No comments yet

ՇՔԱՆՇԱՆ՝ ԲՐՇ. ՄԻՀՐԱՆ ՍՐԿ. ՇԱՀՊԱԶԵԱՆԻՆ

………
.

IMG_8832

M A R M A R A

ՇՔԱՆՇԱՆ՝ ԲՐՇ. ՄԻՀՐԱՆ ՍՐԿ. ՇԱՀՊԱԶԵԱՆԻՆ

Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Առաջնորդ Յովնան Ս. Արք. Տէրտէրեանի բարեխօսութեամբ «Ս. Ներսէս Շնորհալի» շքանշանին արժանի նկատուեցաւ նախկին պոլսահայ, այժմ լոսանճէլըսաբնակ Բրշ. Միհրան Սրկ. Շահպազեան։ Շաբաթավերջին շքանշանը մեծարեալին յանձնուեցաւ յընթացս Ս. Պատարագին։

Պատարագի աւարտին սարքուած հանդիսութեան ընթացքին, Լոս Անճէլըսի Պոլսահայ Միութեան սիւներէն Սիմոն Աճըիլաչ արտասանեց իր սրտի խօսքը, յիշեցնելով որ իրենց բարեկամութեան հիմերը դրուած էին 1960ական թուականներուն, Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ երդիքին տակ, «Հարիւր մանկանց երգչախումբ»ի ճամբով։ «Ես 16 տարեկան էի, երբ նոյն 100 մանկանց երգչախումբին մէջ ծանօթացայ իրեն։ Ինծի համար ամենապատկանշական այն պահն էր երբ Միհրանը առաւօտեան եւ Սուրբ Պատարագի երգեցողութեանց ընթացքին, դպիր ընկերոջ մը հետ միասին, Խորանին առջեւ, առանց տմտմալու եւ սահուն կ’ընթերցէր սաղմոսները։ Հիացումով կը դիտէի զիրենք, միտքէս կ’անցընէի որ այս երկուքը պիտի շարունակէին ծառայիլ Հայաստանեայ եկեղեցւոյ։ Գիտէ՞ք թէ ո՛վ էր Միհրանին այդ ընկերը. Արեւելեան թեմի նախկին Առաջնորդ, ներկայիս Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Գերշ. Խաժակ Ս. Արք. Պարսամեան», ըսաւ Սիմոն Աճըիլաչ, գնահատանքի խօսքեր արտասանելով Միհրան սարկաւագի մասին եւ շնորհաւորելով զինքն ու ընտանիքը։

***************

SKKANSHAN 11-5-2023 By Simon Acilacoglu  (click)

May be an image of 1 person and text that says 'His Holiness Karekin II Supreme Patriarch and Catholicos of All Armenians Under the auspices of His Eminence Archbishop Hovnan Derderian Primate of the Armenian Church Western Diocese Archpriest Fr. Shnork Demirjian, Parish Priest Will present the Pontifical Encyclical and His Eminence will bestow St. Nerses the Graceful Medal of Honor upon Deacon Mihran Sahbaz On Sunday November 5, 2023 During the Divine Liturgy St. Peter Armenian Church, Van Nuys Reception following the Divine Liturgy at St. Peter Û””ch Karagozian Hall'

..

Post a comment