No comments yet

ՄԵԾ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ՊՍԱԿՈՒԵՑԱՒ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ «ՔԷՕՖԹԷ»Ի ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԳԻՇԵՐԸ

….

20230928_201036 (3)

ՄԵԾ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ՊՍԱԿՈՒԵՑԱՒ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ «ՔԷՕՖԹԷ»Ի ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԳԻՇԵՐԸ

 

          Գրի  առաւ՝ Մարիէթ Մ. Օհանէս

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2023ին, կազմակերպութեամբ Պոլսահայ Միութեան, տեղի ունեցաւ «Քէօֆթէ»ի Ընտանեկան վերամուտի աննախընթաց գիշերը ՝ Պոլսահայ Միութեան «Հրանդ Տինք» սրահին մէջ: Ներկայ էին հիւրեր, Միութեան անդամներ, բարեկամներ եւ համակիրներ:

 Ներկաները ճաշակեցին համադամ աղանդերները՝ աղցաններ, Պէօրէկ,  գետնախնձոր, համեղ «Քէօֆթէ»ն «քաղցրէղէններու» հիւրասիրութեամբ:

Բացման խօսքը կատարեց Մշակութային Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան, շուրջ 70 հոգիներու ներկայութեամբ մտերմիկ գիշերը ճոխացաւ նաեւ «Քէօֆթէ»ի ծագման մասին տեղեկատուութիւններով  եւ խաղերով, Միութեան  քարտուղարուհի՝  Մարիէթ Օհանէսի կողմէ եւ բախտաւորները ստացան արժէքաւոր նուէրներ: Նշենք թէ յայտարարուեցաւ Միութեան Գործադիր Յանձնախումբի ատենապետ Տոքթ. եւ Տիկին Մուրատ եւ Անէթ Քէօշքէրի առջինեկ թոռնուհիով մը բախտաւորութեան աւետիսը:

Տեղի ունեցաւ նուիրատուութիւններ մանաւանդ Տէր եւ Տիկին Կարպիս Ասլանեանի կողմէ, որ նուիրեց $ 500 տոլար:

          Ներկաները ունեցան մտերմիկ զրոյցի պահեր. ջինջ գիշերը իր աւարտին հասաւ ուշ ժամեր

Event Photo Album

Post a comment