No comments yet

“RoseVart Collection” Exhibit . (Dec 15, 2019)

DSC_0471

DSC_0467

DSC_0469

A unique art exhibit was held at the Organization of Istanbul Armenians on Sunday, December 15th, 2019 at OIA Hrant Dink Lecture Hall. which was organized by OIA Cultural Committee.

ԵԶԱԿԻ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ 

Գրի առաւ՝ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան 

Կիրակի, Դեկտեմբեր 15- 2019ին, կազմակերպութեամբ Պոլսահայ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ եզակի արուեստի ցուցահանդէս՝ Միութեան Հրանդ Տինք դասախօսական սրահին մէջ, ուր ներկայ էին կոկիկ թուով արուեսի սիրահարներ, համակիրներ եւ հիւրեր: 

Միութեան քարտուղարուհի՝ Տկ. Մարիէթ Մ. Օհանէսը պատրաստած էր իւրօրինակ արուեստի կտորներ՝ բաժակներու, մոմերու, ապակեղէններու, օճառներու եւ այլ իրեղէններու վրայ, ուր կը տիրապետէր Հայոց պատմութիւնը, թագաւորները, թագուհիները, հայ մտաւորականները, վանքերը, եկեղեցական սպասները, հայ երաժշտահանները եւ ուրիշներ եւ իւրաքանչիւր կտոր կը բուրէր հայկականութիւն: 

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Միութեան հոգաբարձու եւ Մշակութային Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան, որ դրուատեց Տկ. Մարիէթի տաղանդը եւ անոր արուեստի տարբեր ոճը՝ ապա ընթերցեց անոր հակիրճ կենսագրականը եւ բացատրութիւն տուաւ արուեստի մասին որ կը կոչուէր «Աղքատ մարդուն արուեստը»: 

Տոքթ. Աւետիքեան իր խօսքի աւարտին հրաւիրեց Մարիէթի կողակիցը՝ Պետրոս Օհանէսը որ անգլերէն լեզուով բացատրութիւն տուաւ արուեստին ծագման մասին: 

Ապա խօսք առաւ Տկ. Մարիէթ, շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն եւ բոլոր նեցուկ կանգնողներուն: Ես բաւարար բառեր չունիմ շնորհակալութիւն յայտնելու Պոլսահայ Միութեան՝ այն առիթին համար, որ ինձ ընծայեց, ըսաւ Մարիէթ: «Rosevart» հաւաքածոս արուեստի առաջին մեծ իրադարձութիւնն է, եւ ես անկեղծօրէն պատրաստ չէի այն տաքուկ ընդունելութեանը, որ ստացաւ իմ արուեստը»: 

Ձեռնարկի աւարտին արուեստագիտուհին ծաղկեփունջեր ստացաւ նաեւ բլաքէթ մը Մշակութային Յանձնախումբին կողմէ, առ ի գնահատանք իր եզակի արուեստի գործերուն: 

Full Photo Album 

“RoseVart Collection” (photo Album)

“RoseVart Collection” Exhibit Opening Ceremony. (Video)

RoseVart Collection (Video)

 

DSC_0591

.

DSC_0589

 

 

 

.

.

 

 

 

.

 


Post a comment