No comments yet

Halloween Dinner Party 2023

 

 …

ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ

 «Հալօուին»Ի ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԳԻՇԵՐԸ

 

          Գրի  առաւ՝ Մարիէթ  Օհանէս

 

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2023ին, կազմակերպութեամբ Պոլսահայ Միութեան, տեղի ունեցաւ «Հալօուինի»ի Ընտանեկան գիշերը՝ Պոլսահայ Միութեան «Հրանդ Տինք» սրահին մէջ: Ներկայ էին հիւրեր, Միութեան անդամներ, բարեկամներ եւ համակիրներ:

 Ներկաները ճաշակեցին համադամ աղանդերները՝ աղցաններ, այլազան ճաշերը, «քաղցրէղէններու» հիւրասիրութեամբ:

Բացման խօսքը կատարեց Միութեան քարտուղարուհի՝ Մարիէթ Օհանէս, մտերմիկ գիշերը ճոխացաւ նաեւ «Հալoուին»ի ծագման մասին տեղեկատուութիւններով  եւ խաղերով, եւ բախտաւորները ստացան արժէքաւոր նուէրներ:

          Ներկաները ունեցան մտերմիկ զրոյցի պահեր. գիշերը իր աւարտին հասաւ ուշ ժամերուն:

 

ՀԱԼՕՈԻՒՆ

Ըստ անգլերէնի Օքսֆորտեան բառարանի՝ «Հելոուին» բառը առաջին անգամ յիշուած է 16-րդ դարուն որպէս անգլերէն All-Hallows-Even։

Քաղցրաւենիք խնդրելու սովորոյթը յառաջացած է մօտ 16-րդ դարուն։ Երեխաները և մեծահասակները կը հագնէին կտաւէ դիմակներ և մէկ դռնէն միւսը քալելով, կը պահանջէին հիւրասիրութիւն։ Դերերով հանդերձներ հագնելու և իրենց հետ «Ճէքի ջահը» տանելու սովորոյթը յառաջացած է 19-20-րդ դարերուն, ընդ որուն գումարի կամ ուտելիքի դիմաց նախօրոք պէտք էր առաջարկել տարբեր զուարճալիքներ:

Կ՛ըսուի թէ,  Բոլոր սուրբերու օրը տան մօտ դրուած այդպիսի բանջարեղէնները կը վանէին չար ուժերը: Այդ սովորոյթի աղբիւրները կարելի է գտնել արարողութիւններու ժամանակ բանջարեղէններու վրայ դէմքեր փորագրելու հին իրլանտական և անգլիական աւանդոյթներու մէջ

Photo Album. Oct 26, 2023 (click)

Post a comment