No comments yet

OIA Family Night

 


.

ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԵՒ ՏԻԿՆԱՆՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾՈՒՐԲԱԹ ԳԻՇԵՐՈՒԱՆ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ԳԻՇԵՐՈՒԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹԸ ՄԵԾ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ ԷՐ
Գրի առաւ՝  Մարիէթ Օհանէս
Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց որոնք ներկայ գտնուեցան Պոլսահայ Միութեան Մշակութային եւ Տիկնանց Յանձնախումբերու կազմակերպած ընտանեկան առաջին գիշերուան հաւաքոյթին, «ԳԸՆԱԼԸ ԳԸՆԱԼԸ» տեսաժապաւէնի ցուցադրութեամբ, որ մեծ յաջողութիւն արձանագրեց, Ուրբաթ, Յուլիս 13, 2018ին, Միութեան «Գուրեան տանիքը»: Մօտ  120 անձեր ներկայ էին եւ վայելեցին սոյն գիշերն ու տեսաժապաւէնը:Ձեռնարկը սկսաւ ներկաները իրար հետ զրոյցներով, ապա սկսաւ ճաշի սպասարկումը: Բոլորը  վայելեցին «Քէօֆթէ»ի խորովածի սէնտուիչները, լուբիայի աղցանն ու «Popcorn»ը, «Pretzel»ն  ու «Chips»ը սոտայով ու գարեջուրով եւ համեղ ձմերուկով:Ներկաներէն մաս մը զբաղ մնացին նարտի եւ խաղաթուղթի խաղերով, իսկ մաս մըն ալ դիտեցին տեսաժապաւէնը որ առնուած էր թատերախաղէ մը, ան կը պատմէր երկու դասընկերներու մասին, մին աղջիկ, իսկ միւսը՝ մանչ, որոնք դպրոցը աւարտելով, աղջիկը կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ իսկ մանչը կը մնայ Պոլիս: Ամերիկա մեկնող երիտասարդուհին կը ծանօթանայ Հնդկաստանէն երիտասարդի մը եւ կ՛որոշեն կարգուիլ: Ընտանիքը դէմ կը կենայ սոյն ամուսնութեան եւ զինք առնելով կը վերադարձնէ Գընալը ու կ՛ամուսնացնէ  հայորդիի մը հետ: Տեսաժապաւէնին բարոյական պատգամը այն է թէ, Հայու հոգին է ճշմարտութեան օրրանը, Հայ օճախն է հիմնասիւնը Հայ կեանքին եւ ծնողներն են Հայ համայնքի գործօն ներկայացուցիչները:

Տեսաժապաւէնը խառնուած հիւմըրով եւ խնդուքով, ծիծաղաշարժ պահեր առթեց հանդիսատեսներուն:

Գընալը (Յունարէն, Բլաթէ, Բրոթի) առաջին կղզին է Մարմարայի ծովուն մէջ գտնուող: Ան դրացի է Պոլսոյ Արքայական կղզիներուն մօտ 12 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ (7 մղոն) դէպի հարաւ:

Գընալը կը նշանակէ «Հիննա կղզին» թրքերէնով, քանի որ հողը հսկայական գոյն ունի երկաթէն եւ պղինձէն, որ հանքավայրէն հանուած է: Սա Արքայական կղզիներուն ամենափոքր անտառներէն մէկն է:

Բիւզանդացիներն ու Օսմանեան յոյները «Բրոթի» անուանած են, եւ իրենք եւ իրենց հայկական դրացիները կղզիին վրայ կառուցած են Օսմանեան-Վիքթորեըն ամառանոցներ, որոնցմէ շատերը կը գոյատեւեն մի քանի եկեղեցիներով:

Նշենք թէ Գընալըի մէջ մենք ունինք եկեղեցի եւ կազդուրման կայան ուր աշակերտները ամառնային ճամբարի կ՛երթան:

Գընալը «ատա»ն կղզին, իշխանի կղզիներուն ամենափոքրը, Պոլսոյ ծաղիկը, կը գրաւէ ձեզ փոքրիկ երեխայի մը քաղցրութեամբ:

Ձեռնարկի Աւարտին Մշակութային Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկին օգնող անդամ եւ համակիրներուն, Տեարք՝ Պերճ Կայտային, Եղիա Քէօսէին, Ստեփան Հալըճըին, Մինաս Իւրնէշլիին եւ Տկ. Մարիէթ Օհաննէսին, նոյնպէս Տիկնանց Յանձնախումբի  «ՈՍԿԻ ՁԵՌՔԵՐ»ուն  Ատենապետութեամբ  Տիկ. Թալին Եայլաօղլուին:

 

Լիայոյս ենք տեսնել ձեզ մեր յաջորդ ընտանեկան ձեռնարկին: Իսկապէս որ յաջող գիշեր մըն էր զոր առանց Միութեան անդամներուն եւ համակիրներուն պիտի չկարենայինք յաջողութեամբ պսակել:

.

 

 

OIA CULTURAL AND LADIES AUXILIARY COMMITTEES’

FRIDAY  FAMILY AND MOVIE NIGHT

A GREAT SUCCESS!

By Mariette Okhanes

Thank you to all those who came out to Organization of Istanbul Armenians Cultural and Ladies Auxiliary Committees’ first Family Dinner night along with the screening of outdoor movie “KINALI KINALI” at “Kurian Terrace”, last Friday night July, 13th! About 120 people enjoyed the movie.

The event started with the guests mingling with each other until the BBQ service started. Everyone seemed to really enjoy the delicious bbqued “Kofte” sandwiches and the “Bean salad” as well as the popcorn, pretzels and chips were served along with the sodas, beer and the tasty watermelon. Some of the guests enjoyed the “Tavloo” and cards games, while others watched the film which was adapted from a play, and tells the story of a boy and a girl who were classmates in school. Upon graduation, the girl travels to America while the boy remains in Istanbul. She meets a guy from India and they make plans to get married. The girl’s family stands against this marriage plan and they manage to bring her back to Istanbul, specifically to Kinali Island and marry her off to an Armenian guy.

The moral of the story is that the Armenian Soul and the Armenian family are the cradle and the foundation of life where parents represent the Armenian nation at large. The film mixed with humor and laughter, provided hilarious moments to the audience.

Kınalıada (Armenian: Գնալը կղզի; Greek: Πρώτη, Proti ‘first’) is an island in the Sea of Marmara; it is the closest of the Prince Islands to IstanbulTurkey, lying about 12 kilometres (7 mi) to the south. Administratively, it is a neighborhood in the Adalar district of Istanbul.

Kınalıada means “Henna Island” in Turkish, as the land has a reddish color from the iron and copper that has been mined here. This is one of the least forested of the Prince Islands.

Byzantine and Ottoman Greeks called it Proti, and they and their Armenian neighbors built Ottoman-Victorian summer villas on the island, many of which survive along with several churches. Kınalıada, the smallest of the Prince Islands, the flower of Istanbul, attracts you with the sweetness of a little child.

We would like to mention that in  Kinali  we have  a church and  a recreational station  where the students go to  Summer Camp.

.At the end of the event, OIA Cultural Committee Chairman Dr. Ohannes Kulak Avedikyan thanked the following members and friends who supported and helped to succeed the event, Messrs. Berc Gayda, Yeghia Kose, Istepan Halici, Minas Urnecli, and Mrs. Mariette Okhanes, as well as the Ladies Auxiliary Committee members “The Golden Hands” led by their Chairlady Mrs. Talin Yaylaoglu.  

We hope to see you all next time! It was a great success and we couldn’t have done it without the volunteers of OIA members and friends.

 

Post a comment