No comments yet

Anna Kavafian (1929-2025)

nbsp;

div dir=”ltr” style=”margin-left: 0pt;”>

 

..

 

-align: center;”>21

…………..111
………
22

411

 


 

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

 

ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ԵՒ ՈՒՍՈՒՑՉՈՒՀԻ

 

ԱՆՆԱ ԳԱՎԱՖԵԱՆԻ

ՊՈԼՍՈՅ ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

 

Գրի առաւ՝ Մարիէթ Մինասեան Օհանէս

Որքան դժուար ու ցաւալի է Աննա Գավաֆեանի նման ուսուցչուհիի եւ

տնօրէնուհիի մը մահուան յիշատակին համար երկտող մը գրել: Գրել ու

երախտապարտ ըլլալ այն բոլոր բաներուն համար, որ սորվեցուցած է Աննա

Գավաֆեանը համբերութեամբ ու մեծ բծախնդրութեամբ: Գրել ու շնորհակալ ըլլալ

այն պահերուն համար, որոնց ընթացքին մեծ ուսուցչուհին ուսուցանած է

ուսողութիւն եւ բնագիտութիւն:

Կիրակի, Մայիս 4, 2025ին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն Վէն

Նայսի Ս. Պետրոս Հայց. Առաք. Ս. եկեղեցւոյ մէջ ի յիշատակ Պոլսոյ Էսաեան

Վարժարանի կրթական մշակ՝ Աննա Գավաֆեանի: Քարոզէն առաջ քահանայ

հայրը ընթերցեց Պոլսահայ Միութեան կողմէ գրի առնուած ուղերձը, ապա

հոգեհանգիստէն վերջ սգակիրները ուղղուեցան Պոլսահայ Միութիւն, ուր տեղի

ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:

Պատրաստուած էր կոկիկ յայտագիր մը: Օրուան հանդիսավարուհին էր

Միութեան Էսաեան Վարժարանի Սանուց Յանձնախումբի ատենապետուհի՝ Իլտա

Շաքարեան որ բացումը կատարեց եւ հրաւիրեց նախկին ատենապետուհի Ալին

Տօնիկեանը որ արտայայտուեցաւ ըսելով. «Մենք՝ Լոս Անճէլըսի Էսաեանցիները որ

մեր ետին ձգած ենք մեր աշակերտական օրերը, բայց միշտ կը պարծենանք

Էսաեանցի ըլլալնուս համար, կը սգանք մահը կրթական մշակ, Բնագիտութեան եւ

Ուսողութեան ուսուցչուհի՝ Աննա Գավաֆեանի կորուստը: Ապա ընթերցեց անոր

հակիրճ կենսագրականը որմէ վերջ խօսք առաւ Տիար Ասատուր Չիլինկիրեան, ան

շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն որով իրենք կարողացան

վերյիշել իրենց անմոռանալի ուսուցչուհին զայն որակելով որպէս զուարթ, եւ

ժպտերես անձ մը: Աննա Գավաֆեանին փափաքն էր որ աշակերտները լաւապէս

ուսանէին, դպրոցը սիրէին, թուաբանութիւնը սիրէին ու յաջող ըլլային:

Յարգանքով կը խոնարհինք անոր յիշատակին դիմաց:

Կարգը եկաւ ասմունքելու Տկ. Հիլտա Աճիլաչի կողմէ, ան ցաւակցութիւններ

յայտնեց այս տխուր առիթով հանգուցեալին ընտանեկան պարագաներուն,

հաստատելով թէ «մենք զինք կորսուած չենք նկատեր, այո, թէեւ ան մեզմէ հեռու

է, սակայն անոր յիշատակները մեր սրտերուն եւ մտքերուն մէջ պիտի ապրին»: Ու

ասմունքեց Վարդ Շիկահերի «Հողը սուրբ ժամ ու դպրոց» բանաստեղծութիւնը:

Հանգուցեալին եղբօր՝ Գէորգ Պալթայի տիկինը՝ Ռիթա Պալթա ամպիոն

գալով շնորհակալութիւն յայտնեց Պոլսհայ Միութեան բոլոր անդամներուն եւ

յատկապէս Պրն. Սիմոն Աճըիլաչին որ սիրով տրամադրուեցաւ սրահն ու

հիւրասիրութիւնը: Շնորհակալութւին նաեւ Իլտա Շաքարեանին, Կարպիս

 

Սարաֆեանին նաեւ Պոլսոյ էսաեանի բոլոր աշակերտութեան, եւ բոլոր անոնց

որոնք հեռաձայնով, անձամբ եւ կամ այցելութեամբ ցաւակից եղան իրենց սուգին:

Խօսք առաւ նաեւ Տկ. Իլտա Շաքարեան որ շնորհակալութիւն յայտնեց,

Թէքնիքըլ բաժնի պատասխանատու՝ Հերման Աքպըեըքին սահիկներու

ցուցադրութեան պատրաստութեան համար, Հաշուապահ՝ Եղիա Քէօսէին,

Քարտուղարուհի՝ Մարիէթ Օհանէսին, Ալին Տօնիկեանին, Սիմոն եւ Հիլտա

Աճիլաչօղլուին, Մշակութային Յանձնախումբի փոխ ատենապետ եւ հոգաբարձու՝

Կարպիս Սարաֆեանին ջանքերուն, հակառակ անոր որ Էսաեանցի չէ եղած: Նաեւ

մեծ շնորհակալութիւն Ասատուր Չիլինկիրեանին:

Ապա ցուցադրուեցաւ Պոլսոյ Էսաեան վարժարանի Ուսուչցուհիներ՝ Անի

Տիրամէրեան, Սաթենիկ Նշան, Սիլվա Գույումճեան-Մարկոսեան եւ Պերճուհի

Պէրպէրեաններու սրտի խօսքերը, ինչպէս նաեւ Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի

սրտի խօսքը:

Թէեւ Վարժարան երթեւեկի ճամբան ալ տեղն է, բայց չկայ մեծ

ուսուցչուհին եւ տնօրէնուհին, չկան նաեւ ուսանողները: Անվերադարձ գացած են

մեր մանկութեան օրերն ալ: Տիկին Աննայի դաստիարակած սերունդներէն շատեր

օտար քամիները տարած են օտար ափեր: Ցարդ բոլորիս մնացած է այն քաղցր

օրերու հարազատ ու սիրելի յուշը, զոր կը կրենք մեր սրտին մէջ: Իսկ Աննա

Գավաֆեանը իր ազնիւ ու առաքինի ուսուցչուհիի եւ տնօրէնուհիի տիպարով

ներկայութիւն պիտի մնայ բոլոր անոնց համար, որոնք աշակերտած են իրեն:

Աննա Գավաֆեան ուսուցչուհիին մասին կարելի է շատ երկար խօսիլ ու

անվերջ վկայութիւններ տալ` առանց յագենալու: Յարգա՛նք` անոր քաղցր

յիշատակին, յարգա՛նք` վաստակ ձգած անխոնջ առաքեալին:

..

 c



Post a comment