No comments yet

ՊԷՐԹԱ ԿԻՒՎԷՆ ԽՄԲԱԳՐԱՏԱՆՍ ՄԷՋ

ՊԷՐԹԱ ԿԻՒՎԷՆ ԽՄԲԱԳՐԱՏԱՆՍ ՄԷՋ
Բեմադրիչ ու դերասանուհի Պէրթա Կիւվէն երէկ փափկավարական այցելութիւն մը տուաւ Մարմարա-ի խմբագրատուն ու հաճելի զրոյց մը ունեցաւ մեր հրատարակութեան տնօրէն Արի Հատտէճեանի ու վարչական տնօրէն Այգ Հատտէճեանի հետ։
Ինչպէս ծանօթ է մեր ընթերցողներուն, ան միջոցէ մը ի վեր կը գտնուի Իսթանպուլ եւ կը բեմադրէ ու կը խաղայ մեր աւագ խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանի սրտախօսիկ մենախաղը՝ «Մահը Այս Է Արդեօք»ը, աջակցութեամբ ու գործակցութեամբ Մխիթարեան Սանուց Միութեան։ Այս իրիկուն ալ անգամ մը եւս բեմ պիտի բարձրանայ Սահակեան վարժարանի մէջ ու պիտի բեմադրէ խաղը՝ Սամաթիաբնակ մեր ազգայիններուն համար։
Զրոյցի ընթացքին ան պատմեց թէ որքա՜ն ուրախ եւ հպարտ է Պոլսոյ մէջ իրեն հանդէպ ցուցաբերուած տաքուկ ու մտերմիկ ընդունելութեան համար։ Դարձեալ իր երախտիքը յայտնեց մեր խմբագրապետին, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց թերթիս խմբագրութեան, որ միշտ նեցուկ կանգնեցաւ իրէն։ Մտերմիկ խօսակցութիւնը շարունակուեցաւ Նիսի մէջ իր գործունէութեան եւ ապագայ ծրագիրներու մասին։ Պէրթա դիտել տուաւ որ շատ կը փափաքի բեմադրել Ռ. Հատտէճեանի ուրիշ մէկ թատերախաղը եւս։ Նշեց որ Երկուշաբթի պիտի բաժնուի Իսթանպուլէն, անմոռանալի յիշատակներ ամբարելով սրտին ու մտքին մէջ։
Յաջողութիւն կը մաղթենք սիրելի Պէրթային։

Post a comment