No comments yet

Fish Night at OIA

..


IMG-20230323-WA0008ab

ՅԱՋՈՂ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԳԻՇԵՐ ՄԸ

 ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

 

          Գրի  առաւ՝ Մարիէթ Օհանէս

Հինգշաբթի, Մարտ 23, 2023ին, կազմակերպութեամբ Պոլսահայ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ այս տարուան երրորդ Ընտանեկան գիշերը գլխաւոր ճաշատեսակ ըլլալով՝ «Պրանզինօ» ձուկը:

Ներկաները ճաշակեցին համեղ «ձուկը, գետնախնձորը, թապպուլէն, «Պէօրէկները»ը թթուաշը եւ այլ ուտեստեղէններ, ինչպէս նաեւ համեղ քաղցրեղէնը պատրաստուած եւ նուիրուած՝ Տկ. Սիլվա Պէօրքլեանի կողմէ:

Շուրջ 70 հոգիներու ներկայութեամբ մտերմիկ գիշերը ճոխացաւ, Գարնան եւ Զատկուան մասին տեղեկութիւններով, զուարճախօսութիւններով եւ կարճ պատմուածքներով ու զանազան խաղերով: Միութեան Հոգաբարձու Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան բացատրութիւն տուաւ Տիկնանց Յանձնխումբի պարտաւորութիւներուն մասին եւ առաջարկեց Կամաւոր Տիկնանց Յանձնախումբի մը կազմութիւնը:

Շնորհակալութիւն բոլոր ներկաներուն:

Նաեւ ձուկերը մաքրող եւ խորովող Միութեան նախկին վարչական անդամ՝ Պր. Յովսէփ Արտըչի:

Հայոց գարունը եւ Պարսիկներուն Նովրուզը:

«Նովրուզ» բառը իր մէջ խորհուրդ ունի: Ան կը նշանակէ «Նոր օր», որ կ՛ազդարարէ գարնան գալուստը, կեանքի զարթօնքը: Ճիշդ այդ օրերուն է, որ բնութիւնն իրապէս կ՛արթննայ, եւ ամէն ինչ կը սկսի նորէն. ահա թէ ինչպէս է հնագոյն քաղաքակրթութիւն ունեցող Իրանի ժողովուրդը պատկերած ու արժեւորած է կեանքի յաւերժականութիւնը: Գարնանային զարթօնքի ծէսը հոգեհարազատ է նաեւ մեզ՝ հայերուն: Տեառնընդառաջը, որ հայկական հնագոյն տօներէն է, աւանդոյթի համաձայն, կը նշուի փետրուարի 14-ին: Թէեւ տօնը ձմռանն է, սակայն այդ օրն արդէն կը զգացուի գարնան շունչը, եւ, ըստ մեր պապերուն: հնագոյն պատկերացումներուն, տօնը կը մեղմէ ցուրտը եւ կ՛ազդարարէ գարնան սկիզբը: Նովրուզը (պարսկերէն՝ نوروز, «նո»՝ «նոր» և «ռուզ»՝ «օր» բառերից, հին պարսկերէնով՝ «Նոր լոյս») անուանումն է  ու Ամանորի  և համապատասխան աւանդական  տօնակատարութիւններու։ Նովրուզը նաև կը կոչուի«պարսկական Ամանոր»։

.

IMG-20230323-WA0017

IMG-20230323-WA0016
IMG-20230323-WA0015
IMG-20230323-WA0011
IMG-20230323-WA0013
IMG-20230323-WA0010

Post a comment