No comments yet

ՅԱՋՈՂ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԳԻՇԵՐ ՄԸ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

p> …

Գրի առաւ՝ Մարիէթ Օհանէս

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2023ին, կազմակերպութեամբ Պոլսահայ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ «Գոհաբանութեան ընթրիքի» ընտանեկան յաջող գիշեր մը Պոլսահայ Միութեան «Հրանդ Տինք» սրահին մէջ: Ներկայ էին հիւրեր, Միութեան անդամներ եւ համակիրներ:

Ներկաները ճաշակեցին համադամ աղանդերներն ու «Պէօրէկ»ը, նաեւ աւանդական «ՀՆԴԿԱՀԱՒԸ» աղցանը, փիլաւը, դդումի քաղցրեղէնիհիւրասիրութեամբ:

Շուրջ 70 հոգիներու ներկայութեամբ մտերմիկ գիշերը ճոխացաւ խաղերով եւ տեղեկութիւններով գոհաբանութեան մասին: Տեղի ունեցաւ հետաքրքրական խաղեր եւ բախտաւորները ստացան արժէքաւոր նուէրներ:

Շնորհակալութիւն բոլոր ներկաներուն:

Նաեւ շնորհակալութիւն համեղ ճաշերը պատրաստող Տկ. Աղաւնի Թորոսօղլուին:

Ներկաները ունեցան մտերմիկ զրոյցի պահեր. ջինջ գիշերը իր աւարտին հասաւ հասաւ ուշ ժամերուն:

Գոհաբանութեան օր (անգլ.՝ Thanksgiving Day), պետական (ազգային) տօն Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի մէջ։ Կը նշուի նաեւ Լիպերիա պետութեան, Փորթօ Ռիքօ կղզիին եւ Նորֆոլք կղզիին մէջ: Այդ տօնը Միացեալ Նահանգներուն մէջ կը նշուի Նոյեմբեր ամսուան չորրորդ Հինգշաբթի օրը, իսկ Քանատայի մէջ՝ Հոկտեմբերի երկրորդ Երկուշաբթի օրը[1]։

Աւանդական իմաստով (որ հին ժամանակներէն սկսած յատուկ է երկրագործական մշակոյթներուն) նման տօներու ժամանակ, աշնան վերջը շնորհակալութիւն կը յայտնէին երկինքին՝ հարուստ բերքի եւ պտուղներու առատութեան համար:

Անկախութեան նուաճումէն ետք երկրին առաջին նախագահը՝ Ճորճ Ուաշինկթընը առաջարկեց ամէն տարի՝ Նոյեմբերի 26-ին Գոհաբանութեան օրը նշել որպէս ազգային տօն:

1864-ին՝ Քաղաքացիական պատերազմի աւարտէն ետք ԱՄՆ-ի այդ ժամանակուան նախագահը՝ Ապրահամ Լինքոլնը իւրաքանչիւր տարուան Նոյեմբերի վերջին Հինգշաբթին հռչակեց Գոհաբանութեան Օր: 1939-ին Ֆրանքլին Տելանօ Ռուզվելթ այդ օրը փոխարինեց Նոյեմբերի նախավերջին Հինգշաբթիով, սակայն անոր հռչակագիրը պարտադիր ուժ չունէր: Ուստի նահանգներու միջեւ խզում առաջացաւ. 23 նահանգ Գոհաբանութեան Օրը կը նշէին Նոյեմբերի նախավերջին Հինգշաբթի օրը, իսկ 22 նահանգ՝ վերջին Հինգշաբթի օրը: Մնացած քանի մը նահանգներ ալ երկու օրն ալ յայտարարեցին տօնական (օրինակ՝ Թեքսասը):

1941-ին ԱՄՆ քոնկրեսը ընդունեց օրինագիծ մը, որ Գոհաբանութեան Օրը պէտք է տօնուի Նոյեմբերի չորրորդ Հինգշաբթի օրը: ԱՄՆ նախագահ Ֆրանքլին Տելանօ Ռուզվելթ 26 Դեկտեմբեր 1941-ին ստորագրեց այդ օրինագիծը, այդպիսով սահմանելով, որ Գոհաբանութեան Օրը տօնուի ներկայիս ընդունուած ձեւով:

Ժամանակակից ամերիկացիները այդ օրը կ՛ուտեն նոյն այն կերակուրները, որոնք կերած են իրենց հեռաւոր նախնիները՝ 1621-ին՝ ի պատիւ Գոհաբանութեան Օրուան տեղի ունեցած առաջին ճաշի ժամանակ:

Event Photo Album (click)

 

.

Post a comment