No comments yet

ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԳԻՇԵՐ ՄԸ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

 

 

MM

 

ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԳԻՇԵՐ ՄԸ 

ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ 

Գրի առաւ՝ Մարիէթ Օհանէս 

Հինգշաբթի, Մայիս 11, 2023ին, կազմակերպութեամբ Պոլսահայ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ այս տարուան չորրորդ Ընտանեկան գիշերը որուն հովանաւորներն էին՝ Տէր եւ Տիկին Յակոբ (Ճէյմս) եւ Մակի Սօյաք, ի յիշատակ իր մօր եւ կեսրոջ՝ Տկ. Անժէլ Յովակիմեանի:  

Ներկաները ճաշակեցին իտալական համեղ «դդմաճը, գետնախնձորը,  ձիթապտուղը, «բիցցան» թթուաշը եւ այլ ուտեստեղէններ, ինչպէս նաեւ համեղ քաղցրեղէնը պատրաստուած եւ նուիրուած՝ Տկ. Սիպէլ Թորուսի կողմէ, նաեւ համեղ շոքոլաները պատրաստուած եւ նուիրուած՝ Մարիէթ Օհանէսի կողմէ ի յիշատակ իր հանգուցեալ մօր:  

Շուրջ 100 հոգիներու ներկայութեամբ մտերմիկ գիշերը ճոխացաւ, Մայրերու օրուան տօնակատարութեանց մասին տեղեկութիւններով,  զուարճախօսութիւններով եւ կարճ պատմուածքներով ու զանազան խաղերով:  Միութեան Հոգաբարձու Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան կատարեց բացման խօսքը իսկ Միութեան քարտուղարուհի՝ Մարիէթ Օհանէսը հանդիսավարեց երեկոն: Ձեռնարկը ճոխացաւ երկու ասմունքող տիկիններու արտասանութիւններով՝ Ալին Տօնիկեանի եւ Հիլտա Աճըիլաչի: 

Շնորհակալութիւն բոլոր ներկաներուն:  

Նաեւ աղցաններն ու այլ աղանդերները պատրաստող եւ հրամցնող՝ Տկ. Անէթ Քէօշքէրի: 

Մայրերու Օր 

Մայիս ամիսն է, որ մայրանալով` ծնունդ կու տայ բնութեան. անիկա կը ծաղկի ու  կը գեղեցկանայ: Հայ ժողովուրդն ալ, զուգահեռ մը գծելով բնութեան ծաղկումին  եւ մայրերուն միջեւ, այս ամիսը նուիրուած է հայ մօր, ապրիլ ամիսէն ետք: 

Մայրերու մեծարումը դարաւոր պատմութիւն ունի։ 

17-19-րդ դարերուն Մեծ Բրիտանիոյ մէջ Մեծ պահքի երկրորդ Կիրակի օրը կը  նշուէր, այսպէս կոչուած «Մայրական Կիրակին» (անգլ.՝ Mothering Sunday), որ  նուիրուած էր երկրի բոլոր Մայրերու մեծարման։ 

ԱՄՆ-ի մէջ Մայրերու օրը առաջին անգամ հրապարակային խրախուսած է  ամերիկացի Ճուլիա Ուորտ Հոուվը 1872-ին։ Ըստ անոր՝ «Մայրերու օր»-ը յանուն 

խաղաղութեան Մայրերու միասնութեան օրն է ամբողջ աշխարհի մէջ։ Ճուլիա  Ուորտի հայեցակարգը լայն աջակցութիւն չստացաւ ԱՄՆ-ի, եւ այլ երկիրներու  մէջ։ 

1907-ին ամերիկուհի Աննա Ճարվիսը Ֆիլատելֆիայէն ի յիշատակ իր մօրը՝  հանդէս եկաւ մայրերուն մեծարելու նախաձեռնութեամբ։ Աննան նամակներ գրեց  պետական հաստատութիւններուն, օրէնսդիր մարմիններուն եւ ականաւոր  անձերու՝ առաջարկելով տարուան մէջ գոնէ մէկ օր նուիրել Մայրերու  մեծարման։ 1910-ին Վըրճինիա նահանգը առաջինը Մայրերու օրը հռչակեց իբրեւ  պետական տօն։ 1914-ին ԱՄՆ-ի նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընը Մայիս ամսուայ  երկրորդ Կիրակին յայտարարեց ազգային տօն՝ ի պատիւ բոլոր ամերիկացի  Մայրերու։ 

Ամերիկայէն ետք Մայիսի երկրորդ Կիրակին սկսաւ տօնել եւս 23 երկիր, ինչպէս՝ Պահրէյնը,Հոնքոնկը, Հնդկաստանը, Մալեզիան, Մեքսիքը, Նիքարակուան, Արաբա կան Միացեալ Էմիրութիւնները, Օմանը, Փաքիստանը, Քաթարը, Սէուտական  Արաբիան, Սինկափուրը, Աւստրալիան, Ուքրանիան, Էսթոնիան։ Աւելի քան  երեսուն երկիր ալ այդ տօնը կը նշէ այլ օրերու։

 …

 

..

Post a comment