Comments are off for this post

Conductor of Kohar Symphony Orchestra Sebouh Apkarian has passed away – Ոչ Եւս Է Խմբավար Սեպուհ Աբգարեան (ASBAREZ)

P1010342.JPG

Maestro Sebouh Apkarian signs in OIA Memory Guest Book

In 2004 a musical event was held at AGBU Manoogian-Demirjian Schools’ Agajanian Hall, organized by OIA Cultural Committee. Mr. Sebouh Apkarian was invited there, who talked about Kohar Choir’s formation. Also, a speech was given by Mr. Mark Chenian, Trustee of Melkonian educational Institute.

A collection of Kohar Choir’s captivating songs was presented to the attendees.

 

 

Conductor of Kohar Symphony Orchestra Sebouh Apkarian Passes Away

Maestro Sebouh Apkarian

NICOSIA, Cyprus—Artistic Director and Conductor of Kohar Symphony Orchestra and Choir Sebouh Apkarian passed away at his home in Nicosia, Cyprus, on Monday.

Maestro Sebouh Apkarian was born in Cyprus. He was a composer, conductor, painter and educator. He founded the Armenian Radio Program at the Cyprus Broadcasting Corporation, where he served for 46 years.

He graduated the Melkonian Educational Institute where he also taught music and conducted the school choir, following the steps of his music teacher and mentor Vahan Bedelian.

After graduating from Melkonian he continued his studies in Paris.

As an opera singer, he performed in Nicosia, Athens, Beirut, Aleppo, Cairo, and Paris.

He was the composer of many songs, choral works, chamber music, oratories, cantatas, symphonic suites, and musical caricatures.

Many of these compositions have been performed in Tokyo, Paris, Cyprus, Beirut, and in cities throughout the USA.

His work and performances with Kohar Symphony Orchestra and Choir are characterized by many as the most significant contribution towards the promotion of Armenian culture during the last decade.

 

Ոչ Եւս Է Խմբավար Սեպուհ Աբգարեան

 

Յետ կարճատեւ հիւանդութեան եւ վաստակաշատ ու բեղմնաւոր կեանքի, «Գոհար»ի մեծ ընտանիքին, Մելգոնեան կրթական հաստատութեան, իր սիրելի աշակերտներուն, բարեկամներուն ու երկրաւոր կեանքին հրաժեշտ տուաւ սփիւռքահայ արուեստագէտներու եւ մանկավարժներու ամէնէն պայծառ եւ ինքնատիպ դէմքերէն մին՝ մայէսթրօ Սեպուհ Աբգարեանը: Երեքշաբթի, 5 Օգոստոս 2014ի կանուխ ժամերուն, Նիկոսիոյ իր բնակարանին մէջ ան իր աչքերը փակեց։
Սեպուհ Աբգարեանի անդարձ մեկնումը կը սգան «Գոհար» համոյթի մեկենաս՝ Խաչատուրեան ընտանիքը, համոյթի բոլոր անդամներն ու պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան աշխարհատարած սան-սանուհիները

.

ՊԱ՛ՀՆ Է ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՍԻՐԵԼԻ ՄԱՅԵՍԹՐՕ
ՀՊԱՐՏՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ԽՈՆԱՐՀԻՆՔ ՄԵԾՈՒԹԵԱՆԴ ԱՌՋԵՒ

Գրիչը կ’ըմբոստանայ արձանագրելու համար վախճանը այս թանկարժէք կեանքին, որ յիրաւի սրբութիւն է իւրաքանչիւր Մելգոնեանցիի համար: Հրաժեշտի արարողութիւնը որ պիտի կատարուի այս օրերս, հանդէպ կուռքի մը ընծայաբերումն է: Կուռքը մայեսթրօ Սեպուհ Աբգարեանն է: Ազգը իր ամէն հատուածներով զայն կը պաշտէ: Այդ պաշտումին ան տիրացած է իր անժխտելի արժանիքներով, բազում շնորհներով ու տաղանդով, լրջութեամբ եւ նուիրուածութեամբ:

Արդարեւ,կեանքը «Մայեսթրօ» Աբգարեանին, որուն մէջէն կը գունարձակէին բարիին, ճշմարիտին, գեղեցիկին բոլոր երփներփումները: Մաքրամաքուր մտաւորականին՝ սիրտն էր քնար, միտքը՝ մատեան, եւ հոգին՝ շունչ հմայող: Միսէ ու ոսկորէ շինուած կուռք մը՝ զոր կը պաշտէր ազգը համովին: Վկա՛յ, աշխարհի չորս ծագերուն հաստատակամ քայլող քառաւանը այն սերունդներուն, որոնք իր ազնուական հոգիով դաստիարակուեցան ու կոփուեցան:

Հայ իրականութեան մէջ հազուագիւտ երեւոյթ է, տեսնել անհատ մը, որ համակրանքն ու պատկառանքը շահած ըլլայ բոլոր հատուածներուն: Բոլոր սէրերն ու մեծարանքները միայն իրեն է որ կը վայելէին:

Մեծարանքի հանդիսութիւններ չէր տենջար ան, որովհետեւ իւրաքանչիւր ուսանողի յաջողութիւն իրեն համար կրծքին դրոշմուած պատուանշան էր: Ան որպէս իտէալ արուեստի ուսուցիչ, ոգեղէն դաստիարակ, իր կախարդական ճիպոտով դասական ու ազգային երգերով դաստիարակող խմբավար, իր սաները կը դիմաւորէր միշտ իր անկեղծ անձնուիրութեանը մէջ: Պատանեկութեան օրերէն մեզի հասնող անուշ տիպար, որուն վրայ շնորհը կը փայլէր եւ որուն ամբողջ էութիւնը պատկառանք ու սէր, ժպիտ ու հիւմոր էր: Տիտանական անհատականութիւն՝ որ անվարան յարգանք կը պարտադրէր իւրաքանչիւր անձէ:

Համակ կեանք մը ան ապրեցաւ ազնիւ արուեստով եւ այդ ոգին այնքան ամրակուռ կերպով սերմանեց իր ուսանողներուն մէջ, որ անոնցմէ ոչ ոք կրնայ ընկրկիլ խաբուսիկ «արուեստ»ներուն դիմաց: Եղաւ իմաստասէր, ընկերաբան, դաստիարակ, ուսուցիչ, բեմբասաց, խօսնակ, մարզասէր եւ այդ ամէնուն մէջ նկրտեցաւ միշտ դէպի վեր, եւ «իր հետ ուրիշներն ալ բարձրացուց, մինչեւ գագաթն առփաւէտ»: Ու եղաւ այդպէ՛ս, ամէն բանի մէջ, մի՛շտ դէպի վեր…:

Հակառակ իր խրոխտ կեցուածքին, երբեք չուզեց վերէն նայիլ, այլ ընդհակառակը՝ խոնարհեցաւ դէպի անկարը եւ կարողութիւն շնորհեց, տգէտին՝ զարգանալու ճամբան ցոյց տուաւ, ապառողջին՝ դէպի առողջ կեանք առաջնորդեց, գեղեցիկ արեւմահայերէնով բառբարել սորվեցուց եւ այսպէս իր մտքէն ու սիրտէն տուաւ բոլորին, որոնք արժանավայել կերպով կը խոնարհին իրենց ՄԵԾ դաստիարակին առջեւ:

Ժպիտն ու հիւմորը որ կը յատկանշէր զինքը՝ սրամիտ էր ու տեղին: Մելգոնեանի գրասեղաններէն, մարզադաշտերէն, երգչախումբի սրահներէն, գրասէրի ու երաժշտասէրի ամէն ուրբաթօրեայ երեկոներէն ցայսօր արձագանգներ կը ցոլարձակեն մեր հոգիներուն մէջ, որոնց ջերմութիւնը արձագանգ գտած են նաեւ անկախ Հայրենիքին մէջ, շնորհիւ ԳՈՀԱՐ համոյթի ստեղծագործումին: Հպարտացաւ «Իր Նոր Երեւանով», վերապրեցաւ ու փիւնիկի նման մոխիրներուն ընդմէջէն իրմով վեր յառնեց Գիւմրին, իրեն յատուկ հիւմորով ողջունեց «Լաչինի անցք»ն ու Արցախ աշխարհի բարգաւաճումը… իսկ անդին՝ անխնայ ու արժանի կերպով խարազանեց ազգին մակաբոյծներն ու դասալիքները, ազգին կալուածները ծախու հանողներն ու անոնց սատար հանդիսացողները:
Մայեսթրօ Աբգարեանը հրաշալի խառնուրդն էր ազնուական ու վեհ իտէալներուն: Ահա թէ ինչպէս ան ընդելուզուեցաւ ԳՈՀԱՐ համոյթի գաղափարախօսութեան, բախտաւորութիւնն ալ ունեցաւ արժանի տեղը գտնելու հայ միտքի ու արուեստի բնութեան այդ վեհանձն շնորհին:

Պատկառազդու ու պերճ արտաքինով, փառք ու պատիւի լուսարձակներէն հեռու մնալով, խորասուզուեցաւ իր արուեստագէտի հոգիին մէջ, հաւատալով որ այ՛դ է միայն հայու հոգին: Մելգոնեանը իր հոգին թրծեց արուեստի աշխարհով, Մելգոնեանին մէջ ան սերմանեց արուեստի հունտեր, որոնց ծլարձակումն ու ծաղկունքը խոր գոհունակութիւն պարգեւեցին իրեն: Իսկ ԳՈՀԱՐ-ով՝ ան կատարեց հաշուեյարդարը իր արուեստի աշխարհին, հայ երգի ու մշակոյթի անդաստանին մէջ շիկացած արեւին ճարճատիւնը ունկնդրեց ազնիւ հայու հպարտութեամբ, ծունր դրաւ հայ երգի ու արուեստի խորանին մօտ, ու գոհունակ երջանկութեամբ ապրեցաւ գերագոյն վերացումի պահեր իր անձկութեան մէջ իսկ, ու տիեզերք մը ամբողջ տարածեց Ա.Բ.Գ-ի խորհուրդը, անաղարտ հայ երգն ու հարուստ մշակոյթը:

Սեպուհ Աբգարեան մայեսթրոյին հոգին յատկանշող ամէնէն հզօր ճիչն է այս: Եւ ճիչը իր արձագանգը ունի ամէնուս սրտին մէջ, որ հպարտութեամբ կը խոնարհինք իր մեծութեան առջեւ:

ՊԱՅԾԻԿ ԱՐԱՊԵԱՆ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ – 6/8/2014

============================================================================

ԱՅՍՕՐ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՊԱՀՆ ԷՐ ՍԻՐԵԼԻ «Մայեսթրօ» Աբգարեանին,
Շաբաթ 9 Օգոստոս 2014

Gibrosen Lourer's photo.

 

Gibrosen Lourer's photo.Gibrosen Lourer's photo.
=========================

Այսօր կեսօրին Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հրաժեշտի թաղման կարգը կատարուեցաւ «Մայեսթրօ» Սեպուհ Աբգարեանին,

Մայեսթրօ Սեպուհ Աբգարեանն է:
Ազգը իր ամէն հատուածներով զայն կը պաշտէ: Այդ պաշտումին ան տիրացած է իր անժխտելի արժանիքներով, բազում շնորհներով ու տաղանդով, լրջութեամբ եւ նուիրուածութեամբ:

Արդարեւ,կեանքը «Մայեսթրօ» Աբգարեանին, որուն մէջէն կը գունարձակէին բարիին, ճշմարիտին, գեղեցիկին բոլոր երփներփումները: Մաքրամաքուր մտաւորականին՝ սիրտն էր քնար, միտքը՝ մատեան, եւ հոգին՝ շունչ հմայող: Միսէ ու ոսկորէ շինուած կուռք մը՝ զոր կը պաշտէր ազգը համովին: Վկա՛յ, աշխարհի չորս ծագերուն հաստատակամ քայլող քառաւանը այն սերունդներուն, որոնք իր ազնուական հոգիով դաստիարակուեցան ու կոփուեցան:

ՍԻՐԵԼԻ «Մայեսթրօ» ՍԵՊՈՒՀ ԱԲԳԱՐԵԱՆ,

ՎԵՐՋԻՆ ՊԱՐՏՔՍ ԿՈՒՏԱՄ ԻՄ ԵՒ ԿԻՊՐՈՍԻ ԼՈՒՐԵՐՈՒՆ ԿՈՂՄԷ ՀՊԱՐՏՈՒԹԵԱՄԲ ԽՈՆԱՐՀԻՆՔ ՄԵԾՈՒԹԵԱՆԴ ԱՌՋԵՒ.
ԱՍՏՈՒԱԾ ՀՈԳԻԴ ԼՈՒՍԱՒՈՐԷ,ՀՈՂԸ ԹԵԹԵՒ ԸԼԼԱՅ ՔՈՒ ՎՐԱԴ
Արա Սարգիսեան՝
լիմասոլ

Comments are closed.