No comments yet

ՏՈՔԹ. ԱՐԹՕ ԷՐՍԱՆ ԽԱՉԵՐԵԱՆԻ ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ԵՐԵԿՈՅ ԵՒ ՄԻՋԻՆՔԻ ՃԱՇ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷ

IMG-20230228-WA0022

..

IMG-20230228-WA0019

 Congratulations Dr. Arto Ersan khacherian..

For40 years Service at  O I A .

ՏՈՔԹ. ԱՐԹՕ ԷՐՍԱՆ ԽԱՉԵՐԵԱՆԻ ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ԵՐԵԿՈՅ ԵՒ ՄԻՋԻՆՔԻ ՃԱՇ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ (video)

—————————————————————

ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ԵՐԵԿՈՅ ՏՈՔԹ. ԱՐԹՕ ԷՐՍԱՆ ԽԱՉԵՐԵԱՆԻ 

ԵՒ ՄԻՋԻՆՔԻ ՃԱՇ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ

 

Գրի  առաւ՝ Մարիէթ Օհանէս

 

Երեքշաբթի, Փետրուար 28, 2023ին, կազմակերպութեամբ Պոլսահայ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ Պոլսահայ Միութեան նախկին ատենապետ եւ քառասնամեայ նուիրեալ ծառայող՝ Տոքթ. Արթօ Էրսան Խաչերեանի մեծարանքի երեկոն, ընտանեկան գիշերուան մը հիւրասիրութեամբ, տօնակատարելով նաեւ «Կանանց Միջազգային Տօնը»: 

Երեկոն սկսաւ Միութեան Հոգաբարձու եւ մշակութային Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեանի բարի գալուստի խօսքով:  Ներկաները ճաշակեցին Միջինքի համեղ ճաշերը միաժամանակ զրուցելով իրար հետ: 

Շուրջ 74 հոգիներու ներկայութեամբ մտերմիկ գիշերը ճոխացաւ, զուարճալի պատմութիւններով եւ զանազան խաղերով հանդիսավարութեամբ Միութեան քարտուղարուհի՝ Մարիէթ Օհանէսի: 

Տոքթ. Աւետիքեան ընթերցեց օրուան մեծարեալ Տոքթ. Արթօ Էրսան Խաչերեանի կենսագրականը դրուատելով անոր տարած զոհողութիւններն ու ՔԱՌԱՍՆԱՄԵԱՅ անձնուէր աշխատանքները Միութեան հանդէպ: Ապա Տոքթ. Աւետիքեան մեծարեալին շնորհեց չորս ադամանդեայ քարերով եւ կարմիր Սուտակ քարով մը զարդասեղը, ապա հրաւիրուեցաւ Միութեան Գործադիր Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Մուրատ Քէօշքէր որ գովաբանելով մեծարեալը շնորհեց անոր Միութեան կողմէ ստորագրուած Գնահատագիրը: Խօսք առաւ օրուան մեծարեալը որ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած սոյն պատուին համար եւ նշեց Միութենէն անդարձ բաժնուած հիմնադիր անդամները՝ Օննիկ Պալեան, Պերճ Մխճեան եւ Երուանդ Պալճը, նաեւ շեշտեց թէ երիտասարդները պէտք է Միութիւն գան եւ մաս կազմեն գործունէութիւններուն: Իր խօսքէն ետք ան հատեց յատուկ կարկանդակը: Ապա տեղի ունեցաւ յիշատակի պատկերահանում եւ ներկաները վերադարձան իրենց սեղանները շարունակելու համար հաճելի գիշերը: Տօնակատարուեցաւ նաեւ «Կանանց միջազգային տօնը» եւ ընտրուեցաւ օրուան բախտաւոր տիկինը որ ստացաւ իր նուէրը: Տեղի ունեցաւ նաեւ հարց պատասխանի խաղեր եւ բախտաւորներ ստացան նուէրներ:

Իսկապէ՛ս որ յաջող գիշեր մըն էր, որ պիտի չկայանար առանց Միութեան անդամներուն եւ համակիրներուն թափած ջանքերուն: Լիայոյս ենք, որ ձեզ կը հանդիպինք մեր յաջորդ ընտանեկան ձեռնարկին՝ ՄԱՐՏ 21: Շնորհակալութիւն բոլոր ներկաներուն: 

dr ersan (2)

 

 

JAMANAK

 

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԾԱՐԵՑ ՏՔԹ. ԱՐԹՕ ԷՐՍԱՆԸ

Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ յատկանշանակ ձեռնարկ մը։ Այսպէս, միութեան երդիքին տակ կազմակերպուեցաւ մեծարանքի հանդիսութիւն մը ի պատիւ տքթ. Արթօ Էրսան Խաչերեանի։ Հարկ է նշել, որ տքթ. Արթօ Էրսան Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան նախկին ատենապետներէն է

Read More (click)

 

Post a comment