No comments yet

“Cezve night” – «Ճէզվէի» գիշեր – Family Night at OIA

Ուրբաթ, Յունուար 10, 2020ին, կազմակերպութեամբ Պոլսահայ Միութեան Տիկնանց եւ Մշակութային Յանձնախումբերուն, տեղի ունեցաւ Ընտանեկան «Ճէզվէի» գիշերով մը «Ապուխտով չոր լուբիայ» աղցան, թթուաշ եւ ձաւարէ ու բրինձ փիլաւի հիւրասիրութեամբ: Շուրջ 40 հոգիներու ներկայութեամբ մտերմիկ գիշերը ճոխացաւ նաեւ խաղերով, եւ տեղեկատուական լուրերով սուրճի ծագման մասին պատրաստուած՝ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեանի կողմէ: Շնորհակալութիւն օրուան հովանաւորողներ՝ Տէր եւ Տիկին Յակոբ եւ Օսան Հալըճըի իր հօր Ռուբէն Հալըճըի յիշատակին: Նաեւ գլխաւոր ճաշը պատրաստող եւ նուիրող՝ Տկ. Մարի Խաչիկեանին եւ համեղ «պէօրէկները» պատրաստող տիկիններ՝ Սելվի Հալըճըին եւ  Սիւզան Օհանօղլուին, ինչպէս նաեւ համադամ կարկանդակները պատրաստող՝ Տիկին Ռիթա Սարաֆեանին:

ՍՈՒՐՃԻ ԾԱԳՈՒՄԸ

 

Կայ յայտնի պատմութիւն այն մասին, որ սուրճի ծառի հրաշալի յատկութիւններուն առաջին բացայայտողը եղած է Քալտի անունով Եթովպիացի  հովիւը մօտաւորապէս 850 թուականին։

 

Լեռներու լանջերուն իր հօտն արածած ատեն հովիւն ուշադրութիւն դարձուց այծերու զարմանալի պահուածքին վրայ։ Այդ բոյսի տերեւներն ուտելով` անոնք սկսած են վազվզել այս ու այն կողմ և ցատկռտել։

 

Քալտիի պատմածը լսելով` մօտակայ վանքի վերակացուն նոյնպէս կը փորձէ տերեւները և կը զգայ անոնց առոյգացնող յատկութիւնը։ Սուրճի տերեւներէն և պտուղներէն պատրաստուած տուրմի օգտագործումը կը դառնայ վանքի աւանդոյթը և շուտով սիրելի կը դառնայ նաեւ շրջակայ գիւղերու բնակիչներու շրջանին մէջ։

 

Եթովպիոյ մէջ տարածուելէ յետոյ ըմպելիքը ճանչցուած է Եմէնի մէջ, իսկ յետագային՝  նաև ամբողջ աշխարհի մէջ։
On Friday, January 10, 2020, the Ladies and Cultural Committees of the Organization of Istanbul Armenians hosted a family “Cezve night” with “Pastirmali Kuru Fasulye” salad, pickles, rice and bulgur pilaf, in the presence of 40 people, the intimate night was crowned with various games and information about the origin of coffee by Dr. Ohannes Kulak Avedikyan.

Our special thanks to the event sponsors Mr. and Mrs. Hagop and Osan Halici in memory of his father Rupen Halici. As well as to the following ladies who prepared and donated the main dish Mrs. Mari Khatchigian and for the delicious “Beoreks” by Mrs. Selvi Halici and  Mrs. Suzan Ohanoglu, and a big thank you to Mrs. Rita Sarafian for the tasty cakes.

 

Post a comment