Getronagan Pajagi Or 2012 Los Angeles

ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆՈՒՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ 126ՐԴ ԱՄԵԱԿԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ «ԲԱԺԱԿԻ ՊԱՀ»ՈՒ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ Գրեց՝ Մարիէթ Մինասեան-Օհանէս Իսկապէս որ հոգեկան քաղցրագոյն պահերէն մին էր որ ապրեցան Լոս Անճէլըսի Պոլսահայ Միութեան Կեդրոնական Վարժարանի Սանուց Յանձնախումբի անդամներն ու համակիրները, ուր նախկին կեդրոնականցիներ զիրար գտան հին օրերու կարօտի զգացումին ընդմէջէն, դպրոցական յիշատակներու վերյիշումով որոնք...