No comments yet

ՆԱԶԱՐ ՊԻՆԱԹԼԸ ՊԱՏՈՒՈՅ ԳՐԻ ԱՐԺԱՆԱՑԱԾ – J A M A N A K

JAMANAK

ՆԱԶԱՐ ՊԻՆԱԹԼԸ ՊԱՏՈՒՈՅ ԳՐԻ ԱՐԺԱՆԱՑԱԾ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ համայնքային շրջանակներու այնքան սիրելի դէմքերէն շինարարութեան ճարտարագէտ Նազար Պինաթլը մասնագիտական գետնի վրայ մեծարուած է վերջին օրերուն։ Այսպէս, Թուրքիոյ Ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու պալատներու միութեան հովանիին տակ գործող Շինարարութեան ճարտարագէտներու սենեակի Իսթանպուլի մասնաճիւղը պատուոյ գիր մը յանձնած է Նազար Պինաթլըին։ Այդ կառոյցը աւանդաբար կը պարգեւատրէ այն մասնագէտները, որոնք մասնագիտական գործունէութեան 40-ամեայ, 50-ամեայ եւ 60-ամեայ յոբելեանները թեւակոխած կ՚ըլլան։ Նազար Պինաթլըն ալ ասպարէզէն ներս կէս դարը բոլորած ըլլալով արժանի նկատուած է պատուոյ գրի, որ իրեն յանձնուած է պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին։

50-ամեայ գործունէութեան տեւողութեան Նազար Պինաթլը մասնագիտական իր պաշարը միշտ սիրայօժար ի սպաս դրած է մեր համայնքին համար։ Համայնքային բազում կառոյցներու՝ մասնաւորապէս կրթօճախներու վերաբերեալ շինարարութեան ծրագիրներ կեանքի կոչուած են իր եռանդուն մասնակցութեամբ։ Նազար Պինաթլը երկար ժամանակէ ի վեր մասնագիտական գործունէութիւն կը ծաւալէ նաեւ Հայաստանի մէջ։

Հարկ է նշել, որ Նազար Պինաթլը, միեւնոյն ժամանակ, կը գտնուի ՀԱՅՃԱՐ-ի հիմնադիրներու շարքին. հարթակ մը, որու վրայ համախմբուած մեր համայնքի մասնագէտները յիշողութեան տեսանկիւնէ ալ կ՚ապահովեն լուրջ ներդրում թրքահայ կեանքին։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2021

Post a comment