ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՄՏԵՐՄԻԿ ԳԻՇԵՐ ՄԸ
ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՄՏԵՐՄԻԿ ԳԻՇԵՐ ՄԸ Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 8ի գիշերը դարձեալ մեծ յաջողութեամբ անցաւ շնորհիւ Միութեան կամաւոր անդամներուն: Ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ, շուրջ 53 հոգիներու ներկայութեամբ, Միութեան անդամներն ու հիւրերը վայելեցին համեղ «Մանթը»ն պատրաստուած եւ նուիրուած Էսայեան Սանուց Յանձնախումբի հաշուապահուհի՝ Տիկին Մարի Խաչիկեանի կողմէ, հանգուցեալ Վաղարշակ Տէմիրայաքի եւ Հրիփսիմէ Տէմիրայաք …