No comments yet

ԳԻՆԵՁՕՆ: ԱԼԻՆ ՏՕՆԻԿԵԱՆԻ “ՍՐՏԷՍ ԲԽԱԾՆԵՐ” Բանաստեղծական Հատորին

Event Photo Album: (click)

 

ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ԳԻՆԵՁՕՆԸ
ԱԼԻՆ ՏՕՆԻԿԵԱՆԻ
“ՍՐՏԷՍ ԲԽԱԾՆԵՐ”
Բանաստեղծական Հատորին

Գրի առաւ՝ Մարիէթ Օհանէս

Կիրակի, Նոյեմբեր 5, 2017ին, Պոլսահայ Միութեան «Գրիգոր եւ Աւետ Քիւրքչիւօղլու» սրահը լի էր գրասէր եւ ընթերցասէր հասարակութեամբ մը, որոնք ներկայ էին ”ՍՐՏԷՍ ԲԽԱԾՆԵՐ” գրքի գինեձօնին, որուն հեղինակն էր Միութեան երկար տարիներու գործօն անդամուհի, Էսայեան Սանուց եւ Մշակութային Յանձնախումբերու նախկին ատենապետուհի՝ Տկ. Ալին Տօնիկեան:
Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Պոլսահայ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ:
Ձեռնարկին բացումը եւ հանդիսավարութիւնը կատարեց Մշակութային Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ հեղինակին զաւակը՝ Պրն. Յակոբ Տօնիկեան որ անգլերէն լեզուով արտայայտուեցաւ իր մօր մասին իբրեւ դրական անձ մը որ տեղ

գրաւած է իր մտքին մէջ, ըլլալով միշտ սիրալիր, հոգատար եւ անսակարկօրէն տուող: Ան յայտնեց թէ այսօր իր մայրը իր բարեկամ-բարեկամուհիներուն, ընտանիքին եւ այլ անձերուն հպած է իր բանաստեղծութիւններով, պատմութիւններով, ազնիւ խօսքերով եւ ամենաշատը՝ իր ազնիւ սրտով: Պր. Տօնիկեան նշեց թէ հպարտ է իր մօրմով եւ յայտնեց թէ սոյն հատորը կատարելագործում մըն է, որուն պիտի յաջորդէ ուրիշներ:

Ամպիոն հրաւիրուեցաւ Պոլսահայ Միութեան Ընդհանուր Ժողովի ատենապետին կողակիցը՝ Տկ. Հիլտա Աճըիլաչ, որ նախ հակիրճ տեղեկութիւն տուաւ իր եւ հեղինակին միջեւ եղած սրտի մօտիկ յարաբերութեան, ուսանողական օրերուն, բեմընկերութեան մասին, ասմունքի գծով, թատերական ներկայացումներով իրենց անցուցած տարիներուն, դրուատելով Ալինի քաղցրութիւնը, գաղտնապահութիւնը, հարցերը դրական ձեւով դիտելու կեցուածքը: Տկն. Աճըիլաչ շնորհակալութիւն յայտնեց հեղինակին որ առիթը ընծայուեցաւ իրեն գրքին մասին խօսելու: Ապա հրաշալիօրէն ընթերցեց հեղինակին կողմէ գրուած երեք բանաստեղծութիւններ՝ “Պարգեւ”, “Աղօթք” եւ “Տէմիըն”:
Գեղարուեստական բաժնով բեմ բարձրացան հեղինակին թոռները՝ Damien (Արա) կիթառի վրայ, Diego (Սեւակ) մեներգ, եւ Drake (Յակոբ) ճէզի վրայ: Անոնք բեմը թնդացուցին իրենց յատուկ երգերով, երաժշտութեամբ եւ վերջաւորութեան հայերէն եղանակով մը՝ “Էրէբունի”:
Ամպիոն հրաւիրուեցաւ կրթական մշակ՝ ՀԲԸՄ Մանուկեան- Տէմիրճեան Վարժարանի Հայերէն լեզուի եւ Հոգեբանութեան ուսուցչուհի՝ Տկն. Ռոզալին Մատոյեան, որ խօսեցաւ գրքի հրատարակման դրդապատճառներուն, հեղինակին տաղանդաւոր եւ խոր զգացումներով համակուած ըլլալուն եւ անոր սրտէն բխածներուն մասին, նմանցնելով զանոնք գրքին խորագրին որ կը յուշէ զայն, իբրեւ անտարակոյս, խիստ եւ ինքնուրոյն ըլլալով: Ան շատ յատուկ եւ հաղորդական ոճով ներկայացուց հատորը, որ կը նկարագրէր հեղինակին կեանքին հանգրուանները, սէրը, կարօտը, տխրութիւնը, ուրախութիւնն ու յուզումը, սահուն ընթերցանութիւն մը ապահովելով կարդացողին: Տկն. Մատոյեանի խօսքը ջերմօրէն գնահատուեցաւ հանդիսականներուն կողմէ:
Մեներգի բաժինն ալ խանդավառութիւն ստեղծեց հանդիսականներուն հոգիներէն ներս՝ Գոսթա Մէսայի Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ Յակոբեան երգչախումբի անդամուհի՝ Տկ. Հիլտա Սաքարեայի “Երեւան” երգով եւ Պոլսահայ Միութեան Կեդրոնական Սանուց Յանձնախումբի ատենադպիր եւ Խաչատուրեան երգչախումբի անդամ՝ Պրն. Հրանդ Ռաքըճեանի “Աշխարհում սիրել եմ քեզ” երգով:
Խօսք առաւ նաեւ հեղինակը՝ Տկն. Ալին Տօնիկեան, որ բոլոր ներկաներուն եւ մասնակցողներուն մի առ մի շնորհակալութիւն յայտնեց, ան սրտէն բխած համբոյրներ յայտնեց իր զաւակներուն ու թոռներուն որոնք ամէն առիթով իր կողքին կ՛ըլլան հոգեկան ուժ պարգեւելով, նաեւ իր կողակցին՝ Երուանդին որ միշտ քաջալեր կը հանդիսանայ իրեն: Իր խօսքի աւարտին՝ լաւ օրերու եւ առողջութեան մաղթանքով, հեղինակը փակեց իր խօսքը:

Պոլսահայ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբի կողմէ Ատենապետ՝ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան հեղինակին յանձնեց յուշանուէր մը, առ ի գնահատանք իր նորատիպ հատորին:

Հուսկ բանքով՝ ամպիոն հրաւիրուեցաւ Հայաստան-Գուգարաց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Սեպուհ Ս. Արք. Չուլճեան, որ սոյն երեկոն որակեց ասմունքի եւ մշակոյթի երեկոյ, հաճելի ըլլալով լսել Միութեան մէջ արեւմտահայերէնը: Սրբազանը շեշտեց թէ եթէ լեզուն կորսուի, մարդն ալ կը կորսուի որովհետեւ մարդն է որ կ՛արժեւորէ լեզուն: Ան նշեց թէ Պոլիսը արեւմտահայերէն լեզուի միջնաբերդն էր, հոն էր որ կը ծաղկէր ու կը զօրանար արեւմտահայերէնը որ կը մրցակցէր արեւելահայերէնին հետ եւ գերակայ էր անոր: Սրբազան Հայրը իր խօսքով հանդիսականներուն ուշադրութեանը յանձնեց սոյն եւ նմանատիպ գրքերու ճշմարիտ տեղն ու դիրքը եւ դրուատելով հեղինակին ու ներկայացնողին՝ օրհնեց անոնց իրականացուցած օգտակար աշխատանքը եւ հեղինակին գիրքը որակեց իբրեւ հոգեզաւակ, տրուած ըլլալով որ գրողի մը հոգիէն, մտքէն եւ սրտէն է որ կը բխի գիրք մը, որ ինքնին աշխարհ մըն է որ մեզի կարելիութիւնը տուաւ մուտք գործելու իր աշխարհէն ներս, տեսնելու համար թէ ի՞նչ կը մտածէ, ի՞նչ ապրումներ ունեցած է անցեալին եւ հիմա, սիրելի հեղինակ Ալին Տօնիկեանը:
Գրքի գինեձօնի գեղեցիկ արարողութիւնը կատարուեցաւ, որուն մասնակցեցան Պոլսահայ Միութեան նախկին ատենապետ՝ Տոքթ. Արթօ Էրսան Խաչերեան, նախկին ատենապետ եւ ներկայ Ընդհանուր Ժողովի ատենապետ՝ Ճարտարապետ Սիմոն Աճըիլաչ եւ իր կողակիցը՝ Տկ. Հիլտա, Գերշ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան, Կրթական Մշակ՝ Տկ. Ռոզալին Մատոյեան, հանդիսավար՝ Տոքթ. Յովհաննէս Գ. Աւետիքեան, հեղինակին զաւակն ու թոռները, հեղինակը, Տկ. Հիլտա Սաքարեա եւ Պրն. Հրանդ Րաքըճեան, նաեւ, Միութեան քարտուղարուհի՝ Տկ. Մարիթ Օհանէս:
Ձեռնարկի աւարտին հեղինակը մակագրեց իր գրքերը որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ նկարահանում եւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:
Նշենք թէ սոյն ձեռնարկին մասնակցողներուն կենսագրականները ընթերցեց Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան, իսկ հատորին լրիւ հասոյթը նուիրուեցաւ Միութեան Մշակութային Ֆոնտին:

Post a comment