ՎԱՐԴԵՐԵՍ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԸ ԵՒ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԳՈՐԾԻՉԸ (ՕՇԻՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ)

Վարդերես Գարակէօզեան պոլսահայ նոր գրականութեանՙ այսինքն Հանրապետական շրջանի հայ գրականութեան դէմքերէն մէկը եղաւՙ Հայկազուն Գալուստեանի, Ա. Շաւարշի (Արամ Փեհլիվանեան) եւ Կարպիս Ճանճիկեանի բացած արահետը լայնցնելով ու մանաւանդ կարողանալով ինքզինք պահել այդ մթնոլորտին մէջ եւ զարգացնել զայն: Յետեղեռնեան քսանամեայ շրջանին, քաղաքական պայմաններու բերումով, Պոլսոյ մէջ գրական ստեղծագործական մեծ շարժումներ...