On behalf of the Organization of Istanbul Armenians Board of Trustees,
Executive, and all the committees, we convey our heartfelt condolences to:
Yeretsgin: Marie- MayranoushDemirjian
Archpriest Fr. Shnork & Yeretsgin Lidia Demirjian
His family, relatives and friends.
Praying for his departed soul
————————————————
Archpriest Fr. Zaven Demirjian devoted his life and ministry as a humble Armenian Apostolic priest for 60 years. He loved to serve his church and he gained the love and respect of his parishioners wherever he served. Fr. Zaven fulfilled his mission wholeheartedly and with precision. Those that knew him, would attest to his punctuality, direct yet empathetic nature, and a devout servant of God.
He left this world, rendering his pastoral duties with compassion.
Archpriest Fr. Zaven Demirjian was born in Haifa, Palestine in 1927. He received his primary education at the Mesrobian Armenian School of the Armenian Trinity Church in Beirut, where his father Rev. Fr. Mesrop Demirjian served as the Parish Priest. Beginning in his teenage years, Fr. Zaven Avak Kahana Demirjian, who was given the baptismal name of Melchisedek, continued his education in the Armenian St. James Convent Seminary in Jerusalem until 1948. He then served as the choir director of the church in Mazraa in Lebanon and as a Sunday School teacher. Following, he completed a two-year course for the preparation of priesthood in the Seminary of Antelias, Lebanon. In 1961, he was ordained into the sacred order of priesthood by the local Primate, His Eminence Archbishop Khoren Paroyan. Until 1985 he served as the pastor of the Armenian Apostolic Church of St. Asdvadzadzin in the Armenian-populated town of Nor Adana, Beirut.
For many years he was a member of the Council of Ecclesiastical Court in the Diocese of Lebanon and at the same time lectured in the Ehramjian, Apkarian and Kilikian Armenian Schools. For his long and many years of dedicated service he was granted the right to carry a pectoral cross by His Eminence Archbishop Dajad Ourfalian, and was elevated the title of Avakootyoon (Seniority) and the right to wear a flower-patterned chasuble by His Eminence Archbishop Aram Keshishian.
Archpriest Fr. Zaven Demirjian is married to Marie-Mayranoush Avedikian, They are blessed with 4 children: Zepure, Rev. Fr. Shnork, Arev, and Hera. They have ten grandchildren, and one great-grandchild. He and his family settled in Los Angeles in 1986. Upon his arrival His Eminence Archbishop Vatche Hovsepian appointed him as the Pastor of Parishes of La Crescenta, Tujunga, and Glendale. Afterwards he served as a visiting Priest in the Western Diocese of the Armenian Church, in California. After his retirement, he continued to visit St. Peter Armenian Church participating in the services and becoming a limitless source of fatherly suggestions and encouragements. May God bless his precious soul.
“Whoever serves me must follow me; and where I am, my servant also will be. My Father will honor the one who serves me.”
John 12:26
Archpriest Fr. Zaven Demirjian’s Last Unction Rite and Burial Service will be held on October 21st at St. Peter Armenian Church in Van Nuys, at 11:30 a.m. The burial service will be held at Forest Lawn, Hollywood Hills at 2:15 p.m.
It is the wish of the family that in lieu of flowers, donations be made to: St. Peter Armenian ChurchThe donations will be allocated to the restoration of Holy Savior (Ghazanchetsots) Cathedral in Shushi, Artsakh, (which was recently shelled.)
Արժանապատիւ Տէր Զաւէն Աւագ Քահանայ Տէմիրճեանը վաստակաւոր հոգեւորական մըն էր, որ շուրջ 60 տարիներ Քահանայական ծառայութեամբ ապրեցաւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ, վայելեց մեր ժողովուրդի սէրն ու յարգանքը եւ իր երկրաւոր կեանքը կնքեց Հոկտեմբեր 10, 2020ին։
Լուսահոգի Տէր Հայրը, իբր եկեղեցական, ծառայած է Պէյրութ-Լիբանան եւ ապա նաեւ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմէն ներս։
Ան իր կեանքը կերտեց մեր Եկեղեցւոյ ծառայութեան ճամբով, եղաւ ընտանիքը սիրող հայր եւ ամուսին։ Նկարագիրով յանձնառու էր, չարքաշ եւ հետեւողական, իր եկեղեցական պարտականութիւններուն մէջ ճշտապահ, կարգապահ, բծախնդիր եւ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառայ մը։ Իբր Տիրոջ հաւատարիմ սպասաւոր՝ անոր Քահանայական ծառայութիւնը բարի արդիւնքներով զարդարուած է։
Տէր Զաւէն Աւագ Քհնյ. Տէմիրճեան՝ աւազանի անունով Մելքիսեդեկ, ծնած է Պաղեստինի Հայֆա քաղաքը 1927ին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Պէյրութի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Ազգային Մեսրոպեան Վարժարանէն ներս, ուր կը ծառայէր իր հայրը՝ Տէր Մեսրոպ Քհնյ, Տէմիրճեան որպէս Հոգեւոր Հովիւ։
Պատանի տարիքէն կրթութիւնը կը շարունակէ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Վանքի Ժառանգաւորաց Վարժարանէն ներս մինչեւ 1948 թուականը։
Պէյրութի մէջ կը պաշտօնաւորէ որպէս դպրապետ Մազրայի եկեղեցւոյ մէջ եւ Կիրակնօրեայ Վարժարանի ուսուցիչ։
1958ին Անթիլիասի Դպրեվանքին մէջ երկու տարի կը հետեւի քահանայական դասընթացքներուն։
1961ին քահանայ կը ձեռնադրուի եւ կ’օծուի տեղւոյն Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Բարոյեանի ձեռամբ։
Կը պաշտօնաւորէ Պէյրութի հայաշատ Նոր Ատանա թաղի Ս. Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ մինչեւ 1985։
Երկար տարիներ կ’ըլլայ անդամ Առաջնորդարանի դատաստանական խորհուրդին, կը դասաւանդէ Ազգային Էհրամճեան, Աբգարեան եւ Կիլիկեան վարժարաններէն ներս։
Իր երկարամեայ հոգեւոր ծառայութեան առ ի գնահատանք՝ Գեր. Տէր Տաճատ Արք. Ուրֆալեանի կողմէ կը ստանայ Խաչ կրելու իրաւունք եւ Աւագութեան աստիճան։
Գեր. Արամ Արք. Քէշիշեանի կողմէ (այժմու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս) Ծաղկեայ փիլոն կրելու իրաւունք։
1985ին կը մեկնի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ 1986ին կը հաստատուի Լոս Անճելըս։
Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեանի կարգադրութեամբ կը նշանակուի Հոգեւոր Հովիւը Լա Քրէսէնթա, Թահանկա եւ Կլէնտէյլի ծուխի։
Տէր հայրը կը պսակուի Մայրանոյշ Աւետիքեանի հետ, կը բախտաւորուին չորս զաւակներով՝ Տէր Շնորհք, Զեփիւռ, Արեւ եւ Հերա։ Ունի տասը թոռներ եւ մէկ ծոռ։
Պաշտօնապէս հանգստեան կոչուելէ ետք լուսահոգի Տէր հայրը շարունակեց իր առաքելութիւնը յաճախ այցելելով Վէն Նայսի Ս. Պետրոս Հայց. Առաքելական Եկեղեցին իր փորձառութեամբ եւ հայրական թելադրանքներով աշխատեցաւ եկեղեցւոյ բարգաւաճումին։
Լուսահոգի Տէր Զաւէնը իր եկեղեցական կեանքի վաստակէն օրինակելի յիշատակներ կը թողու իր ետին։
Այժմ, անոր հոգին բարձրացած է երկինք՝ յաւիտենականութեան մէջ ըլլալու մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի հետ՝ համաձայն նոյն Փրկիչ Յիսուսի աստուածային այն մեծ խոստումին թէ «Ու՛ր որ ես եմ՝ հոն պիտի ըլլայ նաեւ իմ ծառաս» (Յովհաննէս ԺԲ. 26)
«Տէրը իր ծառային հոգին թող յիշէ եւ հանգչեցնէ իր աստուածային լոյսին արժանանացնելով». ամէն։
Այսու կուգանք յայտնելու, որ հոգելոյս Տէր Հօր Վերջին Օծման և Թաղման արարողութիւնը տեղի կ’ունենայ Հոկտեմբերի 21-ին, Վեն Նայսի Ս. Պետրոս Հայց. Եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Պատարագի սկիզբը՝ առաւօտեան ժամը 11։30ին։
Գերեզմանի կարգը կէսօրէ ետք՝ ժամը 2:15ին Forest Lawn, Hollywood Hills.
Ընտանիքին փափաքն է, որ փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կատարուին St. Peter Armenian Church, Շուշիի Ղազանչեցոց Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ վերականգնմանն ի նպաստ։