No comments yet

ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԽՈՐԱՊԷՍ ԿԸ ՍԳԱՅ ԲԱԶՄԱՄԵԱՅ ԱՏԵՆԱՊԵՏ ԱԲԻԿ ՀԱՅՐԱՊԵՏԵԱՆԻ ՄԱՀԸ (JAMANAK)

ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԽՈՐԱՊԷՍ ԿԸ ՍԳԱՅ ԲԱԶՄԱՄԵԱՅ ԱՏԵՆԱՊԵՏ ԱԲԻԿ ՀԱՅՐԱՊԵՏԵԱՆԻ ՄԱՀԸ

Պէյօղլուի ընտանիքն ու համայնքային շրջանակները երէկ մեծ ցաւով ընկալեցին թրքահայ իրականութեան երիցագոյններէն Աբիկ Հայրապետեանի մահ-ւան բօթը։ Օրուան առաջին կէսին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէն հասած տխուր լուրը անմիջապէս արձագանգ գտաւ ամբողջ համայնքէն ներս։ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի բազմամեայ ատենապետ Աբիկ Հայրապետեան թէեւ երկար ժամանակէ ի վեր դարմանման տակ էր, սակայն իր կերպարը միշտ կ՚առաջնորդէր գործակից ընկերները, որոնք իրմէ փոխանցուած ջահը կը փորձեն վառ պահել՝ նուիրական աւանդի մը գիտակցութեամբ։ Ուստի, Աբիկ Հայրապետեանի կորուստը զգացական խոր ցնցում պատճառեց, բառին բուն իմաստով սուգի մատնեց Պէյօղլուի ընտանիքը։ Ան ընդհանրապէս մեր համայնքի խորհրդանշական անուններէն մին էր՝ ոչ միայն իր ծառայութիւններով, այլ նաեւ իր կեանքի փորձառութեամբ։ Ան արդէն վաղուց իր տեղը ապահոված էր թրքահայութեան արդի տարեգրութեանց մէջ, իսկ այժմ հրաժեշտ կ՚առնէ երկրաւոր կեանքէն։ Պէյօղլուի ընտանիքն ալ կը պատրաս-տըւի խոր յուզումով յաւերժութեան ճամբել իր բազմամեայ ատենապետը։

Աբիկ Հայրապետեան ծնած էր 1927 թուականին։ Նախակրթութիւնը ստացած էր Էսաեան վարժարանին մէջ։ Շատ փոքր տարիքէն սկսած էր իր կեանքի պայքարին։ Առեւտրական կեանքի մէջ համբաւի հասած էր Տոլափտերէի իր նշանաւոր քաղիրթի ճաշարանով։ Թէ՛ հաղորդական խառնուածքով եւ թէ անկեղծ բնաւորութիւնով հասարակական կեանքէ ներս բոլորին կողմէ ընդունուած ու սիրուած էր՝ որպէս «Իշքեմպեճի Աբիկ»։ Շարքային անձի մը հետ կը զրուցէր իր պարզութեամբ, իսկ բարձրաշխարհիկ մթնոլորտի մէջ դարձեալ գունաւոր դէմք մըն էր՝ իր համարձակութեամբ, հետաքրքրական փորձառութեամբ եւ ինքնադրսեւորման կարողութեամբ։

Աբիկ Հայրապետեանի կենսագրութեան մէջ համայնքային ծառայութիւնը ունէր առանցքային տեղ մը։ Մօտաւորապէս քառասուն տարիէ ի վեր կ՚ատենապետէր Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին։ Անկէ առաջ ալ միջոց մը մաս կազմած էր թաղային խորհուրդին, որոշ շրջան մը հեռանալէ վերջ 1980-ականներու սկիզբին վերադարձած էր պաշտօնի եւ այդ թուականէն ի վեր սպասարկութիւնը կը շարունակէր անընդհատ։ Աբիկ Հայրապետեանի ատենապետութեան տարիներուն Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի խնամատարութեան յանձնուած հաստատութիւնները ապրեցան վերելք։ Ս. Երրորդութիւն եւ Ս. Յարութիւն եկեղեցիները միշտ խնամուած վիճակի մը մէջ էին։ Էսաեան վարժարանը մնաց նախանձելի դիրքի մը վրայ։ Շիշլիի ազգային գերեզմանատունը միշտ ուշադրութիւն գրաւեց մաքրութիւնով եւ կանոնաւորութեամբ։ Իր գլխաւորած թաղային խորհուրդը միշտ զօրակցութեան առարկայ դարձուց Էսաեան սանուց միութիւնը, մեր մարզակումբները, տակաւին խրախուսեց բազում մշակութային ծրագրեր։

Անշուշտ, չորս տասնամեակ տեւած պաշտօնավարութեան շրջանին Աբիկ Հայրապետեան եւ իր գործակից ընկերները միշտ միանշանակ գնահատականի չարժանացան՝ իրենց բոլոր որոշումներու պարագային։ Ատեն եղաւ, որ Պէյօղլուի թաղային խորհուրդը պարտաւորուեցաւ փակել իրեն վստահուած վարժարաններէն ոմանք։ Ատեն եղաւ, որ Աբիկ Հայրապետեան յաջողեցաւ իր հեղինակութեամբ ապահովել կտակներ, որոնց կարեւորագոյններէն մին եղաւ «Մարգրիտ Պալըքճեան» կտակը։ Այս բոլորին կապակցութեամբ եղան թէ՛ դրական կարծիքներ եւ թէ գնահատականներ։ Տակաւին մինչեւ վերջին շրջանը Թոքաթլըեան խանի արդիւնաւէտ արժեւորման հեռանկարներուն բերումով լուրջ ակնկալութիւններ հասցէագրուեցան Աբիկ Հայրապետեանին։ Հանրային կեանքի տրամաբանութեան մէջ է, որ այդ բոլորին առումով ան ատեն-ատեն արդարացուց սպասումները, իսկ ատեն-ատեն ալ կամայ թէ ակամայ յուսախաբութիւն պատճառեց համայնքային շրջանակներուն։ Բայց եւ այնպէս, վերջին հաշուով ան բոլորի աչքին մնաց հեղինակաւոր ու նուիրեալ ատենապետ մը։ Բոլորը կը գիտակցէին, որ Աբիկ Հայրապետեան վահանի նման, պահակի նման կանգնած էր Պէյօղլուի մէջ եւ առանց զինքը համոզելու, առանց իր կամքին անկարելի էր ոչինչ ընել այնտեղ։ Աբիկ Հայրապետեան անձ մըն էր, որ իրեն վստահուածը կը ջանար պահել իր գիտցած ձեւով եւ այդպէս ալ գործեց մինչեւ վերջին պահը. մինչեւ այն պահը, երբ ներեցին իր առողջութիւնն ու ֆիզիքական հնարաւորութիւնները։ Ան վառ յիշատակ մը կը թողու իր ետին՝ որպէս այս համայնքի ամենագունաւոր դէմքերէն մին եւ ամենաերկար պաշտօնավարած ատենապետներէն մին։

Յուղարկաւորութիւնը այս հինգշաբթի տեղի պիտի ունենայ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։ Վերջնական մանրամասնութիւնները վաղը առանձնապէս պիտի հրապարակուին մահազդով։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՍԻՄՈՆ ՉԵՔԷՄ

Աբիկ Հայրապետեանի կորուստին առթիւ կարճ զրոյց մը ունեցանք Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդէն իրաւաբան Սիմոն Չեքէմի հետ։ Այս կապակցութեամբ ան մեզի յայտնեց հետեւեալը. «Աբիկ Հայրապետեան մեր երէցն էր։ 1976 թուականէն ի վեր գործակցած էինք իրարու հետ։ Թէ՛ Պէյօղլուի եւ թէ մեր ամբողջ համայնքին համար վաստակ ներդրած է։ Անբացատրելի ցաւ մը կը զգանք իր մահուան հետեւանքով։ Վստահաբար մեր համայնքը ապագային կ՚արժեւորէ անոր յիշատակը։ Աստուած հոգին լուսաւորէ»։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2019

Պոլսահայ Միութեան Հոգաբարձութեան, Գործադիր Յանձնախումբի եւ բոլոր յարակից Յանձնախումբերու անունով, կուգանք մեր խորին վիշտը յայտնելու՝ 

ԱԲԻԿ ՀԱՅՐԱՊԵՏԵԱՆ

ի մահուան առթիւ:

Կը խնդրենք ամենակալ Տիրոջմէն, որ երկնային հանգիստ պարգեւէ հանգուցեալին եւ սփոփանք՝ իր կողակցին՝

Տիկին Հայկուհի Հայրապետեանին,

Պէյօղլուի Թաղային Խուրհուրդի Վարչութեան,

համայն ընտանեկան պարագաներուն եւ բարեկամներուն:

 

Post a comment