No comments yet

ՑԵՂԱՍՊԱՆԱԳԷՏ ՎԱՀԱԳՆ ՏԱՏՐԵԱՆԻ ԵՐՐՈՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ

.
.

ՑԵՂԱՍՊԱՆԱԳԷՏ ՎԱՀԱԳՆ ՏԱՏՐԵԱՆԻ 

ԵՐՐՈՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ  

ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ 

Գրի առաւ՝ Մարիէթ Օհանէս 

Կիրակ0ի, Օգոստոս 7, 2022ին, Պոլսահայ Միութեան «Գրիգոր եւ Աւետ  Քիւրքչիւօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յուշ երեկոյ եւ հոգեհանգիստ,  հանգուցեալ Ցեղասպանագէտ Փրօֆ. Վահագն Տատրեանի մահուան երրորդ  տարելիցին առթիւ, մասնակցութեամբ Արարատ Տան էսքիճեան 

Թանգարանի,«Նոր Սերունդ», «Համազգային», «Իրանահայ», «Իրաքահայ»  միութիւններու, Ազգային Հայկական ուսումնասիրութիւններու եւ հետազօտութիւններու ընկերակցութեան (NAASR), «Խոստում» Հայկական  Հիմնարկի» (PAI) եւ «Թէքէեան» մշակութային միութեան: 

Երեկոն սկսաւ տուտուկահար Ալպըրթ Վարդանեանի մելանոյշ մեղեդիներով: 

Բացման խօսքը կատարեց Պոլսահայ Միութեան Մշակութային  Յանձնախումբի ատենապետ եւ Հոգաբարձու՝ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ  Աւետիքեան, որ ներկաները ողջունելէ ետք, հրաւիրեց բոլորը յոտնկայս վայրկեան  մը յարգանքի տուրք մատուցանելու հանգուցեալ Փրօֆ. Տատրեանի ի յիշատակ,  ապա հրաւիրեց Հոգեւորականաց դասը՝ առաջնորդութեամբ Հիւսիսային  Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի 

ներկայացուցիչ՝ Գէորգ Քհնյ. Աբեանի ինչպէս նաեւ Թորգոմ Եպսկ. Տոնոյեանի  ներկայացուցիչ՝ Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեանի, հոգեհանգստեան պաշտօն  կատարելու եւ օրհնելու յիշատակի համար պատրաստուած հրուշակը:  

Տ. Գէորգ Քհնյ. փոխանցեց Յովնան Արք. Տէրտէրենաի ողջոյնները, նաեւ  յայտնեց Փրօֆ. Րիչըրտ Յովաննիսեանի մասին ըսելով թէ «Ան եղած է հայ  պատմագրութիւնը բարձրացնող եւ աշխարհի սփռող անձը որ իր ողջ կեանքը  նուիրած է ի սէր Հայոց Ցեղասպանութեան նաեւ Հայոց Պատմութեան  վերաճանաչման եւ ճանաչման, ի աշխարհս ամբողջ»: խոնարհումով յիշեց Փրօֆ.  Տատրեանը որակելով զայն այն մեծ անձերէն մին եւ իսկապէս առաջամարտիկ  եղած ըլլալուն այս ոլորտին մէջ: Քահանայ հայրը շնորհաւորանքներով փակեց իր  խօսքը: 

Ներկայ էին Քոյր Միութիւններու ներկայացուցիչներ, Պոլսահայ Միութեան  նախկին ատենապետներ եւ վարչականներ, Փրօֆ. Օշին Քէշիշեան, Փրօֆ. Թանէր  Աքչամ եւ այլ հիւրեր: 

Երգուեցաւ Տէրունական աղօթքը, որմէ ետք Տոքթ. Աւետիքեան ամպիոն  հրաւիրեց օրուան հանդիսավարուհի եւ Միութեան քարտուղարուհի՝ Մարիէթ  Օհանէսը: 

Հանդիսավարուհին իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հանգուցեալ Տատրեանի  մասին շեշտելով թէ՝ քիչ մարդոց հանդիպած ենք, որոնք այդքան վստահ են  իրենց գիտելիքներու, տրամաբանութեան եւ իմացականութեան վրայ: Այդ  իսկապէս բացառիկ մարդկանց տրուած շնորհ է, օժտուածութիւն, որ գերազանց  արդիւնաւորութիւն կու տայ իրենց, արագօրէն իրենց ձեռնարկած գործին, երբ 

այդ գործը նուիրուած է ճշմարտութեան բացայայտմանը, արդարութեան  պաշտպանութեանը:  

Ապա ընթերցեց առաջին զեկուցող՝ Դոկտ. Լուսինէ Սահակեանի հակիրճ  կենսագրականը ու հրաւիրեց զայն միանալ ներկաներուն Զումի վրայ: Դոկտ. Սահակեան մեծ պատիւ համարեց ինքզինք ըլլալ այդօրուան  բանախօսներուն կարգին, մեծանուն գիտնական Փրօֆ. Տատրեանի յիշատակը  ոգեկոչելու: Ան յայտնեց թէ անգնահատելի է անոր անոր ներդրումը Հայոց  Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւններու նկատմամբ: Դոկտ. Սահակեան  խօսեցաւ գիտական ժառանգութեան վերարժեւորման մասին անդրադառնալով  թէ Տատրեանի ուսումնասիրութիւնները կը ներկայացնեն հայ ժողովուրդի  պատմութեան ամենաողբերգական ժամանակաշրջանը: Տատրեանի ուսման  արգասիքն է այն բազմաթիւ գիրքերն ու ուսումնասիրութիւնները, հիմնական  փաստարկումերով եւ մաթեմաթիքական ճշգրիտ մտածողութեամբ որոնք նոր  որակ հայթայթեցին եւ բարձրացուցին Հայոց Ցեղասպանութեան գիտական  ուսումնասիրութեանը: Դոկտ. Սահակեան աւելցուց նաեւ թէ իրենք պատիւն  ունեցած են Տատրեանի դասախօսութիւնները ունկնդրել Հայաստանի մէջ, նաեւ  անոր գործունէութիւններու ժառանգութեան գիտաժողովներ կատարելու եւ  յաւուր պատշաճի ներկայացելու անոր գործերն ու ուսումնասիրութիւնը, Նաեւ  Տատրեանի հետ Սահակեան ունեցած է անձնական շփում եւ բարեկամութիւն: Ապա հանդիսավարուհին հրաւիրեց Մանուկ Աւետիքեանը՝ զաւակը  Միութեան Հոգաբարձու եւ Մշակութային Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ.  Յովհաննէս եւ Սեդա Գուլակ Աւետիքեանի որպէսզի ծանօթացնէ օրուան երկրորդ  զեկուցող՝ Պատմաբան եւ Ընկերաբան՝ Փրօֆ. Թանէր Աքչամը։ Նշենք թէ Մանուկ Աւետիքեան շրջանաւարտ է Մանուկեան-Տէմիրճեան  վարժարանէն: Ան Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանէն ստացած է  մագիստրոսի կոչում եւ աշխատած է Երեւանի Հայոց Ցեղասպանութեան  թանգարանի- հիմնարկին մէջ եւ հայկական թերթերուն մէջ: Ներկայիս կ՛աշխատի  “Shoah” Հիմնադրամի հաւաքածոներու բաժնին մէջ որպէս Ցեղասպանութեան  վերապրածներու վկայութիւններու հաւաքածոյի ցանկագրող: 

Փրօֆ. Աքչամ յայտնեց թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը արդէն մոռցուած  Ցեղասպանութիւն է. եւ երբեք վերջինը, այստեղ ճանապարհը հեշտ չէ եղած և  հարթուած է բազմաթիւ մարդկանց ջանքերով ու զոհաբերութեամբ։ Հայոց  Ցեղասպանութիւնը անցած է նոյն փուլերով, ինչպէս միւս ոլորտները։  Փորձագէտներ՝ Արամ Անտոնեանի և Գրիգոր Կերկերեանի նման վերապրածներն  էին որոնք փորձեցին համակարգուած հաւաքել Օսմանեան արժէքաւոր  փաստաթուղթերու գոյատևման յուշագրութիւնները և արխիւային  փաստաթուղթերը: 

Վահագն Տատրեանի խօսքերը կը ներկայացնեն Հայոց Ցեղասպանութեան  հետազօտութեան ոլորտի իրական հիմքը և կամուրջը հին աշխարհի և նորի միջև:  Այս անուանակարգին մէջ Փրօֆ. Աքչամ դասեց նաև Փրօֆ. Րիչըրտ  Յովաննիսեանի բազմահատոր աշխատութիւնը: Եթէ մենք կարող ենք խօսիլ  Հայոց Ցեղասպանութեան հետազօտութեան տաղանդաւոր փուլի մասին, ապա  Վահագն Տատրեանն ու Րիչըրտ Յովաննիսեանը ծառայեցին որպէս  սառցաբեկորներ՝ ճանապարհ հարթելով դէպի անտեղեակութեան, 

անտարբերութեան և ժխտման սառած ծովը: Հայոց Ցեղասպանութեան  ուսումնասիրութիւնը մեծապէս յառաջադիմած է այսքանով` շնորհիւ անոր վաղ  ռահվիրաներու տասնամեակներ տեւած անխոնջ ջանքերուն: Վահագն Տատրեան  և Րիչըրտ Յովաննիսեան մենք ձեզ երախտագիտութեան անսահման քայլ  պարտական ենք։ 

Փրօֆ. Աքչամ նաեւ իր նկատառումները կատարեց Վահագն Տատրեանի  հետ իր անձնական յարաբերութիւններու մասին։ Ան շնորհաւորեց մեծարեալը`  նշելով, որ ան մեզ ցոյց տուաւ ճանապարհը, որ պէտք է մենք շարունակենք։ 

Հանդիսավարուհին հրաւիրեց տուտուկահարը որ նուագեց Կոմիտասեան  մեղեդիներ: 

Ապա դարձեալ ամպիոն հրաւիրուեցաւ Մանուկ Աւետիքեանը որպէսզի  ներկայացնէ մեծարեալ՝ Փրօֆ. Րիչըրտ Յովաննիսեանը: 

Մանուկ նշեց, որ 7 տարիներէ աշխատած է Փրօֆ.ին հետ: Անոր աշխոյժ  գործունէութիւնը յանգեցուց իրեն, եթէ չըսենք, ստիպեց իրեն ըլլալ 1970- ականներէն և թրքական կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման ուժի մէջ: Գործունէութիւններէն մէկը, որ ան ձեռնարկեց այս ժխտման դէմ, այն էր, որ ան  տեսաւ պատմութեան այս նոր դաշտի հեռատեսութիւնը 1960-ականներու վերջը:  Ան զբաղեցաւ անով և վերապատրաստեց ուսանողները UCLA-ի մէջ և  ուսանողներուն թոյլ տուաւ արձանագրել Հայոց Ցեղասպանութենէն  վերապրածներու անհետացող սերունդի պատմութիւնները: 2018 թուականին, ան  իր արխիւները յանձնեց «Շոահ» հիմնադրամին՝ կրթական հետազօտական  նպատակներով։ 

Խօսք առաւ Փրօֆ. Յովհաննիսեան ան շնորհակալութիւն յայտնեց  Պոլսահայ Միութեան, ինչպէս նաև նախորդ բանախօսներուն։ Ան յայտարարեց,  որ ինքզինք երբեք գիտնական չէ համարած: Իր ոլորտը Հայաստանի առաջին  Հանրապետութիւնն է, որ զինք տարած է տհաճ դաշտ՝ պետական  

ժխտողականութեան պատճառով, եւ որ ստիպած է իրեն մտնել այդ դաշտը, և  հետաքրքիր է, թէ ան հազարաւոր դասախօսութիւններ տուած է իր ասպարէզին  մէջ, հաւանաբար անոնց 80%-ը զբաղած է այդ հարցով։  

Փրօֆ. Յովաննիսեան յայտնեց թէ այնքան շատ բան ըսուած է Վահագն  Տատրեանի մասին, որ իսկական ցեղասպանագէտ էր, որ ան գտաւ այդ հսկան զարգացնելու ոլորտը և յառաջ մղելու մէջ: Քանի անգամներ իրենց  գիտաժողովներուն տարբեր ազգերու պատասխանները եղած է «Մոռցի՛ր«,  «ձգէ՛», «կը բաւէ՛»: Զարմանալիօրէն գիտական պայքար, կռիւներ կային  համալսարանականներու համար, ամէն օր պայքար էր ցեղասպանաութեան  ուրացման դէմ: Շատ երկար պայքար եղած բայց եւ այնպէս կատարելագործեցին  եւ ինք անձնապէս վեց գիրքեր հրատարակած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին:  

Ժամը հասաւ մետալի տուչութեան, հրաւիրուեցաւ մեծարեալի ընտանիքը,  Միութեան Գործադիր Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Մուրատ Քէօշքէր,  Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան, Միութեան նախկին Ատենապետ՝ Սիմոն  Աճըիլաչ, Գործադիր Յանձնախումբի քարտուղար՝ Սերժ Պուլանըքեան եւ Փրօֆ. 

Օշին Քէշիշեան որպէսզի կատարեն մետալի տուչութիւնը:  

Խօսք առաւ Տոքթ. Մուրատ Քէօշքէր նշելով թէ «Իրեն համար մեծ հաճոյք  կը պատճառէ ճանչնալ Փրօֆ. Րիչըրտ Յովաննիսանի գործը Հայոց Պատմութեան, 

Հայոց Ցեղասպանութեան, յատկապէս Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան փառահեղ աշխատանքին համար: Փրօֆ. Յովաննիսեանը արդարադատութեան,  հայկակա՛ն արդարադատութեան ախոյեան է։ Մենք կը պատուենք զինք և կը  մաղթենք իրեն երկար ու առողջ կեանք։ 

Փրօֆ. Յովհաննիսեան ստացաւ «Պոլսահայ Միութեան «Վահագն Տատրեան  Ուսումնական Ցեղասպանութեան Շքանշանը 2022» ձեռամբ՝ Տոքթ. Մուրատ  Քէօշքէրի: 

Շնորհաւորանքներով եւ աղօթքով ու Պոլսահայ Միութեան հանդէպ  գնահատանքի խօսքերով փակուեցաւ գիշերը: 

Ձեռնարկի աւարտին տեղի խմբային լուսանկարչական պահ, որուն  յաջորդեց պատշաճ հիւրասիրութիւն ուր ներկաները իրար հետ ունեցան մտերմիկ  զրոյցի պահեր:  

Նշենք թէ Նիւ Եորքի մէջ մահացած Միջազգային հեղինակութիւն վայելող  Փրօֆ. Վահագն Տատրեանի աճիւնը տեղափոխուած է Հայաստանի  Հանրապետութիւն:

Post a comment