Posted on September 9, 2019
Posted By: oiaCategories: All News
…
Մայիս 8, 2023
a
ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ
Պաքըրգիւղի ընտանիքը շաբաթավերջին մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ թաղի Տատեան վարժարանի հիմնադրութեան 175-ամեակին ձօնուած յուշամատեանի շնորհանդէսին առթիւ։ Համավարակի հետեւանքով յապաղումով կազմակերպուած ձեռնարկը հովանաւորեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Պատուոյ հիւրերու շարքին էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան, Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան, բարերարներ, համայնքային հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ եւ համակիրներ։
Դպրոցի սրահին մէջ օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Նաիրի Խաչիկօղլուի։ Ելոյթներով հանդէս եկան Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մարի Եանճը, վարժարանի տնօրէնուհի Երանուհի Պալճը եւ նախկին տնօրէնուհիներէն Հերմինէ Պենլիօղլու, որ պատրաստած է յուշամատեանը։ Գիրքի մեկենաս Նուրհան Աքտեմիրի սրտի խօսքն ալ փոխանցեց Հերմինէ Չընար։
Գեղարուեստական յայտագրին մէջ մեներգներով հանդէս եկաւ Թաթիանա Պոստան, որուն դաշնակով ընկերացաւ Արի Պարութօղլու։ Դպրոցի սաներն ալ խմբերգներով, արտասանութիւններով եւ պարերով մասնակցեցան յայտագրին։
Եզրափակիչ փուլին յանձնուեցան շարք մը յուշանուէրներ։ Հերմինէ Պենլիօղլուին համար պատրաստուած յուշանուէրը յանձնուեցաւ՝ ձեռամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, որ արտասանեց նաեւ հուսկ բանքը։
Երկուշաբթի, Մայիս 8, 2023
********************************
M A R M A R A
ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԵԾ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՀԱՅԱԲՈՅՐ ՇՔԵՂ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ԾԱՆՕԹԱՑՈՒՑ 175ԱՄԵԱԿԻ ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆԸ
Տատեանցիներ հրապարակաւ իրենց երախտիքն ու ակնածանքը դրսեւորեցին կրթական բազմավաստակ մշակ Օր. Հերմինէ Պէնլիօղլուի նկատմամբ
Անկասկած, մեր ոսկեղնիկ մայրենիով սարքուած որեւէ հանդիսութիւն տարբեր խանդաղատանք մը կը թողու սիրտերուն մէջ։ Զգայնութիւնները բոլորովին այլ կ’ըլլան, հայերէն խօսքը աղօթքի պէս կը հնչէ, հայ երգն ու պարը սիրտեր կը գրաւեն, մեր աչքերը կը լեցուին ուրախութեան սիրակաթ արցունքներով ու հայկականութեան, հայութեան շունչով կը լիացնեն մեր հոգին։
Այդպիսի պահերուն կը մոռնանք բոլոր յուսախաբութիւնները, կը հասկնանք որ պէտք է ապրինք ու ապրեցնենք, պէտք է պայքարինք ու սիրենք, պէտք է աշխատինք ու ստեղծենք մօտիկ անցեալի կամ ներկայի պատմութիւնը, ուր մեզմէ իւրաքանչիւրը դերակատար է եւ կրնայ առնուազն պտղունց մը աղ ըլլալ եւ համ տալ հասարակաց ապրումներուն։
Պաքըրգիւղի մեր հայաշատ թաղը, Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցին, դարաւոր Տատեան վարժարանը մեր հասարակաց պատմութեան ուրոյն դերակատարներէն մէկն են։ Տատեան վարժարանը փառաւոր անցեալ մը ունի իր ետին եւ լիուլի արդարացուցած է իր գոյութիւնը, հաստատուն շաւիղներ բանալով պոլսահայութեան նորօրեայ տարեգրութեան մէջ եւս։ Այս կրթօճախը իր իւրայատուկ գոյնը ունի համայնքային կեանքի համայնապատկերին վրայ եւ տատեանցի ըլլալու հպարտութիւնը կը շնորհէ հին ու նոր բոլոր սաներուն։
«Պատմութիւնը պէտք չէ մոռցուի»ի գովելի եւ գնահատելի տրամաբանութեամբ Պաքըրգիւղի մեծ ընտանիքը «Յուշամատեան»ներով կ’ապրեցնէ անցեալը եւ զանոնք փարոս կը դարձնէ նորահաս սերունդներուն։ Այս անգամ նորօրեայ փարոսը 175ամեակի յուշամատեանն է, որու լոյս ընծայումը ողջունուեցաւ փառաւոր շնորհանդէսով մը։
Այսպէս, Շաբաթ օր, 6 Մայիսի յետմիջօրէի ժամերուն հաւաքուեցանք վարժարանի նորակառոյց շէնքի երդիքին տակ եւ միասնաբար ապրեցանք այն վայելքը, զոր մեզի պարգեւեցին շնորհանդէսի մասնակիցները՝ մաքրամաքուր հայերէնով ու սրտագրաւ ելոյթներով։ Անհուն հրճուանքով ականատեսը դարձանք նաեւ այն մեծ ակնածանքին ու երախտագիտութեան, որ դրսեւորուեցաւ արժարանի բազմավաստակ ուսուցիչ եւ նախկին տնօրէն, 175ամեակի Յուշամատեանի խմբագիր Օր. Հերմինէ Պէնլիօղլուի հանդէպ։ Յայտագիրը փաստեց որ սուրբ է մանկավարժի աշխատանքը, անգնահատելի է այն ճիգն ու ջանքը, որ դասերով, կեանքի պատրաստութեամբ կը փոխանցուի աշակերտին ու կ’օգնէ որպէս մարդ, որպէս անհատ անոր մտքի ու հոգիի ձեւաւորման։ Մեր ձեռքի ափերը ցաւեցան ծափահարելէ, երկա՜ր ու երկա՜ր ծափահարեցինք յայտագրի բոլոր մասնակիցները անխտիր, ծափահարեցինք շնորհանդէսի պատասխանատուները, կազմակերպիչներն ու աջակիցները, որոնք մեզի համար գեղարուեստական տօն դարձուցին շնորհանդէսի հանդիսութիւնը եւ յաջողեցան հաւաքական կեանքի հանրագումարը դարձնել զայն։
Եւ ուրեմն…։
***
Շաբաթ յետմիջօրէին խուռներամ բազմութիւն մը տօնական բարձր տրամադրութեամբ հաւաքուեցաւ Տատեան վարժարանի նոր շէնքի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» դահլիճին մէջ։ Հիւրեր, հրաւիրեալներ, համակիրներ, նախկին տատեանցիներ ու թաղականներ եկան միասնական այդ ապրումներու համար եւ բերնէ բերան լեցուցին սրահը, ուր նոյնիսկ յաւելեալ աթոռներ ներս բերուեցան նոր ժամանողներու եւ տեղ չգտնողներու համար։ Պատրիարք Հայրն ու Արամ Սրբազան իրենց ներկայութեամբ եւ,- Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի, Կորիւն Աւ. Քհնյ Ֆէնէրճեանի, Շահէն Քհնյ. Օհանեանի, բարերարներու ու ազգային գործիչներու ընկերակցութեամբ,- պատուեցին հաւաքոյթը։ Հանդիսութեան մասնակցեցաւ նաեւ ՍԾՏՀի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան։
Այն բծախնդրութիւնը, որով պատրաստուած է Յուշամատեանը, իր ցոլացումը գտաւ շնորհանդէսի ընթացքին եւս։ Անմոռանալի ձեռնարկ մը յանձնուեցաւ պատմութեան ու թէեւ յուշամատեանի գինեձօնով պաշտօնապէս աւարտին հասած եղան 175ամեակի միջոցառումները, բայց միաժամանակ, այս հանդիսութիւնը վստահաբար դարձաւ ապագայ նոր Յուշամատեանի առաջին էջը։ Ահաւասիկ այդ պատմութիւնը շնորհանդէսի ընդմէջէն կը կերտուէր եւ մեզ մէկմէկ ականատես կը դարձնէր Տատեանի երդիքին տակ։
Ամէն ինչ կար յայտագրին մէջ. ելոյթներ, արտասանութիւն, երգ ու պար, հեռաւոր ափերէն հասած սրտի խօսքեր, որոնք հրամցուեցան աշակերտներու, ուսուցիչներու եւ վարչայիններուն կողմէ։ Չհասկցանք թէ ինչպէ՞ս սահեցան ժամերը, անգամ մը եւս համոզուեցանք որ կարօտ ենք հայերէնով յայտագրերու եւ շատ հոգեհարազատ են նմանօրինակ միջոցառումները, որոնք հոգեթով տրոփներով կը յիշեցնեն մեր պատկանելիութիւնը եւ հայաշունչ ապրումներով կը տոգորեն մեր միտքն ու հոգին։
Հանդիսութեան խօսնակը հայերէնի երիտասարդ ուսուցչուհի Նայիրի Խաչիկօղլուն էր, որ բացման խօսքը արտասանելէ ու ներկաները ողջունելէ ետք, գործի դրաւ յայտագիրը, մերթ ընդ մերթ գրական գեղեցիկ մէջբերումներով եւ քառատողերով համեմելով իր խօսքը։
Նախ հանդէս եկան վարժարանի երկրորդ, երրորդ եւ չորրորդ դասարանցիներէն կազմուած երգչախումբի մանուկները՝ որպէս ապագայի յոյս ու բոցավառ կայծ։ Պճլտուն աչքերով այս սիրասուն աշակերտները մայրենիի գովքը հիւսեցին հիանալի երգեցողութեամբ։ Երաժշտութեան իրենց ուսուցիչ Արի Պարութօղլուի դաշնակի ընկերակցութեամբ ու հսկողութեամբ երգեցին «Տատեանի մանկանց քայլերգ»ը, «Մեր լեզուն» եւ «Հայ որդիք»ը։
Յաջորդեց յուշամատեանի խմբագիր, վարժարանի երկարամեայ ուսուցիչ եւ նախկին տնօրէն Օր. Հերմինէ Պէնլիօղլու, որուն երեւումը բեմին վրայ ողջունուեցաւ սիրոյ ու գնահատանքի անկեղծ ծափերով։ Ան պատմեց 175ամեակի միջոցառումներու մասին, որոնց մէկ օղակն էր նաեւ ահաւասիկ Յուշամատեանի պատրաստութիւնը, անդրադարձաւ հայ դպրոցի ունեցած կարեւորութեան եւ ըսաւ որ Տատեանի մեծ ընտանիքը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ իր առաքելութեան ¤այս եւ միւս ելոյթները անջատաբար հրապատարակուած են ներքին էջերուն մէջ_։
Սրտի խօսքեր կային հեռաւոր ափերէն. նախկին տատեանցիներ՝ Արթօ Օգշայեան որ 1966-1967 թուականի շրջանաւարտ է ու 1983-1996 թուականներուն եղած է հիմնադրի ներկայացուցիչ, Յակոբ Ծերունեան որ եղած է Դպրաց դասու անդամ եւ որդին՝ Վռամշապուհ Ծերունեան, որ 1970-1971 տարեշրջանի ընթացաւարտ է՝ Մելպուռնէն ու Գալիֆորնիայէն տեսակապով իրենց մասնակցութիւնը բերին յայտագրին։ Վռամշապուհ Ծերունեան չմոռցաւ յիշատակելու եւ իր սէրն ու գնահատանքը յայտնելու իր անմոռանալի ուսուցչուհիներուն՝ Օր. Հերմինէ Պէնլիօղլուին ու Մարմարա-ի մեր նախկին փոխխմբագրապետուհի, Տատեան վարժարանի երկարամեայ նախկին ուսուցչուհի Օր. Մաքրուհի Պ. Յակոբեանին։ Հայաստանցի դերասան, բեմագիր ու բեմադրիչ Արամ Կոստանեան եւս տեսակապով իր յարգանքն ու երախտիքը յայտնեց տատեանցիներուն եւ ողջունեց հանդիսութեան մասնակիցները։
Յայտագիրը շարունակուեցաւ տնօրէնուհի Երանուհի Պալճըի ելոյթով։ Ան յիշեցուց որ որպէս վարժարան տէր կը կանգնին իրենց հիմնադիր՝ Յովհաննէս Պէյ Տատեանի կտակին ու հայ լեզուն կը դրոշմեն աշակերտներու շրթներուն վրայ։ Ընդգծեց որ իրենց ջանքն է վառ պահել կրթական ջահը եւ զայն փոխանցել ապագայ սերունդներուն, միշտ նեցուկը վայելելով Թաղային Խորհուրդին ու յարակից մարմիններուն։
Յայտագրի գեղարուեստական բաժինը շարունակուեցաւ Աւետիս Էօզտէմիրի դաշնակի կատարումներով, որոնք «իմփրովիզասիոն»ի դրսեւորումներ էին՝ մեծի ծանօթ յօրինումներու հիման վրայ։
Տատեանցի սիրասուն սաներ՝ Միրա Ըսլանմազ, Տէրուն Տէմիր, Լիա-Գարլա Վուրալ, Նարեկ Եիւճէճան եւ Քրիստինա Քուլկա, որոնք պատրաստուած էին վարժարանի հայերէն լեզուի նախկին ուսուցչուհի Պայծառ Եիւճէճանի կողմէ, Սիպիլի «Հայ լեզուն» արտասանեցին գեղեցիկ առոգանութեամբ ու մանկական թովչանքով։ Արտասանութեան այս հատուածը շարունակուեցաւ մանկապարտիզպանուհի Մարալ Քըսատուրի ելոյթով. ան ալ Վարդ Շիկահերի «Հողը սուրբ, ժամ ու դպրոց» խորիմաստ բանաստեղծութեամբ եկաւ փաստել օրուայ պատգամը։
Երգն ու պարը չէին կրնար անմասն մնալ այսպիսի որակաւոր յայտագրէն։ Վարժարանի հայերէնի ուսուցչուհի, սիրուած երգչուհի Թաթիանա Պօսթան իր գեղեցիկ ձայնով ու զգացականութեամբ փառաբանեց մեսրոպեան հայոց տառերը, երաժշտութեան ուսուցիչ Արի Պարութօղլու ժողովրդական «Խանդի երգ»ով միացաւ յայտագրին, յետոյ երկուքը միասին «Ազգ փառապանծ»ը մեկնաբանեցին, ոգեւորութիւնը հասցնելով իր գագաթնակէտին։ Այս բոլորը եկաւ ամբողջացնել նաեւ «Ծաղկած բալենի» պարի կատարումը, զոր հրամցուցին խումբ մը աշակերտուհիներ՝ մարզուած պարուսոյց Նարօտ Կիւլէչի կողմէ։
Թաղային Խորհուրդի նորընտիր Ատենապետուհի Օր. Մարի Եանճը, իր եւ գործակիցներու սրտի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն, անդրադառնալով եկեղեցւոյ ու վարժարանի մեծ ընտանիքի առաքելութեան եւ մի առ մի շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք մասնակցութիւնը բերած էին Յուշամատեանի, 175ամեակի հանդիսութիւններու ու այս շնորհանդէսի պատրաստութեան։
175ամեակի Յուշամատեանի մեկենասը 1977-1978 տարեշրջանի ընթացաւարտ, ամերիկաբնակ բժիշկ Նուրհան Ագտէմիրն է, որուն գրած սրտախօսիկ տողերը արտասանուեցան նախկին մանկապարտիզպանուհի, իր դասընկերուհի՝ Տիկին Հերմինէ Չընարին կողմէ։ Այս վերջինը իր սիրտէն բխած խօսքն ալ միացուց այդ տողերուն, ընդգծելով որ այս ձեռնարկով յիշարժան քայլ մը առնուեցաւ վարժարանի պատմական հանգրուանին վրայ։
Յայտագրի վերջին բաժնով Օր. Մարի Եանճը, յանուն Նուրան Ագտէմիրի, Յուշամատեանէն արծաթապատ կողքով յատուկ օրինակ մը նուիրեց Հերմինէ Չընարին։ Նոյն օրինակէն Թաղային Խորհուրդի անունով եւ Պատրիարք Հօր ձեռամբ յանձնուեցաւ հատորի խմբագիր Օր. Հերմինէ Պէնլիօղլուին։
Փառաւոր ձեռնարկի հուսկ բանքը արտասանեց Պատրիարք Հայրը, իր տպաւորութիւնները բաժնելով Յուշամատեանի մասին։ Նորին Ամենապատուութիւնը դիտել տուաւ որ ստացած էր հատորը եւ զայն թղթատելով տխրութիւն ապրած էր, զգալով թէ որքա՜ն շուտ կը սահի ու կ’անցնի ժամանակը։ «Լուսանկարները, գրութիւնները աչքերուս առջեւ բերին վարժարանի երէկուան մանուկները, որոնք հասած են հասուն տարիքի, դարձած են ծնողներ ու տատիկ-պապիկներ», ըսաւ Սահակ Բ. Պատրիարք միաժամանակ աւելցնելով որ ուրախութիւն ալ ապրած էր, քանի որ այս կրթական հաստատութիւնը յուշամատեանի ընդմէջէն կը յայտարարէր, որ հակառակ ամէն տեսակի նիւթական եւ բարոյական նեղութեանց եւ դժուարութեանց, մնացած էր իր պատնէշին վրայ, հաւատարիմ էր Յովհաննէս Պէյ Տատեանի աւանդին եւ առաջին օրերու առաքելութեան, յաջողած էր պատմութիւն կերտել պոլսահայութեան տարեգրութեան մէջ։ «Ուրախ եմ որ վարժարանի վարիչները գովելի գաղափարը յղացած են յուշամատեան պատրաստելու եւ անմահացնելու այս կրթական յարկէն ներս արձանագրուած կարեւոր զարգացումները», ըսաւ Պատրիարք Հայրը ու այսօրուան վարիչներուն թելադրեց, որպէսզի անոնք նոյնպէս պատմութիւն կերտեն արձանագրելով եւ յետագային յուշամատեանի մը մէջ անմահացնելով իրողութիւնները։
Հանդիսութեան աւարտին «Եթքին Պէրպէրօղլու» մարզասրահին մէջ սարքուեցաւ ճոխ պատուասիրութիւն մը։ Բոլորը հոն անցան, փափաքողներ նորատիպ հատորը ստացան զայն մակագրել տալով Օր. Հերմինէ Պէնլիօղլուին։ Զրոյցները, շնորհաւորութիւնները յաջորդեցին այստեղ եւս։ Յիշատակները վերաթարմացան հին ու նոր սաներու գրկախառնութեամբ, կարօտալի համբոյրներով ու գնահատանքով։
Բարձր տրամադրութեամբ բաժնուեցանք Տատեան վարժարանէն, գնահատանքով արձանագրեցինք որ շնորհանդէսի այս փառաւոր հանդիսութիւնը փայլ հաղորդեց 175ամեակի հանգրուանին ու մեկնակէտը դրաւ՝ գալիք նորօրեայ պսակումներուն։
Կը շնորհաւորենք անմոռանալի գիշերուան բոլոր հերոսները, առողջութիւն ու յաջողութիւն մաղթելով իրենց կրթանուէր առաքելութեան մէջ։
Ն. Ս.
Լուսանկարներ՝ ՔՐԷԱԹԻՖ – ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՏԱՒՈՒԼՃԵԱՆ
///
.
ՏԱՏԵԱՆՑԻՆԵՐ ՀԱՒԱՔՈՒԵՑԱՆ ԻՐԵՆՑ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՕՐՈՒԱՅ ԱՌԻԹՈՎ
Տատեան վարժարանի տնօրէնութենէն շնորհակալութեամբ ստացանք «Տատեանցիներու օր»ուայ առիթով վարի լրատուութիւնը։ Շնորհակալ ենք Տնօրէնուհի Երանուհի Պալճըին ու հայերէնի ուսուցչուհի Նայիրի Խաչիկօղլուին՝ մեզ օգնական հանդիսանալու համար.-
Տատեան վարժարանի եւ Պաքըրգիւղի ընտանիքի, հին ու նոր շրջանաւարտներու համար իմաստալից օր մըն է Մայիս ամսուան երրորդ կիրակին։ Տատեանցիներ հաստատած են իրենց «օրը» եւ աւանդական շուքով այդ մէկտեղումը կը նշեն վարժարանի երդիքին տակ։
Երէկ, յետմիջօրէի ժամերուն Տատեան վարժարանի 25ամեակի ու 40ամեակի մեծարեալ շրջանաւարտները, Թաղային Խորհուրդը, վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը հաւաքուեցան նորակառոյց շէնքի պարտէզին մէջ եւ հաւաքական ապրումներու ցոլացումը գտան գործադրուած յայտագրի միջոցաւ։ Նախկին շրջանաւարտները զիրար տեսնելու բերկրանքով եւ ուրախութեամբ հաւաքուեցան նախ վարժարանի դահլիճին, յետոյ պարտէզին մէջ։ Դահլիճին մէջ պաշտօնական մասն էր, յուշատախտակներու յանձնումն ու աշակերտներու ելոյթները, իսկ պարտէզին մէջ պատուասիրութիւնը, որու ընթացքին երեք սերունդ Տատեանցիներ բաժակ բարձրացուցին դարաւոր վարժարանի կենաց եւ տօնական կարկանդակները կտրեցին խանդավառ ապրումներով։
Վարժարանի դահլիճին մէջ հանդիսութեան խօսնակը հայերէնի լեզուի նորահաս սերունդի ուսուցչուհիներէն Նայիրի Խաչիկօղլուն էր։ Ան ողջունելով ներկաները, ըսաւ որ հաւաքուած էին անցեալը յիշելու, ներկան ապրելու եւ ապագայի համար բարեմաղթանքներ ընելու համար։ Նախ ոգեկոչուեցաւ վարժարանի հիմնադիր՝ Յովհաննէս Պէյ Տատեանի բարի յիշատակը։
Յետոյ իր սրտի խօսքը ըսելու հրաւիրուեցաւ Տնօրէնուհի Երանուհի Պալճըն, որ անդրադարձաւ վարժարանէն ներս արձանագրուած յաջողութիւններուն, դպրոցական գործունէութեանց, մայրենի լեզուի կարեւորութեան նման առանցքային հարցերու։ Ըսաւ որ իրենց ջանքն ու նպատակն է կրթական ջահը վառ պահել եւ զայն փոխանցել ապագայ սերունդներուն, յայտնաբերելով ու զարգացնելով տղոց ընդունակութիւնները։
Բեմ հրաւիրուեցան 1997-1998 տարեշրջանի 25ամեակի յոբելեար շրջանաւարտները, որոնց յուշանուէրները յանձնուեցան թաղականներ Ելիզ Էօղրէթի, Նուպար Մանաւեանի, Երուանս Սվաճըօղլուի եւ նախկին ատենապետ Մեսուտ Էօզտէմիրի ձեռամբ։ Այս դասարանի անունով արտայայտուեցան վարժարանի նախին ուղեցոյց կրթական մշակ Անիլտա Մանթօ-Մէնէքշէ, Արտա Տօնիկօղլու եւ Նուպար Էօզբէրչէլ։
Յուշատախտակներու յանձումէն ետք երրորդ դասարանի աշակերտներէ բաղկացեալ պարախումբը բեմ ելաւ ու պարեց «Հմայեակ ջան» պարը։ Տղաքը մարզուած էին պարուսոյց Տիկին Նարօտ Կիւլէչի կողմէ։
Աշակերտական յայտագիրը շարունակուեցաւ Լեռնա Հատընլըկիլի ելոյթով։ Ան մարզուած էր երաժշտութեան ուսուցիչ Արի Պարութօղլուի կողմէ եւ երգեց «Հինկալա»ն։ 6րդ դասարանի սաներու պարախումբը նոյնպէս մասնակցութիւն բերաւ յայտագրին, պարելով «Արեւ է ելել» անունով կատարումը։
Հանդէսի յիշարժան պահերէն յաջորդը 40ամեակի դասարանի յոբելեարներն էին։ Անոնք բեմ ելան ծափերու ներքեւ եւ ստացան իրենց յուշատախտակները՝ ձեռամբ Ատենապետուհի Մարի Եանճըի, հիմնադիր Ալէն Պիւյիւքէրի, Տնօրէնուհի Երանուհի Պալճըի եւ նախկին տնօրէնուհի Հերմինէ Պէնլիօղլուի ձեռամբ։ Այս պահուն խօսեցան թէ՛ Օր. Հերմինէ, թէ՛ Մարի Եանճը։ Առաջինը շնորհաւորեց յոբելեար շրջանաւարտներ, իսկ Մարի Եանճը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Օր. Հերմինէին, որու պաշտօնավարութեան շրջանին, 2005ին հաստատուած էր «Տատեանցիներու օր»ը ու կը շարունակուէր աւանդական գիծով։
Յանուն այս դասարանի արտայայտուեցաւ վարժարանիս հայերէնի նախկին ուսուցչուհի Ժպտուն Զուռնաճը ¤այս ելոյթը պիտի հրատարարակենք մեր վաղուան թիւով_։
Յաջորդեց պատուասիրութիւնը։ Տատեանցիներ նախկին տարիներու նման խմեցին վարժարանի կենաց արեւշատութեան համար։ Այս տարի մեծարուեցան երեք սերունդ Տատեանցի Էօզպաղ ընտանիքի անդամները՝ Փիրլանթի Չօփուր-Էօզպաղ, Վարուժան Էօզպաղ եւ Սեսիլ Էօզպաղ, որոնցմէ կրտսերը այս տարի վարժարանէն շրջանաւարտ կ’ըլլայ։
Ապրումները վերաթարմացնելով Տատեանցի հին ու նոր սաները բաժնուեցան իրենց դպրոցական յարկէն, յաջորդ տարի համախմբուելու յոյսով ու բարձր տրամադրութեամբ։
**
.
.
.
Ծանօթութիւններ Տատեան Վարժարանի Մասին
Արքունի վառօդապետ Յովհաննէս Պէյ Տատեան,
որ զարգացած և մտաւորական անձնաւորութիւն մը եղած է, 1844ին Պաքըրգիւղի մէջ, Եկեղեցւոյ կից Արծրունեան անունով փայտաշէն դպրոց մը կառուցանել կուտայ: Վարժարանին առաջին վարժապետը կ՝ըլլայ Նիկողոս անուն անձ մը, որ մինչեւ 1870 թուականին կը վարէ այս պաշտօնը:
1892ին ժողովուրդին ալ օժանդակութեամբ Եկեղեցւոյ յարակից գետնի վրայ կը կառուցուի արդի քարուկիր շէնք մը ու ի յարգանս Տատեան բարերար գերադաստանին կը կոչուի Տատեան երկսեռ վարժարան:
.
.
1958-59 տարեշրջանին Տատեան նախակրթարանը կը վերածուի Միջնակարգի օրուան Թաղային Խորհրդոյ, Տնօրէնութեան և ծնողներու փափաքին համաձայն: 1960-61 տարեշրջանին կուտայ իր առաջին հունձքը:
Վարժարանի առաջին հիմնադիրը կ՝ըլլայ Տիար Օհան Տէր Ոսկի 1920-30 ական թուականներու միջեւ: Յաջորդական տարիներուն՝
Պաքըրգիւղի Ծն.Ս.Աստուածածնի Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը կը բաղկանայ 11 անդամներէ:
Ատենապէտն է՝ Պրն. Մէսուտ Էօզտէմիր
Վարժարանիս հոգաբարձութեան ատենապետն է՝ Երուանդ Սըվաճըօղլու
Թաղային Խորհրդոյ հովանաւորութեան տակ կը գործէ Աղքատախնամ Մարմինը և Տատեան Ս.Միութիւնը
Կարեւոր 2002 թուականին Թաղային Խորհուրդի ատենապետ Վարդան Էրքօլի ու իր գործակից ընկերներուն և վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Ղուկաս Աղպուլութի տքնաջան ջանքերով Տատեան Վարժարանը ի հիմանէ նորոգուեցաւ և 2003-2004 տարեշրջանին իր դռները բացաւ նոր դիմագծութեամբ:
19 Նոյեմբեր 2012 թուականին Պաքըրգիւղի նախկին քաղաքապետ Աթէշ Իւնալ Էրզէնի ձեռամբ կը ստացուի նորակառոյց շէնքի արտօնագիրը: Թաղային Խորհրդոյ ատենապետ Մէսուտ Էօզտէմիրի, ճարտարապետ Նուպար Մանավեանի ու շինութեան աշխատանքի գլխաւոր խորհրդատու ճարտարագէտ Նազար Պինաթլըի ու շնորհիւ յարգելի բարերարներու աչքառու նիւթական օժանդակութեամբ նորակառոյց շէնքը 2015-2016 տարեշրջանին իր գիրկը կը բանայ Տատեանի սիրասուն աշակերտներուն:
Կարեւոր
1994 ին լոյս տեսաւ վարժարանի հիմնարկութեան 150 ամեակի ձօնուած Յուշամատեանը, որուն մէջ տեղ գրաւած են մանրամասն տեղեկութիւններ:
13 Փետրուար 2018 թուականին տեղի ունեցաւ հաւաքոյթ մը որուն նպատակն էր կազմել կարգադիր յանձնախումբ մը:
Ատենապետուհի ընտրուեցաւ Հերմինէ Պէնլիօղլու, Բ.Ատենապետուհի Ալիս Պայրամ:
Յոբելենական գործունէութիւնները սկսան՝
8 և 9 Դեկտեմբեր 2018 Եկեղեցւոյ օծում և պաշտամունքի վերաբացում
16 Դեկտեմբեր 2018 Արմենուհի Թոռունեանի
24 Փետրուար 2019 Շաքէ Յակոբեանի
19 Մայիս 2019 Էլիզ Մանասի
Շիրիմներու այցելութիւն և շիրմաքարերու զետեղում
12 Փետրուար 2019
Պօղազիչի Թատերական Յանձնախումբի դերասաններու կողմէ «Զապէլ»ի անուան ձօնուած թատերական ներկայացում
Հայաստանցի 60 հոգինոց արուեստագէտներու խումբին կողմէ (մասնաւոր հրաւէրով Իսթանպուլ եկան ու բոլոր ծախսերը դիմագրաւուեցան Թաղային Խորկրդոյ և նուիրատու բարերարներու կողմէ)
19 Մարտ 2019
Տատեանցիներու Օր
27 Մայիս 2019
Տատեան Վարժարանի աշակերտներու կողմէ Երգի ու Պարի հանդիսութիւն
Մինչ այդ վարժարանի հիմնարկութեան 175 ամեակին առթիւ Յուշամատեանի աշխատանք կը տարուի:
Մեծայարգ
Պրն. Յակոբ Ծերունեան
Յոբելենական նշանակալից հանգրուանին առիթով, վստահ ենք թէ ինչպէս անցեալին, այս օրերուն ալ որպէս նուիրեալ ազգային գործիչ ու Տատեանցի երախտագէտ սան, սիրայօժար պիտի փափաքիք բերել Ձեր օժանդակութիւնն ու աջակցութիւնը արտասահմանի Տատեանցի պատուարժան սաներու և համակիրներու հետ համախորհուրդ:
Այս առթիւ հաճեցէք ընդունիլ մեր կանխայայտ շնորհակալութիւններն ու խորին յարգանքները:
Կարգադիր Յանձնախումբ
175 ամեակի
.
………
..
..
..
..
..
.
..
26 Հոկտեմբեր 2019 Լոս Անճըլըս
ԼՈՍ ԱՆՃԸԼԸՍԻ ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ԵՐԵԿՈՅ՝Ի ՊԱՏԻՒ ՄԱՔՐՈՒՀԻ Պ. ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ-
ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ԵՐԵԿՈՅ` ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՎԱՍՏԱԿԱՒՈՐ ՈՒՍՈՒՑՉՈՒՀԻ՝ ՕՐ. ՄԱՔՐՈՒՀԻ Պ. ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԵՒ ՊՈԼՍՈՅ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԵԱՆ 175 ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԹԻՒ
Գրի առաւ Մարիէթ Մինասեան-Յովհաննէս
Կազմակերպութեամբ Լոս Անճըլըսի Պոլսահայ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբին, Շաբաթ, Հոկտեմբեր 26 2019ին, երեկոյեան ժամը 8:00ին, Միութեան «Հրանդ Տինք» դասախօսական սրահին մէջ տեղի ունեցաւ վաստակաւոր ուսուցչուհի՝ Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի մեծարանքի երեկոն՝ ներկայութեամբ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն, միութեան անդամներուն եւ հիւրերուն: Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Պոլսոյ Տատեան վարժարանէն 70 տարի առաջ շրջանաւարտ սան, նաեւ Լոս Անճըլըսի Կեդրոնական Սանուց Յանձնախումբի բազմամեայ նախկին ատենապետ՝ Պրն. Յակոբ Ծերունեան, որ նշեց թէ մեծարանքի սոյն երեկոյին ազնիւ գաղափարը յղացան ի պատիւ բազում շքանշաններու դափնեկիր, Պոլսահայ մտաւորական, վաստակաշատ ուսուցչուհի, յայտնի լրագրող, գրագիտուհի՝ Օր. Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի: Ապա հանդիսավարը հրաւիրեց ներկաները պահ մը յոտնկայս յարգանքի տուրք մատուցանելու Տատեան Վարժարանի հիմնադիր, Օսմանեան Կայսրութեան վառօդապետ՝ Յովհաննէս Պէյ Տատեանի բարի յիշատակին եւ նաեւ 175 տարիներու ընթացքին վարժարանի նիւթապէս կամ բարոյապէս ծառայած բոլոր բարերարներու, տնօրէններու, ուսուցիչ կամ ուսուցչուհիներու, աշակերտ-աշակերտուհիներու խնկելի յիշատակին համար: Ապա Պրն. Ծերունեան ընթերցեց Պոլսոյ Տատեան վարժարանէն առաքուած նամակը, ուղղուած Պոլսահայ Միութեան, որուն մէջ անսահման գոհունակութիւն կը յայտնուէր շեշտելով թէ Տատեանի սաները մեծ պատիւ կը բերէին մեր կրթական օճախին եւ բոլոր համայնքներուն, որուն մէջ անուարանալի բաժին մը ունէր օրւան մեծարեալ ուսուցչուհին՝ Օր. Մաքրուհի Պ. Յակոբեանը:
Օր. Մաքրուհին եղաւ Տատեան վարժարանի բազմավաստակ կրթական մշակներէն մին: Ան տարիներ շարունակ իր դրոշմը դրաւ մեր մայրենի լեզուին եւ մշակոյթի բնագաւառէն ներս: Նամակին մէջ կը յայտնուէր այն ցանկութիւնը, որ սոյն օճախը մնայ անսասան, որպէսզի իր երդիքին տակ անհամար սերունդներ գան ու հաղորդուին Մեսրոպեան այբուբենով: Կը փոխանցուէր 175 ամեակի Կարգադիր Յանձնախումբի շնորհաւորանքներն ու գնահատանքը, Պոլսահայ Միութեան Վարչութեան անդամներուն իրենց ցուցաբերած գեղեցիկ մտայղացումին ու փափկանկատութեան համար: Ապա հրաւիրուեցաւ Մշակութային Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեանը, որ իր խօսքին մէջ արտայայտուեցաւ Օր. Մաքրուհիի բարեմասնութիւններուն մասին ու հրաւիրեց մշակութային յանձնախումբի քարտուղարուհի՝ Զարուհի Խաչիկեանը, որպէսզի ընթերցէ Օր. Մաքրուհիի աշակերտուհիներէն՝ Ժպտուն Չիլինկիրեան Զուռնաճիին նամակը: Տիկին Ժպտուն կ՚անդրադառնար հայերէն լեզուի եզակի ուսուչուհիին մասին, որուն շնորհիւ ինք ալ դարձած էր կրօնքի եւ լեզուի ուսուցչուհի: Ժպտուն Չիլինկիրեան կ՚որակէր իր ուսուցչուհին որպէս Հայ լեզուի ուղիղ ուսուցման վստահելի աղբիւր, որուն օրինակը ցանցառ է Պոլսոյ մէջ: Յաջորդեց տեսաերիզի ցուցադրութիւն մը՝ Տատեան վարժարանի մանկապարտէզին մասին, պատրաստուած Կարպիս Սարաֆեանի կողմէ, որ կը ներկայացնէր 25 տարիներ առաջ, Հոկտեմբեր 1 1994 թուին, Պոլսահայ Միութեան սրահին մէջ Տատեան վարժարանի 150 ամեակի առթիւ կատարուած ճաշկերոյթի ընթացքին: Տեսաերիզը կը ներկայացնէր թատերական զուարճալի կարճ արար մը, դպրոցական առօրեայ կեանքէ առնուած՝ մանկապարտէզի տարազներով: Դարձեալ ամպիոն մօտեցաւ Տոքթ. Աւետիքեան ու ընթերցեց մեծարեալին կենսագրականը, թուելով անոր ուսուցչական ասպարէզի մէջ տարած գործունէութիւններն ու ստացած բազում շքանշաններն ու գնահատագիրները: Հանդիսավարը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Պր. Կարպիս Սարաֆեանին սոյն ձեռնարկին պատրաստութեանց համար: Ապա ընթերցեց Տատեան Վարժարանի քայլերգը, որուն բառերը գրուած էին մեծարեալին կողմէ: Բեմ հրաւիրուեցաւ Օր. Մաքրուհին, որպէսզի իր սրտի խօսքը փոխանցէ: Ան ողջունեց բոլորը ջերմ սիրով եւ անսահման կարօտով, իր հետ բերելով իրենց ծննդավայր՝ Պոլսոյ բոյրն ու համբոյրը, երազներն ու ապրումները, մանկութեան ու երիտասարդութեան անմոռանալի ու անվերադարձ օրերը: Ան յայտնեց թէ երբեք չէ մոռցած իր աշակերտները, որոնք այդ օր ներկայ էին այդտեղ, որովհետեւ անոնք իրեն կը յիշեցնեն ամենէն մաքուր եւ ամենաանկեղծ ապրումները: Բացատրութիւն տուաւ վարժարանին 175 ամեակին առթիւ Պոլսոյ մէջ կատարուած հանդիսութիւններու մասին: Օր. Պ. Յակոբեան շեշտեց թէ Տատեան վարժարանը ոչ միայն ուսում ու կրթութիւն ջամբած է, այլ ընտանիքի սէր, անկեղծ հոգատարութիւն եւ այս բոլորին առընթեր մասնաւորաբար տոհմիկ կրթութիւն ալ տուած է տղոց, որ մեր լինելութեան ու գոյատեւման նախապայմանն է: Տատեանի մէջ կան սէր, համերաշխութիւն եւ վստահութիւն, ուր ուսուցիչը կը գործէ զոհաբերութեամբ ու նուիրումով: Ան կրթական հաստատութիւն մըն է, որ իւրայատուկ հմայք ու քաշողականութիւն ունի: Օր. Պ. Յակոբեան բոլոր հին ու նոր Տատեանցիներու
յորդորեց, որ ձեռք ձեռքի տան ու տէր կանգնին իրենց վարժարանին, որպէսզի ան մեր քոյր վարժարաններուն հետ ըլլայ թեւանցուկ, շղթայ կազմած ու մեր գոյութեան պայքարին ու մարտնչումներուն ցայտուն խորհրդանիշը: Ապա հրաւիրուեցան Միութեան Գործադիր Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Մուրատ Քէօշքէրն ու Յակոբ Ծերունեանը եւ Տոքթ. Աւետիքեանի ձեռամբ մեծարեալին շնորհուեցաւ գնահատագիր մը Մշակութային Յանձնախումբին կողմէ առ ի գնահատանք իր բազմամեայ նուիրեալ գործունէութեան: Յիշատակի համար առնուած խմբային լուսանկարէն ետք: Օր. Պ. Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց Պոլսահայ մեծ ընտանիքին, որ իրապէս կ՚իրականացնէ իր ազգային պարտականութիւնը: Պոլսահայ Միութեան եւ բոլոր յարակից յանձնախումբերու անունով կը շնորհաւորենք Օր. Մաքրուհի Պ. Յակոբեանը, որ ծառայեց իբրեւ ուսուցչուհի եւ իր տքնաջան ու հետեւողական աշխատանքով կրցաւ իրականացնել իրեն վըստահուած առաքելութիւնը: Ան վարժարանի առաքելութեան հաւատացող, լուռ, անշեղ եւ դաստիարակիչ նկարագրով, բարձր մակարդակով եւ հոգիով կատարեց ուսուցչութիւնը Տատեան Վարժարանի մէջ: Ներկաները մեկնեցան, հաւատալով որ հայկական կրթօճախները կը հանդիսանան մայրենիի ջահը վառ պահող բնօրրաններ: Այդ ջահը սերունդէսերունդ կը փոխանցէ հայ ուսուցիչը, որ այդ կրթօճախին սիւնն է, առանց որուն հայ կրթօճախը կը զրկուի իր հայկական ինքնութենէն: Ի մասնաւորի հայ լեզուի եւ պատմութեան դասատուն է, որ կ՚արժեւորէ հայ դպրոցը եւ կը դրոշմէ մատղաշ սերունդներու սրտին մէջ ազգային ինքնութիւնը: Պոլսահայ Միութիւնը այսօր կուգայ իր երախտագիտութիւնը յայտնելու պոլսահայ ուսուցչուհիին եւ անոր ըսելու` «Վարձքդ կատար»: 26 Հոկտեմբեր 2019 Լոս Անճըլըս
Լոս Անճըլըսի Պոլսահայ Միութեան մեծայարգ վարիչներ, Շատ սիրելի երբեմնի իմ աշակերտներ, Սրտակից դասընկերներ, Թանկագին քոյրեր ու եղբայրներ Ձեզ բոլորդ կ՚ողջունեմ ջերմ սիրով եւ անսահման կարօտով: Ինծի հետ ձեզի կը բերեմ ձեր ծննդավայր՝ Պոլիս քաղաքի բոյրն ու համբոյրը, երազներն ու ապրումները, մանկութեան եւ երիտասարդութեան շրջանի ձեր անմոռանալի յիշատակներն ու անցեալի երջանիկ անվերադարձ օրերը: Շատ ուրախ եւ հպարտ եմ որ երկար տասնամեակներ անցած ըլլալով հարդերձ, չէք մոռցած զիս եւ այսօր այս հանդիսաւոր հաւաքոյթով պատիւ կը շնորհէք ինծի: Պատիւ՝ որ կեանքի մէջ մարդ արարածի ամէնէն ցանկալի եւ ամէնէն սրտապնդիչ երազն է: Միայն թէ կ՚ուզեմ որ գիտնաք թէ, ես իմ կարգին երբեք չեմ մոռցած ձեզ, որովհետեւ դուք ձեր եւ իմ անցեալի անվերադարձ թարմ տարիներու ամէնէն մաքուր, ամէնէն անկեղծ, ամէնէն երջանիկ ապրումները կը յիշեցնէք ինծի: Ուստի ես ձեզ բոլորդ ալ տեղաւորած եմ սրտիս ամէնէն տաքուկ, ամէնէն նուիրական անկիւնը: Ուրեմն հազար շնորհակալութիւն ձեզի ձեր ներկայութեան համար: Խորին շնորհակալութիւն այս քաղաքի Պոլսահայ Միութեան ատենապետ՝ Պր. Էտվին Մինասեանի եւ վարչական կազմին, այս կարգին՝ Մշակոյթի Յանձնախումբի ատենապետ՝ Պր. Յովհաննէս Գուլաքի, բեմարուեստի յաջողագոյն վարպետ, իմ սիրելի բարեկամ՝ Պր. Յակոբ Ծերունեանի, որոնք այսօր կազմակերպեցին այս գեղեցիկ հաւաքոյթը, լիացնելով ու ջերմացնելով հոգիս: Հազար շնորհակալութիւն՝ Պր. Յակոբ Ծերունեանի որդւոյն՝ Տատեան Վարժարանէն բացառիկ կարողութեամբ օժտուած իմ նախկին աշակերտիս, իսկ այսօր այս քաղաքին մէջ իրաւական, քաղաքական եւ վարչական բնագաւառէ ներս, համաշխարհային գետիններու վրայ գագաթային բարձունքներ հասած, փրօֆէսէօրի տիտղոսին տիրացած պատուաբեր հայուն՝ Վռամ Ծերունեանի, որ նկատի առնելով թէ այսօր ստիպողական պատճառներով պիտի չկարենար ներկայ գտնուիլ այս հաւաքոյթին, երկու օր առաջ իր դասաւանդած համալսարանը հրաւիրեց զիս՝ իր անցեալի նորանուէր ուսուցիչը, ճաշկերոյթով մը պատուեց, համալսարանի մասնաբաժինները ծանօթացուց, իր աշխատասենեակին մէջ հիւրասիրեց, անօրինակ երջանկութիւն եւ հպարտութիւն պատճառելով ինծի: Կրկին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ եւ յաջողութիւն կը մաղթեմ իրեն:
Սիրելի նախկին Պոլսահայեր, Ուրախութեամբ կ՚ուզեմ շեշտել որ Պոլիսը, հայ մշակոյթի եւ քաղաքակրթութեան օրրան քաղաքը, հակառակ տնտեսական ու քաղաքական վերիվայրումներուն, կամ թաւալող ժամանակի ստեղծած մշտանորոգ ստիպողութիւններուն ու պարտադրանքներուն, հայ կեանքի գոյատեւման տեսակէտով կը շարունակէ պահել տակաւին իր կենսունակութիւնը, ուշադրութիւն գրաւել իր իւրայատուկ դիմագիծով եւ այլ բազմապիսի յատկանիշներով: Ինչպէս գիտէք, ըստ հնաւանդ սովորութեան, Պոլսոյ մէջ, բազմաբնոյթ ձեռնարկներու շարքին, գլխաւոր տեղ կը յատկացուի եկեղեցական, կրթական, բարեսիրական, համայնքային հաստատութիւններու հիմնարկութեան տարեդարձներուն, այդ հաստատութիւններու մեծամեծ հիմնադիրներու կամ բարերարներու, նաեւ մեր մշակոյթի երախտարժան դէմքերու յիշատակութեան եւ փառաւորման հանդիսութիւններուն: Այս տարի ահաւասիկ, տօնակատարութիւններու ծիրէն ներս, լայն տեղ գրաւած էր Յովհաննէս Պէյ Տատեանի կողմէ 1844ին կառուցուած՝ Պաքըրգիւղի Տատեան Վարժարանը, որու հիմնարկութեան 175 ամեակը նշուեցաւ իրերայաջորդ բարձրամակարդակ ու փառաւոր հանդիսութիւններով: Այս երջանիկ հանգրուանի վրայ, վարժարանի նախկին ու ներկայ տնօրէնուհիներու՝ Օր. Հերմինէ Պէնլիօղլուի եւ Տիկ. Ալիս Պայրամի հովանաւորութեամբ կազմուեցաւ յանձնախումբ մը, որ Պրն. Մեսուտ Էօզտէմիրի ատենապետութեան ներքեւ գործող Թաղային Խորհուրդին նիւթական ու բարոյական զոհողութիւններով, ծրագրեց, կազմակերպեց ու գործադրեց եւ տակաւին կը պատրաստուի գործադրել փայլուն հանդիսութիւններ: Ես որպէս զտարիւն Տատեանցի, բարձրագոյն պատիւ համարելով սիրով ընդունեցի ինծի կատարուած առաջարկը եւ գրի առի Տատեանի 175 ամեակի քայլերգը, որուն երաժշտական յօրինումը ըրաւ դարձեալ զտարիւն Տատեանցի Ռոպէր Տողանայ: Գանատայէն հրաւիրուեցաւ նախկին Իսթանպուլահայ համբաւաւոր երաժիշտ եւ յօրինող Մաժակ Թոշիկեան, որու մականին տակ ներկայացուեցաւ Թումանեանի նշանաւոր «Սասունցիներու Պար»ը: Հայաստանէն հրաւիրուեցան պարախումբի մեծաթիւ անդամներ ու երգիչներ, որոնք տօնակատարութիւններուն մասնայատուկ փայլ տուին եւ ոգեւորութիւն ստեղծեցին: Վարժարանի աշակերտութիւնը հարուստ յայտագիրներով տպաւորիչ ներկայացումներ սարքեց: Ներկայիս, այլ հանդիսութիւններու կարգին, Օր. Հերմինէ Պէնլիօղլուի կողմէ կը պատրաստուի վարժարանի վերջին 25 ամեակի պատմութեան յուշամատեանը, որ շարունակութիւնը պիտի կազմէ 150 ամեակին առիթով լոյս ընծայուած յուշամատեանին: Սիրելի Տատեանցիներ, Ինչպէս գիտէք, Տատեան Վարժարանը բոլորին համար տաքուկ բոյն մը, հարազատ օճախ մըն է, ուր կը տիրապետէ համերաշխութիւն, մեծ ու պզտիկ՝ իրարու հանդէպ վստահութիւն ու յարգանք: Տատեանի մէջ աշակերտը ո՛չ միայն ուսում ու կրթութիւն կը ստանայ, այլ կը ստանայ ընտանիքի ջերմութիւն, սէր, անկեղծ հոգատարութիւն, եւ այս բոլորին առընթեր, մասնաւորաբար տոհմիկ կրթութիւն, որ մեր լինելութեան եւ գոյատեւման նախապայմանն է
Տատեանի մէջ ծնողք-ուսուցիչ-աշակերտ ձեռք ձեռքի տուած՝ համերաշխ գործակցութիւն ունին: Տատեանի մէջ տնօրէնը կը գնահատուի թէ՛ ծնողներու, թէ՛ պաշտօնակիցներու եւ թէ՛ վերին մարմիններու կողմէ: Գովասանքի կ՚արժանանան իր ջանքերն ու զոհողութիւնները: Ուստի կ՚ապրի ու կը գործէ հոգեկան անդորրութեան մէջ: Տատեանի մէջ աշակերտը գիտէ թէ զինքը ծնողքին չափ սիրող հոգատար ձեռքերու մէջ է, ուստի իրեն տրուած պատիժն անգամ համով կուգայ իրեն: Վերջապէս, Տատեանը կրթական հաստատութիւն մըն է, որ իր իւրայատուկ հմայքն ու քաշողականութիւնն ունի: Ուստի բոլորս ալ որպէս հին ու նոր Տատեանցիներ, պէտք է ձեռք ձեռքի տանք եւ տէր կանգնինք մեր վարժարանին, որպէսզի մեր այս վարժարանը, համայնքի մեր քոյր վարժարաններուն հետ թեւանցուկ, ամրակուռ շղթայ կազմած՝ կանգուն մնայ ու մեր լինելութեան եւ գոյատեւման պայքարին ու մարտնչումներուն ցայտուն խորհրդանիշ դառնայ: Կ՚ողջունեմ բոլորդ անսահման սիրով, կարօտով, նաեւ երախտագիտութեամբ: Մաքրուհի Պ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ
.
.
175 ԱՄԵԱԿԻ ԿԱՐԳԱԴԻՐ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՆԱՄԱԿԸ ԼՈՍ ԱՆՃԸԼԸՍԻ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
Լոս Անճըլըսի Պոլսահայ Միութեան Վարչութեան անդամներու յղացումով, անձնդիր կրթական մշակ՝ Օր. Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի ի պատիւ կազմակերպուած «Մեծարանքի հանդիսութիւն»ը անսահման գոհունակութիւն պատճառեց մեր բոլորին: Ամէն անգամ որ կ՚ուզենք խօսիլ մեր կրթական մշակներուն մասին բառեր կը պակսին կարծես հիւսելու համար գովքը մեր գիտակից ուսուցիչներուն, որոնք ոչ միայն ուսում ջամբեցին նորահաս սերունդին, այլ ուսման առընթեր դաստիարակեցին այնպիսի սերունդներ, որոնք պատիւ բերին մեր կրթարանին եւ բովանդակ հայ համայնքին: Անթիւ բարեմասնութիւններով օժտուած մեր սիրելի Օրիորդը պատիւն էր մեր ընդհանուրին: Եղաւ Տատեան բազմանդամ ընտանիքին հարազատներէն մէկը՝ որպէս բազմավաստակ կրթական մշակ: Ինք որպէս մտաւորական, յայտնի լրագրող ու գրագիտուհի տարիներ շարունակ իր դրոշմը դրաւ մեր մայրենի լեզուի ու մշակոյթի բնագաւառէն ներս: Նախ աւարտեց Տատեան միջնակարգ վարժարանը ապա կատարելագործելով իր ուսումը վերադարձաւ իր կրթական բնօրրանը յանձն առնելով ուսուչութեան պատուաբեր պաշտօնը: Մօտ քառասուն տարիներ ծառայեց հայ մամուլին որպէս Մարմարա օրաթերթի փոխ խմբագրապետուհի, օրինակելի նախանձախնդրութեամբ ու պարտաճանաչութեամբ: Հրատարակեց արժէքաւոր գիրքեր: Այսօր սրտի անդորրութեամբ կը սարքէ անմոռանալի բանախօսութիւններ, կը կատարէ թարգմանութիւններ, երաժշտութեան ոլորտէ ներս կը գրէ երգերու բառեր: Վարժարանիս 175 ամեակին ձօնուած քայլերգին բառերը դարձեալ կը պարտինք Օրիորդին: Բազում շքանշաններու դափնեկիր՝ մեր սիրելի ուսուցչուհիին կը մաղթենք քաջառողջ ու արեւշատ օրեր: * Պոլսահայ Միութեան մեծայարգ անդամներ, Որքան ալ հեռու ըլլանք իրարմէ Տատեան Վարժարանի հիմնարկութեան 175 ամեակի առիթով մեր սրտերը կը տրոփեն նոյն ջերմ զգացումներով: Մեր բոլորին ցանկութիւնն է որ մեր նորակառոյց կրթական օճախը մնայ անսասան, որպէսզի իր երդիքին տակ, դեռ անհամար սերունդներ գան ու հաղորդուին Մեսրոպեան մեր այբուբենով: 175 ամեակի Կարգադիր Յանձնախումբս մեծարանքի այս հանդիսութեան առիթով կը յայտնէ իր շնորհակալութիւններն ու շնորհաւորութիւնները Վարչութեանդ անդամներուն ցուցաբերած գեղեցիկ մտայղացումին ու փափկանկատութեան համար: 175 Ամեակի Կարգադիր Յանձնախումբ՝ Տատեան Վարժարանի 25. 10. 2019
..
...
,
ԺՊՏՈՒՆ ԶՈՒՌՆԱՃԸԻ ՆԱՄԱԿԸ
Մեծայարգ հրաւիրեալներ, Ես որպէս 1983 տարուան Տատեանի շրջանաւարտ ուզեցի մաս կազմել վարժարանիս վաստակաշատ ուսուցչուհի, բազում շքանշաններու դափնեկիր, Մարմարա օրաթերթի երկարամեայ փոխխմբագրապետուհի, յայտնի մտաւորական եւ գրական մշակ՝ Օր. Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի մեծարման հանդիսութեան, քանի որ Ինք եղաւ իմ անմոռանալի եւ եզակի հայերէնի ուսուցչուհիս: Անոր մայրենիի հանդէպ լուրջ եւ բծախնդիր կեցուածքէն ներշնչուելով եւ քաջալերուելով ես ալ դարձայ Հայերէնի եւ Կրօնքի ուսուցչուհի՝ միշտ ի մտի բերելով Իր տիպար օրինակը: Օրիորդս դասի պահերուն խիստ կարեւորութիւն կուտար ընթերցանութեան: Առաջին ընթերցումը միշտ Ինք կ՚ընէր՝ ուշադրութիւն դարձնելով բառերու ճիշդ հնչումին ու ձայնի տեղին ելեւէջներուն եւ ամէն մէկ հատուածը մեզի կը կարդար ազդեցիկ կերպով ուղիղ եւ լուրջ կեցուածքով մը: Այդ պահերուն՝ մենք Իր վրայ կեդրոնացած եւ լարուած՝ զԻնքը անհուն ուշադրութեամբ մտիկ կ՚ընէինք, հոգ չէ թէ կարգ մը բառերու իմաստը չէինք գիտեր, բայց Իր հմայիչ կեցուածքը, հայ այբուբենի երեսունութը զինուորներուն ուղիղ հնչումը, արտասանութիւնը եւ իւրաքանչիւր բառի տուած յատուկ շեշտը կը գրաւէր մեզ եւ կը տանէր ուրիշ աշխարհներ: Ինք ջերմ պաշտպանը եւ երկրպագուն էր մեր ոսկեղնիկին եւ կարելի չէր Իրմէ չազդուիլ: Սիրելի Օրիորդս ունէր ուսուցչութեան կոչում եւ նուիրում: Ես ուսուցչութեան պաշտօն ստանձնելէ ետք, ամէն անգամ որ զԻնքը տեսայ Իր անոյշ եւ ժպտուն աչքերուն մէջ զգացի սէր ու պատրաստակամութիւն, որով հայ լեզուի մասին ուղղած ամէն հարցումիս տուաւ գոհացուցիչ եւ լայն տեղեկութիւններ: Վարպետ աշկերտի յարաբերութեամբ Իրմէ կը ստանայի մեր մայրենիի անսխալ ուսուցման ոսկի բանալիները, որոնք Իր քովն էին պահուած: Ես զԻնքը կը տեսնէի Հայ լեզուի ուղիղ ուսուցման վստահելի աղբիւր, որուն օրինակը ցանցառ է Պոլսոյ մէջ: Յարգելի ուսուցչուհիս, որպէս կրթական մշակ, գրագիտուհի եւ լրագրող տարիներ շարունակ Ձեր տարած նուիրեալ աշխատութեան առջեւ յարգանքով կը խոնարհիմ եւ կը յայտնեմ իմ անհուն շնորհակալութիւնը եւ խոր երախտիքը Ձեր ինծի հանդէպ ցուցաբերած ջերմ յարաբերութեան համար: Աստուած Ձեզի պարգեւէ երկար, առողջ եւ գործունեայ օրեր: Ձեր գրիչը միշտ վառ մնայ եւ մենք շարունակենք հաղորդ դառնալ Ձեր ստեղծագործութիւններուն: Ժպտուն ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ ԶՈՒՌՆԱՃԸ Հայերէնի եւ Կրօնքի ուսուցչուհի՝ Տատեան Վարժարանի
.
.
….
Պատուարժան Վարչութիւն
| Լոս Անճըլըսի Պոլսահայ Միութեան Լոս Անճըլըսի Պոլսահայ Միութեան Վարչութեան անդամներու յղացումով, անձնդիր կրթական մշակ Օր. Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի ի պատիւ կազմակերպուած «Մեծարանքի հանդիսութիւն» ը անսահման գոհունակութիւն պատճառեց մեր բոլորին:
| Ամէն անգամ որ կուզենք խօսիլ մեր կրթական մշակներուն մասին բառեր կը պակսին կարծես հիւսելու համար գովքը մեր գիտակից ուսուցիչներուն, որոնք ոչ միայն ուսում ջամբեցին նորահաս սերունդին, այլ ուսման առընթեր դաստիարակեցին այնպիսի սերունդներ, որոնք պատիւ բերին մեր կրթարանին եւ բովանդակ մեր համայնքին։
| Անթիւ բարեմասնութիւններով օժտուած մեր սիրելի Օրիորդն ալ պատիւն էր մեր ընդհանուրին: Եղաւ Տատեան բազմանդամ ընտանիքին հարազատներէն մէկը որպէս՝ բազմավաստակ կրթական մշակ: Ինք որպէս մտաւորական, յայտնի լրագրող ու գրագիտուհի, տարիներ շարունակ իր դրոշմը դրաւ մեր մայրենի լեզուի ու մշակոյթի բնագաւառէն ներս:Նախ աւարտեց Տատեան միջնակարգ վարժարանը ապա կատարելագործելով իր ուսումը վերադարձաւ իր կրթական բնօրրանը յանձն առնելով ուսուչութեան պատուաբեր պաշտօնը:Մօտ քառասուն տարիներ ծառայեց հայ Մամուլին որպէս Մարմարա Օրաթերթի փոխ-խմբագրապետ օրինակելի նախանձախնդրութեամբ ու պարտաճանաչութեամբ: Հրատարակեց արժէքաւոր գիրքեր։
| Այսօր սրտի անդորրութեամբ կը սարքէ անմոռանալի բանախօսութիւններ, կը կատարէ թարգմանութիւններ, երաժշտութեան ոլորտէ ներս կը գրէ երգերու բառեր, նոյնիսկ՝ վարժարանիս 175 ամեակին ձօնուած քայլերգին բառերը կը պարտինք Օրիորդին։ Բազում շքանշաններու դափնեկիր՝ մեր սիրելի Օրիորդին կը մաղթենք քաջառողջ ու արեւշատ օրեր…
Պոլսակայ Միութեան մեծայարգ անդամներ,
Որքան ալ հեռու ըլլանք իրարմէ Տատեան Վարժարանի հիմնարկութեան 175 ամեակի առիթով մեր սրտերը կը տրոփեն նոյն ջերմ զգացումներով։ Մեր բոլորին ցանկութիւնն է որ մեր նորակառույց կրթական օճախը մնայ անսասան, որպէսզի իր երդիքին տակ, դեռ անհամար սերունդներ գան ու հաղորդուին Մեսրոպեան մեր այբուբենով:
| 175 ամեակի Կարգադիր Յանձնախումբս մեծարանքի այս հանդիսութեան առիթով կը յայտնէ իր շնորհակալութիւններն ու շնորհաւորութիւնները Վարչութեանդ անդամներուն ցուցաբերած գեղեցիկ մտայղացումին ու փափկանկատութեան համար: