No comments yet

ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ՈՂԲԱՑԵԱԼ ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

————————————-

ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

ՈՂԲԱՑԵԱԼ ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Պոլսոյ «Ակօս» թերթի խմբագիր՝ Հրանդ Տինքի Նահատակութեան 12րդ տարելիցին առթիւ, Կիրակի 20 Յունուար  2019, յուշ երեկոյ մը կազմակերպուած էր Լոս Անճէլըսի Պոլսահայ Միութեան կողմէ, որ տեղի ունեցաւ Միութեան հանդիսասրահին մէջ:

Բազմահարիւր ներկաներուն հետ, ձեռնարկին մասնակիցներուն մէջ էին Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ Տ. Յովնան Արք.ի ներկայացուցիչ՝ Հոգշ. Տ. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան, Գերշ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի ներկայացուցիչ՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեան, նախկին առաջնորդ՝ Գերշ. Վաչէ Արք. Յովէփեան, Հայ Աւետ. Եկեղեցիներու Միութեան կողմէ՝ Վեր. Ճօ Մաթոսեան, ծերակուտական Պրէտ Շըրմըն, Տոքթ. Րաֆֆի Պալեան, Արժ. Վաչէ Քհնյ. Հայրապետեան, Իրաւաբանուհի Նորա Յովսէփեան, ինչպէս նաեւ հայ աւանդական կուսակցութիւններու, մամլոյ եւ հասարակական տարբեր կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ:

Պոլսահայ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, ներկաները յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը նահատակ Հրանդ Տինքին, որուն հետեւեցաւ հոգեհանգստեան կարճ արարողութիւն մը, մասնակցութեամբ ներկայ հոգեւորականներուն:

Օրուան հանդիսավար եւ Պոլսահայ Միութեան Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Իրաւաբան Էտվին Մինասեան, արդարութեան եւ ազատութեան ռահվիրայ Հրանդ Տինքի ժողովրդանուէր պայքարը ոգեկոչելէ ետք, բեմ հրաւիրեց «Ակօս»ի երկարամեայ աշխատակիցներէն՝ Հրանդ ՏԻնքի գործակից Զաքարիա Միլտանօղլուն եւ զինք պարգեւատրեց Հրանդ Տինքի «Հոգիի Ազատութեան եւ Արդարութեան» Շքանշանով:

Երեկոյի գլխաւոր բանախօսն էր պոլսահայ ծանօթ ճարտարապետ, հեղինակ եւ հետախոյզ՝ Զաքարիա Միլտանօղլուն: Ան, ոգեկոչելէ ետք նահատակ խմբագիրին խիզախ պայքարը, անդրադարձաւ հայ մամուլի ազգանուէր ծառայութիւններուն եւ գեղեցիկ համադրումով մը վիճակագրական համապարփակ ու շահեկան տեղեկութիւններ տուաւ մեր դարաւոր մամլոյ տարբեր բաժանմունքներուն մասին, սահիկներու ցուցադրութեամբ:

Ձեռնարկի երկրորդ բաժինն էր, հարցազրոյցը պոլսահայ գրող, թղթակից եւ Հրանդ Տինքի հետեւորդներէն՝ Հայկօ Պաղտատի հետ: Հարցազրոյցը հայերէն, անգլերէն եւ թրքերէն լեզուներով ձեռնհասօրէն վարեց իրաւաբան Էտվին Մինասեան: Գլխաւոր նիւթն էր թուրքիան՝ Հրանդ Տինքի սպանութենէն առաջ եւ վերջ եւ գործերու ներկայ իրավիճակը: Հարցազրոյցին միացան նաեւ Զաքարիա Միլտանօղլու եւ Մանուկ Աւետիքեան (զաւակը՝ Տոքթ. Յովհաննէս եւ Սեդա Գուլակ Աւետիքեանի):

Բոլոր խօսք առնողներն ալ անդրադարձան թուրքիոյ այժմու հակաժողովրդավար քաղաքականութեան, համատարած անարդարութեան, բռնաճնշումներու եւ Էրտողանի ահաբեկչական մենատիրական քաղաքականութեան: Անոնք յոյս յայտնեցին որ Հրանդ Տինքի դաժան սպանութեան հեղինակները կը յայտնաբերուին ու կը դատապարտուին: Ծանօթ իրաւաբան Կարօ Ղազարեան իր ելոյթին մէջ բարձր գնահատեց Հրանդ Տինքի տեսլականն ու անոր օգտաշատ աշխատանքները, փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան գծով եւ աւելցուց. «Պիտի գայ օրը երբ հայերը պիտի տեսնեն իրենց իղձերու իրականացումը»: Հրանդ Տինքի յիշատակը ոգեկոչող տպաւորիչ ելոյթով մը հանդէս եկաւ նաեւ ծերակուտական Պրէտ Շըրմըն: Ինք եւս դատապարտեց թուրքիոյ մէջ գործուած անարդարութիւնները եւ հաւաստիացուց որ պիտի հետապնդէ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ պահանջատիրութեան արդարադատի իրաւունքները:

Յուշ երեկոյի գեղարուեստական բաժնին մէջ պատշաճ ասմունքով ելոյթ ունեցան Աստղիկ Տատուրեան, տուտուկի ընկերակցութեամբ Ալպեր Վարդանեանի: Ոգեկոչման սոյն ձեռնարկի աւարտէն ետք, տեղի ունեցաւ օրուան դասախօսներու գիրքերու վաճառք եւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:

Քաղուած՝ «Մասիս»  շաբաթաթերթէն

Image result for decorative lines

Նշենք թէ Մամլոյ Ասուլիս մը տեղի ունեցաւ Ապրիլ Գրատան մէջ, Ուրբաթ, Յունուար 18, 2019 կէսօրէ ետք ժամը 2ին: Ներկաներուն ծանօթացումը կատարեց Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան, ապա ընթերցեց Միլտանօղլուի եւ Պաղտատի հակիրճ կենսագրականները: Ասուլիսին մասնակցեցան The Armenian Observer շաբաթաթերթէն՝ Փրօֆ. Օշին Քէշիշեան, California Courierէն՝ Յարութ Սասունեան, «Մասիս» շաբաթաթերթէն՝ Գափրիէլ Մոլոյեան, իսկ «Ասպարէզ»ի Հորիզոն հեռուստակայանէն՝ Նանէ Աւագեան որ հեռուստասփռեց մասնակիցներուն արծարծումները Պոլսոյ եւ դպրոցներուն ու ընդհանուր իրավիճակին մասին: Վերջաւորութեան, ասուլիսի մասնակիցները պատասխանեցին լրագրողներու հարցումներուն:


Իսկ նոյն օրը երեկոյեան, Միութեան սրահին մէջ կայացաւ ոչ պաշտօնական կլոր սեղանի շուրջ հանդիպման երեկոյ, ուր արծարծուեցան զանազան նիւթեր եւ կատարուեցան բանակցութիւններ, Միութեան անդամներու, հիւրերու եւ Զաքարիա Միլտանօղլուի եւ Հայկօ Պաղտատի հետ:

 Image result for decorative lines

Կիրակի, Յունուար 20, 2019-ին Հիւսիսային Ամերիկայի Արևմտեան Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ․ Յովնան Արք․ Տէրտէրեանի անունով Մոնթեպելլոյի Յուշարձանին մօտ տեղի ունեցաւ Պոլսահայ Միութան կազմակերպած Հոգեհանգստեան արարողութիւն, ի յիշատակ վաղամեռիկ Հրանդ Տինքի մահուան 12-րդ Տարելիցին։

Միութեան անունով ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ Մոնթեպելլոյի յուշարձանին՝ Հրանդ Տինքի յիշատակի համար։ Ներկայ էին նաև՝ Տ․ Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան, Ճարտարապետ Զաքարեա Միլտանօղլու, Լրագրող՝ Հայկօ Պաղտատ ինչպէս նաեւ Միութեան անդամներ եւ բարեկամներ։ Հոգեհանգստեան արարողութեան աւարտին իր ցաւակցական խօսքը արտասանեց Միութեան Հոգաբարձու եւ Մշակութային Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեանը, Հայ զինուոր՝ Սեւակ Պալըքճըի, ֆրանսահայ ազգային գործիչ՝ Սարգիս Գէորգի Հացպանեանի որ անցեալ տարի այդօր, ան մեկնեցաւ անդենական: Տոքթ. Աւետիքեան շեշտեց թէ եթէ դարեր ալ անցնին Հրանդ Տինքը երբեք պիտի չի մոռնանք սերունդէ սերունդ յիշելով իրենց յիշատակներ: Իսկ Արժ. Տ․ Վաչէ Քհնյ. Հայրապետեան յայտնեց թէ Հրանդ Տինք ֆիզիքապէս կը բացակայի սակայն իր ոգին, գաղափարը եւ կեանքը որ ինք ապրեցաւ, իբրեւ սիրոյ, ազատութեան  եւ մարդասիրութեան ու խաղաղութեան առաքեալ, այդ ոգին մէկը չի կրնար սպաննել, այդ ոգին կայ եւ պիտի շարունակէ մեր մէջ մանաւանդ մեր գալիք սերունդներուն: Քահանայ Հայրը փոխանցեց նաեւ Գերշ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի օրհնութիւնն ու գնահատանքի իր զգացումները:

Գրի առաւ՝  Մարիէթ Օհանէս
Image result for decorative lines

 

Post a comment