Posted on May 10, 2024
Posted By: oiaCategories: All News
ԵՐԱԺՇՏԱՊԵՏ ՆՇԱՆ ՉԱԼԿԸՃԵԱՆԻ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
Շաբաթ կէսօրուայ ժամերուն, սգաւորներ հաւաքուեցան Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ՝ մասնակցելու վաստակաշատ երաժշտապետ Նշան Չալկըճեանի յուղարկաւորութեան եւ բաժնելու Չալկըճեան եւ Շէնճան ընտանիքներու վիշտը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ու Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեան որպէս սգակիր կը մասնակցէին։ Ասողիկ Դպրաց Դաս երգչախումբի անդամները կանգնած էին իրենց երկարամեայ ուսուցչապետի դագաղին շուրջ եւ յարգանքի վերջին տուրք կը մատուցանէին իրե՛նց հարազատին։ Տխուր վայրկեաններ էին։
Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան դամբանականը խօսելու ընթացքին թուեց այն արժանիքները, որոնք բնաւորութեան գիծ եւ ապրելակերպ դարձած էին երաժշտապետի անձին մէջ ու կեանքի ընթացքին։
Հանգուցեալը հողին յանձնուեցաւ ընտանեկան դամբարանին մէջ, հին ու նոր բազում յիշատակներ թողլով զինք սիրողներու եւ իր վաստակը գնահատողներու սրտին մէջ։