No comments yet

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆՈՒՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ« ԲԱԺԱԿԻ ՊԱՀ»ՈՒ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ

 

 

 


ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆՈՒՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ
ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ« ԲԱԺԱԿԻ ՊԱՀ»ՈՒ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ
Գրի առաւ՝ Մարիէթ Մինասեան-Օհանէս
Պոլսահայ Միութեան Կեդրոնական Վարժարանի Սանուց Յանձնախումբի անդամներն ու
համակիրները այս տարի իրենց սիրելի վարժարանին պատմութիւնը վերապրեցան եւ անոնց
հոգիներուն մէջ վերանորոգուեցաւ ան, ուր հայ գիրը ապրեցաւ անոր պատմութեան մէջ,
հասցնելով ուսանողներ գիտակցական առողջ մօտեցումով եւ կեանքի բիւրեղեայ
հասկացողութեամբ:
Շաբաթ, Նոյեմբեր 15, 2025ի գիշերը, Միութեան «Հրանդ Տինք դասախօսական» սրահին
մէջ, տեղի ունեցաւ տօնակատարութիւնը վարժարանին ձեռնարկին:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Կեդրոնական Սանուց Յանձնախումբի ատենապետ՝ Պրն.
Հերման Չէլիք, բոլորին ողջունելով եւ բարի երեկոյ ու բարի ախորժակ մաղթելով, նաեւ
ուրախութեամբ յայտնեց Կեդրոնականի անունով ֆոնտի մը բացումը, թէ անձ մը անցեալ
տարի փափաք յայտնած է իր շէնքերուն վարձքի եկամուտէն ամէն ամիս 15 հազար տոլարի
գումար մը յատկացնել Պոլսահայ Միութեան եւ յանձնարարած է այսպիսի ֆոնտի մը
կազմութիւնը:
Հրաւիրեց Մշակութային Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ
Աւետիքեանը որ շնորհակալութիւն յայտնեց ատենապետ Հերման Չէլիքին, խօսք առնելու իրեն
առիթը ընծայելուն համար եւ տեղեկութիւն փոխանցելու Կեդրոնական վարժարանի
հիմնադրութեան մասին որ 1860-ական թուականներուն արեւմտահայութեան համար
նշանակելի երեւոյթ մըն էր  Ազգային Սահմանադրութեան որեգրումը։ Թէեւ այդ թուականին
Պոլսոյ մէջ կային աւելի քան 40 նախակրթարաններ, սակայն երկրորդական եւ բարձրագոյն
դասարաններու պակասը մեծապէս զգալի էր։ Այս զարթօնքին Ուսումնական խորհուրդը միշտ
օրակարգի վրայ կ'ունենար Կ.Պոլսոյ եւ գաւառներու ազգային նախակրթարաններն աւարտող
պատանիներու երկրորդական ուսում տալու եւ մասնաւորաբար գաւառային նորաբաց
դպրոցներուն համար ուսուցիչ պատրաստելու հարցերը։ Անհրաժեշտ էր հիմնել երկրորդական
ուսման ազգային վարժարան մը, որ կարողանար ընդունիլ նաեւ ձրիավարժ աշակերտներ,
Պոլիսէն եւ գաւառէն, անոր համար ժողովներ գումարուեցան, ուրեմն տեսուչ Ստեփան
Փափազեան առաջարկած է որ երիտասարդներ գան եւ ան դիմած է Ներսէս Վարժապետեան
Պատրիարքին որ Կեդրոնական վարժարան մը հիմնուի: Պոլսոյ ամենահին եւ կարեւոր
թաղամասերէն մին էր Ղալաթիան, ուր գոյութիւն ունէր Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցին։ Անոր կողքին
կը գտնուէր Ամենափրկիչեան նախակրթարանը, որ հրոյ ճարակ դարձած է 1874-ին, Ղալաթիոյ
մեծ հրդեհի ատեն եւ Ստեփան Փափազեանի ջանքերով կը վերաշինուի Ամենափրկիչեան
դպրոցին շէնքը, յարկաբաժիններ աւելցնելով «Կեդրոնական»ին, Ազգային Մատենադարանին
եւ Ազգային Ժողովին համար։ Նաեւ, Տոթ. Աւետիքեան հակիրճ տեղեկութիւն տուաւ
վարժարանին շրջանաւարտութեանց, պաշտօնեաներուն եւ բարերարներուն, ինչպէս նաեւ
ուսանողութեան եւ դասարաններուն թիւին մասին նշելով թէ Վարժարանը միշտ յաջողագոյն
լիսէներու շարքին տեղ գրաւելով հասցուցած է բազմաթիւ արժէքաւոր անհատներ, որոնք թէ՛
Պոլսոյ եւ թէ՛ արտասահմանի մէջ պատուաբեր պաշտօններու տիրանալով բարձր պահած են
Կեդրոնականի անունը։
Տոքթ. Յովհաննէս Գ. Աւետիքեան ներկայացուց իր Կեդրոնականցի դասընկեր Յովսէփ
Թօքաթը ընթերցելով անոր հակիրճ կենսագրականը խօսելով հայ ազգին ու մշակոյթին
հանդէպ անոր բերած անհատնում ծառայութեանց եւ օժանդակութեանց մասին եւ ստացած
շքանշաններուն մասին ու հրաւիրեց զայն որպէսզի յանձնէ գնահատագիր մը իր եւ
ատենապետ՝ Հերման Չէլիքի ձեռամբ:
Ներկաները ճաշակեցին համադամ աղանդերներն ու ճաշերը միաժամանակ զրուցելով
իրար հետ:
Ապա խօսք առին տեարք՝ Երուանդ Տօնիկեան, Սերժ Պուլանըքեան, պատմելով հին
յուշեր վարժարանին մասին, իսկ Պրն. Սիմոն Աճըիլաչ իր ուրախութիւնը յայտնեց Միութեան
Երիտասարդաց խումբին վերակազմաւորման մասին Միութեան Գործադիր Յանձնախումբի
միջնորդութեամբ եւ Համա ատենապետուհի՝ Ռոզալին Մատոեանի ջանքերով: Ապա կարճ
խօսքով մը Էսաեան Սանուց Յանձնախումբի նախկին ատենապետուհի՝ Տիկին Ալին Տօնիկեան
ներկաները տարաւ Կեդրոնական վարժարանի օճախին հին եւ պանծալի օրերուն:
Կեդրոնականի սաները, նաեւ բոլոր ներկաները տեղեակ եղան թէ սոյն վարժարանը ի՞նչ
կը նշանակէ՝ ան միայն վարժարան մը չէ որ իր սաներուն ջամբած է գիտութիւն, զօրաւոր
ազգային ու համահայկական ոգի, այլ՝ ան եղած է իմացական զարգացման կեդրոնը եւ
ազգային օճախը, ուր ուսանողները իրենց պատանեկութեան օրերը ապրեցան վայելելով
Կեդրոնականի դաստիարակներուն ծառայութիւնը:
Ձեռնարկի աւարտին յաջորդեց խմբային յիշատակի լուսանկարահանում:
Գիշերը հասաւ իր աւարտին, ակնյայտ էր թէ Կեդրոնական վարժարանի դիմագիծին
ամենէն պայծառ եւ շողարձակ գիծը Հայերէն լեզուն է, կտակուած վարժարանին նուիրեալ
ուսուցիչներէն, որ կը ցոլայ բոլոր Կեդրոնականցիներուն հոգիներուն մէջ, որոնք կը ջանան
սոյն կտակը պահել մաքուր, կենսագործ եւ պատուաբեր:

 
V I D E O

..

—  f

Post a comment