No comments yet

ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ ՓՐՕՖ. ԹԱՆԷՐ ԱՔՉԱՄի “YUZ YILLIK APART-HEIDE” Հատորին

 

 .

ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ

ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ

ՓՐՕՖ. ԹԱՆԷՐ ԱՔՉԱՄի

“YUZ YILLIK APART-HEIDE”

Հատորին

Գրի առաւ՝ Մարիէթ Օհանէս

Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ՝ Պոլսահայ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբին, Կիրակի՝ Նոյեմբեր 19, 2023ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 5ին, «Հրանդ Տինք» սրահին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ գրա­սէր շրջա­նակ­նե­րուն մէջ ծա­նօթ Փրօֆ. Թանէր Աքչամի «YUZ YILLIK APART-HEIDE» գիր­քին շնոր­հան­դէ­սը, ներ­կա­յու­թեամբ Միութեան անդամներու, հիւրերու եւ գրա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան բազ­մու­թեան։

Գրքի հեղինակ՝ Փրօֆ Թանէր Աքչամ սահիկներու ցուցադրութեամբ բացատրութիւններ փոխանցեց գրքին նիւթին մասին ըսելով թէ՝ «Իր ստեղծման օրէն ի վեր Թուրքիոյ իրաւական համակարգը և անոր հիմնարկները շրջապատող մշակոյթը քաղաքացիներուն բաժնած են երեք հիմնական դասակարգերու. Ստորակարգութեան վերին մասը սիւննի մահմետական թուրք քաղաքացիներն են: 1924 թուականի Սահմանադրութեան քաղաքացիութեան մասին 88-րդ յօդուածի քննարկման ժամանակ Կէլիբոլիի խորհրդարանի պատգամաւոր Ճելալ Նուրի պէյը այդ շատ պարզօրէն ըսաւ՝. Երկրորդ կամ միջին խաւը բաղկացած է ալեւիներէն և այլ ոչ թուրք մահմետականներէն (քիւրտեր, չէրքէզներ և այլն): Երրորդ կամ ամենացած խաւը բաղկացած է քրիստոնեաներէն և հրեաներէն։ Սխալ չըլլար այս դասակարգերը որակել որպէս թրքական «արտօնեալ դասակարգի համակարգ»:

Թեև մենք կարող ենք աւելի հեռուն երթալ ժամանակի մէջ՝ դէպի Օսմանեան Միլլեթ համակարգ, ապա Apartheidը հաստատուած է շարք մը բացայայտ կամ գաղտնի օրէնքներով և հրամանագրերով, որոնք հրապարակուած են նոր խորհրդարանի կողմէ 1920 թուականի ապրիլէն սկսած՝ նշանաւորելով ժամանակակից Թուրքիոյ սկիզբը: Այս օրէնքներէն և հրամանագրերէն շատերը թերևս կը գործեն այսօր: Այնտեղ, ուրտեղ անոնք ուժի մէջ չեն, երբեք չէ եղած նուազագոյն հաշիւ անոնց ապօրինութիւններուն հետ, և այդ օրէնքներու ոգին շարունակած է իր հիմնարկային ազդեցութիւնը ներքին գաղտնի նամակագրութեան միջոցով»:

Ապա Պոլսահայ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբի կողմէ Գործադիր Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Մուրատ Քէօշքէր հեղինակին յանձնեց յուշանուէր մը, առ ի գնահատանք իր նորատիպ հատորին:

Գրքի գինեձօնի գեղեցիկ արարողութիւնը կատարուեցաւ, որուն մասնակցեցան Պոլսահայ Միութեան Գործադիր Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Մուրատ Քէօշքէր, Նախկին ատենապետ՝ եւ ներկայ Ընդհանուր ժողովի ատենապետ՝ Սիմոն Աճըիլաչ եւ իր տիկինը՝ Հիլտա, Էսաեան Սանուց վարժարանի Յանձնախումբի նախկին ատենապետուհի՝ Ալին Տօնիկեան, իսկ ներկաներէն՝ Լուսի Գարալեան, Յովսէփ Թոքաթ, Կարպիս Սարաֆեան, Հերման Չէլիք եւ Մարիէթ Օհանէս:

Փրօֆ Աքչամ՝ իր սրտի գո­հու­նա­կու­թիւնն ու շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նե­ց բո­լո­րին անխ­տիր ու մաս­նա­ւո­րա­բար Պոլսահայ Միութեան։ Ե­ղան բարձր գնա­հա­տա­կան­ներ, ինչ­պէս նաեւ հար­ցադ­րում­ներ գր­քին վե­րա­բե­րեալ։

Ա­ւար­տին, հե­ղի­նա­կը իր գր­քէն օ­րի­նակ­ներ մա­կագ­րեց հան­դի­սա­տես­նե­րուն։

Տեղի ունեցաւ նկարահանում եւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:

Նշենք թէ հատորին լրիւ հասոյթը նուիրուեցաւ Միութեան Մշակութային Ֆոնտին:

.

Post a comment