No comments yet

“CHULHAG HOR DEGHAN” Book Launching – «ՋՈԻԼՀԱԿ ՀՕՐ ՏՂԱՆ» Շնորհանդէսը

  ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍԸ

ՄԱՐԻԷԹ ՄԻՆԱՍԵԱՆ-ՕՀԱՆԷՍի
“ՋՈՒԼՀԱԿ ՀՕՐ ՏՂԱՆ”
Հատորին
Գրի առաւ՝ Տոքթ. Յովհաննէս Գ. Աւետիքեան
              Կիրակի, Յունուար 27, 2019ին, Պոլսահայ Միութեան «Գրիգոր եւ Աւետ Քիւրքչիւօղլու» սրահը լի էր գրասէր եւ ընթերցասէր հասարակութեամբ, որոնք ներկայ էին ”ՋՈՒԼՀԱԿ ՀՕՐ ՏՂԱՆ” գրքի Շնորհահանդէսին, գրի առնուած Միութեան քարտուղարուհի՝ Մարիէթ Մինասեան-Օհանէսի կողմէ:
             Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Պոլսահայ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ:
             Ձեռնարկին բացումը եւ հանդիսավարութիւնը կատարեց Մշակութային Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան:
            Գեղարուեստական բաժնով բեմ բարձրացան Տկ. Ալին Տօնիկեան որ ընթերցեց ինքնագիր գրութիւն մը ուղղուած հեղինակին, Լիլի Տապպաղեան՝ ջութակով եւ Տկ. Աստղիկ Տատուրեան ասմունքով:
            Ամպիոն հրաւիրուեցաւ կրթական մշակ՝ ՀԲԸՄ Մանուկեան- Տէմիրճեան Վարժարանի Հայերէն լեզուի եւ Հոգեբանութեան ուսուցչուհի՝ Տկն. Ռոզալին Մատոյեան, որ հրաշալիօրէն եւ յուզումով ներկայացուց հատորը: Տկն. Մատոյեանի վերլուծումը ջերմօրէն գնահատուեցաւ հանդիսականներուն կողմէ:
           Մեներգի բաժինն ալ խանդավառութիւն ստեղծեց հանդիսականներուն հոգիներէն ներս՝ երբ Տոքթ. Աւետիքեան մեներգեց “Հայ Ֆէտայիներ” եւ «Մի Պախրա տեսայ» երգերը:
            Խօսք առին նաեւ Մարիէթ եւ Պետրոս Օհանէս ամոլը, իրենց շնորհակալիքն ու սրտի խօսքերը փոխանցելով ներկաներուն:
           Ապա Վերապատուելի Յովհաննէս Մելքոնեանի եւ իր կողակցին՝ Տկ. Ժանէթ Մելքոնեանի դպրոցական կեանքէ առնուած դրուագներով եւ փակման աղօթքով աւարտեցաւ ձեռնարկը:
           Պոլսահայ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբի կողմէ Ատենապետ՝ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան հեղինակին յանձնեց յուշանուէր մը, առ ի գնահատանք իր նորատիպ հատորին:
            Գրքի գինեձօնի գեղեցիկ արարողութիւնը կատարուեցաւ, որուն մասնակցեցան Պոլսահայ Միութեան Գործադիր Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Մուրատ Քէօշքէր, նախկին ատենապետ՝ Արամ Գոչումեան, ներկաներէն՝ Տկ. Գարայեան եւ յայտագրի մասնակցողները:
           Ձեռնարկի աւարտին հատուեցաւ կարկանդակը եւ հեղինակը մակագրեց իր գրքերը, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ նկարահանում եւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:
          Նշենք թէ սոյն ձեռնարկին մասնակցողներուն կենսագրականները ընթերցեց Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան, իսկ հատորին լրիւ հասոյթը նուիրուեցաւ Միութեան Մշակութային Ֆոնտին:
..

  “CHULHAG HOR DEGHAN” Book Launching Video – «ՋՈԻԼՀԱԿ ՀՕՐ ՏՂԱՆ» Շնորհանդէսի տեսաերիզը

..

.

 

Post a comment