Posted on November 16, 2018
Posted By: oiaCategories: All News
ՀԻՆԻՆ ՎՐԱՅ ՀԻՄՆԵԼ ՆՈՐԸ. ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՀՈԳԵՑՈՒՆՑ ՀԱՄԵՐԳԸ
Published – 15 November 2018
Ուրբաթ, 9 Նոյեմբեր 2018-ին, հովանաւորութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի տեղի ունեցաւ «Խաչատուրեան» Դ. Դաս Երգչախումբի քառասնամեակին նուիրուած բացառիկ համերգը։ Ներկայ էին Թեմիս նախկին Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեան, Գուգուրաց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան, քահանայ հայրեր, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն։
Երգերու ամբողջ ընտրանին առնուած էր Մաժակ Թօշիկեանի ստեղծագործութիւններէն եւ մշակած երգերէն, որոնք կատարուեցան թէ՛ երգչախումբի եւ թէ նուագախումբի համահունչ կատարողութեամբ։ Երգչախումբի ղեկավարն էր Բարշ. Ստեփան Սրկ. Կէօզումեանը, իսկ նուագախումբի ղեկավարն էր՝ Արտաշէս Քարթալեանը։ Մենակատարողներն էին՝ Մանիկ Մանուկեանը, Ալենուշ Ն. Եղնազարը եւ Ռաֆֆի Գերպապեանը։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Լուսի Թաշճեան, որ ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձ կատարեց «Խաչատուրեան» երգչախումբի պատմականին, գործունէութեան եւ առաքելութեան։ Յաջորդաբար հնչեցին Յովհաննէս Շիրազի «Տեսնեմ Անին», «Քո Հայրենիքը», «Նամակ», «Պանդուխտ Հայեր», «Արարատ», Դանիէլ Վարուժանի «Յիսուս», «Առկայծ Ճրագ» եւ այլ հեղինակներու գործեր…։ Այս բոլոր երգերու երգահանը Մաժակ Թօշիկեանն էր, որ Պոլիսէն յատուկ ժամանած էր՝ ներկայ գտնուելու սոյն համերգին։ Հանդիսատեսները հոգեկան բերկրանք կ’ապրէին, որովհետեւ օտար ափերուն վրայ կը հնչէր հայ երգը, հայ բանաստեղծներու գործերը կ’անմահանային, երգչախումբի անդամները նախ իրենք կը ներշնչուէին եւ ներկաներուն գեղեցիկ եւ անմոռաց պահ մը կ’ապրեցնէին։
Համերգի աւարտին Երգչախումբիս ատենապետ Սիմոն Ալիճօղլու իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր ներկաներուն՝ Թեմակալ Առաջնորդին, Վաչէ եւ Սեպուհ Սրբազաններուն, բարերարներուն, Մաժակ Թօշիկեանին եւ երգչախումբի անդամներուն։ Վերջիններս քառամսեայ երկարատեւ ու քրտնաջան փորձերէ ետք, փառաշուք համերգով հանդէս եկան եւ իրենց կատարումներով այդ օրը լիցքաւորեցին եւ իմաստաւորեցին։
Եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը, որ բարձրօրէն գնահատեց Երգչախումբի եւ նուագախումբի գործունէութիւնը, Մաժակ Թօշիկեանի անձնուէր ծառայութիւնը, ինչպէս նաեւ Բարշ. Ստեփան Սրկ. Կէօզումեանի հետեւողական աշխատանքը։ «Այսօրբոլորսիւրայատուկպահմընէկ’ապրինք, որինքնինմտածելկուտայմեզի, թէԽաչատուրեանմեծանունպատրիարքիանունըկրողայսերգչախումբըիրվաստակովփառքուպատիւբերածէՀայԵկեղեցւոյեւյատկապէսՀիւսիսայինԱմերիկայիԹեմին, որպատմութեանմէջանջնջելիօրէնարձանագրուածպիտիմնայ։ 40-ամեակիայսներշնչողհամերգըծնունդնէանցնողամիսներույարատեւուանյոգնաբեկաշխատանքինուշարունակուողփորձերուն, որոնցիրենցանտրտունջմասնակցութիւնըբերին «Խաչատուրեան» Երգչախումբինուիրեալանդամները։Յարաճունվերելքեւկանաչճանապարհ «Խաչատուրեան» Դ. Դասերգչախումբին»։
Խաչատուրեան Դպրաց Դասի 40-ամեակի փառահեղ այս երգահանդէսը անտարակոյս յատկանշական հանգրուան մըն է, որը ինքնին մտածել կու տայ մեզի թէ Խաչատուրեան մեծանուն Պատրիարքի անունը կրող այս երգչախումբը իր վաստակով փառք ու պատիւ է բերած մեր Սուրբ Եկեղեցուն եւ յատկապէս Արեւմտեան Թեմին, որ պատմութեան մէջ անջնջելիօրէն արձանագրուած պիտի մնան յիշարժան ձեռնարկներ, որոնք անկասկած հայ քրիստոնեայի հոգեւոր էութեանը մէջ ամրագրած են սէրը Կոմիտասեան Սուրբ Պատարագին եւ խոնարհումը հայ երգի հանդէպ: 40-ամեակի այս ներշնչող համերգը ծնունդն է անցնող ամիսներու յարատեւ եւ անյոգնաբէկ աշխատանքին ու շարունակուող փորձերուն, որուն իրենց անտրտունջ մասնակցութիւնն են բերած Խաչտուրեան Դպրաց Դասի նուիրեալ անդամները, գլխաւորութեամբ մաեստրօ Բրշ. Ստեփան Սրկ. Կիւզիւմեանի, որուն խոնարհ անձը համակ սէր ու նուիրում է իր էութեամբ ի խնդիր մեր Սուրբ Պատարագի եւ հայ երգին: Այսօր, ի մասնաւորի ուրախութեամբ է լեցուած բոլորիս սրտերը, երբ կ՚ողջունենք ներկայութիւնը մեծանուն կոմպոզիտոր Մաժակ Թոշիկեանի, որուն հետ մեր ծանօթութիւնը սկիզբ առաւ Մոնթրէալի մէջ դեռեւս 1984 թուականէն: Բնական է, մեր գնահատանաց անկեղծ խօսքը կ՚ուղղուի նաեւ Խաչատուրեան Դպրաց Դասին, եւ Տնօրէն Ժողովին Ատենապետ Սարօ Մարուքեանին, 40-ամեակի Կազմակերպիչ Յանձնախումբին՝ Ատենապետութեամբ Տիար Սիմոն Աջիլաջողլուին, որոնք մեղուանման իրենց ծառայութեամբ միայն հիացմունք են ներշնչած մեզ: Խաչատուրեան Դպրաց Դասի անդամներուն էութեան մէջ մենք տեսած ենք ճշմարիտ հայրենասիրութիւն եւ եկեղեցասիրութիւն, որոնց առաջին անգամ ականատես ենք դարձած դեռեւս շուրջ քսան տարիներ առաջ Մայր Երկիր իրենց կատարած ուխտագնացութեանը ընթացքին: 40-ամեակի այս պանծալի երգահանդէսը առաւել փայլ կը ստանայ, երբ մեր մէջ կը վայելենք ներկայութինը Գուգարաց Թեմի Առաջնորդ՝Գերաշնորհ Տ. Սեպուհ Արքեպիսկոպոս Չուլջեանի, որուն ոգեշունչ Պատարագներուն ու քարոզներուն բազում առիթներով հաղորդ էք դարձած: Սրբազանը մեր մէջ կը գտնուի ի մասնաւորի Խաչատուրեան Դպրաց Դասի 40-ամեայ տօնակատարութեան առիթով եւ նոյն կապակցութեամբ յառաջիկայ Կիրակի, 18 Նոյեմբերին Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցէ Մայր Տաճարի մէջ:
Յովնան Արքեպիսկոպոս
9 Նոյ. 2018
Յովնան Սրբազանի խօսքէն ետք նոյնպէս իր սրտի խօսքը արտասանեց Գուգուրաց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեանը, որ իր տպաւորութիւնները կիսեց ներկաներուն հետ եւ գնահատեց «Խաչատուրեան» երգչախումբի հրաշազան կատարումը։
Համերգը վերջ գտաւ Սեպուհ Սրբազանի «Պահպանիչ» աղօթքով։