ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԳՐԱԳԷՏ, ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԽՕՍ՝ ՀԱՅԿՕ ՊԱՂՏԱՏԸ
Posted on December 7, 2025
Posted By: oiaCategories: All News
ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԳՐԱԳԷՏ, ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԽՕՍ՝ ՀԱՅԿՕ ՊԱՂՏԱՏԸ
Գրի առաւ՝ Մարիէթ Մ. Օհանէս
Երբ երազը ընդլայնի անջրպետը կը լայննայ եւ աստղերը կ՛ըլլան նպատակակէտը, եւ երբ մօտենաք նպատակակէտին՝ տեսլականը աւելի կը յստականայ եւ նպատակն ալ իմաստ կ՛ունենայ:
Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2025 Լոս Անճէլըսի Պոլսահայ Միութիւնը հիւրընկալեց գրագէտ եւ հրապարակախօս՝ Պրն. Հայկօ Պաղտատը Միութեան «Հրանդ Տինք» դասախօսական սրահին մէջ մօտ 70 հիւրերու ներկայութեամբ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Միութեան հոգաբարձու եւ Մշակութային Յանձնախումբի փոխ ատենապետ՝ Պրն. Կարպիս Սարաֆեան որ Հոգաբարձութեան, Գործադիր, Մշակութային եւ Տիկնանց Յանձնախումբերու անունով բարի գալուստ մաղթեց բոլորին:
Ներկաները համտեսեցին համադամ աղանդերներն ու ճաշերը պատրաստուած Տիկնանց Յանձնախումբին կողմէ:
Ապա Պրն. Սարաֆեան հրաւիրեց օրուան հիւրը՝ Պրն. Հայկօ Պաղտատը որպէսզի խօսի իր ազգային երազին, նպատակակէտին եւ տեսլականին մասին, ներկաներուն պատմելով իր կեանքի ճանապարհորդութենէն զանազան յուշեր:
Պրն. Պաղտատը ծնած է Պոլիս 1976 թուականին, յաճախած է էսաեան Վարժարան եւ Մխիթարեան Լիսէն, իսկ յետագային Պոլսոյ համալսարանը։ Ան սկսած է լրագրողական գործունէութիւնը 2002 թուականին, երբ պատրաստեց և ներկայացուց «Sözde Kalanlar» («Մնացուկները») ռատիոհաղորդումը՝ կեդրոնանալով Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու խնդիրներու վրայ։ Յաջորդ տարի սկսաւ գրել «Մարմարա» հայկական թերթի, ինչպէս նաև՝ «Թարաֆ» ազատական օրաթերթի մէջ։ Ան նաև քաղաքացիական հասարակութեան «Հրանդ Տինքի ընկերներ» նախաձեռնութեան հիմնադիրներէն է, որ ստեղծուած է 2007 թուականին՝ լրագրողի և ազատ խօսքի ջատագովին սպանութենէն ետք։
2017 թուականին թուրք լրագրող Ճան Տիւնտարի հետ համատեղ հիմնադրած է Özgürüz («Ազատութիւն») լրատուական կայքը՝ Թուրքիոյ մէջ գրաքննուած հարցերու վերաբերեալ անկողմնակալ լուսաբանութիւն ապահովելու նպատակով։
Հայկօ Պաղտատը կը համարուի առաջին հայ ռատիո-հաղորդավարը, որ հեռարձակած է Թուրքիա ապրող հայերու մասին հաղորդումներ։ Ան ներկայիս կ՛ապրի Թուրքիայէն դուրս «Կարգ մը ճնշումներւ, և այլ ճնշումներու պատճառով որոնց մասին չուզեց խօսիլ, որ ինք լքած է «իր երկիրը»: Անյայտարարեց, որ 1955 թուականին յոյներու դէմ ուղղուած ջարդերու իրականացման ձևը կը կրկնուի այսօր, միայն թէ հիմա հիմնական թիրախը քիւրտերն են: «Չնայած քիւրտերը մասնակցած են ցեղասպանութեան իրականացմանը, սակայն մենք պէտք չէ որ լռենք անոնց կոտորածի մասին հիմա»:Պրն. Հայկօ Պաղտատ խօսեցաւ Թուրքիոյ մէջ հայերու ներկայ վիճակին և իր փորձառութիւններուն մասին, որոնցմէ շատերը ներկայացուած են իր գրքերուն մէջ։ Kurtuluş Çok Bozuldu, (2016), Gollik, (2015), Salyangoz, (2014):
Ապա հրաւիրուեցաւ Միութեան Գործադիր Յանձնախումբի ատենապետ՝ Պրն. Հերման Չէլիքը որ իր սրտի խօսքով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին ներկայութեան համար ինչպէս նաեւ օրուան հիւրին: Ատենապետը յայտնեց նաեւ Երիտասարդաց նորընտիր Յանձնախումբին կազմութեան եւ անոնց ունենալիք ձեռնարկին մասին ընթացիկ ամսուն 18ին:
Իսկ Պրն. Հայկօ Պաղտատ շնորհակալութիւն յայտնեց տեարք՝ Էսայի Պալճեանին, Հերման Չէլիքին եւ Կարպիս Սարաֆեանին իրեն նեցուկ կանգնած ըլլալուն համար: Նաեւ համեղ ճաշերը պատրաստող Տիկնանց Յանձնախումբին:
Ապա հրաւիրուեցան Մշակութային Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Յովհաննէս Գ. Աւետիքեանը, Գործադիր Յանձնախումբի նախագահ՝ Պրն. Հերման Չէլիքը եւ Միութեան Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Պրն. Բարունակ Չէլիքեանը որպէսզի օրուան հիւրին յանձնեն գնահատագիր մը: