No comments yet

Սահիկներու Ցուցադրութիւն-

 Սահիկներու Ցուցադրութիւն-


 Հայաստանի պատկերազարդ ճանապարհորդութիւն մը՝ զարմանահրաշ պատմուածքներով եւ առասպելներով համեմուած:


Նորայր կը կազմակերպէ ամենամեայ ճանաչողական պտոյտներ դէպի Հայաստան: Ան իր պատրաստած պտոյտներու մէջ յայտնի վայրերու քով կը ներառէ նաեւ խիստ հետաքրքրական, սակայն նուազ յայտնի տեղեր: Այսպիսով խումբը բացայայտած կ’ըլլայ երկրին անսահման հարստութիւնը:

Տեւողութիւն. մէկ ժամ:

Մուտքը ազատ:

AGBU Manoogian-Demirdjian School
Address: 6844 Oakdale Ave, Canoga Park, CA 91306

Օրուայ բանախօսը / ներկայացնողը Նորայր Տատուրեանն է: Ան ծնած է Պոլսոյ մէջ: Ուսում ստացած է նոյն քաղաքի Գարակէօզեան եւ Մխիթարեան վարժարաններու մէջ: Երիտասարդ տարիքին աշխատակցած է Մարմարա օրաթերթին, որպէս երիտասարդ գրող: Խումբ մը տարեկից ընկերներու հետ վերահրատարակած է նախկին «ՍԱՆ» գրական-գեղարուեստական ամսաթերթը՝ Նոր Սան անունով: Պոսֆորի համալսարանի մէջ ուսանած է Իմաստասիրութիան:

Նորայր Տատուրեան 2000 թուականներուն քաղաքիս մէջ ուսուցչութեան ասպարէզի մէջ է: Ան կը դասաւանդէ հայոց լեզու եւ գրականութիւն, մինչ՝ ամէն ամառ իր աշակերտները կ’առաջնորդէ Հայաստան՝ ճանաչողական պտոյտի ծրագիրով: Նոյն թուականներուն, հանրութեան բաց պտոյտներ ալ կը կատարէ դէպի Հայաստան: Նորայրը իր Հայաստանի ճանաչողական պտոյտները կը վերածէ կատարողական հաճելի օրերու, սովարաբար երկու շաբաթ, երբ թէ’ իր աշակերտները եւ թէ՝ իր չափահաս հիւրերը կը տնկեն ծառեր, կը շինեն ու քաղաքին կը նուիրեն պուլպուլակներ, արտասանութեան եւ երգի կազմակերպուած ժամեր կ’ունենան ամէն պատմական եւ հոգեւոր վայրի մէջ:

Այս աշխատանքներուն զուգահեռ Նորայրը Պոլսոյ «Ակօս» թերթի մէջ կը գրէ հայկական բառերուն նուիրուած ստուգաբանական շաբաթական յօթուածներ, որոնք լոյս կը տեսնեն նաեւ քաղաքիս Ասպարէզ, Նոր Օր եւ Մասիս թերթերուն մէջ: Ան Հայաստանի Ազգային Գրադարանի, Ծիծեռնակաբերդի Թանգարան-Հիմնարկի եւ Գաֆէսճեան ժամանակակից արուեստի կեդրոնի գործակից է եւ անոնց հետ պարբերաբար ծրագիրներ կը կատարէ:

Վերջաւորութեան, ժամանակի ներած սահմաններուն մէջ, դուք կրնաք հարցումներ հարցնել եւ կարծիքներ յայտնել:

Բարի վայելում բոլորիդ:

Post a comment