ՄՏԵՐՄԻԿ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԶՐՈՅՑ ՊԱՏՄԱԲԱՆ ԴՈԿՏ. ՄԵԼԻՆԷ ԱՆՈՒՄԵԱՆԻ ՀԵՏ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԸ
Posted on August 10, 2024
Posted By: oiaCategories: All News
…
…
ՄՏԵՐՄԻԿ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԶՐՈՅՑ
ՊԱՏՄԱԲԱՆ ԴՈԿՏ. ՄԵԼԻՆԷ ԱՆՈՒՄԵԱՆԻ ՀԵՏ
ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԸ
Գրի առաւ՝ Մարիէթ Մ. Օհանէս
Մեծ հաճոյքն ունեցանք վայելելու Պատմաբան Դոկտ. Մելինէ Անումեանի ներկայութիւնը Պոլսահայ Միութեան երդիքին տակ, Չորեքշաբթի, Օգոստոս 7, 2024ին, իր Լոս Անճէլըս այցելութեան առիթով։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Միութեան Մշակութային Յանձնախումբի կողմէ: Ներկայ էին Միութեան անդամներ եւ հիւրեր: Պատմաբան Անումեան շեշտեց երիտթուքերու դատավարութիւններու դատական արձանագրութիւններու բացառիկ կարեւորութեան մասին, ապա նշեց, որ թուրք առաջնորդները փաստագրած են Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքը թրքական պաշտօնական արձանագրութիւններուն մէջ եւ այդ ժամանակ լոյս տեսնող պարբերականներուն մէջ: Հեղինակը ներկայացուց, որ թրքական կառավարութիւնը որոշած էր պաշտօնապէս դատապարտել Ցեղասպանութեան հեղինակներն ու մասնակիցները՝ յուսալով, որ կրնայ թեթեւցնել կամ ազատել անոնց պատիժէն: Անումեան աւելցուց նաեւ, որ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը չճանաչելու պատճառներէն է այն, որ Թուրքիոյ բազմաթիւ այսպէս կոչուած «հերոսներ» մեղաւոր եղած են Ցեղասպանութեան համար: Զեկուցումին ընթացքին բացատրութիւններ տրուեցաւ նաեւ 1919-21 տեղի ունեցած Երիտթուրքերու բոլոր դատավարութիւններուն մասին, որոնք օսմաներէնէ թարգմանուած էին Դոկտ. Մելինէ Անումեանի կողմէ։ Պատերազմի ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան պարտութենէն յետոյ թրքական հասարակութեան շատ շերտեր եւս ձեռնամուխ եղան երիտթուրքերուն մեղադրանք ներկայացնելու գործին: 1919-1921 թրքական ռազմական ատեանները դատական գործ սկսան իթթիհատական կուսակցութեան պարագլուխներու նկատմամբ: Դատարանները երիտթուրք ամբաստանեալները մեղադրեցին հայերու եւ այլազգիներու զանգուածային կոտորածներ կազմակերպելու համար: Պատահական չէ, որ շատ մը հայ հետազօտողներ, գիտակցելով օսմանեան վերոյիշեալ ռազմական ատեաններու սկսած դատական գործընթացներուն, եւ իրենց ընդունած վճիռներու գիտաճանաչողական կարեւորութեան, յաճախ անդրադարձած են այդ խնդրի լուսաբանմանը` իրաւացիօրէն այդ իրադարձութիւնները գնահատելով որպէս թրքական պաշտօնական շրջանակներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման իրողութիւն: Նման հետազօտողներու մէջ արդէն իր հաստատուն տեղն ունի երիտասարդ թրքագէտ եւ պատմաբան Մելինէ Անումեանը: Այնուհետեւ, պատմաբանը հանգամանօրէն պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն եւ առաջարկներուն։ Նշենք թէ Դոկտ. Անումեան կատարած է շատ մը թարգմանութիւններ, եղած է թրքերէն հաղորդումներու թարգմանիչ եւ հաղորդավար, դասախօսած է թուրք գրականութիւն, նաեւ աշխատակցած է զանազան ցեղասպանագիտական հանդէսներու մէջ: Հանդիպում-զրոյցէն ետք, ի պատիւ Դոկտ. Անումեանին, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութեան մտերմիկ ընդունելութիւն մը, որուն ընթացքին արտայայտուեցան սրտի խօսքեր եւ բարեմաղթութիւններ: