ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ «ԻՄ ԱՆՏԱՌ ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ԾՐԱԳՐԻՆ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Posted on December 13, 2025
Posted By: oiaCategories: All News
<
ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ
«ԻՄ ԱՆՏԱՌ ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ԾՐԱԳՐԻՆ
ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Գրի առաւ՝ Մարիէթ Մինասեան-Օհանէս
Ծառատունկի մասին մէջբերումները կը շեշտեն յոյսը, ժառանգութիւնը և բնութեան հետ կապը՝ ընդգծելով, որ ծառ տնկելը ապագայի հանդէպ հաւատքի դրսեւորում է, ստուեր կ՛առաջարկէ ուրիշներուն և պարզ, բայց խոր միջոց՝ աւելի լաւ աշխարհ ստեղծելու համար՝ յաւերժական ասացուածքով՝ «Ան, որ ծառ կը տնկէ, յոյս կը տնկէ»։
Կիրակի, Դեկտեմբեր 7, 2025 Պոլսահայ Միութիւնը հիւրընկալեց Պրն. Անտրէ Կիւմիւշճեանը որպէսզի դասախօսէ «Իմ անտառ Հայաստան»կազմակերպութեան մասին:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Միութեան Գործադիր Յանձնախումբի նախագահ՝ Պրն. Հերման Չէլիք որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին ներկայութեան համար նաեւ օրուան պելճիքահայ մարդասէր եւ ձեռնարկատէր Պրն. Անտրէին՝ որ պատուեց մեզ եւ իր դասախօսութեամբ պիտի լուսաբանէ այս շատ կարեւոր գործունէութիւնը եւ ծրագիրը որ մասնաւորապէս մեր թոռներուն համար է շեշտելով որ ամէն մէկ հայ պէտք որ տէր դառնայ եւ օգնէ իրեն:
Պրն. Անտրէ Կիւմիւշճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Պոլսահայ Միութեան այս առիթը ընծայած ըլլալուն համար, ապա ան տեղեկութիւն տուաւ թէ «Իմ անտառ Հայաստան» կազմակերպութիւնը հիմնադրուած է 2019 թուականին՝ նախնական գաղափարը եղած է պարզապէս նուազեցնել այրող օրկանական հանածոյ վառելիքէն յառաջացող ածխածինի արտանետումները՝ հաշուի առնելով, որ ապագայ սերունդները պէտք չէ ծանրաբեռնուին մեր պատճառած ապականումը մաքրելով:
Բայց նախագծին տարողութիւնը ընդլայնեցաւ։ Պրն. Անտրէ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Նախագծին մէջ աւելի խորանալով՝ ես հասկցայ անտառներուն կարեւորութիւնը՝ գոյատեւելու համար այս մոլորակին վրայ: Անտառները անհաւանական բարդ կենսոլորտներ են, որոնք կապուած են երկրային բազմաթիւ երեւոյթներու հետ»։
Ի սկզբանէ, մեր նպատակն էր ունենալ ամենաբարձր որակը՝ նկատի ունենալով, որ միայն որակեալ ծրագիրները կրնան ապահովել անտառապատման արդիւնաւէտութիւնը:
Գործընկերութեան հիմքին մէջ կարևոր նպատակներ են. ամրապնդել «կանաչ մտածողութեան» շուրջ համախմբուելու գիտակցութիւնը, ընդլայնել Հայաստանի անտառային ծածկոյթը՝ այսպիսով կանխարգելելով սողանքներն ու անապատացումը, նպաստել ջրային աղբիւրներու պահպանման ու համայնքներուն մէջ բնակչութեան զբաղուածութեանը:
Բազմատեսակ ծառերու կողքին՝ մենք կը տնկենք նաեւ զանազան տեսակի թուփեր, որովհետեւ անոնք գրաւիչ են միջատներուն եւ թռչուններուն համար, ինչպէս եւ կը նպաստեն կենսաբազմազանութեան պահպանման:
Դասախօսը յայտնեց թէ «Իմ անտառ Հայաստան» կազմակերպութիւնը ունի 16 հոգիէ բաղկացած մնայուն անձնակազմ մը՝ Երեւանի եւ Վանաձորի մէջ, ինչպէս նաեւ 31 աշխատողներ՝ երկու տնկարաններու եւ ջերմոցներու մէջ: Աշնան եւ գարնան, մենք աշխատանքի պիտի ընդունինք մինչեւ 240 անձինք՝ տնկման եւ խնամքի աշխատանքներ իրականացնելու համար:
«Իմ անտառ Հայաստան» հասարակական կազմակերպութիւնը գործունէութեան 5 տարիներու ընթացքին արդէն իրականացուցած է աւելի քան 2,3 միլիոն ծառերու անտառտնկման և անտառվերականգնման աշխատանքներ Լոռիի և Տավուշի մարզերու 750 հեքթար տարածքի մէջ։
Նշենք թէ «Իմ անտառ Հայաստան» կազմակերպութիւնը նախաձեռնած է նաեւ՝ Շարլ Ազնաւուրի անուան անտառի հիմնմանը: Այս իւրայատուկ նախագծիննպատակն է ստեղծել 100 հեքթար անտառային տարածք: «Շարլ Ազնաւուրի անուան անտառի հիմնումը մեզ համար առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի, քանի որ ան կը միաւորէ մշակութային ժառանգութեան պահպանումն ու բնապահպանական արժեքներու ստեղծումը»:
Պրն. Անտրէ Կիւմիւշճեանը միշտ համակուած է ծառերով։ Անտառներուպահպանումն ու ընդլայնումը կարևոր նշանակութիւն ունին մեր մոլորակի վրայկեանքը պահպանելու ուղղութեամբ։
Տեղի ունեցաւ նաեւ հարց-պատասխանի պահ եւ ներկաները լուսաբանուեցան զանազան տեղեկութիւններ լսելով:
Աւարտին, առնուեցաւ խմբային լուսանկար եւ կայացաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն: