No comments yet

ՑԵՂԱՍՊԱՆԱԳԷՏ ՎԱՀԱԳՆ ՏԱՏՐԵԱՆԻ ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ եւ ՉՈՐՐՈՐԴ ՇՔԱՆՇԱՆԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ

……

..

 

 …

IMG-20240825-WA0010

 Event Photo Album ( Click)

.

.

..

.

 Vahakn Dadrian 2024  (full Event Video)

2

 

 

ՑԵՂԱՍՊԱՆԱԳԷՏ ՎԱՀԱԳՆ ՏԱՏՐԵԱՆԻ ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ եւ ՉՈՐՐՈՐԴ ՇՔԱՆՇԱՆԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ

ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ

 

Գրի առաւ՝  Մարիէթ Օհանէս

 

               Կիրակի, Օգոստոս 25, 2024ին, Պոլսահայ Միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ յուշ երեկոյ եւ հոգեհանգիստ, հանգուցեալ Ցեղասպանագէտ Փրօֆ. Վահագն Տատրեանի մահուան հինգերորդ տարելիցին առթիւ, մասնակցութեամբ Արարատ Տան էսքիճեան Թանգարանի, «Նոր Սերունդ», «Համազգային», «Իրանահայ», «Իրաքահայ» միութիւններու, Ազգային Հայկական ուսումնասիրութիւններու եւ հետազօտութիւններու ընկերակցութեան (NAASR), «Խոստում»  Հայկական Հիմնարկի» (PAI) եւ «Թէքէեան» մշակութային միութեան:

          Բացման խօսքը կատարեց Մշակութային Յանձնախումբի ատենապետ եւ Միութեան հոգաբարձու՝ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան, որ բոլոր մասնակից քոյր միութիւններուն, կազմակերպիչներուն, Պոլսահայ Միութեան նախկին ատենապետներուն եւ վարչականներուն, մամլոյ ներկայացուցիչներուն եւ այլ հիւրերուն շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ու ներկաները ողջունելէ ետք, հրաւիրեց բոլորը յոտնկայս վայրկեան մը յարգանքի տուրք մատուցանելու հանգուցեալ Փրօֆ. Տատրեանի ի յիշատակ, ապա հրաւիրեց Հոգեւորականաց դասը՝ առաջնորդութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի ներկայացուցիչ՝ Տ. Յարութիւն Քհնյ. Թաշճեանի ինչպէս նաեւ Գեղամ Արք. Խաչերեանի ներկայացուցիչ՝ Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեանի, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարելու եւ օրհնելու յիշատակի համար պատրաստուած հրուշակը:  

          Երգուեցաւ Տէրունական աղօթքը, որմէ ետք ամպիոն հրաւիրուեցաւ օրուան հանդիսավար՝ Մանուկ Սուրէն Աւետիքեանը, զաւակը՝ Միութեան Հոգաբարձու եւ Մշակութային Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Յովհաննէս եւ Սեդա Գուլակ Աւետիքեանի: Նշենք թէ Մանուկ Աւետիքեան շրջանաւարտ է Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանէն: Ան Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանէն ստացած է Մագիստրոսի կոչում եւ աշխատած է Երեւանի Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ եւ հայկական թերթերուն մէջ: Նշենք թէ Մանուկ Աւետիքեան նախապէս աշխատած է “Shoah” «Շօա» Հիմնարկին Մէջ Գտնուող Ցեղասպանութեան Վկայութիւններու որպէս Ցանկագրող:

Ներկայիս կ՛աշխատի “USC” «Գալիֆորնիայի պատմութիւնը հայկական փորձառութիւններու միջոցով» բանաւոր պատմութեան նախագծի և «Իմ հայկական պատմութիւնը» բանաւոր պատմութեան նախաձեռնութեան մէջ:

          Հանդիսավարը բարի գալուստ մաղթեց հանգուցեալ Փրօֆ. Տատրեանի հինգերորդ  տարելիցին  առթիւ բոլորին ներկայութեան համար: Ան իր խօսքին մէջ  անդրադարձաւ ըսելով թէ՝ «Ասիկա իրադարձութիւն մըն է, որ կը փորձէ առաջ մղել Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը հասարակական և քաղաքականապէս ընդունուած ճշմարտութիւն դարձնելու ժառանգութիւնն ու կեանքի առաքելութիւնը և զարգացնել Հայոց Ցեղասպանութեան գիտական ​​դաշտը:

Կարևոր է նշել, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ ծնած եւ հայկական դպրոցներուն մէջ ուսանած հայը, որ բարձրագոյն կրթութիւն ստացած է Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ, շատ յարմար էր ըլլալ Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան կնքահայրերէն մին՝ հաշուի առնելով իր իմացած լեզուները և  հասակ առած ըլլալով  յետցեղասպանական շրջանակի մէջ:

          Ան բեղմնաւոր դարձաւ իր բազմաթիւ հրապարակումներով և օգնեց ճանապարհ հարթել Փրօֆ. Րիչըրտ Յովհաննիսեանի հետ նոր գիտնականներու սերունդի համար, որոնցմէ ամենակարևորն էր անոր նուիրուած ուսանող՝ Փրօֆ. Թանէր Աքչամը»:

          Ապա հանդիսավարը երեք յաջողակ կանանց ներկայացուց խօսիլ, ընթերցելով առաջին զեկուցող՝ Արարատ Տան Էսքիճեան թանգարանի երակարամեայ եւ անխոնջ տնօրէնուհի՝ Մէկի Մանկասարեան Կօշինի հակիրճ կենսագրականը ու հրաւիրեց զայն իր խօսքը փոխանցել:

          Մէկի Մանկասարեան Կօշին շնորհակալութիւն յայտնեց Պոլսահայ Միութեան, ինչպէս նաեւ բոլոր կազմակերպութիւններուն, որոնք մասնակցեցան այս միջոցառմանը։

          Տկն. Մանկասարեան սահիկներու ցուցադրութեամբ խօսեցաւ Փրօֆ. Տատրեանի դասախօսութիւններուն, անոր ակադեմական կեանքին, մատենադարանին, հրատարակչութիւններուն, գեղանկարչութիւններուն եւ ընտանեկան պատկերներուն մասին:

Նաեւ՝ գիւղին մասին, ուրկէ եկած է Տատրեանի ընտանիքը։ Տ. Կօշին, գիտակցելէ ետք թէ Տատրեան ոչ միայն կրած էր իր ընտանիքի սպին ու վէրքերը այլ՝, նաեւ  մեր ժողովուրդին, հետեւաբար, անոր տարբեր հայեացքով դիտած էր, ոչ թէ որպէս գիտնական, այլ՝ որպէս անհատ, այ՛ս էր Մանկասարեանի եզրակացութիւնը։

          Զումով միացաւ  նաեւ Դոկտ. Աննա Ալեքսանեանը որ շնորհակալութիւն յայտնեց Պոլսահայ Միութեան, ՄԷկի Մանկասարեան Կօշինին, այս միջոցառման իրեն մասնակից դարձնելնուն համար:

Դոկտ. Ալեքսանեան խօսեցաւ Փրօֆ. Տատրեանի արխիւին բովանդակութեան, կատարած ուսումնասիրութեան եւ ժամանակագրութեան մասին, թէ ինչպիսի նիւթեր կը պարունակէ ան եւ բնականաբար  արխիւին լեզուին մասին, յայտնելով թէ արխիւը հարուստ է բովանդակութեան եւ ժամանակագրութեան իմաստով: Ինչու՞, որովհետեւ Վահագն Տատրեանը նախ առաջին հայազգի ուսումնասիրող գիտնականներէն էր որ ակադեմական մակարդակով կատարեց եւ որ փորձեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը միւս բոլոր Ցեղասպանութիւններուն կողքին հիմքը դնելով համեմատական ցեղասպանագիտութեան: Փրօֆ. Տատրեանը այսպիսով բացի այս կարեւոր հարցէն, ուրիշ կարեւոր նորամտութիւն մըն ալ ըրած էր: Ան Հայոց Ցեղասպանութիւնը տեսաւ եւ ըստ իրեն՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ոչ միայն 1915-1918 թուականի իրադարձութիւններէն էր,  այլ՝ տեսնելով զայն որպէս  գործընթաց եւ ոչ միայն իրադարձութիւն: Դասախօսուհին յայտնեց նաեւ թէ չորրորդ թղթապանակին մէջ կան նիւթեր օսմանական փաստաթուղթերու մասին որ թարգմանուած են անգլերէնի եւ կը պարունակեն Ապտիւլ Համիտի հրամաններուն մասին: Վահագն Տատրեան հսկայական ժառանգութիւն ձգած է մեզի որ այսօր ֆիզիքապէս կը գտնուի Արարատ Տան էսքիճեան թանգարանի մէջ եւ շնորհիւ Փրօֆ. Թանէր Աքչամի, Խոստում Հիմնարկի եւ Արարատ Տան ջանքերուն, պէտք է հասանելի դառնայ բոլորին եւ ըլլայ համացանցի հարթակին մէջ:

          Յաջորդ բանախօսն էր Դոկտ. Լուսինէ Սահակեանը որուն հակիրճ կենսագրականը ընթերցուելէ ետք միացաւ ան ներկաներուն՝ Զումի վրայ:

          Դոկտ. Սահակեան մեծ պատիւ եւ շատ պարտաւորեալ համարեց ինքզինք ըլլալ այդ օրուան բանախօսներուն կարգին, մեծանուն գիտնական Փրօֆ. Տատրեանի յիշատակը ոգեկոչելու: Ան յայտնեց թէ շատ կարեւոր է մշտապէս վառ պահել մեծանուն գիտնականի յիշատակը եւ սերունդներուն փոխանցել անոր թողած գիտական վաստակը: Վահագն Տատրեանն էր որ հարթեց գիտական բարդ մայրուղի մը որուն արահետներով շարունակեցին եւ կը շարունակեն իրենց ուսումնասիրութիւնները մերօրեայ շատ գիտնականներ: Դոկտ. Սահակեան համառօտ կերպով անդրադարձաւ Վահագն Տատրեանի գիտական գործունէութեանցը զայն բնութագրելով որպէս իրական առասպել: Տատրեան աշխատակցած էր հետազօտութիւններու, վաւերագրերու, նոր մեթոտաբանութեան, միջազգային իրաւունքի  զոհագիտութեան, ոճրագիտութեան տեսանկիւններու մէջ: Հասարակագիտութեան, դասախօսական աշխատանքի կողքին, իր կատարած ոււսումնասիրութիւնները, Լոնտոնի, Փարիզի, Պերռնի, Պոնի եւ Վիեննայի պետական արխիւներուն մէջ կը գտնուին: Նաեւ, Տատրեան քսան տարի դասախօսութիւններ տուած է Միացեալ Նահանգներու համալսարաններու մէջ,  Հոգեբանութեան, Հասարակագիտութեան Քրէագիտութեան եւ այլ նիւթերու մասին, ներկայացնելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը որպէս պետական ոճիր: Դոկտ. Սահակեան շեշտեց թէ անգնահատելի է Տատրեանի ներդրումը Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւններու նկատմամբ: Տատրեանի ուսման արգասիքն է այն բազմաթիւ գիրքերն ու ուսումնասիրութիւնները, հիմնական փաստարկումերով եւ մաթեմաթիքական ճշգրիտ մտածողութեամբ որոնք նոր որակ հայթայթեցին եւ բարձրացուցին Հայոց Ցեղասպանութեան գիտական ուսումնասիրութեանը: Իր վերջին խօսքով, Դոկտ. Սահակեան յայտնեց թէ՝ իրեն համար մեծ պատիւ է արժանանալ այս շքանշանին խոնարհելով անոր յիշատակին: Երախտագիտական խօսքերով հանդէպ Պոլսահայ Միութեան կազմակերպիչներուն՝ ան փակեց իր խօսքը:

          Ժամը հասաւ մետալի տուչութեան, հրաւիրուեցան, Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան, Միութեան նախկին Ատենապետ ներկայ Ընդհանուր Ժողովի ատենապետ՝ Սիմոն Աճըիլաչ, Գործադիր Յանձնախումբի քարտուղար՝ Սերժ Պուլանըքեան եւ Մշակութային Յանձնախումբի փոխ ատենապետ՝ Կարպիս Սարաֆեան, Միութեան նախկին ատենապետներէն՝ Տոքթ. Արթօ Էրսան Խաչերեան եւ ու հանդիսավարը, որպէսզի կատարեն շքանշանի տուչութիւնը:

           «Վահագն Տատրեան Ուսումնական Ցեղասպանութեան Շքանշանը 2024» ձեռամբ՝  Սիմոն Աճըիլաչի յանձնուեցաւ Մէկի Մանկասարեան Կօշինին, որ իր կարգին պիտի ուղարկէ Մայր Հայրենիք՝ յաձնուելու համար Դոկտ. Լուսինէ Սահակեանին:

          Շնորհաւորանքներով եւ աղօթքով ու Պոլսահայ Միութեան հանդէպ գնահատանքի խօսքերով փակուեցաւ գիշերը:

          Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ խմբային լուսանկարչական պահ, որուն յաջորդեց պատշաճ հիւրասիրութիւն ուր ներկաները իրար հետ ունեցան մտերմիկ զրոյցի պահեր:

          Նշենք թէ Նիւ Եորքի մէջ մահացած Միջազգային հեղինակութիւն վայելող Փրօֆ. Վահագն Տատրեանի աճիւնը տեղափոխուած է Հայաստանի Հանրապետութիւն:

 

ՓՐՕՖ. Վահագն Տատրեան

               93 տարեկանին կեանքէն հեռացած է ամերիկահայ հանրածանօթ գիտնական, իրաւագէտ, պատմաբան, ընկերաբան, 

մաթեմաթիքոս,  ընկերաբանութեան դոկտոր, փրոֆէսըր, ՀՀ ԳԱԱ պատուաւոր դոկտոր, ՀՀ ԳԱԱ արտասահմանեան անդամ, Հայոց Ցեղասպանութեան պատմաբան եւ Զօրեան հաստատութեան Ցեղասպանութեան ուսումնասիրման գծով տնօրէն՝ Վահագն Տատրեանը (Vahakn Dadrian)։ Այս մասին, ըստ Armenpress. am-ի, կը տեղեկացնէ gagrule.net-ը։ Վահագն            Տատրեան ծնած էր 1926-ին Պոլիս։ Աւարտած էր Պեռլինի համալսարանի մաթեմաթիքայի, Վիեննայի համալսարանի պատմութեան եւ Ցիւրիխ համալսարանի միջազգային իրաւունքի բաժանմունքները։ 1970-1991թթ. ընկերաբանութիւն դասաւանդած էր Նիւ Եորքի համալսարանին մէջ, միաժամանակ՝ եղած էր Հարվըրտի համալսարանի  միջին Արեւելքի ուսումնասիրութիւններու եւ Մասսաչուսէթսի Արհեստագիտութեան միջազգային ուսումնասիրութիւններու կեդրոններու աւագ գիտաշխատող։ 1990-ականներուն եղած էր Հ. Ֆ. Գուգենհայմի ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւններու ծրագրի տնօրէն։ 1991-էն Զօրեան ուսումնարանի  (Թորոնթօ եւ Քէմպրիճ) ցեղասպանութեան հետազօտութիւններու ծրագրի գիտական տնօրէնն էր։

            Տատրեան համեմատական ցեղասպանագիտութեան հիմնադիրներէն էր։ Յատկապէս արժէքաւոր են« Հայկական Ցեղասպանութիւնը խորհրդային եւ պատմագիտական քննարկումներով (հայերէն, 1995), Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ գերմանական պատասխանատուութիւնը։ Պատմական ապացոյցի ստուգաբանութիւն (անգլերէն, 1996), Ցեղասպանութեան երաշխիքը։ Թուրքհայկական հակամարտութեան գլխաւոր բաղադրատարրեր (անգլերէն, 1998) մենագրութիւնները։ Միջազգային իրաւունքի ծիրէն ներս Հայոց Ցեղասպանութեան վերլուծութեան նուիրուած էր Ցեղասպանութիւնը որպէս ազգային եւ միջազգային իրաւունքի հիմնահարց։ Հայկական հարցը Առաջին աշխարհամարտի տարիներուն եւ անոր նկատմամբ ժամանակակից իրաւական վերաբերմունքը (անգլերէն, 1989) աշխատութիւնը։ Վահագն Տատրեան պարգեւատրուած էր ՀՀ Մովսէս Խորենացիի մետալով, Վերիտաս ոսկէ մետալով (Հարվըրտի համալսարան), Ռուսիոյ հայերու միութեան ոսկէ մետալով, ՀՀ ԳԱԱ ոսկէ յուշամետալով, Իտալիոյ« Ճշմարիտները հայերու համար կոմիտէի Ֆրիտէոֆ Նանսէնի ոսկէ յուշամետալով (Ցեղասպանագէտ գիտնականներու միջազգային ընկերակցութիւն), Սուրբ Սահակ Սուրբ Մաշտոց մետալով, ՀՀ նախագահի ոսկէ մետալով։

Դոկտ. ԼՈՒՍԻՆԷ ՍԱՀԱԿԵԱՆ

            Լուսինէ Սահակեանը ԵՊՀ արևելագիտութեան հիմնարկի թրքագիտութեան ամպիոնի օգնական Փրօֆ. է (Associate Professor of Turkish Studies), բանասիրական գիտ. թեկնածու (Ph.D in Philology)։ Միաժամանակ 2008թ-էն ԵՊՀ հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի հայ-օսմանական առնչութիւններու բաժնի վարիչ։ 1996թ. աշխատած է ԵՊՀ արևելագիտութեան հիմնարկի թրքագիտութեան ամպիոնին՝ 2006թ.-էն որպէս օգնական Փրօֆ.։ Կը դասաւանդէ ժամանակակից թրքերէն, թրքերէնի տեսական քերականութիւն, թուրք գրականութեան առարկաները, նոյն ամպիոնի Մագիստրոսին մէջ, վարած է “Թրքական աղբիւրագիտութեան և պատմագրութեան հիմնահարցեր”, “Օսմանեան կայսրութեան էթնոքաղաքականութիւնը”, “Տեղանուններու թրքացման քաղաքականութիւնը Օսմանեան կայսրութեան և հանրապետական Թուրքիոյ մէջ” յատուկ դասընթացքները։ Ունի շարք մը գիտական հրապարակումներ՝ նուիրուած Հայաստանի պատմական ժողովրդագրութեանը, հայկական տեղանուններու ուսումնասիրութեանը և  համշէնահայերու պատմութեանը։

            2010-2012թթ. Թուրքիոյ Ռիզէ և Արտուին նահանգներու համշէնցիներու բնակավայրերուն մէջ իրականացած դաշտային աշխատանքներու նիւթերու հիման վրայ պատրաստած է «Համշէնը անցեալի և ներկայի  խաչմերուկներուն մէջ» գիտահանրամատչելի վաւերագրական ֆիլմը հայերէն, անգլերէն և ռուսերէն լեզուներով։ Ֆիլմը կը պատմէ իսլամացած համշէնցիներու ներկայ սերունդի կեանքը, կենցաղն ու սովորութիւնները, կը ներկայացնէ անոնց մշակոյթը, դրուագներ խոհանոցէն և հաւատալիքներէն, լեզուական վիճակն ու քաղաքական դիրքորոշումները։ Հեղինակը ֆիլմին մէջ կ՛անդրադառնայ Համշէնի հայկական իշխանութեան պատմութեան։ 2012թ. ֆիլմը Հալիուտի «Արփա» միջազգային կինոփառատօնին արժանացած է «Արմին Ուակնըրի» անուան Մարդասիրական գլխաւոր մրցանակին։ 2013թ. ֆիլմը ցուցադրուած է «Ոսկէ Ծիրան» կինոփառատօնին, 2014 թ.՝ Նիու Եորքի Socially Relevant Film Festival-ին։ 2016թ. նոյն ֆիլմի համար ստացած է Խրիմի հայ համայնքի սահմանած «Այվազովսկիի անուան շքանշան», ինչպէս նաև Սոչիի հայերու միութեան պատուոգրեր։ Ֆիլմը ցուցադրուած է Երևանի մէջ, Գանատայի՝ Թորոնթօ, Մոնրէալ, Պէյրութի, Երուսաղէմի, Մոսկուայի, Բիթըրսպուրկի, Գրասնոտարի երկրամասի, Տոնի-Ռոստովի հայ համայնքներուն մէջ:

            Փրօֆ. Լուսինէ Սահակեանը դասախօսութիւններով և զեկուցումներով հանդէս եկած է ինչպէս շարք մը միջազգային գիտաժողովներով, այնպէս ալ Սփիւռքի մէջ՝ Պէյրութ, Թեհրան, Երուսաղէմ, Մոսկուա, Փարիզ, Թորոնթօ, Մոնրէալ, Լոս Անճէլըս, Բիթըրսպուրկ, Սոչի, Տոնի-Ռոստով:

 Դոկտ. Աննա Ալեքսանեանը

Դոկտ. Աննա Ալեքսանեանը ստացած  է Ph.D.ն Գլարք համալսարանի Հոլոքոսթի և ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւններու Սթրասլեր կեդրոնէն (պատմութեան բաժին): Անոր աշխատանքը կ՛ուսումնասիրէ Հայոց ցեղասպանութեան երկու սեռերու տեսակէտերը անոր զոհ դարձած կանանց փորձառութիւններուն մէջ (1914-1918): Ան եօթը տարի աշխատած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ՝ որպէս գիտաշխատող։

Ալեքսանեանը ստացած է Bachelor և մագիստրոսի կոչում Երևանի պետական ​​համալսարանի պատմութեան մէջ: 2019 թուականի աշունէն մինչև 2022 թուականի աշունը, աշխատած է Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին մէջ ո

ՄԷԿԻ ՄԱՆԿԱՍԱՐԵԱՆ ԿՕՇԻՆ

         Ծնած է Պէյրութ-Լիբանան: Նախնական ուսումը ստացած է Սրբուհի Շուշան (Սուզան) Կաթողիկէ Քոյրերու վարժարանը, ապա յաճախած է Անգլիական բարձրագոյն վարժարաններէն մին՝ British Council School.

          1974ին, ընտանեօք կը գաղթեն ԱՄՆ: Ան ընդունուած է  UCLA  ուսանելու Պատմութիւն եւ քովնտի ըլլալով ալ հնագիտութիւն: Սակայն յետոյ շրջանաւարտ եղած է CSUNէն, Պսակաւոր Արուեստից տիտղոսով (BA):  1984ին:

          Մէկիին սէրն ու փափաքն էր Պատմագէտ ըլլալ եւ հասնիլ իր ազգին արմատներուն, այս երազով ան հասաւ Արարատ Էսքիճեան Թանգարան՝ Միշըն Հիլզ:

          Իր անհամար ժամերը նուիրելով թանգարանի առաքելութեան եւ բարգաւաճման, Էսքիճեան ընտանիքը իրեն ընդունեց որպէս պատասխանատու Տնօրէնուհի Էսքիճեան թանգարանին: Ան 26 տարիներէ ի վեր հաւատարմօրէն կ՛աշխատի շարունակաբար մինչեւ այսօր:

          Ան 380է աւելի հայկական նշանակալից եւ պատշաճ ծրագիրներ կազմակերպած եւ իրականացուցած է հայ գաղութին համար: Նոյնպէս հիւրընկալելով դասախօսները իր տան մէջ, խնայելու համար թանգարանի ծախսերը: Կազմակերպելով դասախօսութիւններ, բանակցութիւններ եւ ներկայացումներ, վաւերագրական տուեալներ եւ միշտ որոնել հազուագիւտ հայերէն գիրքեր, արհեստի եւ արուեստի գործեր, անոնցմէ մեծ մասը ցուցադրելով: Առաւել օժանդակելով  10է աւելի հրատարակութեանց դրամները նուիրատուներէ ձեռք ձգելով: Նաեւ, թանգարանին գրադարանը ընդարձակելով ապահովեց

բոլոր անձնական գրադարանները  Փրօֆ. Րապըրթ Հիւսըն Prof. Robert Hewsenի եւ Փրօֆ. Վահագն Տատրեանի եւ վերջինին անձնական յիշատակարան (Archive)       յատկացնելով հետազօտիչ գիտնականներուն:

րպէս յարակից դասախօս։ Հրատարակած է ակադեմական ամսագրերուն մէջ և ոչ ակադեմական հրատարակութիւններուն մէջ՝ հայերէն, անգլերէն, ռուսերէն և թրքերէն լեզուներով։ Ան պատասխանատու էր Գրիգոր Կերկերեան առցանց արխիւի հայալեզու նիւթերու դասակարգման և ցուցակագրման համար: Անոր վերջին յօդուածն է՝ «Անվտանգութեան զոհերը. հայ կանանց և աղջիկներիու ճակատագիրը, որոնք չեն արտաքսուած Տրապիզոնէն», Թոմաս Կիւնէի, Մերի Ճեյն Ռէյնի և Մարք Ա. Մամիկոնեանի, Հայոց ցեղասպանութեան փաստագրումը. , (2023). Ներկայիս Ալեքսանեանը UCLA-ի «Խոստում հայկական հիմնարկին» Հայոց ցեղասպանութեան հետազօտական ​​ծրագրի յետդոկտորանդի ընկերակից է:

..

P R O G R A M 

1

3

2

4

..

Dadrian flyer for Garbis

 

Post a comment