին պատմութեան մեծ իրագործումներուն։ Ո՛չ միայն հրատարակութիւններ կը պատրաստեն, այլ նաեւ տե՛ղ կուտան գիրքեր ձեռք բերելու եւ պահելու, զանոնք լաւագոյնս արժեւորելու հրամայականին։
Արդարեւ, «Եսայեան» Մշակոյթի եւ Գրականութեան Միութիւնը այդ ճամբան ընտրած է, ծրագրելով ակադեմական ու մշակութային գործունէութեամբ ծառայել հայ ժողովուրդին։
Միութեան հիմնադիրներն ու պատասխանատուները երէկ մամլոյ ասուլիս սարքեցին իրենց նորաբաց կեդրոնի երդիքին տակ։ Հոն էին հիմնադիր անդամներ Եդուարդ, Միհրան, Փայլին Թոմասեանները, Նշան Էքմէքճեան, Թագուհի Զաման, ինչպէս նաեւ ընդհանուր համակարգող Նորայր Օլկար, գրադարանի ու արխիւի կամաւոր աշխատակից Վահագն Քէշիշեան եւ այլ ընկերներ։
Գրեթէ բոլորն ալ խօսեցան ու իրենց գործունէութեան առանցքային ուղղութիւնները ներկայացուցին։ Եդուարդ Թոմասեան ընդարձակ տեղեկութիւններով պատմեց Միութեան հիմնադրութեան նպատակներուն եւ գործունէութեան մասին։ Մանրամասնութիւններ ներկայացուց գրադարանի, արխիւի ու յառաջիկայ ծրագիրներու մասին։ Խօսեցան նաեւ Զաքարիա Միլտանօղլու, Նորայր Օլկար, Վահագն Քէշիշեան ամէն մէկը իր մասնագիտական ուղղութեան պարունակին մէջ։
Միութիւնը պաշտօնապէս հիմնուած է 2022ի Դեկտեմբերին, բայց հիմա ահաւասիկ այլեւս աշխատանքները ամբողջացած են եւ կեդրոնը պատրաստ է ծառայութեան։ Միութեան նպատակն է ակադեմական եւ մշակութային գործունէութիւն ծաւալել, ինչպէս նաեւ գրադարանին հաւաքածոները զարգացնել, ի մի բերելով հայերէն հրատարակութիւններ, գիրքեր, պարբերականներ, ուսումնասիրութիւններ, յուշեր, կենսագրականներ եւ ամէն տեսակ արխիւային վաւերաթուղթեր։
Գրապահոցը այժմ ունի մօտաւորապէս 8000էն աւելի հատորներ, աւելի քան 200 պարբերականներու հազարաւոր թիւեր, ձեռագրեր, թերթերէ առնուած էջեր, լուսանկարներ, քարտէզներ, նամակներ, որմազդեր, գրքոյկներ, ձայնային եւ տեսերիզային արձանագրութիւններ։ Ինչպէս պատմեցին պատասխանատուները, այս գրապահոցի գրեթէ 4000 հատորներու մատենագրութիւնը, համարակալութիւնը պատրաստ է, մնացեալներու համար աշխատակիցներ եւ կամաւորներ օրն ի բուն ջանք կը վատնեն։
Ցուցակները հասանելի են yesayan.org կայքէջին վրայ։ Այս հսկայական դասաւորումի աշխատանքին կողքին, Միութեան նպատակն է թուային տուեալներու խոշոր ցուցակներ (Database) պատրաստել եւ ներկայացնել հանրութեան։
Միութեան կեդրոնը կը գտնուի Խըտըվեալ Փալաս շէնքի ներքնայարկը, «Արաս» հրատարակչատան նախկին գրասենեակին մէջ։ Նորոգութիւնը կատարուեցաւ ճարտարապետ Զաքարիա Միլտանօղլուի աչալուրջ հսկողութեամբ, նորոգութիւններու շնորհիւ նպաստաւոր պայմաններ ստեղծուեցան հանրային ձեռնարկներու եւ հանդիպումներու համար։ Գրապահոցները պատրաստուեցան «Քալչըր Սիվիք» նախաձեռնութեան օժանդակութեամբ։
Միութեան երդիքին տակ հաստատուած գրադարանի եւ արխիւի մէջ արդիական պայմաններուն տակ կը պահուին արեւմտահայ եւ յատկապէս պոլսահայ գրականութեան եւ մշակոյթին նուիրուած հատորներ եւ արխիւային հաւաքածոներ, Անատոլուի ժողովուրդներուն նուիրուած ուսումնասիրութիւններ, յուշագրութիւններ, կենսագրական աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ մանկական եւ կրթական նիւթերով հաւաքածոներ, արուեստներու եւ արհեստներու շուրջ գործեր, յուշամատեաններ, բառարաններ եւ շատ աւելիին վերաբերեալ հաւաքածոներ. բացի ասոնցմէ, նաեւ Թուրքիոյ հայ գաղութէն մտաւորականներու, արուեստագէտներու, արհեստաւորներու եւ գործատէրերու պատկանող հազարաւոր վաւերաթուղթ, լուսանկար, նամակ, որմազդ, գրքոյկ, ձայնային եւ տեսերիզային արձանագրութիւններ։
Կեդրոնի մուտքի սրահը նախատեսուած է աշխատանոցներու եւ մշակութային ձեռնարկներու, գրադարանէն օգտուելու համար։ Կը գործէ նաեւ բաժին մը, ուր գրապահոցի նիւթերով կը ներկայացուին օրուայ կամ շաբթուայ յատկանշական դէպքերու մասին վաւերագրական պատառիկներ։
Ասուլիսի ընթացքին Պր. Եդուարդ Թոմասեան եւ միութեան նուիրեալները յատկապէս շեշտեցին որ սիրով կ’ընդառաջեն բոլոր դիմողներուն՝ գիր-գրականութիւն, նամակներ, արխիւային նիւթեր ձեռք բերելու, զանոնք արժեւորելու, հանրութեան եւ հետաքրքրասէրներու տրամադրութեան տակ դնելու, պահել-պահպանելու համար։ Ուրախալի է այն որ թէ՛ քաղաքէս եւ թէ արտասահմանէն մարդիկ կը վստահին իրենց. իրե՛նց կամ հարազատներու արխիւը կը յանձնեն «Եսայեան» միութեան տնօրինութեան։
Յաջողութիւն կը մաղթենք «Եսայեան» միութեան։ Կը հաւատանք որ անոր անդամներն ու կամաւորները պիտի դառնան հայ ժողովուրդի մշակոյթի, գիր եւ գրականութեան հանրահռչակման շղթայի ամուր օղակներէն մէկը, որպէս առանցքային գիծ ունենալով յատկապէս պոլսահայ մշակոյթը։
Ն. Ս.
See Translation

 

 

All reactions:

14Sona Menteşe, Karolin Sarı and 12 others

Post a comment