No comments yet

OIA Thanksgiving 2018

 

ԳՈՀԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ  ԸՆԹՐԻՔ ԵՒ ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ  ԵՐԵԿՈՅ

Գրի առաւ՝  Մարիէթ Օհանէս

Գոհաբանութեան օրը լրիւ օր մը անցընելու համար է, գոհութիւն յայտնելու մեր ունեցածին եւ սիրելի անձերուն:

Ամէն տարի, այս յատուկ օրին, Պոլսահայ Միութեան Հոգաբարձութիւնը երախտագիտութիւն յայտնելու առիթը կ՛ունենայ իր ծառայասէր անդամներուն, միաժամանակ վերյիշելով Միութեան պատմական արմատները:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2018ի գիշերը, Միութեան Գրիգոր եւ Աւետ Քիւրքչիւօղլու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական «Գոհաբանութեան Ընթրիք»ը ուր ներկայ էին շուրջ 80 անդամներ:

Բացման խօսքը կատարեց Միութեան Գործադիր Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Մարք Քէօշքէր, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին իրենց օժանդակութեան եւ նեցուկ կանգնած ըլլալնուն համար ամբողջ տարուան ընթացքին, որ կարելի դարձուց Միութեան համար յառաջացնելու ընկերային, մշակութային եւ կրթական ծրագիրները մեր համայնքին մէջ, մեր յաջորդ սերունդներուն համար:

     Շնորհակալութիւն յայտնեց Միութեան Հաշուապահ եւ սրահներու պատասխանատու՝ Տիար Եղիա Քէօսէին, Քարտուղարուհի Մարիէթ Օհանէսին եւ մաքրութեան պատասխանատու Րընէ Վալլատէրէզին իրենց աշխատանքներուն համար: Բարի վայելումի մաղթանքով ան փակեց իր սրտի խօսքը:

Ապա ամպիոն հրաւիրուեցաւ Միութեան Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Իրաւաբան Էտվին Մինասեան որ իր խօսքին մէջ արտայայտուեցաւ որ ամէն տարի կը մեծարենք բոլոր անոնք որոնք կամաւոր աշխատանք տարած են ի նպաստ Միութեան, այս տարի մեծարուեցան Տիկնանց Յանձնախումբէն՝ Մայրենի Չամ, Պայծառ Այնաճեան, Օսան Հալըճը, Էսայեան Սանուց Յանձնախումբի ատենապետուհի՝ Իլտա Շաքարեան, Միութեան Հոգաբարձութեան Հաշիւներու վերահսկիչ՝ Հերման Եայլաօղլու եւ Հաշուեքննիչ Մարմնի անդամ՝ Արման Էքմէքճի: Հետեւեալ ամեծարեալները չի կրցան միանալ մեզի ճաշկերոյթի ընթացքին, անոնք իրենց զարդասեղները պիտի ստանան շատ մօտիկ ապագային՝ Լիւսի Իզմիթլիեան, Վիլմա Իշխանեան, Լեռնա Գարաթաշ, Տիանա Թորոսեան, Այգ Թաշճը եւ Արի Տէմիրճեան:

Ներկայ էր Էսայեան Վարժարանի նախկին Տնօրէնուհի եւ ուսուցչուհի ՝ Տիկին Աննա Գավաֆեան:

Ներկաները ճաշակեցին համադամ ճաշերը մեղմիկ մեղեդիներու ընկերակցութեամբ:

       Ներկաները մեկնեցան, իրենց հոգիներուն մէջ դրոշմուած մնալով թէ տալու ամենագեղեցիկ եւ ամենավեհանձն ձեւը ինքզինք անձնուրացութեամբ տալն է հոգիի, մտքի եւ սրտի կալուածներուն ընդմէջէն:

Բոլորին վարձքը կատար:

ORGANIZATION OF ISTANBUL ARMENIANS

THANKSGIVING and APPRECIATION DINNER NIGHT

By  Mariette  Okhanes

During the Thanksgiving Holiday, the Board of Trustees hosts a traditional reception to express its gratitude and thanks to its past presidents, fund sponsors, major donors, Board and committee members, and the active and honorary members of the organization. This annual tradition not only creates an opportunity for all the devoted members of the organization to get together, but also is an opportunity to reflect on the past and to kick off the upcoming festive season.

On Thursday, November 29th, 2018, OIA’s annual Thanksgiving Dinner was held at “Krikor & Aved Kurkcuoglu” Hall with the attendance of 80 people.

OIA Executive Committee President Dr. Mark Kosker was invited to the podium who expressed his happiness for everyone‘s presence, thanked all the past presidents, donors, fund sponsors and all the chairs and members of OIA committees for their trust, dedication and hard work for the advancement of the organization.

He thanked OIA accountant and Hall manager, Mr. Yeghia Kose, Secretary Mariette Okhanes, and Rene Valladerez for their hard work.

Present was Esayan School’s former Principal and Teacher in Istanbul, Ms. Anna Kavafyan.

OIA Board of Trustees Chairman Edvin Minassian, Esq., announced the names of the following members who have served the OIA for 10 years and called them to receive their pins. OIA Ladies Auxiliary Committee, Ms. Bayzar Aynaciyan, Ms. Mayreni Cam, Mrs. Osan Halici. OIA Esayan Alumni Committee’s Chairlady Ilda Shakarian, Board of Trustees Comptroller Herman Yaylaoglu, and Audit Council member Arman Ekmekci. The following honorees were unable to join us during the dinner and will be presented their pins in the very near future; Mrs. Lucy Izmitliyan, Mrs. Vilma Ishanyan, Mrs. Lerna Karatas, Mrs. Diana Torosian, Mr. Ayk Tasci and Mr. Ari Demirjian).

The attendees tasted the delicious meals and listened to the soft melodies.

   It was a successful night filled with joy, good conversation and it was great to see everyone and share their accomplishments.


 

 

Post a comment