Համայնքային շրջանակներէ ներս, վերջերս մեծ յուզում պատճառած էր հանրածանօթ համայնքային գործիչ Եդուարդ Գովանի մահուան լուրը։
Հանգուցեալ Եդուարդ Գովանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ, 2 Յուլիս 2021, Ուրբաթ, ժամը 13.00-ին, Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ, բարձր ներկայութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին Աթոռոյս վեղարաւոր հայրերը, քահանաներ, համայնքային զանազան հաստատութիւններէ ներկայացուցիչներ, որոնք հանգուցեալի յարգանքի տուրք մատուցանելու եւ հանգուցեալի մերձաւոր պարագաներուն ցաւակցելու առաջադրութեամբ արարողութեան կը մասնակցէին։ Արարաղութեան մասնակցեցան Գերպ. Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, Գերպ. Տ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆռաթեան, Մխիթարեան Վանատան հայրերէն Գերպ. Տ. Յակոբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան։ Արարողութեան հանդիսապետեց Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Հանգուցեալի դագաղին մօտ որպէս կեռոնակիր կը կենային իր աշակերտներն ու գործակիցները։
Յընթացս արարողութեան դամբանախօսեց հանդիսապետ Հայր Սուրբը եւ դրուատեց հանգուցեալի համայնքանուէր ծառայութիւնը։ Հայր Սուրբը յայտնեց, թէ՝ հանգուցեալը իրեն տրուած շնորհքները լաւապէս օգտագործած էր յօգուտ համայնքին ու զանազան շրջանակներէ ներս դարձած էր համակրելի անձնաւորութիւն մը։ Առ այդ, իր պատկառելի գործունէութեան, որպէս հետեւանք, շատերուն մօտ ծանօթ դարձած՝ «Գովան Հօճա», այսինքն՝ վարպետ եւ կամ ուսուցիչ անուանումով։ Յատկապէս ծանօթ դարձած էր, Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբի, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդի եւ Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի վարչութեանց անդամակցութեամբ, Մխիթարեան եւ Կեդրոնական վարժարաններու ուսուցչութեամբ մատուցած ծառայութիւններով։ Բաց աստի,իր գործօն ծառայութիւնը մատուցած էր նաեւ Պատրիարքական Աթոռին։ Առ ի գնահատութիւն իր լայնածաւալ գործունէութեան, արժանացած էր Պատրիարքական Աթոռոյ պատուոյ շքանշանին։ Ինք պիտի յիշատակուէր այս օրինակելի ծառայութեան շնորհիւ։
Այս առիթով Պատրիարք Սրբազան Հայրը, «Քրիստոս Որդի Աստուծոյ» աղօթքը արտասանեց հանգուցեալի հոգւոյն խաղաղութեան համար եւ իր վշտակցութիւնը յայտնեց հանգուցեալի կողակցին, զաւկին եւ ընտանեկան պարագաներուն ու գործակիցներուն։
Արարողութեան աւարտին, հանգուցեալի մարմինը փոխադրուեցաւ Պալըքլըյի Ազգային Գերեզմանատունը եւ հողին յանձնուեցաւ ընտանեկան դամբարանին մէջ։
——-
Cemaatimizin tanınmış yüzlerinden Yetvart Kovan’ın vefat haberi geçtiğimiz günlerde cemaatimiz çevrelerinde derin üzüntüye yol açmıştı.
Merhum Yetvart Kovan’ın cenaze töreni, 2 Temmuz 2021, Cuma, saat 13.00’da, Patriklik Katedrali’nde, Kadasetli Patrik Sahak II. Hazretleri’nin yüksek katılımlarıyla gerçekleşti. Törene, Kadasetli Patrik Hazretleri’nin yanı sıra, Patriklik ruhbanları, din görevlileri, çeşitli cemaat vakıflarından temsilciler, Başrahip Vartan Kazancıyan, Başrahip Apraham Fıratyan ve Mıhitaryan Rahipler Topluluğu’ndan Başrahip Hagopos Çopuryan da katıldılar. Töreni Ruhani Meclis Başkanı Başrahip Tatul Anuşyan yönetirken, merhumun öğrencileri ve çalışma arkadaşları tabut çevresinde mum tuttular.
Tören esnasında Başrahip Tatul vaaz verdi ve merhumun cemaatimiz yararına yürütmüş olduğu hizmetleri övdü. Merhuma Tanrı tarafından bahşedilen lütufların, merhum tarafından cemaatimiz yararına en iyi şekilde kullanıldığı ve kendisinin saygınlık kazandığını hatırlattı. Bununla birlikte, saygınlığı ve örnek kişiliğiyle, birçokları tarafından “Kovan Hoca” yani usta veya öğretmen olarak tanındığını belirtti. Merhum özellikle, Lusavoriç Korosu’nda, Beyoğlu S. Yerortutyun Kilisesi Vakfı’nda ve Surp Pırgiç Hastanesi Vakfı’nda üslendiği yönetimsel görevleriyle, Mıhitaryan ve Getronagan okullarında üslendiği eğitimci kişiliğiyle tanınmıştı. Tüm bunlara ilaveten, Patriklik Makamı’na da faal olarak hizmet etmişti. Hizmet hayatında gösterdiği üstün performans sonrasında Patriklik Makamı’nın onur madalyasına layık olmuştu.
Vaaz sonrasında, Kadasetli Patrik Hazretleri merhumun ruhunun esenliği için dua etti ve merhumun ailesine ve yakınlarına taziyelerde bulundu.
Tören sonrasında, merhum Balıklı’daki Ermeni Mezarlığı’na nakledildi ve aile mezarlığına gömüldü.
.
.
.
A G O S
Yetvart Kovan’ı kaybettik
Türkiye Ermeni toplumunun emektar eğitimcilerinden, muhasebe ve ticaret konularında önemli çalışmalar ve kitaplara imza atmış Yetvart Kovan hayatını kaybetti.
Yetvart Kovan 94 yaşındaydı.
Muhasebe mesleğine bir ömür adayan Yetvart Kovan hem Türkiye Ermeni okullarında Ticaret ve Muhasebe dersleri vermiş hem de bu alanda çalışmalara imza atmıştı. Kovan son olarak 2016 yılında ‘Deyimlerle Türkçeden Ermeniceye Güncel Sözlük’ adlı kapsamlı çalışmasının yayınlamıştı.
1927 yılında İstanbul’da doğan Yetvart Kovan, Pangaltı Ermeni Lisesi’ni sonrasında da İstanbul Üniversitesi İktisat Fakültesi’ni bitirdi. Üniversitede öğrenci iken muhasebe mesleğine girdi ve bu mesleği 2008 yılına kadar sürdürdü. Kovan 1960 yılında Eminönü’nde Kovan Muhasebe Bürosu’nu kurmuş ve bağımsız çalışmaya başlamıştı. Kovan, 1974 yılında da Türkiye Muhasebe Uzmanları Derneği tarafından Muhasebe Uzmanlığı Sertifikası aldı.
Kovan 1961-81 yılları arasında Pangaltı Ermeni Lisesi’nde ve 1964-71 yıllar arasında Getronagan Ermeni Lisesi’nde Muhasebe öğretmenliği yaptı. Yetvart Kovan 1970-2010 yılları arasında Patrikhane’de Danışma Kurulu üyeliği ve Mali Komisyon başkanlığı görevlerini de yürüttü. Patrik Mesrop Mutafyan tarafından Patrikhane Liyakat Madalyası ve Takdir Belgesi’ne layık görüldü.
Yetvart Kovan için 2 Temmuz Cuma günü saat 13.00’te Kumkapı Kilisesi’nde cenaze töreni düzenlenecek.
Agos olarak Kovan ailesine başsağlığı dileriz.
ՍՐՏԻ ԽՕՍՔ ՅԱՐԳԵԼԻ ՈՒՍՈՒՑՉԻՍ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱՌՋԵՒ
Եդուարդ Գովան։
Անուն մը սիրելի, անուն մը յարգելի եւ անուն մը անմռռանալի։
Ան լրացուցած ըլլալով իր կեանքի օրերը, առյաւէտ բաժնուեցաւ զինքը սիրող ու յարգող անձնաւորութիւններէն, մեզմէ՝ բոլորէս։
Հրաժեշտի պահ մը կ՚ապրինք, որ օրհնեալ կամքն է Աստուծոյ։ Շատեր երբ կը հարկադրուին հրաժեշտի պահը ապրիլ, մարդկային տկարութեամբ կ՚ընդվզին։ Սակայն հանգիստ սրտով կրնամ ըսել, թէ Եդուարդ Գովանի հրաժեշտը վստահ եմ, որ շատերու համար Աստուծոյ փառք տալու պահ է, անոր համար որ իր անձին մէջ այդ շատերը բարեբախտութիւնը ունեցած են ճանչնալու ՄԱՐԴ մը, որ իր կեանքի բոլոր օրերուն եղած է տիպար անձնաւորութիւն մը, իր նկարագրով, կեցուածքով, արտայայտութիւններով։
Եդուարդ Գովանը ճանչցած եմ Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբի շարքերէն ներս։ Իր եւ իր անմիջական դասակիցները յիրաւի կը վայելէին երիցագոյն անդամներ ըլլալու հանգամանքը, առանց գոռոզանալու եւ կամ սին հպարտութեամբ, այլ՝ իրենց տպաւորիչ օրինակելի վարմունքով։ Անոնց ներկայութենէն չէինք խրտչեր, որովհետեւ Սուրբ Յարութեան կամարներուն ներքեւ կը տիրէր եղբայրական ջերմ մթնոլորտ մը, որ ունէր առինքնող զօրութիւն։ Որքան ատեն որ իր կարողութիւնը կը ներէր, ներկայ կը գտնուէր Սուրբ Պատարագի երգեցողութեանց, մանաւանդ ամենայն ճշդապահութեամբ անդամական ընդհանուր ժողովներուն։
Ես առիթը ունեցայ ճանչնալու ուսուցիչ Եդուարդ Գովանը։ Մխիթարեան Վարժարանի աշակերտութեանս շրջանին ըստ դասացուցակի, ամէն շաբաթ օր, կը հետեւէինք իր աւանդած տոմարակալութեան դասախօսութիւններէն։ Այդ տարիներուն շաբաթ օրեր վարժարանները մինչեւ կէսօր բաց էին։ Եդուարդ Գովան ծով համբերութեամբ կը փոխանցէր իր ծով գիտելիքները, զանոնք դարձնելով դիւրամատչելի։ Կը թելադրէր լաւ հետեւիլ, սերտել ու սորվիլ, ընդգծելով թէ այդ դասախօսութիւնները ապագային օր մը կրնային օգտակար ըլլալ։
Իր անձին մէջ տեսայ հարազատ Մխիթարեանցիի տիպարը։ Ամէն անգամ որ Մխիթարեանի սաներուն նշանաւոր «Խաւիծի Օր»ուան հոգեւոր եւ աշխարհիկ հանդիսութիւնները տեղի կ՚ունենային, որպէս երէց Մխիթարեանցի իր հասակակիցներուն հետ կը մասնակցէր, կ՚ապրէր ու կ՚ապրեցնէր իր աշակերտութեան օրերու յուշերը։ Մխիթարեան վարդապետներու շունչով սնած ըլլալով, կապուած էր մեր ոսկեղնիկին ու մշակոյթին։ Տնտեսագիտական յօդուածները լաւագոյն օրինակներն են, որոնց մէջ ի յայտ կու գայ մեր մայրենիի գեղեցկութիւնը, մանաւանդ տեղին գործածուած տնտեսագիտական բառերով։ Մխիթար Սեբաստացի Աբբահայրէն սկսեալ Մխիթարեան վարդապետներ ծանօթ են իրենց պատրաստած բառարաններով։ Եդուարդ Գովան, որպէս հարազատ սանը Մխիթարեան կրթական յարկին, իր փորձառութեամբ ձեռքբերած բառամթերքը արձանացուց պատրաստած բառարաններով։ Ինքը Մխիթարեան միաբան չէր, սակայն իր վաստակով ցոյց տուաւ, թէ բարոյական աշակերտն էր Սեբաստացի Աբբահօր ուսումնասէր ոգիին ու անոր ուղիէն ընթացող հայրերուն։
Եդուարդ Գովան 1966ին կատարուած ընտրութեամբ անդամակցած էր Պէյօղլուի Սուրբ Եկեղեցեաց Թաղական Խորհուրդին։ Թագւոր Գամէրի ատենապետած այս Թաղական Խորհուրդն էր, որ յաջողեցաւ Էսաեան Վարժարանի սանդուխներուն եւ տախտակամածներուն քարաշէնի վերածելու աշխատանքը։ Հերմինէ Գալուստեանի տնօրէնութեան շրջանին Նուպար Գալուստեանի գլխաւոր ճարտարապետութեամբ իրագործուած շինարարական աշխատանքները աւարտած էր շուրջ երեք ամսուան կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ։ Բնականաբար այս ժրաջան Թաղական Խորհուրդի կազմէն ներս որպէս քաջ ելեւմտագէտ Եդուարդ Գովան ունեցած էր իր կարեւոր ներդրումը։
Թաղային Խորհուրդի շարքերէն ներս կատարած կարեւոր ներդրումը իրեն դուռ բացած է, որ անդամակցի Ազգին Գթութեան Տան՝ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի հոգաբարձութեան։
Որպէս նախանձախնդիր եւ փորձառու գործիչ ընդառաջելով Պատրիարքական Աթոռի հրաւէրին անդամակցած է Պատրիարքի Խորհրդակցական Մարմնին, ինչպէս նաեւ Պատրիարքական Աթոռի Ելեւմտական Յանձնախումբին։ Երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հայրը 26 Նոյեմբեր 2000-ին գնահատելով իր բազմամեայ ազգանուէր ծառայութիւնը, զինքը պատուած էր Պատրիարքական Աթոռի Պատւոյ Շքանշանով։ Նոյն գահակալը, օրհնութեան յատուկ գրով ողջունած էր իր կեանքի ութսունամեակի հանգրուանը։
Եդուարդ Գովան երբեք չնմանեցաւ քանքարաթագոյց ծառային։ Ապրեցաւ եւ գործեց Աստուածատուր շնորհներով, իր շնորհներուն պտուղները բաժնեց անշահախնդրօրէն, առիթ ընծայելով որ իր բաժնած գիտելիքներով ուրիշներ եւս հարստանան գիտութեամբ։
Սիրելի ու յարգելի ուսուցիչս,
Վերջին անգամ հեռախօսային զրոյց մը ունեցանք, եւ հազիւ մի քանի նախադասութիւն կրցինք փոխանակել իրարու։ Աղօթք խնդրեցիր եւ խոստացայ աղօթել քու ցաւերուդ փարատման համար։ Քու խնդրանքդ ի զօրու է այսօր եւս եւ ես այս անգամ կ՚աղօթեմ հոգւոյդ խաղաղութեանը համար։ Անշնչացած մարմինդ կը հանգչի դագաղին մէջ, որ հողին պիտի յանձնուի։ Իսկ քու ապրող բարոյական ներկայութիւնդ կը մնայ անջնջելի քեզի սիրող ու յարգող անհատներու մտքերուն ու սրտերուն մէջ։
Դուն մեզի համար մեր օրերու Փրօֆ. Գրիգոր Քէօմիւրճեանն էիր։ Անոր նման թողուցիր անմահ անուն մը։ Տայ Աստուած քու ուղղամիտ, պարկեշտ կեանքի օրինակովդ հանէ նաեւ ուրիշներ, որոնք գան ու միանան ազգանուէր ծառայողներու փաղանքին։
Բարի երթ սիրելի եւ յարգելի ուսուցիչս, Լուսաւորչի անդամակցութեան եւ Մխիթարեանի գծով երէց եղբայրս։ Աստուած քաղցր ընէ դատաստանդ եւ լուսաւորէ ու երկնային անթառամ պսակին արժանացնէ հոգիդ, նաեւ Սուրբ Հոգիով մխիթարէ բոլոր հարազատներդ եւ ընտանիքիդ անդամները։
Խոր ցաւով կը տեղեկացնենք, թէ՝ հանրածանօթ համայնքային գործիչներէն Եդուարդ Գովան իր մահկանացուն կնքեց 29 Յունիս, Երեքշաբթի գիշեր։ Հանգուցեալը, թէ՛ Պատրիարքական Աթոռին եւ թէ՛ համայնքային հաստատութիւններէ ներս ունեցած է պատուաբեր ծառայութիւն, որուն որպէս գնատանք Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի ձեռամբ 26 Նոյեմբեր 2000-ին, արժանացած է Պատրիարքական Աթոռի պատուոյ շքանշանին։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, նկատի ունենալով հանգուցեալի վաստակը եւ Պատրիարքական Աթոռէ գնահատուած ըլլալու հանգամանքը, տնօրինած է, որ 2 Յուլիս 2021, Ուրբաթ, ժամը 13.00-ին, Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ տեղի ունենայ պատուոյ յուղարկաւորութիւն։ Այս առթիւ, կ՚աղօթենք հանգուցեալի հոգւոյն խաղաղութեան համար։