No comments yet

ԱՄԲՈՂՋ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ԿԸ ՍԳԱՅ ՄԵԼԻՔՃԱՆ ԶԱՄԱՆԻ ԱՆԺԱՄԱՆԱԿ ՄԱՀԸ

.
nbsp;

 

 

Nor Marmara 

ԱՄԲՈՂՋ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ԿԸ ՍԳԱՅ ՄԵԼԻՔՃԱՆ ԶԱՄԱՆԻ ԱՆԺԱՄԱՆԱԿ ՄԱՀԸ

Սուգի մէջ է համայնքը։ Երէկ, 11 Յունիսի առտուան ժամերուն հաղորդուած բօթը արագօրէն տարածուեցաւ մեծ ցնցում յառաջացնելով շա՜տ շատերուն մօտ։

Եշիլգիւղի Հայոց վարժարանի տնօրէն Մելիքճան Զամանի կեանքի թելը փրթած էր ընդամէնը 43 տարեկան հասակին մէջ։ Յանկարծամահ եղած էր, բոլորիս աչքին առջեւ դնելով թէ որքա՜ն բարակ թելով մը կապուած են կեանքն ու մահը։

Ընկերային ցանցերուն մէջ իր խնդումերես լուսանկարներն էին, ուր տնօրէնի, երաժիշտի, ջութակահարի իր հանգամանքով նկարուած էր յիշատակի համար։

Թրծուած էր իր ընտանիքէն աւանդուած ինքնութեան աւիշով, կեանքը նուիրած՝ համայնքին։ Իր եւ եղբօր՝ Սայաթի անունները առաջին անգամ լսելի դարձած էին Սայաթ Նովա մանկանց երգչախումբի ելոյթներէն։ Ջութակը՝ զգացումներու արտայայտիչն էր, իսկ մանուկները կրթելու, երաժշտութիւնը անոնց սիրցնելու նպատակը՝ գործունէութեան հիմնական առանցք եւ ուղեգիծ։

Ծնած էր 1982ին Իսթանպուլ։ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ նախակրթութիւնն ու միջնակարգի կրթութիւնը ստանալէ ետք, ընդունուած էր Իսթանպուլի համալսարանի պետական երաժշտանոցի ջութակի բաժին՝ կէսօրեայ ուսուցումով, ապա՝ Միմար Սինան համալսարանի երաժշտանոցի ջութակի բաժին՝ ամբողջական ուսուցումով։ Համալսարանական ուսումը ստանալէ ետք, 2010ին աւարտած էր Մարմարա համալսարանի մանկավարժութեան բաժինը, իսկ 2013ին՝ Քիւլթիւր համալսարանէն արուեստի ու ձեւագծման բաժնի արուեստի կառավարման մագիստրոսի աստիճան ստացած էր։

2005-2007 թուականներուն աշխատած էր Աթաշեհիրի Ատըկիւզէլ գեղարուեստի դպրոցի մէջ, որպէս երաժշտութեան բաժնի վարիչ, իսկ 2009-2011 թուականներուն եղած էր Պաքըրգիւղի նկարիչներու միութեան կրթական համակարգող։ Որպէս երաժշտութեան ուսուցիչ աշխատած էր Իսթանպուլի արական լիսէի, Թարգմանչաց, Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարաններու մէջ, իսկ վերջին 9 տարիներուն Եշիլգիւղի Հայոց վարժարանի տնօրէնն էր։ 2015ին հիմնած էր «Զաման» կրթական հաստատութիւնները։ 2004էն ի վեր Իսթանպուլի պետական թատրոններուն մէջ կ’աշխատէր որպէս երաժշտական ղեկավար, պաշտօն ստանձնելով աւելի քան 30 ներկայացումներու մէջ։

«Սայաթ Նովա» երգչախումբի ղեկավարն էր, «Աքատեմի Զ» արուեստի դպրոցի հիմնադիր։

Ի՞նչ ըսել։ Դժուար է բառեր գտնել Զաման ընտանիքներու այս անպարագիծ ցաւը նկարագրելու համար, որովհետեւ Մելիքճան Զաման յարգանքի ու սիրոյ արժանացած էր բազմակողմանի գործունէութեան շնորհիւ։

ՄԱՐՄԱՐԱ-ի խմբագրակազմը կը ցաւակցի Զաման եւ Թովմասեան ընտանիքներուն, Եշիլգիւղի համայնքին եւ բոլոր հարազատներուն։

..


 c

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԼԻՍԷԻ ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ՄԷԿՏԵՂՈՒԵՑԱՒ ՂԱԼԱԹԻՈՅ ՄԷՋ
Անցեալ երկու օրերուն լիսէներու մտից քննութեան մասնակցելիք աշակերտներէն ետք, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 12 Յունիս 2025, Հինգշաբթի, ժամը 17.00-ին Ղալաթիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մէկտեղուեցաւ մեր լիսէներու 12րդ դասարաններու աշակերտներուն հետ, որոնք յառաջիկայ 21 եւ 22 Յունիսին պիտի մասնակցին համալսարանի մտից քննութեանց։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ կատարուեցաւ ճաշու ժամ, որուն մասնակցեցան Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան, Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։
Արարողութեան մասնակցեցան համայնքի հինգ լիսէներու աւարտական դասարաններու աշակերտները, իրենց տնօրէններն եւ ուսուցիչները։
Աւարտին քարոզեց Նորին Ամենապատուութիւնը, որ ողջունեց ներկայ աշակերտներու մասնակցութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց մասնակցութեան համար։
Նորին Ամենապատուութիւնը խօսեցաւ աշակերտներուն եւ անոնց բացատրեց ուսման, յատկապէս բարձրագոյն ուսման եւ աշխատանքի կարեւորութիւնը ու շնորհաւորեց մինչեւ այսօր իրենց ձեռք բերած յաջողութիւնը։
Մեր Հոգեւոր Պետը ըսաւ, որ իրենց կեանքին ընթացքին, յատկապէս այսպիսի կարեւոր օրերուն Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ հոգեւոր դասը աղօթքով եւ օրհնութեամբ միշտ իրենց կողքին է։
Նորին Ամենապատուութիւնը ապա շեշտեց աղօթքի կարեւորութիւնը եւ բացատրեց Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի երկու աղօթքները, «Իմաստութիւն Հօր Յիսուս»ը եւ «Պահապան ամենայնի»ն։ Իր խօսքի աւարտին մեր Հոգեւոր Պետը յաջողութիւն մաղթեց բոլորին եւ օրհնեց զանոնք։
Ապա աշակերտները արարողութեան մասնակից հոգեւորականներուն մօտեցան եւ անոնցմէ օրհնութիւն ստացան։
Լուսանկարներ՝ ԼՐԱԲԵՐ

facebook_1749883902641_7339545052383519616
facebook_1749883924319_7339545143309847377

     

—  follow on Twitter | like on Facebook | forward to a friend 

1111111111

Post a comment