No comments yet

ՄԱՐԱԼ ԱՅՎԱԶԻ ՆՈՐ ՏԵՍԱՀՈԼՈՎԱԿԸ

 

 

 

                            ՄԱՐԱԼ ԱՅՎԱԶԻ ՆՈՐ ՏԵՍԱՀՈԼՈՎԱԿԸ     

 

      Պոլսահայ յայտնի մեներգչուհի Մարալ Այվազ-Չաղլըչուպուքճու վերջերս հրապարակ հանեց նոր տեսահոլովակ մը: Տեսահոլովակը նկարահանուեցաւ «Անվերջ Խաւար» անուն երգին, որ յօրինուած է յայտնի արուեստագէտ Արա Տինքճեանի երաժշտութեամբ և Մարալ Այվազի խօսքերով: Արա Տինքճեանի այս յօրինումին բուն անունն է «Փիքչըր», որ անցեալին զանազան երկիրներու մէջ բազմաթիւ լեզուներով նաեւ երգուած է: Մարալը արդէն այս երգին տեղ տուած էր իր անդրանիկ սկաւառակին մէջ, որը լոյս տեսած էր Յունիս 2019ին:

 

     Երգչուհին, պատերազմներէ տուժած մարդոց ցաւն ու տառապանքը արտայայտելու

նպատակով գրի առած է այս երգին բառերը: Ան յետոյ կը մտածէ, որ երգի բառերու խորհուրդը ձեւափոխուի պատգամակիր գծանկարներու և այդպէսով անմեղ մարդոց ենթարկուած սրտաճմլիկ իրադարձութիւնները հանրութիւններու ուշադրութեան յանձնուին: Վերջապէս կ՚ունենանք աշխուժութիւն եւ ոգեւորութիւն ստեղծող տեսահոլովակ մը, որ պատրաստուած է Երեւանցի արուեստագէտ Հայկ Սայատեանի կողմէ, իսկ Մարալի նկարահանումները կատարուած է Յարութիւն Տավուլճեանի կողմէ: Երգչուհին տեսահոլովակի վերաբերեալ զգացումներն ու մտածումները կը բացատրէ հետեւեալ խօսքերով.

 

     «Պատմութեան հին օրերէն սկսեալ մարդիկ անընդհատօրէն կը պատերազմին մանաւանդ աշխարհաքաղաքական պատճառներու և երկիրներու շահամոլիկ հաշիւներու հետեւանքով: Պատերազմը, աշխարհի անվերջանալի իրականութիւնն է: Մահեր, կոտորածներ, աւերածութիւններ, ոչնչացումներ, պարտադիր տեղահանութիւններ եւ այդ

տեղահանութեանց ընթացքին անմարդկային ցաւալի վերաբերումներ: Դժբախտաբար մեծ տէրութիւններ դասեր չեն քաղած այս ողբերգութիւններէն, իսկ տառապողները կ՚ ըլլան միայն երախաներն ու անմեղ բնակիչները: Ես այս երգով ուզեցի դառնալ որդեկորոյս մայրերու ձայնը, որովհետեւ գիտեմ մեղեդիներու այն ոյժը, որ շուտով կը հասնի բոլորին և կը յիշեցնէ մեզ մեր անհատ ըլլալը։» Տեսահոլովակը կարելի է դիտել հետեւեալ կայքէն։

 

 

Archive  (click)

e on Facebook | forward to a friend

Post a comment