No comments yet

ՅԱՋՈՂ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԳԻՇԵՐ ՄԸ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ – Sept. 28, 2022

 

 

 

 

….

ՅԱՋՈՂ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԳԻՇԵՐ ՄԸ

 ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

 

          Գրի  առաւ՝ Մարիէթ Մ. Օհանէս

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2022ին, կազմակերպութեամբ Պոլսահայ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ Ընտանեկան գիշեր մը «Տոլմայի տեսակներով» աղցաններ, «Պէօրէկի» հիւրասիրութեամբ:

Շուրջ 52 հոգիներու ներկայութեամբ մտերմիկ գիշերը ճոխացաւ նաեւ խաղերով, եւ տեղեկատուական լուրերով տոլմայի ծագման մասին: Շնորհակալութիւն բոլոր ներկաներուն:

Նաեւ գլխաւոր ճաշը պատրաստող Տկ. Աղաւնի Թորոսօղլուին:

 

Կը սպասենք բոլորդ մեր յաջորդ ընտանեկան ընթրիքին: «Կեսարիոյ գիշեր» Հոկտեմբեր 25ին Երեքշաբթի:

Գիտելիքներ տոլմայի  մասին:

Փաթոյթ (Սարմա) կոչուած է նաեւ՝ Տոլմա, որ Ուրարտական խոհանոցի յատուկ է: Տոլմա բառը յառաջացած է “տոլի” բառէն, որ կը նշանակէ խաղողի տերեւ։ Սկզբնական շրջանին տոլման փաթթած են խաղողի տերեւով, հետագային կաղամբի, սերկեւիլի, լուբիայի եւ բանջարի տերեւներու մէջ, ինչպես նաեւ լեցուցած են միջուկը հանած բանջարեղէններու ինչպէս՝ դդումիսմբուկիլոլիկի եւ պղպեղի մէջ։ Պասի տոլմայի հիմքը կը հանդիսանար հատեղէնը, առկայ էր նաեւ չիրը: Կը համարուէր տօնածիսական ճաշատեսակ, կը պատրաստուէր գարնանամուտին՝ երկրագործական տարեսկիզբին, օգտագործելով սերմնացու հատեղէններ։

Տոլմայի ճշգրիտ ծագումը յայտնի չէ, սակայն թուրքերը և յոյները անոր ծագումը կը վերագրեն իրենց։ Տոլման յայտնի է  Օսմանեան կայսրութեան ժամանակներէն՝ ի պատիւ սուլթանական խոհանոցի։ Հնարաւոր է՝ տոլման ի յայտ է եկած այդ ժամանակ, բայց նաև հնարաւոր է՝ այն փոխառնուած ըլլայ յունական խոհանոցէն, որ հարուստ է խոհարարական աւանդոյթներով։

Կ՛ըսուի նաեւ թէ իրանցիները տոլման փոխառած են Թուրքիայէն։

Օքսֆորտի համալսարանի տեղեկատուն կը նշէ, որ որոշ մարդկանց կարծիքով՝ տոլման ծագած է որպէս հայկական ուտեստ, իսկ յետոյ անցած է թրքական խոհանոց։ Տոլման պալատական ուտեստ եղած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ։

.

 

 

 

—————————–

Post a comment