ՄԵՆԵՐԳՉՈՒՀԻ ԻԼՏԱ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ՝ ԿՈՄԻՏԱՍԻ ՁՕՆՈՒԱԾ ՀԱՄԵՐԳ
Posted on November 10, 2024
Posted By: oiaCategories: All News
..,,,
…
1
ՄԵՆԵՐԳՉՈՒՀԻ ԻԼՏԱ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ՝ ԿՈՄԻՏԱՍԻ ՁՕՆՈՒԱԾ ՀԱՄԵՐԳ
Համակրելի մեներգչուհի Իլտա Սիմոնեան շաբաթավերջին փառաշուք համերգով մը հանդէս եկաւ Իսթանպուլի մէջ։ Իլտա Սիմոնեան, որ կ՚ապրի Հոլանտայի մէջ, մեծն Կոմիտաս Վարդապետին ձօնուած ծրագիր մը ներկայացուց Գումգաբուի Ս. Որդւոց Որոտման տաճարի երդիքին տակ։ Ան մեկնաբանեց Կոմիտասի 12 ստեղծագործութիւնները՝ միշտ հաւատարիմ մնալով անոնց՝ Կոմիտասի կողմէ յօրինուած ձեւին։ Երգացանկի երեք կտորները եղան Կոմիտասի այն գործերը, որոնք Սերկէյ Ասլամազեանի կողմէ համապատասխանեցուած էին լարաւոր քառեակի։
Մեներգչուհիին նուագակցեցան՝ տուտուկահար Վարդան Յովհաննիսեան եւ Ամսթերտամէն լարաւորներու քառեակ մը։ Յայտնի դերասան Պօղոս Չալկըճըօղլուն ալ հանդիսավարի դերը կատարեց։
Երեկոյթը պատուեց Իսթանպուլի մօտ Հոլանտայի աւագ հիւպատոս Արժէն Ուիժթերլինտէ։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան։
Իլտա Սիմոնեան, որ Թուրքիայէն մեկնած է Հոլանտա, երաժշտութեան ուսուցչուհի մըն է, նաեւ որպէս մեներգչուհի, միշտ կը զբաղի Կոմիտասի ժառանգութեամբ։
Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2024
ՍԻՄՈՆԵԱՆԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏ
Յայտնի մեներգչուհի Իլտա Սիմոնեան, որ վերջին օրերուն քաղաքս այցելեց, այսօր արդէն հրաժեշտ առաւ Իսթանպուլէն։ Իլտա Սիմոնեան, որ երկար տարիներէ ի վեր Հոլանտայի մէջ կ՚ապրի շաբաթավերջին Գումգաբուի Ս. Որդւոց Որոտման տաճարին մէջ հանդէս եկած էր՝ Կոմիտասին ձօնուած համերգով մը։ Ան խոր տպաւորութիւն թողած էր երաժշտասէրներուն վրայ, ուստի, համերգին արձագանգները կը շարունակուին՝ բոլորի յիշողութեան մէջ դարձած ըլլալով անմոռանալի։
Համերգին առընթեր, Իլտա Սիմոնեան քաղաքիս մէջ ունեցած է նաեւ այլ զանազան շփումներ, որոնց ընթացքին միշտ ջերմ ընդունելութեան արժանացած է։
Բարի վերադարձ կը մաղթենք համակրելի արուեստագիտուհիին։
Ծ.Խ.- Իլտա Սիմոնեանի համերգին վերաբերեալ, անցեալ երկուշաբթի օրուան՝ 4 նոյեմբերի մեր թիւի նկարագրականին մէջ ձեռնարկին վայրը վրիպումով մը նշուած էր ո՛չ թէ Գումգաբուի Ս. Որդւոց Որոտման տաճարը, այլ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին։ Կը ճշդենք։