NOR MARMARA
Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆԻ «ՄԱՀԸ Ա՞ՅՍ Է ԱՐԴԵՕՔ»Ի ՎԵՐՋԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ԷՐ
Մեր Աւագ Խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանի «Մահը ա՞յս է արդեօք» Իսթանպուլեան ներկայացումներու շարքի վերջին վայրը Սամաթիան էր։ Սահակեան-Նունեան վարժարանի հայերէնի ուսուցչուհիներ Ժպտուն Զուռնաճըի եւ Լիանա Պէնլիի նախաձեռնութեամբ ու Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեանի հետ համագործակցութեամբ, առիթ ստեղծուեցաւ որ այս ներկայացումը բեմ ելլէ նաեւ Սամաթիոյ մէջ։
Մխիթարեան Սանուց Միութիւնը խաղը ձօնած է վարժարանի 200ամեակին եւ այդ նպատակին համար է որ քաղաքս հրաւիրած է Նիսէն դերասանուհի եւ բեմադրիչ Պէրթա Կիւվէնը։
Երէկ վերջին ներկայացումն էր։ Սամաթիոյ եկեղեցւոյ Հրաչեայ Աճառեան սրահի «Սմբատ Պչաքճը» բեմին վրայ էր խաղը եւ դահլիճին մէջ ազատ աթոռ չկար։ Հայերէնով թատրոն դիտելը տարբեր հաճոյք էր ներկաներուն համար։ Հայր Սուրբին հետ միասին, Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդէն եւ յարակից մարմիններէն ներկայացուցիչներ, վարժարանի զոյգ տնօրէնուհիները Ալին Եիւճէլ եւ Տիանա Եըլանճըօղլու, ուսուցիչներ եւ հայերէնով թատրոնի սիրահարներ նոյն յարկի տակ էին, նոյն զգացումները ապրելու համար։
Բացման խօսքը արտասանեց Լիանա Պէնլի։ Ան յիշեցուց որ մենախաղը գրի առնուած է Մարմարա-ի բազմամեայ խմբագրապետ եւ արժէքաւոր գրագէտ Ռ. Հատտէճեանի կողմէ, լուսարձակի տակ առնելով վերջին տարիներու ամենացաւոտ հարցերէն մէկը՝ պանդխտութիւն եւ սպասում։ Ան Արսէն Գովանի անձին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Մխիթարեան Սանուց Միութեան, Տիկին Պէրթա Կիւվէնին, ընդգծելով որ Իսթանպուլեան ներկայացումները անմոռանալի եղան թատերասէրներուն համար։ Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր դերակատարներուն որոնք չմերժեցին իրենց հրաւէրը եւ այսօր իրենց համար բեմ կ’ելլեն պատմական Սամաթիոյ թաղին մէջ։
Քանիցս գրած ենք ներկայացման մասին։ Երէկ եւս Տիկին Պէրթա ու բեմընկերները յաջողեցան պանդխտութեան եւ կարօտի «խօսք»ը հասցնել ներկաներուն։
Ներկայացումը վերջացաւ գնահատանքի ծափերով։ Հայր Սուրբի ձեռամբ Ս. Գէորգ զօրավարի դիմանկարով յուշանուէրներ յանձնուեցան Պէրթա Կիւվէնին ու Արսէն Գովանին, նաեւ դերասաններուն՝ իրենց անուններու սկզբնատառերով մանեակի զարդեր։
Հայր Սուրբը իր հուսկ բանքին մէջ ընդգծեց առանձնութեան իրականութիւնը, ըսաւ որ բազմաթիւ մայրեր այդ զգացումով կը տառապին պանդուխտ զաւակներ ունենալով օտար երկնքի տակ։ Ուրախութիւն յայտնեց որ այսօր՝ 31 Հոկտեմբերին, ա՛յս խաղով վերջակէտ կը դրուի Հայ Մշակոյթի ամսուան։ Շնորհակալութիւն յայտնեց Մխիթարեան Սանուց Միութեան եւ բոլոր դերասաններուն։
No comments yet