Posted on February 24, 2023
Posted By: oiaCategories: All News
…
ՄՏԵՐՄԻԿ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ ՈՒ ԶՐՈՅՑ
ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Մեծ հաճոյքն ունեցանք վայելելու Պոլսաբնակ շնորհալի հայուհի Գարոլին Սարըպոյաճեան Մամիկոնեանի ներկայութիւնը Պոլսահայ Միութեան Երդիքին Տակ Հինգշաբթի, Փետրուար 9, 2023ին Լոս Անճէլըս այցելութեան առիթով։
Գարոլին զանազան տեղեկութիւններ տուաւ Պոլսոյ հայ համայնքի արուեստական, գրական, կրթական ու համայնքը հետաքրքրող այլ նիւթերու շուրջ։ Ան մանրամասնօրէն ծանրացաւ Պոլսոյ մէջ Նոյեմբեր 2020-էն ի վեր ներկայացուող «Կոմիտաս» թատերախաղի ներկայացումներու եւ արձանագրած յաջողութեանց մասին։ Թատերախաղը կը ցոլացնէր Կոմիտասի կեանքը իր ծննդավայր Կուտինայէն (Քիւթահիա) մինչեւ Փարիզ։
Բոլորովին ոչ-հայկական արտադրութիւն մը մեր մեծ հանճարի մասին որու անունն ու գործը դարձած է ազգի ինքնագիտակցութեան և ինքնութեան պարտադիր բաղադրիչ։ Գրի առնուած եւ բեմադրուած Ահմէտ Սամի Էօզպուտաքի եւ Կոմիտասի դերը ստանձնած՝ Ֆեհմի Գարաասլան «Եոլճու» թատերախումբէն։ Խաղը լոյս կը սփռէ այն պատմական իրականութիւններուն որոնք տասնամեակներ արգիլուած են նիւթ հանդիսանալ այդ նոյն հողերուն վրայ։
Ներկայացման երաժշտական բաժինը ստանձնած է Գարոլինի կողակից Պր. Յակոբ Մամիկոնեան, որ խմբավար է Պոլսոյ 90ամեայ «Լուսաւորիչ» երգչախումբին։ «Լուսաւորիչ» երգչախումբը կազմուած է 30 հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներէ։ Երգչախումբը մեծ յաջողութիւն արձանագրած շնորհիւ Պր. Յակոբ Մամիկոնեանի տարած տքնաջան ու նուիրուած աշխատանքերուն։ Երգչախումբը խաղարկութեան տեւողութեան ընթացքին կիսաթափանց սեւ վարագոյրի մը ետին, դերակատարին համընթաց, կը ներկայացէ մեծագոյն հանճարի ստեղծագործութիւնները մաս առ մաս։
Ներկայացումները տեղի կ՛ունենան ու պիտի շարունակեն ունենալ Գումգաբուի Որդւոց Որոտման եկեղեցւոյ սրահը որը աւելի իւրայատուկ ու հետաքրքրական կը դարձնէ բեմադրութիւնը։ Թրքերէնով եւ ֆրանսերէնով ներկայացուած խաղարկութիւնը անսպասելի ու լայն ընդունելութիւն գտած է ոչ թէ միայն Պոլսոյ հայ համայնքի այլ թուրք եւ այլ ազգերու կողմէ ու արժանի հանդիսացած բազում մրցանակներու, գովասանքներու։
Սոյն բեմադրութիւնը ներկայացուած է նաեւ Հայաստանի մէջ նոյնպէս գնահատանքի արժանանալով տեղւոյն բարձր արուեստի ճաշակի տէր հետեւաբար դժուարահաճ արուեստագէտներու կողմէ։
Ազնուափայլ հայուհին, Գարոլինը, կը շարունակէ իր ուսուցչական ասպարէզը գտնելով հոգեկան բաւարարութիւն, ներշնչելով հայոց հոգին ապագայ սերունդներուն։
Գարոլին կը խոստովանի թէ Կեդրոնականի այժմեայ տնօրէնուհի՝ Տիկին Սիլվա Գույումճեան մեծ դեր ունեցած է իր մէջ բուռն համակրանք յառաջացնելու՝ հայկական լեզուի ու գրականութեան հանդէպ։ Այսուհետեւ հետեւելով իր իղձերուն, հայ գրականութեան յատուկ դասընթացքներ ստացած է Պր. Հատտեճեանէ եւ բանաստեղծ Զահրատէ։
Համեստ ու երեւելի հայուհին նաեւ անդրադարձաւ Թուրքիոյ եւ արտասահմանի տարածքին Պոլսահայ երիտասարդներու արձանագրած բարձր յաջողութիւններու մասին, ըլլայ գրականութեան, ըլլայ արուեստի եւ երաժշտութեան ճիւղերու մէջ։
Գարոլինի խոսքերը կը բխէին իր սրտի խորքերէն այնքան որ զգացումները կը փոխանցուէր մեզ ապրեցնելով յուզմունքի, ուրախութեան, պարծանքի ու զայրոյթի խառն զգացական պահեր։ Ան թարմացնելով մեզ կը հաղորդէր առօրեայ եղելութիւնները, նաեւ իրենց կարողութիւններէն վեր զարգացող անցուդարձերով յառաջ եկած խնդիրները, իրազեկ ըլլալով տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն զգացուած՝ բայց ոչ միամիտ։
Ուսուցչական ասպարէզին առընչութեամբ ան նաեւ կը շարունակէ թատերական ու պարի աշխատանքներ վարել։ Վերջին մի քանի տարիներու ընթացքին ալ սկսած է հանդիսավարել «Դիմանկարներ» անուան տակ յայտագիր մը որը կը սփռուի «Լոյս» հեռատեսիլի կայանէն ուր հայկական մշակոյթն ու արուեստը քարոզող ծրագիրով կը հիւրընկալէ հայ համայնքի արժէքները։ Սոյն հաղորդաշարի երկրորդ բաժինի հատուածները պիտի սկսին Մարտ ամսուան մէջ։
Ինչ իմաստ կ՛ունենային գիտելիքները, մշակոյթը եթէ անոնք չփոխանցուէին յաջորդ սերունդին։ Առնուած ամէն մի քայլ կարեւոր է ազգի մը գոյատեւման առնչութեամբ։ Սերմանել հունտերը երիտասարդ սերունդին որպէսզի ծաղկին ու ծլանան ապագային։ Այնպէս որ ողջոյն բոլոր անոնց որոնք աշխատանքներ կը տանին սոյն ուղղութեամբ։
Ձեր ալ վարձքը կատար սիրելի Գարոլին որ դուն ու կողակիցդ ձեռք ձեռքի տալով, ձեր կարգին այս պաշտօնը կատարելու պայքարը կուտաք ։
Զարուհի Գ. Խաչիկեան
Լոս Անճելըս, Փետրուար 2023
.
ԳԱՐՈԼԻՆ ՍԱՐԸՊՈՅԱՃԵԱՆ- ՄԱՄԻԿՈՆԵԱՆ
Ծնած է 1972 թուականին Պոլիս։
Աւարտելով Էսաեան Վարժարանը, ան երրորդ տեղով աւարտած է Մարմարայի համալսարանի կրթութեան Հիմնարկի մարմնամարզանքի բաժինը։
25 տարի դասաւանդած է Կեդրոնականի և Թարգմանչաց Վարժարաններու մէջ։
Հիմնած է «Երազ» ժամանակակից պարի համոյթը և 1995- 2000 թուականներուն բեմադրած բազմաթիւ ներկայացումներ՝ որպէս պարուսոյց և գլխաւոր գեղարուեստական ղեկավար: Իր անսամպլի հետ հրաւիրուած է փառատօներու ու հեռուստացոյցերու։
Ան բանաստեղծ Զահրատէն և «Մարմարա» թերթի գլխաւոր խմբագիր, գրող Ռոպէր Հատտէճեանէն դասեր առած է հայ գրականութեան մասին։
Ան ելոյթներ ունեցած է Կեդրոնականի կողմէ կազմակերպուած բազմաթիւ գրական երեկոներու ժամանակ։Ան կատարեց Զահրատի յիշատակին կազմակերպուած գրական երեկոյի շնորհանդէսը։ Ան ներկայացուցած է Հրանդ Տինքի
օրաթօրիայի շնորհանդէսները Հայաստանի մէջ կայացած համաշխարհային բրեմիերային և Պոլսոյ համերգին։
Սասունցներու պար կոչուող ներկայացման համար ան յատուկ հրաւէր ստացած է Հայաստանէն և շնորհանդէս ըրած է երևանեան և Պոլսական ցուցադրութիւններուն։Ամուսնոյն՝ Յակոբ Մամիկոնեանի, մենակատար Պարթեւ Կարեանի հետ եղած է Պոլսոյ հայկական առաջին սիմֆոնիք էսթրատային համերգաշարի՝ Desilk համերգներու հիմնադիրներէն։
Մասնակցած է Փոքրիկ հայկական հեքիաթի կայքի թիմին և մասնակցած է հայոց դպրոցներուն մէջ հայոց լեզուի տարածման ու զարգացման ջանքերուն՝ և՛ որպէս Բրաքթիք, և՛ որպէս պատմող։
Կոմիտաս Վարդապետի յիշատակին կազմակերպուած «Ինչու»–ի նախաձեռնութեամբ պարած է ժամանակակից պարերի ներկայացումին։
Ան պարած է որպէս գլխաւոր դերերէն մեկը բազմաթիւ ներկայացումներուն Լևոն Թաբերեանի անուան ժամանակակից պարի համոյթի հետ, որուն միացած է 1995 թուականին։ Վերջին անգամ ան բեմ բարձրացած է «Անուշ» (2013) և «Եոլճու» (2019) թատերախումբի գլխաւոր հերոսներէն մէկը:
Պոլսոյ մէջ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութեան տարեդարձի կապակցութեամբ Լիւթֆի Քըրդար Քոնկրէսին մէջ տեղի ունեցած արձանագրային գիշերը ան նաև՛ մասնակցած է կազմկոմիտէին, և՛ Աթթիի հետ ներկայացուցած է գիշերը։ Հանդէս եկած է Սարօ Պենկլեանի հետ։
«Լոյս» հեռուստաընկերութեամբ՝ հայերէն և թրքերէն հեռարձակուող առաջին հայկական հեռուստատեսութեամբ, ան ամէն շաբաթ կը պատրաստէ և կը ներկայացնէ հայկական մշակոյթն ու արուեստը քարոզող հաղորդումներ՝ «Դիմանկարներ» հաղորդաշարով, որ կը հեռարձակուի ամբողջ Թուրքիոյ, մշակութային և արուեստի ծրագրով, որ կը հիւրընկալէ է հայ համայնքի արժէքներուն։